Հրաչ  Թուրիկեան, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի երբեմնի հերթապահ, Թորոնթօ, 24 Նոյեմբեր 2018

Տիեզերական օրէնքներուն երկու հիմնաքարերն են ծնունդն ու մահը։ Աստղեր կը ծնին, իրենց շուրջը կը ստեղծուին մոլորակներ եւ ժամանակ մը անց, հոգ չէ թէ երկա՜ր ժամանակ ետք՝ կը մահանան։

Նոյնն է պարագան աշխարհ մոլորակի վրայ կենդանական եւ բուսական  կեանքերուն համար. կայ ծնունդ եւ մահ։ Քաղաքական եւ ընկերային կեանքի մէջ քաղաքակրթութիւններ, իշխանութիւններ եւ կազմակերպութիւններ կը ծնին եւ երբ իրենց ժամանակը սպառի՝ կը փոշիանան եւ կը դադրին գոյութիւն ունենալէ։

Այս անառարկելի իրականութեան դիմաց, իրենք զիրենք յեղափոխական սեպող, կուսակցութեան մը անդամները, կուրօրէն եւ յեղափոխութեան փիլիսոփայութեան սկզբունքներուն դէմ գործելով, կը փորձեն սրբացնել, յաւերժացնել եւ նուիրագործել ՀՅԴ-ը։ Այս տգէտները կ՛անգիտանան որ յիշեալ կուսակցութեան հիմնական եւ առանցքային բառը՝ «յեղափոխական»ն է, որը կը նշանակէ անդադար փոփոխութիւն, ոչ միայն «քատր»-երու, այլ մտածումի, ծրագրի, կանոնագրի եւ դիրքորոշումի, հետեւելով եւ քայլ պահելով կեանքի հոլովոյթիւն եւ իրականութիւններուն։

Ո՞ւր է «յեղափոխականը» եւ «յեղափոխութիւնը» ձեր մէջ։

Դժբախտաբար իրենք զիրենք ազգին պարագլուխ համարող մարդիկ, կը կարծեն թէ մի միայն անձերու փոփոխութեամբ (այն ալ նշանակուած անձերու), յեղափոխութեան միտքը արդարացուցած կ՛ըլլան եւ կուսակցութեան առաքելութիւնը աւարտած։

Գերագոյն արժէքը, որու համար ստեղծուած է կազմակերպութիւնը, ՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ է։ Հայութիւնն է, որ սրբութիւն պէտք է դասուի եւ յաւերժական նկատուի. ուրիշ ոչ մէկ բան։

Կուսակցութիւններ՝ որոնք իբրեւ միջոց կը ծառայեն, կու գան ու կ՛երթան իսկ ժողովուրդը կայ ու կը մնայ։

Ըսե՜ք, խնդրե՜մ, ո՞ւր է ներկայիս Համայնավար կուսակցութիւնը. անդին Ռուսաստանը գոյութիւն ունի, ռուս ժողովուրդը կ՛ապրի։

Իսկ, ի՜նչ ծիծաղելի է կեանքը սպառած, 128 տարեկան, անկողին քամուած, ծերացած մարդու մը երկարակեացութեամբ հպարտանալը։

Ինքնասիրահարուած մարդու հոգեբանութիւնը մինչեւ ո՜ւր կրնայ հասցնել ձեզ։

Դուք հայութիւն չե՜ք ներկայացներ։ Հայութեան մէկ մասնիկն եք՝ ջնջին մէկ մասնիկը։

Իննսուն հինգ տարի առաջ, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անդրանիկ վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունի,  ՀՅԴ-ի արտասահմանեան մարմիններու խորհրդաժողվին կը ներկայացնէ զեկուցագիր մը, «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը անելիք չունի այլ եւս» վերնագրով, որու մէջ կ՛ըսէ՝
«Դաշնակցական կազմակերպութիւնն է որ դատապարտուած է մահուան (աւելի ճիշդը՝ մեռած է արդէն). բայց գործը մնում է կենդանի»։

Քաջազնունին մատը վէրքին վրայ կը դնէ ու կ՛աւելցնէ. « կուսակցութիւնը՝ սոսկ միջոց լինելու փոխարէն՝ դառնում է կամաց-կամաց ինքնանպատակ» եւ կը պատգամէ ապագայ սերունդներուն «Կայսրը չգերադասել Հռոմէն»։

Անցեալին, կուսակցական ղեկավարը՝ համեստ իր նիստ ու կացով եւ վարմունքով, օրինակ կը ծառայէր շարքայինին եւ ոչ-կուսակցականին անխտիր։

Անցեալին, պատասխանատու պաշտօն ստանցնելը ծանր պարտականութիւն կը սեպուէր։

Անցեալին, ղեկավար ըլլալը կ՛ենթադրէր զոհողութիւն, նոյնիսկ կեանքի գնով։

Ներկայիս, ղեկավարը հարստութիւն թիզելու հետամուտ է։

Ներկայիս, կուսակցական պատասխանատու անձը նուիրումը կը շփոթէ իր անձին հանդէպ մատուցուած փառք ու պատիւով։

Ներկայիս, անձնական շահը գերիվեր է հաւաքական շահէն։

Պարոններ՝ զգաստացէ՜ք եւ հասկցէ՜ք, որ ժողովուրդը ոչ միայն չի սիրեր ձեզ, այլ կ՛ատէ։ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի, շարքային թէ ոչ-կուսակցական,
ՀՅԴ-ն կը նկատեն աւելորդ բեռ հայութեան ուսերուն։ Պատճառնե՞րը. փնտռեցէք դուք ձեր մէջ։

Պարոններ՝ ՀՅԴ-ին եւ ձեր ժամանակը սպառած է։

 

Դաշնակցութիւնը Անկման Սեմի՞ն

Հրաչ  Թուրիկեան, Թորոնթօ, 30 Հոկտեմբեր 2018

Հայաստանի մէջ, «թաւշեայ» յեղափոխութենէն ի վեր, շատ գրուեցաւ (եւ տակաւին պիտի գրուի) ՀՅԴ-ի դիրքորոշման,  եւ տրամադրուածութեան մասին։

Դաշնակցութեան դիրքորոշման նկատմամբ քննադատութիւնները աւելի եւս յառաջ գացին ընդգրկելու համար կառոյցի, ծրագրի, կանոնագրի եւ այլ հարցեր որոնք կուսակցութիւնը տարած են ճահճացումի, մենատիրութեան եւ ընդհանրապէս ոչ-յեղափոխական գործունէութեան։

Ընդհանուրի կարծիքը – ըլլան անոնք նախկին կուսակցականներ, թէ ներկայի շարքայիններ- այն է, թէ անցեալի հզօր, պատմութիւն եւ աւանդ ունեցող կազմակերպութիւնը քայքայման սեմին է։

Վերլուծաբանին համար, պատճառները բազմաթիւ եւ բազմազան են, իսկ, դժբախտաբար, կոյր ձեւացող կուսակցական ղեկավարին համար «ամէն բան լաւ է»-ն կարգախօս դարձած է։

Իբրեւ կեանք, ժամանակ, նիւթական եւ այլ միջոցներ չխնայած նախկին կուսակացական, պիտի անդրադառնամ առաջնահերթ եւ հիմնական կարգ մը երեւոյթներու, որոնք կը վերաբերին սփիւռքեան կառոյցներուն։

Վերջին տարիներուն չկայ, չէ մնացած մարզ մը, որ Դաշնակցութիւնը իր մենատիրութիւնը, իշխանութիւնը եւ թաթը տարածած չըլլայ։ Ազգային, կրթական, կրօնական, ուսումնասիրական, լրատուական եւ այլ բնագաւառներ, որոնք պէտք է գործէին անկախ, ենթարկուած են կուսակցութեան. իսկ այն հաստատութիւնները, որոնք փորձած են անկախ մնալ, անոնց հանդէպ պայքար բացուած է չեզոքացնելու աշխատանքը այլապէս …

Երկրորդ կէտը. թափանցիկութեան պակասը կամ չգոյութիւնն է։

Կարելի չէ երեւակայել կազմակերպութիւն մը, որ իր ծրագրի եւ անոր գործադրութեան ի խնդիր թափանցիկութիւն չունենայ։ Ինչպէս նաեւ կուսակցութեան մը անդամներ, մանաւանդ ղեկավար տարրեր, որոնց գործունէութիւնը թափանցիկ չըլլայ։

Անցեալին, մանաւանդ կռուի թատր Լիբանանի մէջ՝ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, զինուորական, մարտական, նոյնիսկ քաղաքական հարցեր գաղտնապահութեամբ կը տարուէին հասկնալի պատճառներով։ Իսկ ներկայիս, երբ անցեալի նման անապահով վիճակ գոյութիւն չունի եւ պետական կառոյցները կանոնաւորաբար կը գործեն, ի՞նչ պէտք կայ աւելորդաբանութեան դիմելու ապահովական խորհուրդ ( կուսակցութեան լեզուով՝ «ախ») պահելու. իսկ աւելի ծիծաղելին, Բիւրոյին եւ ԿԿ-ի համար առանձին-առանձին «ախ»-ի միաւորներներն են, որոնք կը գործածուին, դժբախտաբար այլախոհներ խոշտանքելու, ըլլան անոնք շարքայիններ կամ այլ հայեր։

Երրորդ կէտը. նշանակովի կազմերն ու մարմիններն են։

Ժողովրդավարութեան ո՞ր հասկացողութեամբ՝ կուսակցական մարմիններէն սկսած մինչեւ ազգային, կրօնական, կրթական  եւ այլ բոլոր յանձնախուբերը նախօրոք պատրաստուած ցանկերով կը կազմաւորուին, մէկ խօսքով  նշանակովի կազմեր կը ստեղծուին  փոխանակ դիմելու ընդունուած ձեւին՝ ընտրութեան եւ քուէարկութեան։

Ի՞նչ ըսել այն քաղաքապետին, որ փոխանակ ընտրուելու, իր գործը գնահատող եւ քաղաքացիներու վստահութեան արժանացած ձայներով, կը նշանակուի։ Ի՞նչ ըսել այն կուսակցապետին, որ փոխանակ շարքային ընկերներուն քուէն ստանալու, կը նշանակուի։ Ի՞նչ ըսել այն ազգային, կրթական, կրօնական ժողովի անդամին, որ ժողովուրդի վստահութիւնը ստանալու փոխարէն, վերէն, մէկու կողմէ կը նշանակուի։

Այս ընտրեալները արժանապատուութիւն չունի՞ն։ Չե՞ն տեսներ, թէ կամակատարներն են մէկ անձի քմահաճոյքին։ Իսկ, նշանակող անձիքը չե՞ն գիտեր, թէ հաստատութիւնները, միութիւնները, ժողովները իրենց ագարակները չեն եւ չեն կրնար ըլլալ։

Ինչո՞ւ կ՛անտեսուի ժողովուրդը։ Ո՞ւր մնաց ժողովուրդի կամքը։ Չե՞ք տեսներ, որ կուսակցութեան եւ ժողովուրդին միջեւ ճեղքը, օր ըստ օրէ կը խորանայ։

Չորրորդ կէտ. մտիկ ընել եւ լսել ժողովուրդի ձայնը։

Երկա՜ր ատենէ ի վեր այլոց կարծիքը լսելու, մանաւանդ ժողովուրդին առողջ բնազդէն եւ անոր փորձառութենէն օգտուելու ճիշդ ուղղին անտեսուած է։  Մտիկ ընել սորվեցեք մանաւանդ ժողովուրդին կարծիքը։

Հետեւեցէք ժողովուրդի ցաւերուն ու տագնապներուն։

Կուսակցութեան եւ կուսակցականի գերագոյն առաքելութիւնը ժողովուրդին ծառայութեան մէջ կը կայանայ։

Հինգերորդ՝ հետեւողականութեան պակաս։

Սկսուած աշխատանք մը բծախնդրութեամբ եւ հետեւողականութեամբ կատարելը եւ իր աւարտին հասցնելու սովորութիւնը ամբողջութեամբ անտեսուած է։ Երբ գործունէութեան ծրագիր եւ ուղղութիւն կը ճշդուի, անոր կը հետեւի գործադրութիւնը, որը պէտք է ընթանայ մինչեւ վերջ։ Կուսակացութեան հովանաւորութիւնը վայելող ամէն աշխատանք, չի հասնիր իր աւարտին այլ կը մնայ կիսատ, թափթփած եւ խեղճ ու կրակ։

Վեցերորդ կէտ. ղեկավարի կամ առաջնորդի մեծամտութիւն։

Ղեկավարի կամ առաջնորդի մը դերը կը  սահմանուի առաքելութիւն մը կատարելու եւ յաջողցնելու մէջ եւ ոչ մէկ ձեւով աթոռամոլութեան, մենատիրութեան եւ մեծամտութեան մէջ, որու իբրեւ հետեւանք ան ինքզինք կ՛առանձնացնէ եւ կ՛արատաւորէ կազմակերպութիւնը։ Ղեկավարը, զովացուած գրասենեակներու մէջ նստող անձը պէտք չէ ըլլայ, անձնական շարժավար, պաշտպան տղաք իր շուրջը, փառք ու պատիւ պէտք չէ փնտռէ, այլ գիտակցի իր առաքելութեան։

Դաշնակցութեան ներկային հետ առնչուող տասնեակ մը կէտեր կարելի է աւելցնել վերեւ յիշուածներուն վրայ։

ՀՅԴ-ն սկսած է անձնազոհ մարդոցմով եւ վեհ առաքելութեամբ սակայն, դժբախտաբար վերածուած է քանի մը հոգիի անձնական նպատակներուն ծառայող, ինքնանպատակ փտած հաւաքականութեան մը։

Զգաստացէ՜ք
Արթնցէ՜ք
Նորոգեցէ՜ք
Նորոգուեցէ՜ք

Որպէսզի ծառայեք նպատակին՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ:

Այլապէս՝ մեր պաշտելի կազմակերպութիւնը եւ անցեալի հաւատաւոր հազարաւոր գործիչներու յիշատակը կը փոշիանայ եւ դո՜ւք՝ ո՜վ նորելուկ խրտուիլակներ, կը սրբուիք ընդմիշտ եւ ձեր տեղը կ՛ըլլայ պատմութեան աղբանոցը։

 

Աղբյուրը՝ keghart.com

 

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert