7 Դեկտեմբեր թուականը ,մեր նորագոյն պատմութեան ամենամեծ բնական աղէտի, Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժի տարելիցն է եւ Հայ ազգի համար կը մնայ սուգի օր:
7 Դեկտեմբեր 1988 թուականի Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժի լուրը ինծի հասած էր նոյն օրը Եւրոպական ցերեկուն ժամերուն ,Գերմանիոյ Լրատուական ընկերութիւններու հաղորդումներու միջոցով , երբ ես , որպէս բժիշկ պաշտօնավարած հիւանդանոցի վիրահատութեան սրահի մէջ ,հիւանդով մը զբաղած էի: Յանկարծակի օրէն ,խորհ յուզիչ ու սարսափազդու պահ մը ապրեցայ :Լրատուական ընկերութիւնները կը հաղորդէին խոր ցաւալի դէպքերէն մին ,ըստ հաղուրդումներու ,եկրաշարժի աղէտը աւելի քան 25 000 հոգիի կեանքը խլած էր եւ Հայաստանի պետութեան կողմէ, ներառեալ Հայաստանի Մայրաքաղաքը եւ եկրաշարժէ վնասուած քաղաքները <Աղէտի Գոտի> հռաչակուած էր: Հաղորդուած լուրերը ահռելի էին ու ինծի մեծ ցաւ ու սոսկում կը պատճառէին : Երկրաշարժը, տեղւոյն ժամով ,ժամը 11.41 ին ցնցած էր, Հայաստանի հիւսասային շրջանները ու Հայաստանի տարածքի շուրջ 40 տոկոսը 8 բալ երկրաշարժի ուժգնութիւնով :

Աղէտ մը որ,բերաւ թէ նիւթական եւ թէ բարոյական մեծ կորուստ,ողբերգութիւն եւ իւրաքանչիւր հայուն սրտին մէջ խոր ցաւ, կսկիծ ու վիշտ: Այս ահաւոր երկրաշարժը Հայաստանի լայն տարածքը ներառեալ մայրաքաղաք Երեւանը եւ Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաք Կիւմրին ու Վանաձորը վերածեց աղէտի գօտիի: Երկրաշարժի աղէտի հետեւանքով զոհուեցան աւելի քան 25-30 հազար անձեր, հարիւր հազարաւոր մարդիկ կորսնցուցին իրենց տուները, ընտանիքը , հարազատները ու սիրելիները, վնասներու դրամական ընդհանուր կորուստի գումարը հասաւ շուրջ 10 միլիար ամերիկեան տօլարի: Երկրաշարժը վնասներ պատճառեց շուրջ 60 գիւղերու եւ քաղաքներու ու քաղաքի մերձակայքի 342 գիւղերու, անօթեւան մնացին շուրջ 550 հազար հոգի, անօթեւան ժողովուրդի մէկ մասը տեղափոխուեցաւ եւ բնակութիւն հաստատեց Հայաստանի զանազան քաղաքներու մէջ, ոմանք արտագաղթելով հաստատուեցան արտերկիրներու մէջ, ոմանք ալ սպասեցին Հայաստանի մէջ եկրաշարժի հետեւանքով ծնունդ առաց իրենց խնդիրներուն լուծումը: Հայաստանի տնտեսական վիճակի պատճառաւ, հարցերու լուծման ուղղութեամբ միայն վերջին տարիներուն է որ, լուրջ քայլեր առնուած է :

Ամէնաշատ զոհերը տուաւ Կիւմրի քաղաքը (15-17 հազար), ապա Սպիտակ քաղաքը (4-5 հազար) : Վնասուեցան մշակոյթային,պետական,պատմական կառոյցներ,արուեստի յուշարձաններ եւ աւելի քան 900 կրթարան:

Վնասներու անհամեմատ մեծութեան հիմնական պատճառներէն կարելի է համարել հետեւալնները:
1- Տարածաշրջանին ուժգին երկրաշարժի մը վտանգի հաւանականութեան դերգնահատումը..
2-Ապահով շինարարութեան տարրական չափանիշներուն ու կանոններուն խախտումը.
3-Շինարարութեան աններելի անորակութիւնը.
4-Փրկարարական աշխատանքներուն անկանոնութիւնը եւ անկազմակերպութիւնը .
5– Տեղւոյն բնակչութեան հաւանական երկրաշարժի վտանգի մը անպատրաստութիւնը.
Պէտք է դասեր քաղել 31 տարի առաջ պատահած մեծ ողբերգութիւնէն,քանի որ պատահած սխալները բազմաթիւ,իսկ սխալները գործող պատախանաըուներու յանցանքը աններելի էին.
2009 թուականին Հայաստանի կառավարութիւնը սկսաւ անօթեւան ընտանիքներու համար բնակարաններ կառուցել,սակայն, տարիներ վերջ այսօր իսկ ցաւօք սիրտի Հայաստանի մէջ “Աղէտի Գոտի” ի հարցը դեռ գոյութիւն ունի,որը արդէն վաղուց լուծուած պէտք է ըլլար..

Նոյնիսկ 31 տարի աղետից անց դժբախտաբար կան դեռ բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնք կը բնակին ժամանակաւոր կացարաններուն կամ տնակներուն մէջ:
Տեղւոյն բնակչութիւնը համոզուած է որ,արտասահմանէն եկած օգնութիւնները լիապէս բաւարար էին հարցին կանուխէն լուծումի հասցնելու համար,եթէ օգնութիւնները արդար ու կազմակերպեալ ձեւով տեղին գործածուէր:
Այսօր մեծագոյն մասով վերականգնուած է Աղէտի գօտին:

Նորոգուած է Սպիտակ քաղաքը եւ մերձակայքը: Կիւմրին կարեւոր չափով դարմանած է իր վէրքերը, նոյնպէս ալ` Վանաձորն ու աղէտահար միւս բնավայրերը:
Բայց դեռ չէ անցած կսկիծը,այսօր իսկ հարիւր հազարաւոր հայեր կը սգան իրենց հարազատներուն անվերադարձ կորուստը:
Հայ աշխարհը ,7 Դեկտեմբեր օրը կ’ոգեկոչէ, 1988-ի Սպիտակի աղէտալի երկրաշարժին տարելիցը` սգալով մահը իր հարազատներուն եւ իր մեծ կորուստը :

Անմոռանալի կը մնան նաեւ երկրաշարժի աղէտին փոխանցած դասերը ո՛չ միայն Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին, այլեւ` ողջ աշխարհին ու մարդկութեան: Անկասկած, ահրելի երկրաշարժին անմոռանալի դասերու կարեւորագոյնը, եղաւ, հայ ժողովուրդի ներքին միասնութեան ամրապնդումը : Ո՛չ միայն զոհերուն եւ կորուստներուն պատճառած կսկիծը, այլ նաեւ աղէտի գօտիին օգնութեան հասնելու համազգային զօրաշարժի ոգիով ,1988 ի Դեկտեմբերին , հայ ժողովուրդը քանի մը օրուան մէջ իրականութիւն դարձուց աշխարհասփիւռ հայութեան եւ Հայաստանի միչեւ հոգեկան եւ ֆիզիքական կամուրջ մը:

Ինչպէս ամէն տարուայ 7 Դեկտեմբերին,այս տարի ալ հայ աշխարհը կ՛ոգեկոչէ 7 Դեկտեմբեր 1988 թուականի Հայաստանի ահառկու ու մեր պատմութեան ամենասարսափելի աւերիչ եկրաշաժի զոհերու յիշատակը:
Խունկ,աղօթք եւ յարգանք երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert