Հրկիզումիդ հետ, Նոթրը Տա՛մ
Մեր վանքերուն բոցը տեսայ
Գմբէթներուն մեր հնամեայ
Այրող կրակն ու վէրքը տեսայ….
Ապրիլեան նոյն այս օրերուն
Խաչքար ու վանք, սրբատաշ քար
Դարերու մէջ լուսակերտուած
Հրոյ ճարակ դարձան նկուն…
Եւ աշխարհը լուր չունեցաւ
Թէ ողջ ազգ մը կ’ըլլար բնաջինջ
Իր հողերէն վտարանդի
Եաթաղանի հարուածին տակ…
Քեզ կը դիտեմ սրտաճմլի՛կ
Արտասուախառն իմ աչքերով
Եւ ցաւս հին ու չհինցող
Սիրտս մրկէ տառապագին….
ԵՐԱՆ

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert