Հաւաքական փորձառութեան արդիւնք են առածի կարգ անցած «կնքեալ» խօսքեր, որոնք անձնական, նեղ, տուեալ պահու կամ տրամադրութեան ազդեցութենէն շատ անդին՝ ընդհանրական տեսակէտի մը եզրակացութիւնը կը դառնան ժամանակի ընթացքին։
Համամարդկային, կրօնական, բարոյական, ազգային, յարանուանական, կուսակցական եւ աւելի խոնարհ մակարդակներու վրայ կը գոյանան բանաձեւ, փակախօսք, բնաբան, որոնք սահմանագծումներ են։ Անոնք ունին երբեմն առաջնորդող, երբեմն ոգեւորող հանգամանք ու երբեմն ալ փակուղի կը դառնան, որովհետեւ յաճախ հարցականի տակ չեն առնուիր, չեն քննարկուիր ու մարսուիր։ «Թուրքը թուրք» է՝ կ’ըսէ, օրինակ, հայկական հաւաքական փորձառութիւն մը, Եղեռնէն ալ առաջ, բայց մանաւանդ՝ Եղեռնով։
Աւելին. Եղեռնի ուրացման հակազդող մեր հաւաքական կեցուածքը մեզ կը մղէ ոչ թէ կասկածելու, այլ կառչելու այս խօսքին։ Հոս «թուրք»ը ոճրագործն ու ուրացողն է. հաւաքական սահմանում մըն է ասիկա։ Գիտենք, որ բոլոր թուրքերը չէին եւ չեն ոճրագործ եւ ուրացող։ Սակայն բացառութիւններով չէ հետաքրքրուած հաւաքական իմաստութիւնը։ Եւ անոր տրամաբանութիւնը ճիշդ է։
Այս հաւաքական կառչումէն հեռանալ փորձող մարդկայնական շատ արմատական կեցուածք մը չի փափաքիր, որ թուրքը թուրք մնայ, եւ հայը՝ հայ, ոճրագործը՝ ոճրագործ ու զոհը՝ զոհ։ Ո՞վ ի՞նչ կը շահի «յաւիտենապէս» ոճրագործ ու «յաւիտենապէս» զոհ ըլլալու հանգամանքէն։ Հայկական փորձառութիւնը, սակայն, ի տես մնայուն ուրացման բազմատեսակ արտայայտութիւններու, դեռ շունչ չէ առած, հասնելու համար «Թուրքը թուրք է»էն անդին մտածելու տրամադրութեան ու կը մնայ ուրացման դէմ պայքարելու ներգործական կամ կրաւորական աշխատանքին մէջ։
Վերոնշեալ մարդկայնական փափաքը ունենալու է իր մղիչ ուժը՝ արտաքին կամ ներքին։ Փափաքի իշխանութիւնը իր ուժը կրնայ ի գործ դնել տեսական կամ գործնական արտայայտութիւններով՝ գիտահետազօտական աշխատանքով կամ կորուսեալ հայրենիքին մէջ կամ այլուր, ըստ կամս, կողմերու միջեւ գոյացած «հանդիպում»ի ձեւով։
Նման «հանդիպում»ներ կարելի է համարել հայ-թուրք մտաւորականներու, արուեստագէտներու, յատկապէս՝ երաժիշտներու եւ դերասաններու համախմբում ու համագործակցութիւն, որոնք հարկաւ պատգամ ունին կամ կրնան ունենալ, սակայն կրնան միաժամանակ շահագործուիլ ու փոշեցանքի հասարակ արարողութեան վերածուիլ։ Նման մերձեցումներու հակառակ ճակատին վրայ կան ամբողջական հեռացումներ։ Կրնանք թերեւս մինչեւ այսօր ալ Վակներ չունկնդրող հրեաներու հանդիպիլ, ինչպէս կը հանդիպինք թրքական երաժշտութիւն չունկնդրող հայերու։
Աւելորդ է հոս հաստատել, որ նման հանդիպումներ, գէշ կամ աղէկ, ցեղասպանութեան հարցը չեն կրնար լուծել։ Ցեղասպանութեան հարցը ամէն բանէ առաջ իրաւաքաղաքական ու պետական պաշտօնական լուծում ունենալու է։

Ոճրագործ-զոհ անանցանելի սահմանին ի տես կ’ուզեմ հոս կողմնակի անդրադառնալ այն պարագային, ուր տուեալ անձը ինքզինք մէկ ծայրայեղ վիճակէն կրնայ այլ ծայրայեղ վիճակի մը հասցնել։ Կատարածս բաղդատական մը չէ հարկաւ։ Հայաստանի յեղափոխութեան առթիւ ջուրին երեսը եկան այնպիսի անհատներ, որոնց վիճակափոխութեան մասին միայն կրնայինք ենթադրել, բայց փաստեր չունէինք, որովհետեւ բարձր պաշտօններ ունէին, որոնք իսկական հերոսական արարքներ կատարած էին ատենին, թէ իբրեւ մարտիկ, թէ իբրեւ քաղաքական գործիչ, սակայն այդ ծայրայեղ նուիրումէն անցեր էին դէպի այլ ծայրայեղ ինքնանուիրումի մը՝ ինքնահարըստացման, սահման հատեր էին, ի գին իրենց հայրենիքին իսկ սնանկացման։ Այսինքն հերոսը դարձեր էր դաւաճան, փոխելով իր դրական վիճակը ժխտականի։

«Թուրքը թուրք է»
«Սոխին անուշը չ’ըլլար», կը շեշտէ Գրիգորիս Եպս. Պալաքեան քանիցս իր ծանօթ մարտիրոսագրութեան մէջ, «Թուրքը թուրք է»ին տարբերակ մը առաջարկելով, ըսել ուզելով, որ թուրքը թուրքէ զատ ուրիշ բան չի կրնար ըլլալ։
Ի՞նչ սպասել արդարեւ այն սերունդէն, որ տեսաւ թուրքին ոճիրը եւ այդ ոճիրին դառնութեան մասին պատմեց յաջորդող սերունդներուն, որոնք իրենց կարգին տեսան ուրացում ամէնէն վերին՝ պետական մակարդակի կամ ամէնէն վարի՝ հասարակ մակարդակի վրայ։ Թուրք ուսանող մը, պատահմամբ գիտնալով հայ ըլլալս, առաջին իսկ առթիւ կը փափաքէր չխօսի՛լ ցեղասպանութեան նիւթին մասին, եւ, իր իսկ բառերով՝ «ըսածներուդ տպաւորութեան տակ չմնալ, որովհետեւ, – կ’ըսէր, – դուն իբրեւ զոհի յետնորդ շատ աւելի բան գիտես քան ես…»։ Ուրացումը կրնայ այսպիսի ձեւ ալ ստանալ:
Առաջին սերունդէն ոստում մը կատարենք ներկայ սերունդ։ Քեսապի օրուան քաղաքապետը՝ Վահան Չափարեան, 2014-ի թրքական յարձակումին առթիւ իրաւամբ կը շեշտէ, ըստ արեւելահայերէն թերթին տեղեկատուութեան՝ «Թուրքը թուրք է մնում նաեւ մեր ժամանակաշրջանում»1։ Այո, երբ մեր նախնիներուն ապրած փորձառութիւնը հարիւրամեակ մը ետք նոյն հեղինակին կողմէ նոր արտայայտութիւն կը գտնէ, կը կրկնենք նաեւ մենք մեր սորվածն ու մեզի աւանդուածը՝ «Թուրքը թուրք է»։
Հրանդ Տինքի սպաննութենէն ասդին, կան Թուրքիոյ մէջ եւ այլուր բարձրացած թրքական ձայներ, որոնք նոր երգ մը կ’երգեն, կ’ընդունին պատ-մական իրողութիւնը, անցեալին համար ներողութիւն խնդրողներ ալ կան, թուրքը կը հրաւիրեն թրքութենէն՝ ուրացողի հանգամանքէն դուրս։ Ասոնք անկեղծ են կամ ոչ՝ կը մնայ իրենց խղճին, ու զանոնք կրնանք իրենց արարքներէն դատել, թէեւ յաճախ լպրծուն են։ Օրինակ, ինծի համար քիչ մը տարօրինակ կը թուի, թէ ինչպէ՞ս կրնայ թրքական պետութիւնը, որ ուրացման հսկայական մեքենաները չի պահեր, «հայամէտ» ու «այլախոհ» ճանչցուած նշանաւոր թուրք պատմաբանի մը առաջարկ ներկայացնել, որ հայ եւ թուրք պատմաբաններ քով-քովի գան ու խօսին…։ Այլախոհը կրնայ հալածուիլ ալ, նման առաջարկ ալ ստանալ միաժամանակ. կասկածը արդէն այդ իր երկակենցաղութենէն կու գայ։
Հասնինք մինչեւ երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ կ’ուզէ չուրացող թուրքերուն անունով մեզի բացատրել հետեւեալը. «Քատիր Աքընը թուրք է, եւ ես կ’ուզեմ ըսել՝ սխալ է յաճախ հնչող այն միտքը, թէ բոլոր թուրքերը նոյնն են: Իրականութեան մէջ այդպէս չէ: Ես կը պայքարիմ Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան համար ու կը պայքարիմ ժողովրդավար թուրքերու, ժողովըրդավար քրդերու եւ ժողովրդավար հայերու հետ: Ես կոչ կ’ընեմ յատկապէս երիտասարդ հայերուն, որ չըսեն՝«թուրքը կը մնայ թուրք»»2:
Մեզի կը մնայ Փայլանի առաջարկին հետ հաշուի նստիլ։ Ան նկատի ունի հարկաւ անհատներ։ Եւ կան այդ անհատները՝ կեղծ կամ անկեղծ, թուրքը թրքութենէն դուրս հանող։

«Հայը հայ է»
Եթէ հայը, հաւաքաբար առած, շինարար, արհեստաւոր, արուեստագէտ տարրեր տուած է կայսրութիւններու, անոնց կեանքին մէջ շարժիչ ուժ հանդիսանալով, կարգ մը պարագաներու՝ պետականաշինութեան մասնակցութեամբ, եւ իր այս բարեմասնութիւնները իր հաւաքական ինքնութեան մէջ հաստատուն տեղ կը գրաւեն, յաւիտենական արժանիքի չեն վերա- ծուիր անոնք սակայն։ Կրնան ալիքանման զարգացումներ ու անկումներ ապրիլ։
Հայը միշտ մաքուր է, չի մուրար, չի գողնար, չի շնար, չի ստեր… կը լսէինք, կը հաւատայինք, երբ փոքր էինք։ Սփիւռքացած ժողովուրդներ կ’ունենան այս ինքնասահմանումը (թէեւ հանրապետութիւն եղող երկիր Հայաստանի մէջ ալ չեն պակսիր նման դաստիարակութեամբ սնած ու սնող սերունդներ)։
Հիմա մեծցանք, նոյն բաները կը լսենք, յաճախ անմաքուր, մեր աչքին առջեւ մուրացող, գողցող, շնացող ու ստող հայերու կողմէ, անոնք ըլլան պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցնողներ կամ ոչ։
«Հայը կը շինէ»։ Շատ աղէկ։ Այս միակողմանի ինքնատեսութիւնը կը բանի նաեւ գիտական մօտեցումներու մէջ։ «Հայաստանի մէջ կը շինուին հայ եկեղեցիները, իսկ Թուրքիոյ մէջ կը քանդուին». ոչ ամբողջապէս ճիշդ հաստատում մը։ Հապա՞ Հայաստանի մէջ տակաւին կովերու բնակավայր մնացող աւերակ եկեղեցիները։ Կան հայկական ինքնութիւն ուսումնասիրելու աշխատանքով ճամբայ ելած, իբր թէ անաչառ եւ արդիամիտ գիտնականներ, որոնք իրենց մատը վէրքին վրայ կը դնեն, բայց վէրքին անունը չեն տար։ Հայկական ինքնութեան միջնաբերդին՝ դպրոցին, անոր կրթական ծրագրին լրջութիւնը քննութեան առարկայ չի դառնար այսպիսիներու համար, եթէ տուեալ դպրոցին ետին ա՛յս կամ ա՛յն կազմակերպութիւնը կանգնած է։ Ինչո՞ւ կը քննադատենք նեղ կողմնակցութիւնը, համայնքներուն փակուղեղ գործելակերպը մեր փոքր ածուին, եթէ մենք իբրեւ «անկախ» ու «անկողմնակալ» հետազօտողներ նոյնը կ’ընենք՝ լայնմիտ միջավայրի բոլոր բարիքները վայելելէ ետք։
Արմատ, միջուկ եւ ապագայ չբերող շարք մը ձեռնարկութիւններ կը հրամցուին իբրեւ գնահատանքի սպասող մշտապէս դրական երեւոյթներ. համերգ եւ պարահանդէս, դասախօսութիւն եւ ձեռնարկ, բռնաբարուած հայերէնով մամուլ, խաչուած հայերէնով հայերէնի՛ իսկ գովերգ, որոնք մէկ մակարդակի վրայ միայն տեղի կ’ունենան, մէկ ուղղութեամբ կ’ընթանան, նետին պէս, որ աղեղէն կ’արձակուի եւ երբեք վերադարձ չունի։
Երկրորդ մակարդակ կը նշանակէ անոնց քննարկումը, վերլուծումն ու ազդեցութեան գօտիի՝ «յաջողութեան» տեսակներու ճշդումը. ասոնք սակայն ուսումնասիրութեան առարկայ չեն դառնար, իբրեւ երկրորդ մակարդակի իրագործում, մեզի նման հաւաքականութեան մը համար, որ խորհրդակցութիւններու, խորհրդաժողովներու եւ վեհաժողովներու համար կը խմբուի ինչ-ինչ ծրագրերով, սակայն ձեռնունայն կը մնայ վերջաւորութեան։
Հեռացա՞նք հայուն «հայ»ութենէն, թէ սկսանք մօտենալ անոր։

«Հայը թուրք է»
Երեւանցի մը «Թուրք Ա.» կոչած է ղարաբաղցի մը, կը պատմէր բարեկամ մը, գէշ յատկանիշերու կուտակում եղող թրքութիւնը իբրեւ լաւագոյն, ամբողջական ճշդորոշում տալով, զայն՝ ղարաբաղցին այդպէս բնորոշելով։
«Անոր ըրածը թուրքը չ’ըներ», լսած ենք մեր երէց սերունդէն։
«Թուրքին մասին կը խօսիմ, անոր մասին չեմ խօսիր», կը շեշտէր բարեկամ բանաստեղծ մը, մերժելով արտայայտուիլ այլ բանաստեղծի մը մասին։
«Թուրքէն չտեսածս այս հայէն տեսայ», կ’ըսէր սիրտը այրած ծերունին, որ իր տանտիրոջ կատարած հանապազօրեայ եւ բազմատեսակ չարամտութիւնները կ’ուզէր ամփոփել մէկ խօսքով։
Պատանութեանս մեր տունը այցելած հիւր մը, կը յիշեմ, անոր ալ սիրտը այրած, ըսեր էր. «Թուրքերը մեզ ջարդելու գործը կէս ձգեր են. լա՛ւ ըրեր են, որ ջարդեր են մեզ», այդպիսով արտայայտելով, իր բնորոշումով՝ թրքավարի անձէ մը իր ծայրայեղ դժգոհութիւնը։
«Թուրքը չ’ըսեր այս ըսուածը»։ Եւ նման խօսքերու շարքը կարելի է երկարել։
Ուրեմն, գիտենք ու կ’ընդունինք, թէեւ բարձրաձայն չենք արտայայ-տուիր, որ մեր շարքերուն մէջ ալ թուրքեր կան, թուրք հայեր։
Հայու «սուրբ» կերպարը կ’աղարտի՞, երբ խօսինք թապուներու մասին, թէ ինչպէ՛ս «հայը հայ կը սպաննէ», թէ ինչպէ՛ս «Եղեռնի որբուհիներ հայու ձեռքով կը պոռնկանան»։ Եթէ թուրքը կ’արգիլէր հայերէնի գործածութիւնը, այսօր ալ հայը չի քաջալերեր, կ’անարգէ, կը հալածէ, կը խաչէ հայերէնը ու անոր մոմով փնտռուելիք սպասաւորները, ուր եւ ինչպէս որ կրնայ, թէ՛ Հայաստան, թէ՛ Սփիւռք. եւ ասիկա ամէնէն պաշտօնական ու պատասխանատու մարդոց ձեռքով կը կատարուի՝ հոգեւորական եւ աշխարհական, յարատեւ յամառութեամբ։ Մեր լեզուին ու մշակոյթին անհրաժեշտութիւնը դուրս շպրտած ենք մեր կեանքէն եւ զայն ետ բերելու ամէն կարելիութեան առջեւ հազար տեսակ պատնէշ կանգնեցուցած ենք։ Լեզուն կը խաչենք տան մէջ, դպրոցին մէջ, ուսուցիչին բերնին իսկ մէջ, մամուլին մէջ, եկեղեցիին մէջ, համացանցին մէջ. խաչեցեալ եւ աքսորեալ լեզուի վերածած ենք զայն՝ մե՛ր իսկ՝ հայկական ձեռքով։ «Թուրքը»՝ թշնամին, որ լեզուիդ հալածիչը եղաւ, ուրիշ տեղ ինչո՞ւ կը փնտռես։
Ասոնք ընդհանրացումնե՞ր են։ Ի տես մեր առօրեայ, անհատական ու հաւաքական ինչ-ինչ երեւոյթներուն՝ սկսելով մեր իբր թէ հպարտութեան առիթ եղող մշակութային տուեալներու անտեսումէն, ոտնակոխումէն ու խեղումէն մինչեւ անոնց կատարեալ ոչնչացումը կարելի է խղճի մտօք ու հայավարի ըսել, որ «թուրքէն աւելի թուրք հայեր կան մեր մէջ»։

«Թուրքը հայ է»
Ամէնէն ծանօթ օրինակը Էրտողանի յայտարարութիւնն էր, 2014-ին. «Զիս վրացի կոչեցին, կը ներէք, աւելի տգեղն ալ ըսին՝ հայ կոչեցին»։ Ներելու խնդիր կայ, ըստ երեւոյթին։ Թուրքը ինչպէ՞ս կրնայ հայու վերածուիլ։ Հայկական ծագում ունենալն ալ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն կրնայ բաւարար վտանգ նշանակել, այպանումի աղբիւր դառնալ, մատնիչի ու անվստահելի տարրի դեր մը փակցնել տուեալ անձին։ Երբ դուն թուրք ես, բայց հայկական ծագում ունիս, թրքական ինքնութեան սահմաններէն դուրս եկած ես, առնուազն կասկածելի ես, պէտք է հակակշռի տակ պահուիս։ Կրնաս որեւէ ժամանակ վտանգ դառնալ։
Խօսքը հարկաւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն մասին չէ՛։ Հայը հայ է Թուրքիոյ մէջ, ճանչցողին համար եւ Լոզանէն ի վեր՝ իբրեւ փոքրամասնութիւն։ Ասոնք թուրքերն են, որոնք իրենց այս կամ այն ըրածին կամ չըրածին համար իբրեւ հայ կը կնքուին, յատուկ պայմաններու տակ։
Թուրքերուն համար ալ, ուրեմն, հայ ըլլալը ոչ միայն անբաղձալի է, այլեւ՝ վտանգաւոր։

… եւ ճանճերը
Այս բոլորը վերամարսելով միայն կրնանք թերեւս քայլ մը առաջ երթալ, վերատեսնելու համար օր առ օր, ժամ առ ժամ փոխուող համացանցային աշխարհին մէջ հայկական ու թրքական ինքնասահմանումները, աժան, յայտարարուող, խախուտ, անհիմն հայացումներն ու թրքացումները։
«Ես հայ եմ», «ես թուրք եմ» – երկու ժողովուրդներն ալ այս յիշեցումներն ու ինքնահաստատումները ունին։ Հայերը, միշտ Եղեռնէն ասդին դի-տուելով, իբրեւ զոհ, բնականաբար շատ աւելի իրաւունք ունին ինքնահաստատման. երբ գոյութիւնդ խնդրոյ առարկայ եղած է, գոյամարտ մը ունիս մղելիք։ Եղեռնին յաջորդող ուրացումը կ’երկարաձգէ հաստատումին անհրաժեշտութիւնը։ Թուրքերուն ալ միշտ ներարկուած է այն վախը, որ կրնայ այս «փոքրիկ Մհերը» վտանգի աղբիւրի վերածուիլ, արդէն վերածուած է ալ. կարծես երկու ճակատներու վրայ աղէտներ արդէն գործուած են, զոյգ մը աղէտ, մէկը՝ իրաւ, միւսը՝ շինծու։
Ի վերջոյ սերունդներու յաջորդութեան հետ նաեւ մօտեցումներու նորութիւն սպասելի է։ Նորութիւնը հիմնական փոփոխութիւն չէ միշտ, կրնայ խորացում եւ շեշտադրում դառնալ։ Ուրացողը կեցուածքը սերունդէ սերունդ կը փոխանցէ, պահանջատէրը՝ նոյնպէս։ Իրենք կ’ուրանան, մենք կը պահանջատիրենք։ Թէ իրենք, թէ մենք կեցուածքի արմատականացման կողքին նաեւ թուլացումներ կ’ապրինք։ Հսկայական Թուրքիոյ համար պզտիկ Հայաստանի մը ու հայութեան մը հարցը հետզհետէ աւելի մտահոգիչ եւ խանգարիչ հանգամանք ունի։ Մենք ալ կը կարծենք, թէ մեր պահանջքին տէրն ենք տակաւին։ Դէպի առաջ նայելով երբ ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջես, ետեւի շարքերդ կը պարպուին, կ’ամայանան, լեզուդ, մշակոյթդ կրողներու եւ զանոնք արծարծողներու թիւը շատոնց նուազած է, ընդունիս կամ ոչ, հաշուի նստիս ատոր հետ կամ ոչ, անհատ բացառութիւններու փնտռտուքով կրնաս մխիթարուիլ, փոխանակ խմբակային բացառութիւններ հիմնելու մասին մտածելու։
Ճշմարտախօս թուրքերու, իսլամաթրքացած հայերու յայտնութիւնը եւ ոմանց վերադարձը դէպի լեզու եւ մշակոյթ, իբրեւ նոր երեւոյթներ, անակնկալներ են վերջին տասնամեակին ու նաեւ՝ առիթ։
Թուրք «լայնամիտ» հետազօտողներու անկեղծ կամ խախուտ մօտեցումները անոնց անձնական փառասիրութիւնը շոյող կամ բուն իսկ ցեղասպանագիտութեան ծառայող, կրնան հայկական համայնքին մէջ առաւել հետաքրքրութիւն ստեղծել։ Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսիլը կամ գրելը տասնամեակէ մը ի վեր վերածուած են արդիամըտութեան հոմանիշի։ Անկեղծն ալ կայ, կեղծաւորն ալ կայ ասոնց շարքերուն մէջ, որոնք երբ թաղը դառնան՝ յանկարծ ուրիշ երգ մը երգելու կը սկսին, ասիկա նաեւ եւրոպական համալսարաններուն մէջ, ոչ միայն Թուրքիա. մի՛ մոռնաք Թուրքիոյ երկնցած եւրոպական ձեռքը։
Մեզի կը մնայ մեր ճանաչումներէն ու հատուցումներու բանաձեւերէն առաջ եւ անդին բովանդակութեամբ լեցնել՝ հոգի, գիտութիւն եւ գործունէութիւն։ Ճանաչումներն ու դեռ գալիք հատուցումները, առանձին առած, ինծի կը յիշեցնեն Լիբանանի հնադարեան բերդերը, որ կ’այցելէինք մեր պատանութեան, ուր անցեալի փառքին՝ հզօր կառոյցներուն աներդիք դատարկութիւնը կը պսակուէր այս ու այն անկիւնը բզզացող ճանճերու խրախով։
Մենք ճանճերէն աւելին ենք։

Իշխան Չիֆթճեան

http://www.kantsasar.com/news/2019/04/23/44423/

 

 


Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert