ԻՍԼԱՄԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐԸ ՓՐԿԵԼ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏԻ ՆՈՐ ԵՂԵՌՆԷՆ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ- ՊԱՅՔԱՐ 159
ԾԽ- Մեր լինելութեան հետ ուղղակի աղերս ունեցող հարցի մը մասին է այս յօդուածը. հարց` որ տակաւին ոչ մէկ իշխանութեան կամ կազմակերպութեան օրակարգին վրայ տեղ ունի իսլամացած հայերու ճակատագիրը:
Միայն ազնուագոյն հայ մը` թորոնթոյաբնակ նախկին պոլսեցի Ռաֆֆի Պետրոսեանն է որ Տիարպեքիրէն խումբ մը իսլամացած հայեր տարաւ Հայաստան` մկրտուելու համար Ս. Էջմիածնի մէջ եւ արժանացաւ եկեղեցւոյ ընդդիմութեան ու պետութեան` անտարբերութեան: Գլխաւոր հարցը այն էր թէ ինչպէ՞ս պէտք էր ստուգել ենթականերուն հայ ըլլալու փաստը. մինչ այդ փիլիսոփայական այդ հարցը պարզ տարազով մը, վաղուց, լուծած էր Ուիլեըմ Սարոյեան հարց տալով ու պատասխանելով – ո՞վ է հայը – ՙան որ կ’ըսէ թէ հայ է՚: Հայաստանը իր բնակչութիւնը կը կորսնցնէ արտագաղթով, եւ սփիւռքը իր թուաքանակը կը կորսնցնէ ուծացումով:

Շատ մը երկիրներ Հայաստանի նման ունին ծնելիութեան պակաս (դիֆիցիդ, պիտի ըսէին Հայաստանի մէջ):
Ռուսաստանի բնակչութիւնը կը նուազի եւ Քրեմլինը պետական քաղաքականութիւն մշակած է բնակչութեան բացը լրացնելու նախկին Սովետական հանրապետութիւններէն արտագաղթողներով, պայմանով որ անոնք չխոճողեն Մոսկուայի բնակչութիւնը: Այդ քաղաքականութիւնը ի միջի այլոց, կը կիրարկուի մեր խեղճ Հայաստանի հաշուոյն: Այն հայ ընտանիքները որ կը հաստատուին Ռուսաստանի ծանծաղ բնակուած շրջանները, կþօգտուին բնակարանով, աշխատանքով եւ նոյնիսկª քաղաքացիութեամբ:

Ռուսաստանի ծայրագոյն արեւելքի տարածքները կը բնակեցուին Չինաստանէն յորդող գաղթականներով, եւ Մոսկուա կը քաջալերէ այդ հոսքը, նոյնիսկ աչք առնելով հեռաւոր հաւանականութիւնը որ օր մը այդ հողերը կրնան պահանջուիլ Չինաստանի կողմէ:

Եւրոպայի մէջ, բացի Հունգարիայէն, Ֆրանսայէն ու Անգլիայէն, շատ մը երկիրներ, յատկապէս Սքանտինաւիոյ մէջ, գրկաբաց ընդունեցին գաղթականները, ինչ գոյնի, ցեղի կամ կրօնքի ալ պատկանած ըլլան անոնք, այն վստահութեամբ որ անոնց սերունդները ձուլուելով բնիկ ժողովուրդին մէջ պիտի հարստացնեն ազգին ՙգենեֆոնտ՚ը:

Ի՞նչ կþընենք հայերս եւ ի՞նչ կþընէ Հայաստանª արթնցնելու եւ մեր ազգին միացնելու իսլամացած, կորսուած եւ կամ` կորսուելու դատապարտուած հայերը: Շխրտըմեանի յօդուածին մէջ հինգ միլիոն կը գնահատուի անոնց թիւը: Եթէ նոյնիսկ անոնք արթննալով չգաղթեն Հայաստան, տակաւին կենսական կը մնայ անոնց ինքնութեան գիտակցութիւնը, թէկուզ մնալով Թուրքիոյ սահմաններէն ներս: Հայերս բնաջնջուեցանք կամ ուծացանք այդ հողերուն վրայ եւ կորսնցուցինք մեր իրաւատիրութեան իրաւունքը: Քիւրտերը մնացին այդ հողին վրայ ու բազմացան` վաստկելով իրաւունքին 90 տոկոսը:

Ժամանակին Շնորհք Պատրիարք լուռ կերպով Պոլիս կը համախմբէր կորսուելու դատապարտուած հայու խլեակները, ազգային գիտակցութիւն ներարկելու անոնց: Սակայն, քանի այդ շարժումը հակընդդէմ կþընթանար Պոլսոյ հայութիւնը տկարացնելու միտող թրքական քաղաքականութեան` ծրագիրը դադրեցաւ եւ Շնորհք Պատրիարքի յաջորդները, շնորհն ու քաջութիւնը չունեցան այլ կերպ շարունակելու ծրագիրը:

Եթէ Հայաստան հնարաւորութիւնը չունի` սփիւռքը պէտք է օգնէ անոր եւ օրակարգային հարց դարձնէ համացանցով, հեռուստատեսութեամբ եւ լրատու միջոցներով դաստիարակելու քնացած այդ զանգուածըª տէրը դարձնելու իր ազգային ժառանգութեան, որպէսզի երբ հասնի հատուցման օրը – եւ անպայման պիտի հասնի – ազգային զանգուածի դրամագլուխ մը ունենանք մեր պատմական հողերուն վրայ:
Ստորեւ տրուած յօդուածին հարցականը այն է թէ ո՞վ օրակարգի պիտի բերէ մեր ազգի ճակատագրին ու ապագային հետ աղերս ունեցող այս գերխնդիրը:
———————————————————————————————————

Իսլամացած հայերը մեր ազգային դժբախտութեան անբաժան մասն են: Բազմաչարչար մեր ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան հետեւանքներէն մին: Իրենց ազգային պատկանելիութիւնը բացայայտելու խիզախութիւնը մեզ բոլորս կը դնէ անխուսափելի եւ անյետաձգելի ճշմարտութեան առջեւ:

Որքա՞ն կը հաշուեն իսլամացած հայերը: Պատմութեան դաժան ճակատագիրին բերումով` Արեւմտահայաստանի, Կիլիկիոյ, Սուրիոյ, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Աբխազիոյ, Միջին Ասիոյ մէջ վերապրող իսլամացած հայերը կը հաշւեն առնուազն հինգ միլիոն: Իւրաքանչիւր անգամ, որ այս մասին կþընթերցեմ, կը յիշեմ ազնիւ բարեկամս` Ճորճ (Գէորգ) Աբելեանը: Յաճախ կþայցելէր ՙԱրարատ՚ի խմբագրատունը: Օրին մէկը, զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ բաւական լուրջ երեւոյթ մը զինք կը տանջէր` Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով Սուրիոյ մէջ վերապրող իսլամացած հայերու իրավիճակը:

Ճորճ (Գէորգ) Աբելեան յաջողած էր շփում հաստատել ոմանց հետ: Յաճախ կը պատմէր այդ մասին: Թէպէտ իսլամ, անոնցմէ շատեր պահպանած են իրենց ինքնութիւնը, հայկական աւանդութիւնները: Ոմանք յաճախ կþօգտագործեն հայերէն բառեր..: Ճորճ (Գէորգ) Աբելեանի կարծիքով, առնուազն քսան հազար իսլամացած հայեր կ’ապրին Սուրիոյ մէջ: Զինք յայտնապէս կը յուզէր այն երեւոյթը, որ ընկերութիւնը կը մերժէր ճանչնալ անոնց գոյութիւնը…: Իսլամներու համար հաւատափոխներ էին անոնք, իսկ եկեղեցիին պարագային` օտար: Պարոն Ճորճ (Գէորգ) Աբելեան դժբախտաբար կանուխ մեկնեցաւ մեր աշխարհէն: Վաղաժամ մահը կիսատ ձգեց նուիրական այդ աշխատանքը:
Մարդկային ահաւոր ողբերգութիւն մը պահուած է իսլամացած հայերու իւրաքանչիւրին ետին: Բռնութեան եւ սպառնալիքի տակ, դաւանափոխ դարձած են մարդիկ: Տասնամեակներով հարկադրուած են ծածկելու իրենց ինքնութիւնը…: Այսօր` ձայներ կը լսուին Արեւմտահայաստանէն …: Մարդիկ կը փափաքին վերադառնալ իրենց արմատները, կը բացայայտեն իրենց ինքնութիւնը: Անհնար է լռութեան մէջ խեղդել անոնց ձայնը: Հարազատ արմատներուն վերադառնալու անոնց բաղձանքը նոր մարտահրաւէրի առջեւ կը դնէ մեր պետականութիւնը եւ եկեղեցին: Հայոց պետականութիւնը եւ եկեղեցին ինչպէ՞ս պիտի դիմաւորեն այս կացութիւնը:

Միջնադարուն, երբ Կիլիկիոյ մէջ կորսնցուցինք մեր վերջին թագաւորութիւնը, հայ ժողովուրդին մշակութային, իրաւական գործունէութիւնը կարգաւորող հիմնական փարոսը դարձաւ մեր եկեղեցին: Ժողովուրդին ուղեցոյցն ու անոր գոյութեան վահանակիրը դառնալով, Հայ առաքելական եկեղեցին ազգային ինքնութեան, հաւատքի ու վերապրումի խորհուրդի վերածեց` մէկ ազգ, մէկ կրօն, մէկ մշակոյթ կարգախօսը: Ոչ ոք կրնայ թերագնահատել հայապահպանումի առաքելութեան մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եզակի դերակատարութիւնը: Սակայն, այսօրուան դրութեամբ` իսլամացած հայերու իրականութեան առջեւ, մէկ ազգ, մէկ կրօն, մէկ մշակոյթ կարգախօսը անհնար կը դարձնէ զանոնք ընդունելու կարելիութիւնը: Հարց է` եկեղեցին պիտի ճանչնա՞յ հայ ըլլալու անոնց փաստը, ու՞ր մնաց իսլամ հայ ըլլալու իրողութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը յստակօրէն կþընդգծէ, թէ հայրենի պետականութիւնը կը ներկայացնէ հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ համայն հայութեան հիմնասիւնը: Տեսականօրէն Հայ եկեղեցւոյ եւ պետականութեան միջեւ մօտեցումներու տարբերութիւն մը կը բացայայտուի այս առնչութեամբ: Հայաստանի Հանրապետութեան տեսանկիւնէն դիտելով, կրօնական կամ մշակութային պատկանելիութիւնը կը դառնայ երկրորդական: Բազմազանութիւնը չի դիտուիր իբրեւ վտանգ կամ պետականութեան սպառնալիք: Ինչ որ տեղ, եկեղեցւոյ կարգախօսը անհամատեղելի կը դառնայ պետութեան հիմունքներուն:

Վերոյիշեալ մօտեցումները խորհրդածութիւններու դուռ կը բանան: Եր՞բ եւ ինչպիս՞ի պայմաններ պիտի ստեղծուին ընդունելու իսլամացած հայերու վերադարձը ազգային ինքնութեան: Աշխարհի վրայ բնակող շուրջ հինգ միլիոն իսլամացած հայերու առնուազն կէսը մասամբ պահպանած է հայկական ինքնագիտակցութիւնը: Մօտաւորապէս մէկ միլիոն եւ աւելի` չեն կորսնցուցած իրենց պատկանելիութիւնը: Հայրենիք վերադառնալու անոնց առաջին փորձը ձախողութեան մատնուեցաւ, երբ անցնող դարու ութսունական թուականներուն, Աճարիայէն Ղազախստան տեղափոխուած համշենահայերը Մոսկուային դիմեցին Հայաստան վերադառնալու խնդրանքով: Ցանկութիւնը մերժուեցաւ: Ոմանց կարծիքով, Հայ եկեղեցին կեցած էր այս պատասխանին ետին:

ՙԱկօս՚ թերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի եղերական սպանութիւնը ազգային ինքնագիտակցութեան նոր զարթօնքի մը ազդանշանը դարձաւ իսլամացած հայերուն: ՙԲոլորս Հրանդ ենք՚, ՙԵս Հայ եմ՚, ՙԵս Հրանդ Տինքն եմ՚ պաստառներով, Իսթանպուլի եւ այլ քաղաքներու պողոտաները հեղհեղող բազմահազար ցուցարարներու մեծամասնութիւնը ծպտեալ հայեր էին:
Կարեւոր այլ գործօն մը. մոլեռանդ իսլամներ չեն Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերու մեծամասնութիւնը: Նոյնն է պարագան համշենահայերուն: Համշենահայերը այնքան ալ հետեւողական այցելուներ չեն մզկիթ: Հայ եկեղեցին աշխուժօրէն աշխատելու պարագային, դէպի քրիստոնէութիւն դարձ կատարողներու մեծ աճ կ’ակնկալուի այդ շրջաններէն: Հիմքեր անհրաժեշտ է ստեղծել անոնց հայկական ինքնութեան ամրապնդման եւ Հայաստանի հասարակութեան մէջ լիարժէք ձուլման: Երբ նկատի ունենանք վերջին տարիներուն հազարաւոր իրանցիներու Հայաստանի մէջ մնայուն կամ ժամանակաւոր հաստատուելու փաստը, իսլամացած հայերը շատ աւելի գերադասելի պիտի ըլլան, քան` այլ երկիրներէ ժամանող իսլամները: Համշենահայերու Հայաստան վերադարձը հոգեբանական, մշակութային, կրօնական, քաղաքական եւ այլ կարգի կամուրջներ պիտի երկարէ Թուրքիոյ իսլամադաւան հայերուն: Այդ մարդիկ տակաւին կը պահպանեն հայկական մշակոյթի տարրերը, երգերը, աւանդութիւնները, տեղանունները:

Հրեաները կրօնական հիմքի վրայ կը կազմակերպեն ազգահաւաքը: Աշխարհի տարբեր անկիւններէ տարբեր գոյնի եւ ցեղի հրեաներ կը վերադառնան ՙԱւետեաց երկիր՚: Մենք հայերս ազգահաւաքի հիմք կրնանք ընդունիլ արիւնը: Ի վերջոյ, կրօնները, գաղափարախօսութիւնները անցողիկ են, իսկ մարդը` մնայուն: Մեր համեստ կարծիքով հայոց պետականութիւնը եւ եկեղեցին նոր հայրենադարձութիւն անհրաժեշտ է, որ կազմակերպեն դէպի Հայաստան: Բարեբախտաբար, հայրենի պետական մտածողութիւնը բաւական հանդուրժողականութիւն կը ցուցաբերէ այս հարցին վերաբերեալ: Ան չարտօներ կրօնքի պատճառով երես թեքել արիւնակից մեր ազգակիցներէն: Մեր ժողովուրդին մէջ այն տեսակէտը արմատացած է, թէ հայը կրնայ միայն քրիստոնեայ ըլլալ, այսինքն բացառուած է այլակրօն կամ կրօնափոխ հայ հասկացողութիւնը: Հարցը բաւական լուրջ է, սակայն անհրաժեշտ է մօտենալ այսօրւան իրականութեան դիրքերէն: Իսլամացած հայերու գոյութիւնը փաստ է: Անարդար պիտի ըլլայ անտեսել անոնց գոյութիւնը: Յատկապէս անոնց, որոնք պահպանած են հայկական ծագումին մասին իրենց յիշողութիւնը: Ժամանակն է, որ վերատեսութեան ենթարկենք հայը միայն առաքելական քրիստոնեայ ըլլալու նախապայմանը…:

Մենք ազգութեամբ հայ էինք նաեւ մինչեւ 301 թուականը: Այս ըսելով, ոչ մէկ բիծ կամ նշմար Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ` մեր ազգային կեանքի, ինքնութեան, մշակոյթի եւ աւանդութիւններու պահպանութեան բերած առանձնայատուկ ծառայութեան: Սակայն եւ այնպէս, հայ են բոլոր անոնք, որոնք առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդներ չեն, անոնք ըլլան կաթողիկէ, աւետարանական, հեթանոս կամ աթէիստ: Հայ մեծ վիպասան Ռաֆֆին խօսելով կրօնական եւ դաւանանքային միասնութեան մասին գրած է.ՙ Մենք այն կարծիքի ենք, թէ դաւանութիւններու բազմատեսակութիւնը չի ոչնչացներ ազգային միութիւնը: Միութիւնը պէտք է որոնել այդ մասերու ներդաշնակութեան մէջ, որուն հիմնական մոթիվը պէտք է ըլլայ ազգայնութիւնն իր բարձր նշանակութեամբ՚(1): ՙԵրկրագունդի վրայ թէ քաղաքակիրթ եւ թէ վայրենի ազգերու մէջ չկայ եւ երբեք չէ եղած մէկ ազգութիւն, որ մէկ եկեղեցւոյ պատկանէր: Կաթոլիկութիւնը, բողոքականւթիւնը եւ մինչեւ անգամ մահմետականութիւնը չեն զրկեր հայուն հայ ըլլալէ, եւ ոչ ալ լուսաւորչականութիւնը մեզի իրաւունք կու տայ հայ կոչուելու՚(2):

Կրօնափոխ հայերը քարոզչական պայքար չեն մղեր Հայ եկեղեցւոյ դէմ, ոչ ալ հակաքրիստոնէական գաղափարներ կը տարածեն: Յանուն արդարութեան, պէտք է խոստովանիլ, որ առաքելական եկեղեցւոյ բազմաթիւ հոգեւոր սպասաւորներ նախանձախնդրօրէն զբաղած են բռնի իսլամացած հայերու հարցով, ինչպէս երջանկայիշատակ Վազգեն Ա.-ը, Պոլսոյ Զաւէն Տէր Եղիայեան, Գարեգին Խաչատուրեան, Շնորհք Գալուստեան պատրիարքները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Անոնց համար լուրջ մտահոգութիւն դարձած է ուծացումէ փրկել իսլամացած հայերը:

Երբ պիտի խօսինք իսլամացած հայերու մասին, անհրաժեշտ է ընդգծել, որ անոնք թրքական բռնապետական քաղաքականութեան հետեւանք են: Բռնի պարտադրուած է ուրանալ լեզուն եւ կրօնքը: Անոնք միաժամանակ անվիճելի ապացոյցներն են Հայոց Ցեղասպանութեան: Պէտք չէ մոռնալ, որ ՄԱԿ-ի Ուխտի երկրորդ յօդուածի հինգերորդ կէտը յստակ կը բնորոշէ, թէ Ցեղասպանութիւն կը համարուի ցեղային, կրօնական խումբի մը երախաները մէկ այլ ցեղային կրօնական խումբ տեղափոխելը: Ցեղասպանութեան տարիներուն տասնեակ հազարաւոր հայ որբ երախաներ բռնութեամբ իսլամացան եւ մենք այս սերունդներուն մասին կը խօսինք այսօր…: Հրեաները համայն աշխարհ պիտի ցնցէին այսպիսի ողբերգութեան մը առջեւ..:

Իսլամացած հայերու հարցը անհրաժեշտ է դիտել գիտական մակարդակի վրայ: Զայն ճիշդ պիտի չըլլայ շահարկել քաղաքական նպատակներու համար: Վերլուծութիւններն ու եզրակացութիւնները անհրաժեշտ է գիտական եղանակով բացատրել ժողովուրդին: Անհրաժեշտ է անոնց հետ յարաբերութիւններուն ընթացքին որդեգրել ճկուն մարտավարութիւն եւ զանոնք ընդունիլ ինչպէս որ կան: Ամենակարեւորը այս հանգրուանին, անոնց հետ շփումն է: Ճիշդ պիտի չըլլայ անմիջապէս բարձրացնել կրօնի հարց:

Ոմանք այն մտավախութիւնը ունին, որ իսլամացած հայերը մզկիթներ կրնան բանալ Հայաստանի մէջ: Նախ ընդգծենք, թէ անոնք չեն փափաքիր անմիջապէս փոխադրուիլ Հայաստան: Անոնցմէ շատեր` Թրքահայերու պարագային, կ’ապրին իրենց սեփական հողերուն վրայ, պատմական հայրենիքին մէջ: Անոնց տրամաբանութեամբ` եթէ հաւատարիմ չեն մնացած կրօնին, կառչած են հողին: Թէզ մը, որ ինքնին լուրջ մտածումներու դուռ կը բանայ: Մենք` սփիւռքահայերս պահպանած ենք մեր կրօնը, կորսնցնելով հողը: Անոնք պահապան կեցած են հողին, սակայն կորսնցուցած են կրօնը:

Կարեւոր զարգացում մը. Թրքական իշխանութիւնները սկսած են շահարկել իսլամացած հայերու իրողութիւնը: Թուրքիոյ արեւելեան տարածքներուն մէջ քիւրտերու կողմէ յայտարարուած ՙմիատարր քրտական՚ տարածութիւնները կասկածի տակ դնելու նպատակով, թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն խաղաթուղթի վերածել իսլամացած հայերու իրողութիւնը: Այդ տարածութիւններու բնիկ հայերը թրքական եաթաղանի զոհ դարձան: Թրքական իշխանութիւնները իսլամացած հայերու փաստը յառաջ մղելով կը փորձեն ապացուցել, թէ խնդրոյ առարկայ շրջանները միատարր քրտական չեն, այնպէս ինչպէս կը փորձեն ներկայացնել քիւրտերը:

Իսլամացած հայերու ողբերգութիւնը անհրաժեշտ է բարձրացնել ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Պաշտպանութեան ամպիոնին:
Մեր կարծիքով եկած է իսլամացած հայերու հարիւր եւ աւելի տարիներու լռութիւնը հատուցելու պահը եւ փրկել զանոնք ինքնութեան կորուստի Նոր Եղեռնէն:

Պէյրութ

ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
Ռաֆֆի, ՙԻ՞նչ կապ կայ մեր եւ Տաճկաստանի հայերի մէջ՚, Երկերու ժողովածոյ, Երեւան, 1991, հատոր 11:
Ռաֆֆի, ՙՄինչև ե՞րբ՚ Երկերու ժողովածոյ, Երեւան, 1991, հատոր 11:

Aharon Shekerdemian

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert