1975 ին որպէս բժիշկ ,մասնագիտութիւնս կատարելագործելու համար տակաւին նոր հաստատուած էի Գերմանիա ,երբ ողբացեալ հօչս եւ իմ միջեւ պատահեցաւ դէպք մը ,որ անջնձելի կը մնայ իմ յիշողութեանս մէջ:
Վերջին շրջաններուն , ի մասնաւորին հայ վարժարաններէն շրջանաւարտ մեր երիտասարդներուն դիմատետրի եւ կամ այլ ընկերային ցանցի կայքէջերու վրայ ,ոչ հայերէն եւ կամ լատինատառ հայերէն լեզու գործածելու արագ աճումը ,զիս մխրճեց զգացումներու այնպիսի հոսանքի մը մէջ,որ ես դարձեալ վերյիշեցի այդ դէպքը:

Գերմանիոյ մէջ իմ կեցութեանս առաջին տարիներն էին:Կարօտը սիրտս կ՛այրէր :Կարօտս փարատելու համար ամէն օր Թրքերէն նամակներ կը գրէի ծնողքիս ու կնոջս,այդ ատեններ այսօրուայ համացանցային հնարաւորութիւնները դեռ չէր գործածուէր :Հայրս նամակներուս չէր պատասխանէր: Կը խորհէի թէ,ան չէր գրեր անոր համար որ վստահ էր թէ ամէն ինչ բնականոն կ՛ընթանայ իմ մօտ: Սակայն միւս կողմէ ալ հօրս այդ վերաբերումը շատ կը յուզէր զիս:Այսպէս անցաւ տարի մը:

Տարի մը ետք,արձակուրդի համար Պոլիս եկայ եւ համարձակութիւնն ունեցայ հօրս հարցնելու թէ ինչու՞ ,ան մէկ անգամ իսկ պատասխան նամակ չուղարկեց ինծի: Հայրս խէթ հայեցոքով ու խիստ բարկացած ՛ պատասխանեց: <<Ես քեզ Մխիթարեան վարժարան ղրկեցի ,որպէսզի Թրքերէ՞ն լեզուով նամակներ գրես ինծի:Նամակներուդ չպատասխանեցի ,որովհետեւ նամակներդ Թրքերէնով գրուած էին: Երբ սկսիս հայերէն լեզուով գրել ,այն ատեն պատաքսխան կ՛ստանաս>>:Այս խօսքերը ապտակի մը նման իջան երեսիս:Այդ օրէն ետք ,միշտ հայերէն լեզուով նամակներ գրեցի հօրս:Բազմաթիւ ուղղագրական սխալներ կ՛ընէի,հայրս կը սրբագրէր զանոնք եւ նոյն նամակս ետ կ՛ուղարկէր ինծի ,որպէսզի տեսնեմ իմ սխալները եւ դարձեալ չկրկնեմ:Միշտ խրատական նամակներ կը գրէր ինծի ըսելով:<<Տղաս՛,Գերմանիոյ մէջ հայկական վարժարան չկայ,զաւակներուդ անպայման հայերէն սորվեցուր,այն ինչ որ ժառանգեցիր ծնողներէդ ,գոնէ մասամբ անոնց փոխանցէ:Մի՛ մոռնար ազգդ,մայրդ,մայրենի լեզուդ ու կրօնքդ>>:
Անոնք ,որոնք կ՛ըսեն թէ <<Հայերէնը ինչի՞ կը ծառայէ, թող Թրքերէն եւ այլ օտար լեզու սորվի, որպէսզի աւելի դիւրին շահի որեւէ համալսարանի մտից քննութիւնը>> հոս կ՛ուզեմ պատասխանել անցեալի երկու դրուագներով:

Ողբաեցեալ աներս,հակառակ որ Կեսարիոյ մէջ բարգաւաճ դիրքք մը ունէր ,միմիայն իր զաւակներուն հայերէն սորվեցնելու համար 60 ական թուականներուն գաղթէր է Պոլիս,Կեսարիոյ մէջ ձգելով ամէն բան: Գաղթէր է, որպէսզի իր երկու աղջիկ զաւակները հայկական վարժարանի մէջ ուսում ստանան:Երկուքն ալ շրջանաւարտ եղան Էսաեան վարժարանէն:Անոնցմէ մէկը իմ կողակիցս է,աւարտած է Իսթանպուլի Ատամնաբուժական Ֆաքիւլթէն եւ մինջեւ 2019 թուական որպէս մասնագէտ ատամնաբուժ իր գործունէութիւնը շարուանակեց մեծ յաջողութիւնով Գերմանիոյ մէջ:

Մենք ,մեր աշակերտութեան շրջանին ,Մխիթարեան վարժարանի մէջ ,բացի պարտադիր դասերէն (Թրքերէն, Պատմութիւն, Հայրենագիտութիւն, Աշխարհագրութիւն) մնացեալ բոլոր դասերը հայերէն լեզուով կը սորվէինք: Մեր դասարանի 21 աշակերդներէն 15 աշակերտներ շահեցան 1963-1964 տարեշրջանին Թուրքիոյ Պետական Համալսարններու մուտքի քննութիւնները,որոնցմէ 6 ը Պոլսոյ Պետական Բժշկութեան Ֆաքիւլէթէ, 4 ը Պոլսոյ Թէքնիք Համալսարանի Ճարտարապետութեան Ֆաքիւլթէ , 2 ը Պոլսոյ Համալսարանի Հոգեբանութեան Ֆաքիւլէթէ եւ 3 աշակերտներէն մէկը Բարձր Մաթէմաթիք (Չաբագիտութիւն), 1ը Արեւտրականութեան, իսկ 1 ն ալ Հաղորդակցութեան Ֆաքիւլթէ բարձրագոյն ուսում ստանալու իրաւունքը շահեցան :

Դասընկերներուս մեծամասնութիւնը ,որոնք Եւրոպայի ,Ամերկայի եւ Թուրքիոյ զանազան բնագաւառներէ ներս գնահատելի դիրքերու տիրացած են,շրջանաւարտ եղած են հայկական վարժարաններէ:
Անշուշտ ,անձ մը իր բնակած երկրի պետական լեզուն լաւ պէտք է գիտնայ, որպէսզի ընդունելութիւն գտնէ հոն,կարգ մը դիւրութիւններ ունենայ: Սակայն անձի մը համար երբ մայրենի լեզուն գիտնալը թերութիւն մը չէ, անոր վնաս ալ իր բերեր ,ընդհակառակը մայրենի լեզուն չգիտնալը կորուստ մըն է:
Ըստ իս,<<Հայերէին պիտի սորվի ,ինչի՞ պիտի ծառայէ>> ըսելը պատրուակ մըն է,որ իրականութեան մէջ ուրիշ բան չէ ,եթէ ոչ փափաքի, կամքի, ինքնգիտակցութեան եւ մայրենի լեզուի նկատմանբ սիրոյ պակաս:

Կան հայեր,որոնք,իրենց զաւակները ապագայի պատրաստելու ատեն ,աւելորդ ու աննպաստ կը նկատեն մայրենի լեզուն եւ կարծէս թէ,անոնց ապագայի հետ խաղալ չեն ուզեր:Սակայն կան ուրիշներ ,որոնք իրենց զաւակներուն մայրենի լեզուն սորվեցնելը կը նկատեն ամէնէն սրբազան պարտականութիւնը:
Անտարակոյս ,բոլոր հայերն ալ մեծ զոհողութիւն կ՛ընեն իրենց զաւակներուն համար,լաւ ապագայ կերտել կը ջանան ,սակայն մէկը փափաքի բարոյական ու տոհմիկ արժէքներէն վեր դասել նիւթական արժէքներն ու աչք շլացնող նպաստներն , իսկ միւսը կը ջանայ նոյն մակարդակի վրայ պահել յիշեալ արժէքները: Ահաւասիկ դարաշրջանիս յատուկ հասկացողութեան, ողջամտութեան,ազգասիրութեան ,գաղափարապաշտութեան հարցեր:

Ըստ իս ,եթէ չկարենանք իրարմէ զանազանել նիւթական ,բարոյական ու տոհմիկ արժէքները,թերեւս ոչ՛ միայն պիտի հանենք մեր գլխարկները ու երկար ու երկար պիտի մտածենք ,այլ նաեւ մեր գլխուն մազերը պիտի փետենք:

Տօքթ.Սարգիս Ատամ

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert