ՊԱՅՔԱՐ 133

Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտինի Անճարի Նուիրուած Աշխատութիւնը
Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ-

Դոկտ Սալէհ Զահրէտտին Անճարի նուիրուած իր աշխատութիւնը կը ձօնէ «Քառասուն օրերու ժողովուրդին եւ անոր տասնըութը նահատակներուն, որոնք ինկան ճշմարտութեան սիրոյն ընդդէմ չարի ամենէն պանծալի հերոսամարտին՝ Մուսա լերան վրայ 1915ին: Սոյն գիրքը կը նուիրեմ Լիբանանի Պեքաայի դաշտի Անճար աւանի հայութեան, որոնք բռնագաղթուեցան Մուսա Լերան իրենց բնօրրանէն», կ’ըսէ հեղինակը աւելցնելով. «Յիշատակի արժանի են նաեւ անոնք որոնք հիւանդութիւններու զոհ գացին Հաուշ Մուսա – Անճար կոչուող աւանի հիմնադրութեան ատեն, անոր ճահիճներուն մէջ, 1939ին»: Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին այս խօսքերով կը բանայ Անճար աւանի հիմնադրութեան մասին իր հեղինակած «Ճեպել Մուսայէն… Հաուշ Մուսա՝ Անճար», ենթավերնագիր՝ «Մահուան Եւ Կեանքի Միջեւ Հայկական Ոդիսական Մը» արաբերէն աշխատութիւնը, Համազգայինի Հրատարակութիւն, Ա. Տպագրութիւն, Պէյրութ, 2015, 175 էջ:
Հայկական հարցը լիբանանցի եւ արաբ ժողովուրդին մատուցած լիբանանցի պատմաբան դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայկական իրողութեան շուրջ իր բազմաթիւ արաբերէն հատորներով, որոնք յաջորդաբար ներկայացուցինք «Պայքար»ի համարներուն մէջ, ներառեալ սոյն գիրքով ձեւով մը ամբողջացուցած կ’ըլլայ հայոց մասին բազմակողմանի ներկայացումը արաբներուն:

«Իր պապենական հողէն արմատախիլ ըլլալու Ճեպել Մուսայի հայուն եւ Լիբանանի Պեքաայի դաշտի Հաուշ Մուսա կամ Անճար աւանի մէջ վերընձուղուելու իրողութեամբ գոյութիւն առած է հայկական ոդիսական մը, որուն երկունքէն վերածնած է Անճարի ժողովուրդը: Այս նոր ծնունդը հայ ժողովուրդի մահէն դէպի կեանք յարութիւն առնելու եւ իր բուն հայրենիքէն հեռու՝ ազատ ապրելու գործընթացքն է: Եթէ երբեք ողբալի է բուն հայրենիքի հողին կորուստը, մխիթարական բան մը կայ անոյշ ու նոյնիսկ դառն յուշերու եւ յիշատակներու մէջ, որ յաւէտ թարմ կը մնայ հայոց միտքերուն եւ սիրտերուն մէջ: Յուշերը մոռացութեան խաւարին մէջ ահազանգ կը հնչեցնեն հայուն համար», կ’ըսէ Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին սոյն գիրքին յառաջաբանին մէջ (էջ 3):

Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին Մուսա Լեռէն թուրքերու կողմէ հայոց արմատախիլ ընելու իրականութիւնը քննադատելով կ’ըսէ. «Այս բոլորին մէջ զարմանալին այն է թէ Ճեպել Մուսայէն հայոց բռնագաղթը կատարուեցաւ հաշտ աչքերուն առջեւ՝ եւրոպական եւ արեւմտեան երկիրներու, որոնք ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու խիստ ջատագովողներն են: Այս պետութիւնները իրենց քաղաքական եւ տնտեսական շահերը մարդկային նկատառումներէ աւելի վեր դասելով ոչ միայն աչք գոցեցին թուրքին գործած անօրինական արարքին, այլ այս անգամ իրե՛նք է որ տուին այս որոշումը: «Հիւանդ Մարդու»ն՝ Օսմանեան Պետութեան ժառանգին տիրանալու մրցակցութեան մէջ եւրոպական պետութիւնները արտօնեցին թուրքին ընելու ինչ որ հաճոյ էր իրեն, հակառակ այն իրականութեան որ հայերն ալ եւրոպացիներու նման քրիստոնեայ ազգ մըն են», կ’աւելցնէ պատմաբանը(էջ 10):

«Դարուս Վաճառք»ն էր եղածը, եւ աղտոտ գործառութիւնը, որով սուրիական Աղեքսանտրէթի նահանգը խլուեցաւ Սուրիայէն եւ նուիրուեցաւ թուրքերուն» (էջ 12-13): Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին Մուսա Լերան վերջին բռնագաղթը կը դասէ իբրեւ հայոց կոտորածներու վերջին հանգրուանը յիշելէ յետոյ Սասունի (1892-1894) եւ Հայաստանի արեւմտեան հատուածի նահանգներու (1894-1896) կոտորածները: Ան առանձին գլուխներով կը նկարագրէ Կիլիկիոյ (1909-ի, էջ 25-35) ջարդերը ինչպէս նաեւ Հայոց Մեծ Եղեռնի օրերուն մասնաւորաբար Մուսա Լերան հերոսամարտը 1915-ին եւ հայոց հալածանքներն ու կոտորածները՝ 1914էն 1923-ին ընդհանրապէս (էջ 42-81):

Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին Սուէտիոյ աշխարհագրական դիրքին եւ հայ բնակչութեան մասին տեղեկութիւններ կու տայ գիրքին էջ 14էն 24ի միջեւ: Մուսա Լերան հայ բնակչութեան 1919էն 1939 տարիներու կեանքի եւ նիստ ու կացին մասին մանրամասնօրէն կ’անդրադառնայ գիրքին եօթերորդ գխուխով՝ 92-97րդ էջերուն մէջ, ամբողջացնելով մուսալեռցիներու կենցաղի մասին իր նկարագրութիւնը: Երբ հայերը շատ թշուառ վիճակի մէջ Փոր Սաիտի գաղթակայանէն վերադարձան Մուսա Լեռ, անոնք իրենց տուները կողոպտուած գտան, սակայն բնաւ չզարմացան որովհետեւ գիտէին թուրքին վայրենի բնազդը եւ լաւ կը ճանչնային զայն: Թուրքերը կոտրած ու տարած էին հայոց տուներուն պատուհաններն ու դուռերը: Մուսա Լերան գիւղերուն մէջ բնաւ ցորեն չէր մնացած եւ հայերը սկսան կորեկով ու սիսեռով սնանիլ: Անշուշտ հայոց արջառներն ալ տարուած էին թուրքերու կողմէ: Ոչ միայն հայ այրերը, այլ նաեւ հայ կիները տաժանակիր աշխատանք կը տանէին իրենց զաւակները պահելու համար: Շնորհիւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան օգնութիւններուն եւ հայ ազգային գործիչներու ջանքերուն Մուսա Լերան ժողովուրդը սկսաւ բարգաւաճիլ ու զարգանալ: Այս ուղղութեամբ Մովսէս Տէր Գալուստեանի ձեռնարկով եւ ջանքերով 1924ին Սուէտիոյ մայր ճամբայէն մինչեւ Պիթիաս գիւղը ասֆալթապատ ճամբայ մը կառուցուեցաւ: Պիթիաս արդէն 1927ին շրջանին մէջ դարձաւ զբօսաշրջիկութեան կեդրոն մը: Անկէ առաջ՝ 1924ին մուսալեռցի Նարեկ Աբրահամեան սուրիական խորհրդարանի անդամ դարձած էր: Վերջինս մեծապէս նպաստեց Մուսա լերան գիւղերու զարգացման եւ բարգաւաճումին (էջ 95):

1930ին Մովսէս Տէր Գալուստեանի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով Մուսա լերան մէջ հայերը կանգնեցուցին Մուսա Լերան Հերոսամարտի եւ զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան մը, որուն բացումը կատարուեցաւ 1932ին ֆրանսական նաւատորմիղի ընդհանուր հրամանատար՝ ծովակալ Ժոպէրի ներկայութեամբ, որ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Մուսա Լերան հայոց մասնաւորաբար եւ Հայ Ազգին՝ ընդհանրապէս (էջ 96):
Հայերը Մուսա Լերան գիւղերուն մէջ խաղաղ ու բարգաւաճ կեանք մը ապրեցան կառավարիչ Սերոբ Շերպեթճեանի ղեկավարութեամբ մինչեւ 1936: Անոնք ամէն տարի Սեպտեմբերին կը բարձրանային լերան վրայ եւ ծաղկեպսակներ զետեղելով Մեծ Եղեռնի յուշարձանին առջեւ իրենց յարգանքը կը մատուցէին իրենց հարազատ զոհերու յիշատակին:

1936ին Մուսա Լերան գիւղերուն մէջ տարաձայնութիւններ սկսան շրջիլ շրջանը թուրքերուն յայնձնելու որոշումի մը կապակցութեամբ: Ալաուիներէ, յոյներէ եւ հայերէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմուեցաւ «Հայրենիք» անունով որ ճիգ չխնայեց արգիլելու համար անբաղձալին՝ շրջանը յանձնել թուրքերուն: 1937ին հայոց կողմէ ձեռնարկուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ մեծ ցոյց մը բողոքելու համար այս տխրահռչակ որոշումին դէմ: Այս ցոյցին մասնակցեցան ալաուիները, յոյներն ու արաբները, սակայն դժբախտաբար չկրցան արգելք կանգնիլ անոր գործադրման: Ֆրանսացիները Աղեքսանտրէթի նահանգը, որուն մէջ Մուսա Լեռը, «սիրայօժար» յանձնեցին թուրքերուն ըստ երկու կողմերուն միջեւ 23 Յունիս 1939ին ստորագրուած համաձայնութեան: Պատմաբան դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ըսէ թէ հայերուն եւ արաբներուն բնաւ ժամանակ չտրուեցաւ իրենց տուները, ինչքերն ու ստացուածքները վաճառելու եւ անոնք «շա՜տ հանգիստ» թուրքերուն ձեռքը անցան ձրիաբար (էջ 117):

Շրջանին Թուրքիոյ կողմէ բռնակցումին մասին պատմական գիտական ակնարկ մը կը կատարէ եւ բացատրութիւն կու տայ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին գիրքին ութերորդ գլուխին մէջ, որ վերնագրած է «Աղեքսանտրէթի Նահանգը՝ Բնիկներէ Զերծման, Կցումի եւ Թրքացումի Միջեւ» (էջ 98-120): Հեղինակը վերջին երկու գլուխներու՝ 9րդի եւ 10րդի մէջ կը նկարագրէ Մուսա Լերան պարպումի, տեղւոյն հայերու բռնագաղթի եւ Լիբանանի՝ Անճար աւանին մէջ հաստատուելու դէպքերու թաւալգլոր ընթացքը՝ «Բռնագաղթ Հաթայէն» եւ «Տառապանքի Հայկական Երթը Ճեպել Մուսայէն Մինչեւ Անճար» (էջ 120-140) խորագիրներով:

Մուսա Լերան հայերը քաջ գիտէին թէ անկարելի է ապրիլ թուրքերու իշխանութեան տակ եւ այս իսկ պատճառաւ որոշեցին գաղթել իրենց տուներէն: Այս որոշումը ակամայ խիստ ստիպողութեան տակ առնուած էր, նկատի ունենալով թուրքին վայրենի ու բարբարոս բնոյթը դրսեւորուած հայոց հանդէպ մասնաւորապէս եւ քրիստոնեաներուն՝ ընդհանրապէս: Ֆրանսացիները շատ լաւ գիտէին այդ իրողութիւնը, ուստի իրենց յանցանքը ձեւով մը թեթեւցնելու միտումով որոշեցին իրենց գրաւման տակ գտնուող Լիբանանի Անճար աւանը տալ հայոց եւ զանոնք հոն տեղափոխել 1939ին: Մուսա Լերան գիւղերու հայերը պարպելու եւ փոխադրելու մանրամասնութիւնը հեղինակը ցուցակներով կը ներկայացնէ գիրքին 129-130 էջերուն մէջ, ժամանակագրական կարգով: 1939ի Մուսա Լերան բոլոր գիւղերու բնակչութեան թիւը 6370 հոգի էր: Գիւղերը լքող հայերը իրենց տուները չքանդեցին ըստ ֆրանսացիներու հետ գոյացած համաձայնութեան: Պարպումի ընթացքին ֆրանսացիները իրենց մարդկային պարտականութիւններուն մէջ դերացան եւ անփոյթ վարուեցան թէ հայոց եւ թէ արաբներուն օգնելու մէջ:

Անճարի մէջ ֆրանսացիներու համաձայնութեամբ «Սանրայթ» եւ «Պրայս» շինարարական ընկերութիւնները ֆրանսացի զինուորներու հսկողութեան տակ յանձն առին տուներ կառուցել հայոց համար: Սակայն դժբախտաբար տուներու կառուցումը չսկսած մուսալեռցի հայ գաղթականները աւան բերուեցան: Անոնք ամէն տեսակ նեղութեան, թշուառութեան եւ հիւանդութիւններու ենթարկուեցան որովհետեւ վրաններու տակ կը բնակէին: 1942ին Անճարի հայ բնակչութիւնը 4682 հոգի էր: Շատեր մահացած էին հիւանդութիւններու պատճառաւ (էջ 136-137): Սակայն եւ այնպէս շնորհիւ հայուն անկոտրում կամքին եւ աշխատասիրութեան, մուսալեռցիները հակառակ ֆրանսացիներու անհոգութեան իրենց թշուառ վիճակէն դուրս եկան երկար ատեն ետք ու սկսան բարգաւաճիլ:

«Մուսա լերան հայը եւ մանաւանդ տարէցները տեսած էին 1894-1896ի հայկական նահանգներու ապտիւլհամիտեան ջարդերը, 1915ի Մեծ Եղեռնն ու Հերոսամարտը, ապա Փոր Սաիտի վրանաքաղաքին թշուառութիւնը եւ 1919ի Կիլիկիոյ Աղէտը: Ուստի անոնք այլեւս յոյս չունէին թուրքին հետ մէկտեղ ապրելու գաղափարին շուրջ: Անոնց համար յստակ էր թէ Ֆրանսա միայն ու միայն իր շահերը կը հետապնդէր: Անոնք ամէն ինչ լքեցին իրենց պապենական հողերուն վրայ եւ եկան Լիբանան նոր կեանք մը սկսելու համար» (էջ 140), կ’եզրակացնէ հեղինակը՝ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին:

Գիրքին վերջաւորութեան «Փաստաթուղթերու եւ Լուսանկարներու Յաւելուած»ին մէջ հեղինակը զետեղած է աշխատութեան նիւթին առընչուող իւրայատուկ փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ (էջ 141-167), որոնք առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնեն եւ ապա օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ մը (էջ 168-172), որ այս աշխատանքին գիտականութիւնն ու վաւերականութիւնը կը հաստատէ:

Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին այս աշխատութեամբ առաջին անգամ ըլլալով իւրայատուկ գիտական գործ մը կը ներկայացնէ արաբ ընթերցողին, լոյս սփռելով հայոց տառապանքի մէկ կարեւոր հանգրուանին վրայ, նաեւ վաւերագրականօրէն ցոյց տալով արաբ ժողովուրդին բարեացակամ ընդունելութիւնը հայոց՝ Եգիպտոսի Փորթ Սայիտի վրանաքաղաքէն մինչեւ Սուրիոյ Պասիթի գաղթակայանը ու անկէ ետք մինչեւ Անճար: Գնահատելի եւ երախտագիտական աշխատասիրութիւն մը, որ շնորհաւորելի է:

Haroutune Iskahadian

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert