Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Յորդանանի Հայերը» գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները:
Կիրակի, 22 Մայիս 2016ի երեկոյեան պաշտօնական բացման հանդիսութեան, ի ներկայութեան հիւրերու, լիբանանահայ մշակութային դէմքերու, Միջին Արեւելքի հայօճախներու պատմութեամբ հետաքրքրուող մտաւորականներու` Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Յորդանանի հայօճախին առանձնայատկութիւններուն եւ կարեւորեց գիտաժողովին նշանակութիւնը:
Ընթերցուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժնի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի ողջոյնի գիրը:
Ի բացակայութեան Յորդանանի ԱլՊէյթ Համալսարանի Գրականութեան եւ Մարդասիրական Բաժանմունքի տեսուչ Դոկտ. Հինտ Ապու Շըըրի, անոր զեկոյցը կարդաց Հայկազեան Համալսարանի Արուեստից եւ Գիտութեան Կաճառներու տեսուչ Դոկտ. Արտա Էքմէքճին:
Դոկտ. Ապու Շըըրի զեկոյցը՝ «Յորդանանի Նոր Շրջանի Պատմութիւնը՝ Օսմանեան Եւ Ազգային Իշխանութեան Շրջանին (1850-1946)», համապարփակ ներկայացուց ներկայ Յորդանանի պատմական մօտիկ անցեալը, վարչական առնչութիւնը Պիլատ ԱլՇամի հետ, տնտեսական-ժողովրդագրական տեղաւորումները, շրջանին ռազմավարական եւ կրօնական նշանակութիւնը: Զեկոյցը՝ պետութիւն-ժողովուրդ փոխյարաբերութեան, ընկերային-գիտական ու կառավարման յառաջընթացին խորապատկերին վրայ ներկայացուց 20,000 հայ աքսորեալներու ժամանումը արեւելեան Յորդանան. անոնց ընդունումը տեղաբնիկներուն եւ իրենցմէ շուրջ կէս դար առաջ նոյն շրջանը հաստատուած չերքէզներուն կոմէ: Զեկոյցը ընդգծեց հայ աքսորեալներուն նպաստը շրջանի յառաջընթացին՝ երկրագործութեան, որոգումի համակարգին, մեքենաշինութեան, լուսանկարչութեան, կօշկակարութեան, ատաղձագործութեան եւ կենցաղային կարգ մը ոլորտներուն: Այդուհանդերձ զեկոյցը կ’ընդգծէր, որ առատ չեն տեղական աղբիւրները՝ 1915-1918 շրջանին Յորդանան աքսորուած հայերուն մասին՝ աւելցնելով նաեւ, որ մանաւանդ առաջին տարիներուն մասին կան տեղաբնիկներու հատուկենտ յուշեր, որոնք կը խօսին աքսորեալ հայերուն արհեստաւորութեան, ձեռքի ճարտարութեան, երգերուն եւ հողագործութեան յառաջացեալ մակարդակին մասին: Յուշերը կը խօսին նաեւ խառն ամուսնութիւններուն, Շերիֆ Հիւսէյնի ապստամբ բանակին միացող եւ թուրքերուն դէմ կռուելու ձգտող հայերու մասին:
Բացման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր.-Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի փակման խօսքով:
Հանդիսութեան յաջորդեց յորդանանահայ տաղանդաւոր լուսանկարիչ Միրօ Գիզիրեանի լուանկարչական ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած էին նաեւ Յորդանանի հայօճախին պատմութեան վերաբերող կարգ մը գիրքեր եւ սաղիմաբնակ խեցեգործ Նշան Պալեանի խեցեղէն սալիկներու ստեղծագործութիւններու փունջ մը:
Երկուշաբթի, 23 Մայիսի առաւօտեան ժամը 8.30ին սկիզբ առին գիտաժողովի նիստերը: Գումարուեցան վեց նիստեր, որոնց ընթացքին կարդացուեցան 21 զեկոյցներ՝ Գերմանիայէն, Մ. Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Յորդանանէն եւ Պէյրութէն ժամանած փորձագէտներէ ու մասնագէտներէ: Զեկոյցները խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու.- 1) Պատմութիւն, Պետութիւն եւ Ժողովրդագրութիւն, 2) Ծայրամասեր, 3) Կազմակերպութիւններ եւ Հաստատութիւններ, 4) Նոր Ժամանակներ եւ 5) Ինքնութեան Խնդիրներ:
«Հայկական Աւատները Յորդանանի Մէջ (ԺԲ.-ԺԴ. դարեր)» զեկոյցով Փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան ընդգծեց, որ Երուսաղէմի Ս. Թորոս Գրադարանին մէջ 1319ին Դրազարկ (Կիլիկիա) ընդօրինակուած ձեռագիր մը կայ, որ 1329ին նուիրուած է Քարաքի հայկական եկեղեցիին՝ Լեւոն Դ. Թագաւորին կողմէ: Անձնական այսպիսի նուէր մը թագաւորին կողմէ՝ հաւանաբար կ’արտացոլացնէ յորդանանեան այս ոստանին մէջ հայկական կարեւոր բնակչութեան մը գոյութիւնը: Ան աւելցուց սակայն, որ այլ աղբիւրներ առայժմ յայտնաբերուած չեն՝ նշելով հանդերձ, թէ 1335ին Երուսաղէմի մէջ Ներսէս Կրակացիի կողմէ ընդօրինակուած ձեռագիրը կրնայ նկատի ունենալ Քարաքը՝ իբրեւ յիշատակագիրին ծննդավայր:
«Յորդանանի Տարածքը Հայոց Ցեղասպանութեան Շրջանին. Բռնագաղթուածներ, Սով եւ Պատերազմ» վերնագրեալ զեկոյցով Դոկտ. Հիլմար Քայզէր նշեց Յորդանան Գետի արեւելեան տարածքին ռազմավարական նշանակութիւնը՝ Հիճազի երկաթուղագիծին պատճառով: Ցանցառ բնակչութեամբ այս շրջանը, կը գտնուէր Ճեմալ Փաշայի հրամանատարութեամբ օսմանեան չորրորդ բանակին իրաւասութեան տակ. ան ձեւով մը յետնամաս կը նկատուէր, ուստի յարմար վայր՝ հայ տեղահանուածներ ուղղորդելու՝ 8 Յուլիս 1915էն սկսեալ: Պայման էր, որ տեղաւորուող հայերը առնուազն 25 քլմ. հեռու ըլլային երկաթուղագիծէն: Ասիկա օսմանեան տեղաւորման առաջին ծրագիրը չէր: 1870ականներէն սկսեալ չերքէզ գաղթականներ տեղաւորուած էին Հաուրանի մէջ, իբրեւ հակակշիռ արաբ վաչկատուններու եւ գիւղացիներու:
Աքսորի ճամբուն վրայ հայերը ենթարկուեցան դժուարութիւններու եւ բրտութեան, իսկ օսմանեան իշխանութիւնները մօտէն հետեւեցան գաղթականներուն փրկութեան տոկոսին: Ուսումնասիրութիւնը օսմանեան արխիւային նոր նիւթ հրամցուց այս առնչութեամբ, վիճակագրական տուեալներով զուգորդեց արեւմտեան աղբիւրներու եւ վկայութիւն-յուշերու տուեալները:
«Յորդանանի Սահմանադրութիւնը Եւ Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքները» զեկոյցին մէջ, Փրոֆ. Ճոն Արմաճանի Յորդանանի 1952ի սահմանադրութեան հենքին վրայ անդրադարձաւ իսլամի դերին՝ Յորդանանի սահմանադրութեան մէջ նշելով, թէ սահմանադրութիւնը կը հաստատէ կրօնքի, լեզուի, ցեղի անխտրութիւն: Զեկոյցը անդրադարձաւ նաեւ սահմանադրութեան տրամադրած իրաւունքներու եւ պահպանակներու լայն ծիրին, ուշադրութեան առարկայ դարձնելով Յորդանանի հայերուն եւ այլ կրօնական ու/կամ ցեղային փոքրամասնութիւններուն վրայ անոնց կիրարկումին հետեւանքները: Զեկոյցը ընդգծեց նաեւ այն հսկայ ուժն ու հեղինակութիւնը, զորս սահմանադրութիւնը կը շնորհէ թագաւորին, որ պետութեան եւ երկրին գլուխն է:
Հիմնուելով 1969ին կառուցուած Ամմանի Ս. Թադէոս եկեղեցիին պսակի, մկրտութեան եւ թաղման տոմարներուն տուեալներուն վրայ, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց ամմանահայ ժողովրդագրական պատկերի կարգ մը երեսակներ՝ անոնց պապենական արմատներուն, արհեստներուն, մահացութիւններուն պատճառներուն, մանկական մահացութիւններուն, կրօնական հոգածութեան եւն. ու լուսաբանական բաղդատութիւն մը կատարեց Ամմանի եւ Պէյրութի Նոր Հաճնոյ հայութեան վերոյիշեալ տուեալներուն միջեւ:
Դոկտ. Աննա Օհաննէսեան-Շարփէնի «Յորդանանի Հարաւի Հայ Պետեւի Յետնորդները» զեկոյցը նկատի ունէր՝ իսլամ ցեղախումբերու մէջ ամուսնացած հայուհիները, անոնց ունեցած ազդեցութիւնը կազմուած ընտանիքներուն կենցաղին, մտայնութեան եւ ապրելակերպին վրայ: Զեկոյցը անդրադարձաւ այն դրական յիշողութիւններուն, որոնք ամրագրուած էին թէ՛ վերոյիշեալ հայուհիներուն յետնորդներուն եւ թէ՛ միջավայրին նորահաս սերունդին մէջ:
Ի բացակայութեան ամմանահայ Ալին Պեննէեանի, իր զեկոյցը ընթերցեց Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանողուհի Լիլա Փամուքեանը: «Ճարաշի Հայերը» վերնագրեալ զեկոյցը անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան շրջանին եւ յաջորդող տարիներուն՝ Ճարաշ հաստատուած հայերու ունեցած ազդեցութեան տեղի հողագործական մշակոյթի, որոգման համակարգերու եւ ալրաղացութեան գործարքներուն մէջ: Յատկանշական էր, որ հայերը նորոգած էին հռոմէական շրջանէն մնացած ջրաղացները եւ գործածած զանոնք՝ ցորեն աղալու համար:
«Ամմանի Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան Մասնաճիւղը» նիւթով զեկուցեց ամմանահայ Սիլվա Պաղսարեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ 1938ին Ամմանի մէջ հիմնուած մասնաճիւղը ՀՄԸՄին, մանրամասնեց միութեան գործունէութիւնը, մարզական նուաճումները, գործունէութեան ծիրը, զարգացման հանգրուանները, արձանագրած յաջողութիւններն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ գործակցութիւնն ու մասնակցութիւնը՝ տեղական նման կազմակերպութիւններու թէ համաՀՄԸՄական ձեռնարկներու:
Ծագումով րուսէյֆացի ամմանահայ Յակոբ Սերփէքեան «Րուսէյֆայի Հայերը» զեկոյցով ներկայացուց 1920ի սկիզբները այնտեղ տեղաւորուած՝ մեծմասամբ մարաշցի շուրջ 25 հայ ընտանիքներուն կեանքն ու առօրեան, 1928ին հիմնուած առաջին հայկական դպրոցը եւ 1934ին կառուցուած եկեղեցին: Սերփէքեան անդրադարձաւ հայերուն՝ տեղաբնիկներուն հետ զարգացուցած եղբայրական ու հարազատ յարաբերութեանց, բացատրեց հայոց բերած նպաստը Րուսէյֆայի հողագործութեան, բանջարաբուծութեան եւ ագարակապանութեան, ուսման համար Խ. Հայաստան մեկնած րուսէյֆածին հայերուն, կառուցուած ֆոսֆաթի գործարանին եւ անոր ժխտական հետեւանքներուն, որուն պատճառով ալ հայեր ստիպուեցան հեռանալ Րուսէյֆայէն:
Ծնունդով Իրպիտէն ամմանաբնակ ճարտարապետ Գէորգ Մսըրլեան զեկուցեց «Իրպիտի Հայերը» նիւթով: Ըստ Մսըրլեանի փոքրաթիւ հայեր հաստատուած են Իրպիտ 1924ին: Արխիւային նիւթի բացակայութեան պատճառով, զեկոյցը հիմնուած էր Իրպիտ ապրած երէց հայերու հետ հարցազրոյցներու, Իրպիտի յոյն օրթոտոքս համայնքի տոմարներու տուեալներուն, արաբ աղբիւրներու եւ իրպիտահայ ընտանիքներու մօտ պահպանուած արխիւային մնացորդներու վրայ: Զեկոյցը բացայայտեց իրպիտահայերուն ճիգը՝ պահպանելու իրենց լեզուն, մշակոյթը, կրօնքը, խոհանոցը եւ պատմութիւնը: Ապա ընդգծեց անոնց նպաստը եւ դերը Իրպիտի առեւտրական, ճարտարարուեստական, երկրագործական եւ մշակութային կեանքի վերելքին ու անդրադարձաւ Խ. Հայաստան ուսանելու մեկնած երիտասարդ իրպիտահայերուն նպաստին՝ հայօճախին հայկական վերակենսաւորման:
Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի աշխատակից Եղիկ Թաշճեան, «Թագաւորներու Լուսանկարիչը՝ Յակոբ Պէրպէրեան» վերնագրեալ զեկոյցով ներկայացուց Յակոբ Պէրպէրեանը: Թէ ինչպէս Գոնիա ծնած այս անհատը Ատանա, Ալեքսանտրէթ, Դամասկոս դեգերելէ ետք ի վերջոյ կը հաստատուի Ամման, ուր 1920ականներու երկրորդ կէսին կը դառնայ թագաւորական լուսանկարիչ, եւ արուեստը սորվեցնելով իր կնոջ, զայն կը դարձնէ թագուհիներու նկարիչ: Զեկոյցը անդրադրաձաւ նաեւ Պէրպէրեանի նպաստին ամմանահայութեան:
Նման բնոյթի այլ զեկոյց մըն էր Դոկտ. Աննա Օհաննէսեան-Շարփէնի «Աքապայի (Լուսանկարիչ) Յակոբը» վերնագրեալ զեկոյցը, որ կը մանրամասնէր լուսանկարիչին ոդիսականը՝ պապենական Հայաստանէն մինչեւ Աքապա, հեռանալը անկէ ու 1950ականներուն վերադարձը Աքապա ու նպաստը Աքապայի զբօսաշրջութեան՝ շնորհիւ վաչկատուն ցեղախումբերուն հետ ունեցած բարեկամութեան, յառաջացուցած վստահութեան եւ տարածքի տեսարժան վայրերուն լուսանկարչական ծանուցումներուն:
ի բացակայութեան Սիլվա Սարգիսեան-Հայրապետեանի, իր զեկոյցը ընթերցեց Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանող Նարեկ Հաննէեանը: Զեկոյցը կը վերլուծէր Ամմանի հայօճախին կերտումին մէջ 1948ին Պաղեստինէն եկած հայերու դերը: Արդարեւ գաղթականներու այդ ներհոսքը վճռեց անհրաժեշտութիւնը բաւարարելու անոնց այլազան կարիքները, քանի որ եկուորները ձեւաւորեր էին իրենց հաւաքական կեանքը, յառաջացուցեր իրենց կազմակերպութիւնները Պաղեստինի մէջ:
Պէյրութահայ Րոզէթ Ալէմեան ներկայացուց 1955ին հիմնուած Ամմանի Մարզական Միութիւնը, անոր հիմնումին տուն տուող պատճառները, հիմնադիրները, հետապնդած նպատակները, ծաւալած վաթսունամեայ գործունէութեան հանգրուանները, արձանագրած արդիւնքները, դրացի երկիրներէ Ամման ապաստան առած հայերու տրամադրուած օժանդակութիւնները, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէին հետ հաստատած կապերը եւ հիւրընկալումը հայրենի մշակոյթի գործիչներու:
Հայ Օգնութեան Միութեան Ամմանի ”Արազ” Մասնաճիւղին մասին զեկուցեց ամմանահայ Արսինէ Ճամպազեանը, որ ներկայացուց մասնաճիւղին հիմնադրութիւնը, հետապնդած նպատակները, կազմակերպական ծրագիրն ու վարչական կանոնագիրը: Զեկոյցը մանրամասնեց մասնաճիւղին գործունէութիւնը, հայապահպանման ի խնդիր անոր տարած աշխատանքները, վերլուծեց միջ-համանքային համագործակցութեան իրողութիւնները եւ մասնաճիւղին մասնակցութիւնն ու գործակցութիւնը՝ Ընկերային Զարգացման Նախարարութեան հովանիին տակ գործող Յորդանանի Միութիւններու Լիկային: Զեկոյցը մատնանշեց նաեւ մասնաճիւղին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները, մանաւանդ նորահաս սերունդին առնչութեամբ, վերջինիս հետաքրքրութիւնը մասնաճիւղին աշխատանքներուն ու հայօճախին հայապահպանման խնդիրներուն յանձնառութեան առումով:
Ամմանի հայ կաթողիկէ համայնքին համառօտակի անդրադարձաւ ամմանահայ Մատլէն Մեծակոբեան, որ առանձնացուց հայ կաթողիկէ եկեղեցիին հիմնումն ու դպրոցին ծաւալած գործունէութիւնը, դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ դպրոցին աշակերտութեան ներկայ պատկերը: Ան մատնանշեց այն դերը, որ համայնքի կարկառուն անդամներ ունեցած են համայնքին եւ յորդանանահայութեան ազգային-մշակութային վերելքին մէջ:
Ամմանահայ Ներսէս Ներսէսեան ծաւալեցաւ հայօճախին պատմութեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ միաբանութեան դերին եւ առնչութեան, լուսարձակի տակ առաւ Յորդանանահայ կազմակերպութեանց եւ հաստատութեանց հիմնադիրներ եւ առաջնորդներ, որոնք սատարած են հայօճախին պահպանման եւ վերելքին: Ան նշեց անունները եւ պաշտօնները շարք մը հայերու, որոնք հասած են բարձր դիրքերու՝ Յորդանանի պետական վարչամեքենային թէ հասարակութեան ու հանրային կեանքին մէջ եւ նպաստած հայութեան հանդէպ տեղաբնիկ ժողովուրդին դրական ընկալման: Հուսկ Ներսէսեան անդրադարձաւ Յորդանանի հայ առաքելական երկու եկեղեցիներուն կառուցման, ծանրանալով Մաղթասի նորակառոյց Ս. Կարապետ եկեղեցիին վրայ:
Իր՝ «Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն Եւ Յորդանանահայութիւնը» զեկոյցին մէջ, Երեւանի Պետական Համալսարանի Սփիւռքագիտութեան Բաժնի դոկտորականի ուսանղուհի Հրածին Վարդանեանը ըրաւ համառօտ պատմականը Սփիւռքի հետ Խորհրդային Հայաստանի յարաբերութիւններուն՝ Եղեռնի յիսնամեակէն ետք, մատնանշելով թէ մշակութային աշխատանքներու հիմնական կազմակերպիչը 1964էն մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը եղաւ Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն: Վարդանեան բնութագրեց այդ յարաբերութիւններուն ծիրը, նկարագրեց առնուած գործնական քայլերը՝ մշակութային փոխայցելութիւններ, յորդանանահայ երիտասարդներու հայրենական ուսում, հայոց պատմութեան-լեզուի-գրականութեան-երգի ու պարի ամառնային դասընթացքներ, դասագիրքեր, թերթեր, ամսագիրեր, մասնակցութիւն համահայկական հաւաքներու եւն.:
Մատլէն Մեծակոբեան ինքնութեան եւ համարկումի տեսական ենթահողին վրայ ներկայացուց՝ Յորդանանի հայոց ինքնութենական հարցերը եւ թէ ինչպէս Յորդանանի հայերը կրցած են հաւասարակշռութիւն յառաջացնել համարկումին ու հայրենակապումին միջեւ: Մեծակոբեան ընդգծեց, որ հայերու համարկումը ասպնջական Յորդանանին եւ ագուցումը մայրենի հող Հայաստանին վերաճեցաւ ու վերափոխուեցաւ՝ տեղական, շրջանային եւ միջազգային ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական զարգացումներուն, իսկ վերջերս՝ նաեւ հաղորդակցութեան հետ: Զեկոյցը յորդանանցի մտաւորականներու եւ փորձագէտներու հետ հարցազրոյցներու հիմամբ մատնանշեց որոշակի երեւոյթները՝ յորդանանահայութեան տեղական համարկումին եւ անոր մշակութային, հաստատութենական ու իրաւաբանական ենթահողին:
Ի բացակայութեան յորդանանահայ Վիգէն Ասլանեանի, իր «Յորդանանահայերու Մասնակցութիւնը Հանրային Կեանքին» նիւթով զեկոյցը ընթերցեց պատմութեան ուսանող Պետիկ Թորոսեան: Զեկոյցը քննարկեց յորդանանահայերու մասնակցութիւնը հանրային կեանքին, կարեւորեց նման մասնակցութիւնը, նշեց օգուտները անոր եւ վերլուծեց թէ ինչու քիչ է հայկական մասնակցութիւնը, լուսարձակի տակ առաւ գործօնները, ինչպէս՝ պատկանելիութիւնը, հաւատարմութիւնը, շահերը, հայրենասիրութիւնը, քաղաքացիական զգացողութիւնը եւն.:
Իրպիտ ծնած այժմ ամմանահայ Դոկտ. Լուսին Թամինեան, ներկայացուց իր անձնական փորձառութիւնը՝ իր ինքնութեան կազմակերտումին: Դոկտ. Թամինեան օգտագործելով ինքնութեան զանազան տեսութիւններու բառապաշարը՝ կատարեց պատումը իր ինքնութեան մնայուն վերափոխութեան, արաբ եւ ամմանահայ միջավայրերու ընկալումը եւ հակադարձութիւնը իր ինքնութեան դրսեւորումներուն, յառաջացուած հակասութիւնները եւ հայկական ինքնութեան հակասական՝ արտաքսական եւ ընդգրկական սահմանումները: Թամինեան քննարկեց նաեւ իր պայքարը՝ «պատկանելու» եւ «համարկուելու» համապատասխան միջավայրին, որ կ’ենթադրէ կազմումը, կազմաքանդումը եւ վերակազմումը իր ինքնութեան:
Գիտաժողովի վերջին զեկոյցը կը պատկանէր Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժնի դասախօս Փրոֆ. Արաքս Փաշայեանին, որ լուսարձակի տակ առաւ հայօճախին արդի հիմնախնդիրները: Ան նկարագրեց հայօճախին ներկայ իրավիճակը, գործող կազմակերպութիւնները, բնութագրեց գործօն անդամները, ապա անդրադարձաւ հայօճախին օրակարգերուն, հիմնական դժուարութիւններուն, հայապահպանութեան մարտահրաւէրներուն եւ կատարեց շարք մը առաջարկներ, շեշտելով այն բացառիկ դերը զոր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ խաղալ Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապալի պայմաններու տակ: Հուսկ ան անդրադարձաւ եկեղեցիին դերին եւ հայօճախին գոյատեւման հեռանկարներուն, ընդգծելով կարգ մը գործօններու ազդդեցութիւնը:
Նիստերը վարեցին Դոկտ.ներ Արտա Էքմէքճի, Զաւէն Մսըրլեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Լեւոն Աւետանեան, Նանօր Գարակէօզեան եւ Անքը Էլ Պաթայնէ:
Պէտք է ըսել, որ դժբախտաբար քիչ անդրադարձ եղաւ ԺԴ.-Ի. դարասկիզբի Յորդանանի հայութեան, գրականութիւն-տպագրութիւն ոլորտին, հայերէնախօսութեան եւ լեզուի իմացութեան խնդիրներուն, Հայաստան ուսանած յորդանանահայ ուսանողներու պարագայի, 1948-67 շրջանին Յորդանանի մաս կազմող Երուսաղէմի, Րամալլայի եւ այլ շրջաններու պատմութեան, իգական սեռի դերին, դրացի երկիրներէն Յորդանան ապաստանած հայ գաղթականներու հարցերուն:
Միւս կողմէն սակայն, աննախընթաց այս գիտաժողովը յատկանշուեցաւ փորձագէտ, հայօճախին մէջ գործօն դեր ստանձնած գործիչներու, լուսանցքային դէտերու առաւել մասնակցութեամբ: Հայօճախին ծայրամասերուն նուիրուած զեկոյցները ականատես-մասնակիցներու վկայութիւններ էին, որոնք հաւաքական յիշողութեան բացառիկ դրսեւորումներ հանդիսացան: Զեկոյցները այս գիտաժողովով ամրագրուելով անցան գրաւոր պատմութեան:
Գիտաժողովին մասնակիցները՝ փորձագէտներ թէ մասնագէտներ կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն: Զեկոյցները կը զանազանուէին թէ՛ նիւթի բնոյթով, թէ՛ մեթոտոլոժիով եւ թէ՛ յառաջացման եղանակով, երբեմն նաեւ զգացականութեամբ եւ ենթակայականութեամբ: Ոմանք դաշտային հետազօտութեան, բանասիրական ուսումնասիրութեան, արխիւային պրպտումներու, իսկ ուրիշներ փաստաթուղթերու վերլուծութեան վրայ հիմնուած էին:
Ազատ, անմիջական, երկար քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան՝ յորդանանահայութեան մանաւանդ վերջին հարիւրամեակին վերաբերող հարցեր, խնդիրներ, իրագործումներ, նուաճումներ:
Գիտաժողովը պարզեց յատկանշական միքանի երեւոյթներ Յորդանանի հայօճախին վերաբերեալ. ան կազկամկերպուած է 1940ականներուն, թափ առած աւելի ետք, ունի հողագործութեան-բանջարամշակութեան երեսակ, տեղաբնիկներու հետ շփման ու առնչումի այլ խորութիւն, վարչական առնչութիւն եկեղեցիին եւ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան եւն.: Գիտաժողովին պարզուեցաւ նաեւ նախորդ երկու գիտաժողովներուն ալ շեշտուած իրողութիւն մը՝ հաստատութենական թէ անձնական արխիւներու գոյութիւն-մատչելիութիւնը:
Գիտաժողովի տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան մեծաթիւ ունկնդիրներ, որ կ’արտացոլացնէ նման գիտաժողովներու հանդէպ յառաջացած հետաքրքրութիւնը: Ակնկալելի է, որ յառաջիկային լիբանանահայ համալսարանաւարտներ զեկոյցներ ներկայացնեն, խտացնելով շարքերը Միջին Արեւելքի մէջ հայկական նիւթերով հետաքրքրուող եւ ուսումնասիրող արհեստավարժ մասնագէտներու եւ սիրողական փորձագէտներու:
Գիտաժողովը նաեւ մէկտեղում մը եղաւ յորդանանաբնակ, Միջին Արեւելքի հայօճախներու ժամանակակից պատմութեամբ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներու, հետազօտողներու, մտաւորականներու եւ հետաքրքրուողներու, ուր շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքագիտութեան:
Կեդրոնի կազմակերպած վերջին երեք տարիներու գիտաժողովները շրջանի հայօճախներուն բեւեռուող լուսարձակներ են, որ կը մղեն առնչուող հայութիւնը իր պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդրսահմանային ելակէտերէ դիտելու եւ ընկալելու:
Բարերար Տիար Երջօ Սամուէլեանի նուիրատուութեամբ կեանքի կոչուած Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը՝ շնորհակալ է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հաստատութեան Հայկական Համայնքներու Բաժինին, որ նիւթական կարեւոր աջակցութեամբ մը գնահատեց գիտաժողովը: Կեդրոնը շնորհակալ է բոլոր մասնակիցներուն՝ զեկուցողներուն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ հարստացուցին գիտաժողովը, ինչպէս նաեւ ունկնդիրներուն, որոնք յատուկ մթնոլորտ յառաջացուցին եւ աւելի ծաւալուն դարձուցին գիտաժողովին անմիջական արդիւնքները:
Յառաջիկայ տարուան՝ Կեդրոնի գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Իրաքի Հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2017 Մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն:
Հայկազեան Համալսարանի
Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն
Նյութի աղբյուրը՝ www.ragmamoul.net