ՍՈՒՄԿԱՅԻԹ, ԽՈՃԱԼՈՒ….ԼՌԵ՞ՆՔ ՏԱԿԱՒԻՆ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ– ՊԱՅՔԱՐ 165

Փետրուար ամսուան վերջին օրերուն զուգադիպող երկու թուականներ կը ցնցեն հայ ժողովուրդին ժամանակակից պատմութիւնը:
Առաջինը անկասկած Սումկայիթի ցեղասպանութեան տարելիցը՝ 27 փետրուար 1988, որուն հայոց պետականութիւնը եւ հայ քաղաքական միտքը տակաւին կը մերժեն տալ միատեսակ գնահատական, երկրորդը՝ Խոճալուի կոտորածը՝ 25-26 փետրուար 1992: Զոյգ թուականները անկիւնադարձային հետեւանք ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման եւ անկախութեան ճանապարհին վրայ:
Սումկայիթի եղեռնագործութիւնը վերջակէտ դրաւ խաղաղ ցոյցերով ազգային ինքնորոշման հասնելու Ղարաբաղի ժողովուրդին յոյսերուն վրայ: Երկրորդը՝ Խոճալու գիւղաքաղաքին ազատագրութեամբ հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը չէզոքացուցին անկէ արձակուող ռումբերը եւ վերահսկողութեան տակ առին ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող շրջանը: Խոճալուի ազատագրութեամբ՝ վերաբացուեցաւ Ստեփանակերտ-Ասկերան ճանապարհը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի միակ օդակայանը:Խոճալուի ազատագրութիւնը եւ ազերի բնակչութեան հեռացումը վերջ գտան ահաւոր ողբերգութեամբ: Հակառակ հայկական կողմին նախազգուշացումներուն, ինչպէս նաեւ Խոճալուի բնակիչներուն համար ստեղծուած մարդասիրական միջանցքին, ազերի զօրքերը միտումնաւոր սպանդի ենթարկեցին քաղաքէն հեռացող բնակիչները:

Ոճիրին ետին պահուած էր քաղաքական նպատակ. ընդվզում յառաջացնել Ազրպէյճանի գործող նախագահ Այազ Մութալիպովի իշխանութեան դէմ, միաժամանակ հանրային կարծիք ստեղծել ղարաբաղի բնակչութեան դէմ, իբրեւ թէ հայ զինեալները ըլլային յանցագործութեան հեղինակը:

Սակայն ազերիական խաղատոմսին հաշիւները չարաչար սխալ դուրս եկան ամբաստանութեան շուկային մէջ: Երկրին նախագահ Այազ Մութալիպով առաջիններէն էր, որ հերքեց հայկական զօրքերու մասնակցութիւնը Խոճալուի կոտորածին:
Խոճալուի դէպքէն ամիս մը ետք, չեխ լրագրող Թանա Մազալովայի հարցումներուն պատասխանելով, Մութալիպով, խօսքը Խոճալուի կոտորածին ակնարկելով, յայտնեց. «Այս մէկը կազմակերպուած էր հրաժարականիս համար առիթ ստեղծելու նպատակով»: Մութալիպով նշեց, թէ կոտորածը կազմակերպած էր Ազրպէյճանի ընդդիմութիւնը: Ան հերքեց կոտորածը հայերուն վերագրելու ազերիական փորձերը:Վերջերս չեխ լրագրողուհին անգամ մը եւս հաստատեց, թէ որքան ալ Ազրպէյճանի ներկայ նախագահ Իլհամ Ալիեւ հերքէր, Մութալիպովի հետ լոյս ընծայած հարցազրոյցը ամբողջութեամբ կը համապատասխանէր իրականութեան:

Գրեթէ տասը տարի ետք՝ 2002-ին, Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Այազ Մութալիպով, «Նովոյէ Վրեմիա» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ դարձեալ հաստատեց իր միտքը. «Ակնյայտ էր, որ խոճալուցիներուն գնդակահարութիւնը կազմակերպուած էր մէկու մը կողմէ, Ազրպէճանի մէջ իշխանափոխութիւն կատարելու համար»:

Խոճալուի կոտորածը, օրուան նախագահ Այազ Մութալիպովը իշխանութենէն հեռացնելու նպատակով Ազրպէյճանի գործող նախագահ Իլհամ Ալիեւի հօր՝ Հայտար Ալիեւի կազմակերպած սադրիչ սպանդն էր: Մէկ կողմէ անոր վրայ բեռցնելով ազերի բանակին պարտութեան պատասխանատւութիւնը, միւս կողմէ հանրային կարծիքին առջեւ պղտորելու հայ ժողովուրդին դիմագիծը….

Մութալիպովի մեկուսացումէն ետք ազերի իշխանութիւնները զանազան պատճառաբանութիւններու տակ չէզոքացուցին Խոճալուի կոտորածին շուրջ անկախ հետաքննութիւն վարող լրագրողները, մարդկային իրաւանց պաշտպանները:
Խոճալուի հարցով տխուր ճակատագիր կը սպասէր պետական «տեսակէտ»-ին հակոտնեայ համոզում արտայայտող լրագրողներուն: Ազերի նկարահանող Ճինկիզ Մուսթաֆայեւ խորհրդաւոր պայմաններու մէջ սպաննուեցաւ: Նոյն ճակատագիրը ունեցաւ բանակի դաշտային հրամանատար Ալա Եագուպը: «Մոնիթոր» անկախ թերթի ազերի լրագրող Էյնուլա Ֆաթուլայեւ 2005-ին տասը օրով այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ: «Մոնիթոր»-ի մէջ Ֆաթուլայեւի առաջին տեսագրութիւնը լոյս տեսնելէ քանի մը օր ետք անծանօթներ սեփական բնակարանին առջեւ սպաննեցին թերթին խմբագիրը՝ Էլմար Հուսէյնովը, իսկ Ֆաթուլայեւը դատապարտուեցաւ գումարներ յափշտակելու եւ պետական դաւաճանութեան յանցանքով…
Խոճալուի իրադարձութիւններուն մութ ծալքերը չխանգարեցին Պաքուի իշխանութիւնները, հակահայ քարոզչութիւն ծաւալելու նպատակով շահագործելու ողբերգութիւնը:
Ազերիական քարոզչութիւնը այսօր աշխարհի չորս ափերուն վրայ նենգաբար խեղաթիւրուած կը ներկայացնէ Խոճալուի ազատագրութեան զարգացումները:
Մենք՝ հայերս, բաւարար ապացոյց ունինք մերկացնելու Խոճալուի մէջ հարազատ ժողովուրդին դէմ ազերի իշխանութիւններուն կազմակերպած կոտորածը:

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարունակին մէջ Խոճալուն կը մնայ ազերիներու ներքին եւ արտաքին ապտեղակատուական քաղաքականութեան սպառողական շուկայի գլխաւոր դրամագլուխը: Մինչդեռ խոճալուի իրադարձութիւններուն շուրջ ազերի պաշտօնակատարներու, իրաւապաշտպաններու, լրագրողներու եւ Խոճալուի բնակիչներուն վկայութիւնները հիմնովին կը հերքեն Պաքուի ստայօդ տարբերակները:
Ազերի իրաւապաշտպան Արիֆ Եունուսով, «Զերքալօ» թերթին, յուլիս 1992-ի համարին մէջ գրած է. «Քաղաքը եւ անոր բնակչութիւնը գիտակցաբար զոհ մատուցուեցան քաղաքական նպատակին: Ազրպէյճանի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ Թամերլան Քարայեւ, “Մուխալիֆաթ”» օրաթերթի 28 ապրիլ 1992-ի համարին մէջ գրած է. «Խոճալուի ողբերգութիւնը իրականացուցած են Ազրպէյճանի իշխանութիւնները»:

Հայտար Ալիեւ մեծահոգաբար ազնւութիւնը ունեցած է խոստովանելուէ, թէ Խոճալուի դէպքերուն «Մեղաւորը նաեւ Ազրպէյճանի նախկին ղեկավարութիւնն է»: Իսկ «Պիլիք Տունիասը» լրատուական գործակալութեան համաձայն` ապրիլ 1992-ին, նոյնինքն Հայտար Ալիեւը յայտարարած է. «Խոճալուի Արիւնահեղութիւնը մեր օգտին պիտի ըլլայ: Մեզի պէտք չէ միջամտել դէպքերուն ընթացքին»:
Ազրպէյճանի Ազգային Ճակատի ներկայացուցիչ, ազգային անվտանգութեան նախարար Վաքիֆ Հիւսէյնով, վերլուծելով երկրին մէջ պատահող միջադէպերը, տառացիօրէն գրած է. «1992 թուականի Պաքուի յունուարեան իրադարձութիւնները եւ Խոճալուի իրադարձութիւնները միեւնոյն անձերուն գործն է»:

Իւրաքանչիւր փետրուար-մարտ ամիսներուն ազերիական դեսպանատուներու, տարբեր երկիրներու ազերիական եւ թրքական համայնքներու եւ կազմակերպութիւններու ճիգերով միջոցառումներ կը կազմակերպուին «Խոճալուի ցեղասպանութեան» նուիրուած, անոնց նպատակն է կարելի եղած չափով նսեմացնել հայ ժողովուրդը:

Վերջին տարիներուն ազերիները համացանցը ողողած են «Խոճալուի ցեղասպանութեան» սին քարոզչութեամբ: Հայտար Ալիեւի անուան պետական հիմնադրամը մեծ ծաւալով նիւթեր լոյս կ’ընծայէ եւ կը տարածէ:
Հակահայ այս արշաւին դէմ բաւական տարօրինակ կը մնայ ազերիական ստայօդ քարոզչութիւնը՝ չէզոքացնելու կամ անոր հակադարձելու ուղղութեամբ Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւններուն համեստ լռութիւնը: Նոյնքան եւ համեստ են համացանցի վրայ ազերիական խարդաւանքները կասեցնող միջոցները:

Այսօր երբ արդարութեան եւ ճշմարտութեան փոխարէն նաւթային եւ ռազմաքաղաքական հաշիւներով կը տնօրինուին հարցերը, երբ երկու չափ եւ երկու կշիռով կը ղեկավարուի մեր օրհնեալ աշխարհը, բաւական զարմանալի տպաւորութիւն կը ձգէ ազերիական սադրանքներուն դէմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան գրեթէ անգոյ հակազդեցութիւնը Սումկայիթը եւ Խոճալուն ցոյց կու տան թուրք-ազերիական բարբարոսութեան երկու երեսները:

Պաքու սեփական ժողովուրդին դէմ դաւաճանութիւնը հայերու վրէժխնդրութիւն կը ներկայացնէ…. լռե՞նք տակաւին:

Aharon Shekerdemian

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert