Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ Համաժողով

Մինաս Գոճայեան. Մեզմէ շատերու համար հանելուկ մը եղաւ ոմանց ելոյթներու բացակայութիւնը, երբ մարդիկ պատրաստուած էին եւ կարեւոր բաներ ունէին ներկայացնելու։

«Փոխադարձ վստահութիւն, Միասնականութիւն եւ Պատասխանատուութիւն» խորագրով
Երեւան (18-20 Սեպտեմբեր, 2017)

Մինաս Գոճայեան (Մասնակից), Երեւան-Լոս Անճելըս, Սեպտեմբեր 2017

Աւելի քան 90 ելոյթներ չորս տարբեր ուղղութիւններով, որոնք էին՝
1.-Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ
2.-Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրների պայմաններում
3.-Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ
4.-Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ։

Ելոյթներ եւ ուղերձներ տրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Բակօ Սահակեանի, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, զանազան նախարարներու եւ զոյգ կաթողիկոսներու կողմէ։

Երեքօրեայ Համաժողովի նախօրեակին փառաւոր եւ աչք շլացնող հիւրասիրութիւն մը մատուցուեցաւ «Փառաւոն» լաս վեկասեանատիպ «հանգստի եւ ժամանցի համալիր»ին մէջ, ուր բացի ողջոյնի խօսքերէն, համեղ ճաշատեսակներէն ու խորտիկներէն` գեղարուեստական յայտագիր մը եկաւ ամբողջացնելու փառաւոր ընդունելութիւնը։

Այս Համաժողովը աւելի լաւ կազմակերպուած էր բաղդատմամբ նախորդներուն. կատարուեցան այցելութիւններ Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան, Եռաբլուր եւ Ս. Էջմիածին։ Համաժողովի վայրը` Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրը, կը նմանէր մեղուի փեթակի մը, որուն վրայ սեւեռուած էր Հայաստանի ու սփիւռքի ուշադրութիւնը ՝ Համաժողովին առթիւ։ Ուրախութեամբ պիտի նշեմ որ ժպտադէմ, պատրաստուած ու ծառայասէր ուսանող-ուսանողուհիներ, որոնք չէին խեղճանար օտար լեզուներու մէջ, ամէն անկիւնի վրայ պատրաստ էին օգտակար ըլլալու մասնակիցներուն։

Կողմնակի հարցազրոյցներ, թղթակիցներու հետ հանդիպումներ, կարծիքներու փոխանակումներ զանազան զանգուածային հաղորդակցութեանց միջոցներու հետ ցոյց կու տային թէ հայրենի մեր ժողովուրդը իսկապէս լուրջի առած է սոյն համագումարը, որմէ շատ շատեր սպասելիքներ ունէին (թէեւ ուրիշներ ալ թերահաւատ էին եւ կատարուածը կը նկատէին ցուցադրանք մը. չեմ այպաներ այսպիսիները)։

Հանդիսաւոր բացումէն ետք, երբ հայրենի թէ սփիւռքի պետական ու հոգեւոր բարձրագոյն անձնաւորութիւնները վերջացուցին իրենց ելոյթները, շուրջ 1500 մասնակիցները միացան զիրենք հետաքրքրող խումբերուն։ Հակառակ որ յիշեցում կատարուած էր հեռու մնալ տեղեկագրութիւններէ (այս ըրինք, այն ըրինք…), եղան ոչ-արհամարհելի թուով ելոյթներ, որոնց մէջ կը տիրապետէին տեղեկագրութիւնն ու հայրենասիրական ճառերը (զորս լսելու համար չէինք եկած ի հարկէ…)։

Կ՚ակնկալէինք որ որոշակի առաջարկութիւններու թիւը աւելի շատ ըլլար եւ վերլուծման, գնահատման ու հայրենի թէ սփիւռքի բարելաւման նուիրուած ելոյթները ըլլային գերիշխող։ Քիչ թուով ելոյթներ եղան սոյն պահանջքը լրացնող։ Այսուամենայնիւ առանձնապէս պէտք կը զգամ դրուատել «Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրները» ուղղութեան մէջ ներկայացուած ելոյթները, ուր կային յստակ ու որոշակի (կոնկրէտ) առաջարկներ, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանեան ապրանքներու եւրոպական, ռուսական եւ եւրասիական շուկայ արտածելու ծրագիրներուն։

Քանի որ հնարաւոր չէր միաժամանակ ներկայ ըլլալ տարբեր ուղղութիւններու զեկուցումներուն, պիտի բաւականանամ անդրադառնալ այն զեկուցումներուն, որոնց կրցայ հետեւիլ։

Հետաքրքրական էր ու այժմէական ՀԲԸՄ-ի Կեդր. Վարչութենէն Երուանդ Զօրեանի խօսքը։ Ան հիմնած է Armenian Virtual College-ը, որուն շնորհիւ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայ թէ օտար երիտասարդներու առիթ կը տրուի սորվիլ հայերէն եւ ծանօթանալ Հայաստանին ու Հայ ժողովուրդի պատմութեան։ Մեծ հեռանկար մը կը սպասուի այս ծրագրին, մանաւանդ որ հազարաւոր հայեր հեռու կը գտնուին հայեցի կրթութիւն ու դաստիարակութիւն տուող հիմնարկներէ։ Նմանապէս օգտաշատ էր Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի նախագահ (Dean) Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի խօսքը, որ կը վերաբերէր ապագայի պահանջքին համապատասխան դպրոցներու զօրացման, որ պիտի սատարէր հայ ինքնութեան ամրապնդման։

ա.- Ժողովրդավարութիւն (ռամկավարութիւն-democracy) եւ բարգաւաճում
Կասկածէ վեր է ժողովրդավարական սկզբունքներու անհրաժեշտութիւնը ներկայ վարչաձեւերու եւ պետական կառավարման ծիրէն ներս։ Այս մասին առանց բառերը ծամծմելու իր խօսքը յղեց Համագումարին հերոսի ընդունելութեան արժանացած Թուրքիոյ տիրող կուսակցութեան ընդդիմադիր երեսփոխան Կարօ Փայլան։ Ան Էրտողանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը վերլուծելէ եւ քննադատելէ ետք, կարեւորութեամբ նշեց դեմոկրատական ուժերու համախմբումը եւ ժողովրդավարութեան անհրաժեշտութիւնը առողջ հասարակութիւն մը ունենալու գործընթացին մէջ։ Ես այն տպաւորութիւնը ստացայ որ հայկական արածին նման. «Աղջիկս քեզի կ՚ըսեմ, հա՛րս, դո՛ւն լսէ» ըսել կ՚ուզէր, այսինքն խօսքը անուղղակիօրէն կը յղէր հայրենի ներկայի իշխանութիւններուն։

Իրարմէ անկախ նման գաղափար յայտնեց նաեւ Արժանթինայէն, նմանապէս երեսփոխան, Սերխիօ Նահապետեան (որ ներկայ էր նաեւ ՌԱԿ-ի Կեդր. Վարչութեան Ատենապետի հանգամանքով)։ Ինք նոյնպէս նշեց թէ որքան կարեւոր էր պայքարիլ ժողովրդավարութեան համար եւ գործակցիլ նման ուժերու հետ։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը Արժանթինի մէջ ան առնչեց նաեւ նշուած համագործակցութեան հետ։

Հոս փակագիծ մը բանալով մատս վէրքին վրայ դնելը անհրաժեշտ կը նկատեմ։ Արտագաղթին ու մարդուժի արտահոսքին տուն տուող կարեւոր պատճառներէն մէկը ժողովրդավարութեան եւ իրաւահաւասարութեան պակասն է մեր երկրին մէջ։ Յուսալքութիւնը, վաղուան մէջ արժանապատիւ ապագայ մը չտեսնելը, խումբ մը օլիգարխներու եւ անոնց նմանատիպերու ստեղծած վարչաձեւը առիթ չի տար ազատ զարգացման ու առողջ մրցակցութեան. Եւ հետեւաբար մարդիկ այլ վայրերու մէջ առիթ կը փնտռեն կենսական կարիքները հոգալու եւ իրենց գլուխները պահելու։ Դժբախտաբար այս մասին շատ քիչ ակնարկութիւն եղաւ Համաժողովին մէջ, բայց քանի մը անգամ կրկնուեցաւ.

բ.- Մարդ  իր մօրից կը նեղանա՞յ
Այո՛, քանի մը անգամ լսեցինք այս արտայայտութիւնը, բայց չէ՞ որ մայրն ալ պէտք է հաւասար աչքով նայի ու գնահատէ իր զաւակները։ Երբ մայրը մայրութիւն չ՚ըներ, այլ խօսքով՝ պետութիւնն ու իշխանութիւնները հաւասար հնարաւորութիւն չեն ընծայեր իր քաղաքացիներուն, ինչպէ՞ս կ՚ակնկալուի որ երկիրը առողջ զարգացում արձանագրէ։ Կը սպասէինք որ խորապէս վերլուծուէին այս արգելակող երեւոյթները եւ լուծումներ առաջարկուէին (թէեւ Խորհրդարանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը որոշ ակնարկութիւններ ըրաւ այս կապակցութեամբ)։

Կ՚ակնկալուէր որ մեր պետութեան ներկայացուցիչները, որպէս ելոյթ ունեցողներ, աւելի շատ տեղ տային ինքնավերլուծման ու ինքնաքննադատութեան եւ ոչ թէ գոհանային բացատրութիւններ, պատճառաբանութիւններ ու մեկնաբանութիւններ տալով, եւ, ինչպէս ժողովրդական արածը կ՚ըսէ. «Խօսքը դրացիին կտուրը նետել»։

գ.- Սփիւռքի աւելի զգալի ներգրաւում
Կասկածէ վեր է որ սփիւռքահայն ու հայրենահայը նոյն նախահօր Հայկի ու Արամի, Արայի ու Արտաշէսի զաւակներն են, որ «մրրկաւ էին բաժնուած»։ Հետեւաբար, Համաժողովին պէտք է աւելի ուժգնութեան շեշտուէր այս պարագան եւ քննարկման ենթարկուէր թէ ինչո՞ւ ցարդ շատ գոհացուցիչ չէ եղած սփիւռք-հայրենիք համագործակցութիւնը, միաձուլումն ու ամբողջարկումը (integration)։ Ճիշդ է, Համաժողովին եղան ակնարկութիւններ այս առնչութեամբ, բայց հարեւանցի։ Չխորացանք այս բնագաւառին մէջ եւ անհրաժեշտ գնահատականը չտուինք այս թերութեան, որուն պատճառով հայրենիքն ու սփիւռքը չօգտուեցան տնտեսապէս ու մշակութապէս։

Սփիւռքի ներուժը պէտք չէ գերագնահատել, բայց մեր ունեցած փորձառութիւնը (արեւմտեան-ամերիկեան) եւ կարողականութիւնը խելացիօրէն օգտագործելու պարագային կրնանք եւ կրնայինք բազմաթիւ խնդիրներ լուծել։ Սուրիոյ հայութեան հետ կատարուած դժբախտութիւնը եկաւ ապացուցելու մեր ըսածը – պատրաստ չէինք դիմագրաւելու եղածը եւ կրցանք կիսալուծումներ միայն տալ։

Հետեւաբար, այսուհետեւ յաճախ մեր ժողովուրդին ղեկավարները պէտք է խորհրդածեն այս մասին եւ ուղիներ որոնեն համագործակցութիւնը իր բարձրագոյն մակարդակին հասցնելու։

դ.- Նկատողութիւն մը
Մեզմէ շատերու համար հանելուկ մը եղաւ ոմանց ելոյթներու բացակայութիւնը, երբ մարդիկ պատրաստուած էին եւ կարեւոր բաներ ունէին ներկայացնելու։ Ի՞նչ հանգամանքներու տակ կարգ մը էական ելոյթներ ներկաներուն մատուցանելու առիթին չարժանացան, մանաւանդ որ մեզմէ ոմանք լուրջի առնելով Համաժողովը, պրպտումներ կատարած էին, նախօրօք իրենց նիւթերը ներկայացուցած էին իրենց պատկանած կազմակերպութիւններու անդամներուն ուշադրութեան եւ ստանալով անդամակցութեան վաւերացումը։ Անհամեստութիւն ըրած չեմ ըլլար եթէ հոս յիշեմ թէ այդ «զոհերէն» մէկը ես էի։ Վեց վայրկեաննոց զեկուցում մը պատրաստած էի հայ երիտասարդութեան ինքնութեան պահպանման ու զօրացման մասին՝ հիմնուելով քառասուն տարուայ մանկավարժական-հասարակական փորձառութեան մը վրայ, բայց այդպէս ալ մեր անունը չգտանք ու մեր նկատողութիւնն ալ անարձագանգ մնաց, մինչդեռ ՀՅԴ-ի շրջանակներէն հինգ ելոյթ ունեցողներ եղան…

Կը յուսանք յառաջիկայ համաժողովներուն չեն կրկնուիր նման վիրաւորական «մոռացումներ»։

Խօսքերը շատ էին, ելոյթները բազմազան եւ խոստումները բազմաթիւ, ու պիտի հարցնենք՝ նայինք ի՞նչ պիտի փոխուի, եւ կրկին անգամ դիմելով ժողովրդական արածին պիտի ըսենք. «Ճուտիկները աշնան կը հաշուենք…»։

http://www.keghart.com/Kojayan-6th-Conference

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert