ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 133

Քանի մը օր առաջ, նշուեցաւ Լոզանի տխրահռչակ խորհրդաժողովին 96-րդ տարելիցը: Միջին Արեւելքի հարցով՝ Թուրքիոյ դէմ անկլօ-յունական արշաւանքին (1919-1922) ձախողութենէն անմիջապէս ետք, Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ, 20 Նոյեմբեր 1922-էն մինչեւ 24 Յուլիս 1923 երկարող ժամանակամիջոցին տեղի ունեցած այս խորհրդաժողովին մասնակցեցան Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Յունաստանը, Ճափոնը, Ռումանիան, Եուկոսլաւիան, Թուրքիան եւ Միացեալ Նահանգները (վերջինս՝ իբրեւ դիտորդ): Խորհրդային պատուիրակութիւնը (Ռուսիա, Ուքրանիա, Վրաստան) մասնակցեցաւ միայն Սեւ ծովու նեղուցներուն օրակարգը քննարկելու ընթացքին:
Հայկական տեսանկիւնէ դիտուած, Լոզանի խորհրդաժողովին հաստատուեցան այսօրուան Թուրքիոյ սահմանները, փոխարինելով Սեւրի (1920) հաշտութեան համաձայնագրին պայմանները:

Հայկական Հարցը Լոզանի խորհրդաժողովին ընթացքին քննարկուեցաւ առանց Հայաստանի պատուիրակութեան մասնակցութեան: Աւետիս Ահարոնեանին եւ Ալեքսանտր Խատիսեանին չարտօնուեցաւ պաշտօնապէս մասնակցիլ, այն պատճառաբանութեամբ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այլեւս չէր ներկայացներ Հայաստանը: Մինչ այդ Հայաստանի մէջ հաստատուած էր խորհրդային իշխանութիւն: Այսուհանդերձ, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը Գաբրիէլ Նորատունկեանի եւ Լեւոն Բաշալեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ յաջողեցաւ յուշագիր մը ներկայացնել խորհրդաժողովին: Սոյն յուշագիրը կը ներկայացնէր Հայկական Հարցի լուծման երեք տարբեակ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի գծած աշխարհագրական տարածութեան մէջ, «Հայկական Ազգային Օճախ» մը ստեղծել,երկրորդը՝ Խորհրդային Հայաստանի սահմաներուն ընդարձակումը՝ դէպի ծով ելքով, անոր կցելով Արեւմտահայաստանի մէկ մասը: Երրորդը՝ Կիլիկիոյ մէջ Հայկական ազգային օճախի ստեղծում:

Խորհրդաժողովի ենթայանձնաժողովները Օսմանեան Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերը քննարկելու միջոցին, քանի մը առիթներով անդրադարձան Հայկական ազգային օճախի առաջարկին: Այստեղ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լորտ Քերզընը, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, մեծ բարիք մը շռայլելով յայտարարեց, թէ հայերը արժանի էին յատուկ ուշադրութեան..« …Աչքի առջեւ ունենալով ոչ միայն սերունդներու կեանքի ընթացքին անոնց կրած տառապանքները, որոնք յարուցած են քաղաքակիրթ աշխարհի զարհուրանքն ու համակրանքը, այլեւ նկատի առնելով ապագայի վերաբերեալ անոնց (Դաշնակիցներու կողմէ) տրուած յատուկ հաւաստիքները»: Քերզըն, խօսքը թրքական պատուիրակութեան ուղղելով պահանջեց «այսպիսի ազգային ոգի ունեցող ու վճռակամութեամբ լեցուն ժողովուրդի մը համար» ազգային տուն յատկացնել Թուրքիոյ հարաւարեւելեան սահմանագիծին կամ՝ Կիլիկիոյ եւ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան սահմանագիծին վրայ: Քերզընի նման ոգեւորիչ ճառեր արտասանեցին Դաշնակից պետութիւններու մնացեալ ներկայացուցիչները: Մարդասիրական ին՜չ խօսքեր ըսես չշռայլեցին անոնք, ի պաշտպանութիւն Հայոց Դատին:Բազում աղմուկ, վասն՝ ոչինչի….

Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը վճռականապէս մերժեց իր երկրին սահմաններուն մէջ Հայկական ազգային որեւէ օճախ ստեղծելու գաղափարը, պատճառաբանելով, թէ Թուրքիա՝ ոչ իր արեւելեան տարածութիւններուն, ոչ ալ՝ Կիլիկիոյ մէջ չունէր այնպիսի տարածքի պատառ,ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը չըլլային թուրքեր…: Բացի այդ, թրքական պատուիրակութիւնը շեշտեց, թէ միջազգային երկու համաձանագիրներ կնքած էր նորաստեղծ Հայաստանի հետ (նկատի ունէր Մոսկուայի եւ Կարսի 1921-ի համաձայնագիրները) եւ արդէն իսկ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատած էր գոյութիւն ունեցող «Անկախ Հայաստանի» հետ, այժմ՝ այդ համաձայնութիւններուն հակառակ պիտի ըլլար «այլ Հայաստանի մը գոյութիւնը»…:

Ֆրանսա եւ Բրիտանիա, որոնք շահադիտական նպատակներ ունէին Միջին Արեւելքի մէջ քայլ առ քայլ սկսան տեղի տալ թրքական պատուիրակութեան ցուցաբերած յամառութեան առջեւ: Անոնք զիջումներ կատարեցին ի վնաս փոքրամասնութիւն ներկայացնող հայերուն, յոյներուն, պուլկարներուն:

Հայկական Հարցը վերջին անգամ քննարկուեցաւ ենթայանձնաժողովի 17 Յուլիսի նիստին: Այստեղ, տարօրինակօրէն, Հայկական օճախ մը ստեղծելու քննարկումը վերածուեցաւ հայ գաղթականութեան բոլորած պայմաններուն ուսումնասիրութեան..: Խորհրդաժողովին եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ ոչ մէկ յիշատակութիւն կատարուեցաւ Հայաստանի կամ հայերու մասին: Փաստօրէն, Թուրքիա ոչ միայն իւրացուց Արեւմտեան Հայաստանը եւ Կիլիկիան, այլեւ խռովարարութիւններէ պաշտպանուելու պատրուակին տակ, մերժեց բազմահազար տարագիր հայերու վերադարձը: Առ ի գիտութիւն, խորհրդային պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Չիչերինը յուշագիրով մը պատրաստակամութիւն յայտնեց Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ մէջ ապաստան տալ հայ գաղթականներուն…:

Լոզանի տխրայուշ խորհրդաժողովը մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն առջեւ միասնականութեան եւ զգաստութեան ահազանգ մըն է, զգացական զեղումներէն վեր եւ հեռու: Անիկա հրահանգ մըն է իրաւունքի եւ իրաւական տեսադաշտի վրայ հետապնդելու պահանջատիրական մեր պայքարը: Հայ ժողովուրդը, հայու բեկորները, ուր ալ գտնուին անոնք, անհրաժեշտ է որ փարին եւ հաւատան սեփական ուժին, հաւատք չընծայեն օտարներու քաղցրաբոյր, թիւթիչ բայց՝ սին խոստումներուն: Հեռաւոր անցեալին երթալու անհրաժեշտութիւն չկայ, որպէսզի դասեր քաղենք այս դառն իրականութիւններէն, վկայ՝ Լոզանը:
Մեր պահանջատիրական պայքարը ամէն բանէ առաջ եւ վեր իրաւական հարց է: Անոր հետապնդումը կ’ենթադրէ հաւաքական եւ հետեւողական աշխատանք: Ինչո՞ւ արտօնենք, որ օտարներ, իրենց շահադիտական նպատակներուն համար օգտագործեն զայն:

Այս երեւոյթը առնուազն ազգային թափթփածութեան եւ անկազմակերպուածութեան հետեւանք է…: Բայց միւս կողմէ, իբրեւ պետականութիւն եւ ժողովուրդ, աւելի լուրջ եւ մտահոգիչ կացութեան մը առջեւ յայտնուած ենք բոլորս՝ տակաւին առ այսօր, յստակ բանաձեւում չեն ստացած պահանջատիրութեան մեր դրոյթները: Հայոց Ցեղասպանութենէն հարիւր եւ չորս տարի ետք, Լոզանի խորհրդաժողովէն իննսուն եւ վեց տարիներ ետք, պարզապէս ամօթ է իւրովի մեկնաբանել հայ ժողովուրդին գոյութեան գրաւականը խորհրդանշող պահանջատիրական մեր պայքարը:

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert