Շուրջ երկու տարի է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը գործէ «Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութիւնը», որու հիմնական նպատակը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ կրթական խնդիրներուն լուծում տալն է:

Կազմակերպութեան համահիմնադիր Արսինէ Շիրւանեանի համոզմամբ, միայն լաւ կրթութիւն ստացած, մասնագիտական հզօր պաշար ունեցող անձինք  կրնան նպաստել հայրենիքի զարգացման: Ներկայացնելով շարժման նպատակը՝ Արսինէ Շիրւանեանն «Արեւելք»-ին ըսաւ.  «2017 թուականին, ես եւ Կիպրոսի «Մելգոնեան» կրթական հաստատութեան քանի մը շրջանաւարտներ սկսանք համահայկական շարժում՝ նպատակ ունենալով բարձրացնել իրազեկուածութիւնը հայկական արժէքաւոր պատմական հարստութիւններու արագընթաց կորուստի, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներու շրջանին հայերէնի ու հայկական մշակոյթի կորուստի մասին: Սկսանք մեր ծրագիրը` փնտռելով նորարարական լուծումներ առկայ մարտահրաւէրներուն համար:

Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութիւնը նաեւ անմիջականօրէն կը հետեւի Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի հետ կապուած թնճուկին: Մեր հարցին, թէ ի՞նչ փուլի մէջ է հիմա վարժարանի հարցը, Արսինէ Շիրւանեան ըսաւ.  «Ոմանք կ’ըսեն, որ Մելգոնեանի հարցը դարձած է անձնական վրէժխնդրութեան առարկայ Պերճ Սեդրակեանի համար։ Բայց ես կ’ուզեմ հաւատալ, որ ոչ մէկ գործիչ ունակ է այդպիսի խղճուկ վրէժխնդրութեան երթալ։

Կը խնդրեմ ճիշդ հասկանալ. սա պարզապէս Մելգոնեանի շրջանաւարտներու խնդիրը չէ։ Այս պայքարը ուղղուած է Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, սփիւռքի մէջ գտնուող մշակութային ու կրթական արժէքները պահպանելուն եւ, վերջապէս, հայերուն՝ որպէս ազգ, հզօրացնելուն։

Այն երիտասարդ շրջանաւարտները, որոնք դեռ կը կրեն Մելգոնեանի փակման սպին եւ որոնց մտքերուն մէջ դեռ վառ են 2005 թուականի դառն յիշողութիւնները, 2019 թուականի 5 յուլիսին կազմակերպեցին բողոքի ցոյց՝ իրենց մտահոգութիւնները ՀՀ  ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանին եւ Կիպրոս ժամանած պատուիրակութեան լսելի դարձնելու համար։ Այս երիտասարդ հայերը մեզի հետ են եւ կը կիսեն միեւնոյն մօտեցումը։ Մեզի կը մնայ միայն սպասել ՀԲԸՄ-ի կողմէ տրուելիք կանաչ լոյսին»։

Մեր այն հարցին, թէ ի՞նչ կ’ընեն Մելգոնեանի աջակիցները տարածքը վաճառուելու պարագային, մեր զրուցակիցը պատասխանեց.

«Ի՞նչ կ’ընեն հայերը՝ Արցախը պաշտպանելու համար։

Ի՞նչ կ’ընէ տասնիննամեայ զինուորը Հայաստանը եւ անոր սահմանները պաշտպանելու համար։

Ի՞նչ կ’ընէին Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ մայրերն ու դուստրերը, որոնք կը պայքարէին իրենց արժանապատւութիւնն ու ազգային պատկանելութիւնը պահպանելու համար։

Ի՞նչ կ’ընէր Նելսոն Մանտելան, երբ 22 տարի բանտարկուած էր Ռոպէն կղզիի վրայ՝ փոքր խուցի մէջ։

Ի՞նչ կ’ընէ այժմ Մոտին՝ Հնդկաստանի ներկայիս վարչապետը, հզօր Հնդկաստան ստեղծելու նպատակով իրազեկուածութիւնը բարձրացնելու եւ համաշխարհային մակարդակով հնդիկներու աջակցութիւնը ստանալու համար։

Ի՞նչ պէտք է ընէ հայրենասէրը, մայրը, զինուորը՝ սպիտակ եղեռնը կանխելու համար։

Ի՞նչ կ’ընէ երիտասարդ Մալալան՝ աղջիկներուն համար Փաքիսթանի մէջ կրթութիւնը տարածելու համար… »:

 

Արսինէ Շիրւանեանի հետ հարցազրոյցի  ամբողջական  տարբերակը  կարդալ ՎԱՂԸ ՝«Արևելք»-ի հարցազրոյց բաժնով։

http://www.arevelk.am

 

Նկարը Արսինե Շիրվանեանի ՖԲ-յան էջից:

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert