Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 22 Մարտ 2018


Մարդոց միտքը հիմա՛ ինկեր է այս «եղբայրասպանութեան» մասին գրելը։ Այս բառը կը նշանակէ եղբայր մը եղբօր կը սպաննէ եւ այդ դէպքը ծնունդ կու տայ կողմի հարազատներուն պատասխանելու աւելի դաժան կերպով։ Աչք աչքի դէմ, ակռայ ակռայի դէմ։ Երբեմն եղբայրասպանութիւնը կ՚երկարի տարիներու վրայ՝ հիւծելով երկու կողմերն ալ։
Ինչ որ պատահեցաւ Լիբանանի հայ գաղութին մէջ 1956-57-58 թուականներուն, ճիշդ է՝ «հայը հայուն» սպաննեց, ահաւոր ծեծ ու ջարդի ենթարկեց (ածելիով երեսներ ճղուեցան), ծեծկռտուքներով իրենց տուներէն ու գործատեղիներէն դուրս վռնտուեցան, նոյնիսկ եկեղեցիներէն, որոնք գրաւուեցան տեղական աջակողմեան ծայրայեղ-ֆաշական իշխանութիւններու կողմէ, որոնք բացէ ի բաց աչք գոցեցին ու թաքցուցին նախայարձակները հայկական կողմի մը։ Եղբայրասպան չեմ կոչեր ես, նոյնիսկ երբ տարիներով իրարու ետեւէ սարափի ենթարկուելէ ետք, վրիժառութեան հատուկենտ բրտութեան դէպքեր պատահեցան հայութեան տկար հատուածին կողմէն։ Այս վերջիններս ես կը նկատեմ սոսկ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ ոչ «իրենք ձեզ սպաննեցին, դուք ալ՝ իրենց», ուրեմն հաշիւը փակուած է։
Ո՛չ եւ երիցս ո՛չ։ Պէտք կա՞յ յիշեցնել Անթիլիասի Մայրավանքի եւ այլ եկեղեցիներու «սոփաներով» գրաւումները ՀՅԴ-ի ուժերուն կողմէ։ Այո՛, թոյլ կու տամ ինքզինքիս ամենայն պատասխանատուութեամբ մատնացոյց ընել նախայարձակը, տեռորիստը, անհանդուրժողը ԱՅԴ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ։ Ինչո՞ւ զոհը եւ ոճրագործը նոյն մեղադրեալի աթոռին կը նստեցնեն։ Ուրեմն, որպէսզի այդպէս չըլլար մէկ կողմը սուս ու փուս պէտք է մնար, հրաժարէր իր գաղափարախօսութենէն, Ս. Էջմիածնէն, միակ հայրենիք մնացած Խորհրդային Հայաստանէն՝ ընդունելու համար «հոգեւոր Հայաստան» մը։ Եղա՞ւ։ Ա՞յս էր հարենասիրութիւնը։ Չէի՞ն տեսնէր իրեղէն, de facto Հայաստանը։ Հայրենասիրութի՞ւն էր «պաս-պաս» պոռալ Պէյրութի Պուրճ Համուտի փողոցներուն ու գռիհներուն մէջ. «Ով որ դաշնակցական չէ հայ չէ…»։
Զգաստութեան կը հրաւիրեմ եւ աւելի խոր վերլուծութիւն կը խնդրեմ այս թեմայով արտայայտուողներէն։
Ես թերեւս ծայրայեղ մարդ մըն եմ, բայց մինչեւ օրս կը կը սպասեմ որ ՀՅԴ ներողութիւն խնդրէ Դուրեանի անարգ սպանութենէն մինչեւ հօրեղբօրս ծանրօրէն վիրաւորուիլը եւ հօրս հանդէպ կազմակերպուած մահափորձը, որ նախախնամութեան միջամտութեամբ միայն կանխուեցաւ եւ մենք չորս երախաներով որբ չմնացինք, իսկ մայրս ալ այրի չմնալով ասոր-անոր տունը սպասաւորութիւն չըրաւ։

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert