ԾՆՆԴԵԱՆ 178-րդ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ
ՄԵԾ ԿԱՐՕՏՈՎ ԿԸ ՅԻՇԵՆՔ
ՀԱՅՈՑ ՄՕԼԻԷՐԸ
Երգիծաբանութեան Մեծ Հանճար
ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆԸ
(19 Նոյեմբեր1842- 27 Մայիս1891)

Յակոբ Պարոնեան ծնած է 19 Նոյեմբեր 1842 ին Էտիրնէ-Ատրիանուպոլիս։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է տեղւոյն հայկական վարժարանին մէջ։ Ապրուստ հոգալու համար նախ դեղագործի մը քով երկու տարի կ’աշխատի,ապա կը պաշտօնավարէ ընկերութեան մը մէջ իբրեւ հաշուապահ։
Ան ինքնաշխատութեամբ ձեռք կը բերէ լայն զարգացում եւ գրական հմտութիւն։

1863-ին կը փոխադրուի Պոլիս եւ կը պաշտօնավարէ Սկիւտարի ճեմարանի մէջ որպէս դասատու, աշակերտ ունենալով Պետրոս Դուրեանը:
1871-ին կ՛ստանձնէ «Եփրատ»թերթի խնբագրապետի պաշտօնը, բայց կարճ ժամանակէ յետոյ կ՛անցնի «Մեղու» թերթի խմբագրութեան, զայն վերածելով յայտնի երգիծաթերթի։ Երբ1874 -ին «Մեղու»ի հրատարակութիւնը կը դադրի, Պարոնեան, զայն կը վերահրատարակէ «Թատրոն» վերանուանելով։ Տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ, «Թատրոն»ի հրատարակութիւնն ալ կը դադրի 1877-ին։
Պարոնեան կ’ամուսնանայ Սաթենիկ Էթմէքճեանի հետ 1879-ին։ Անոնք կ’ունենան երկու զաւակ. աղջիկ մը՝ Զապէլ, եւ մանչ մը՝ Աշոտ։
1879-ին կաշխատակի «Լոյս» թերթի մէջ որպէս երգիծաբան ։Պարոնեանի գրութիւնները լայն հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն, սակայն ան կ՛ստիպուի «Լոյս»ի իր աշխատակցութիւնը դադրեցնել։
1884-1888ին թուականներու միչեւ կը հրատարակէ «Խիկար» ամսագիրը, ուր լոյս կը տեսնեն իր երգիծաբանական շատ մը կարեւոր գործերը։ 1888-1890 թուականներու միչեւ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ տոմարակալութիւն կ’ուսուցանէ։ Հոն իրեն կ’աշակերտէ յայտնի լեզուաբան Հրաեայ Աճառեանը ։
Պարոնեան կը տառապի թոքախտէ եւ կը մահանայ 1891-ին, թշուառութեան մէջ ձգելով իր այրին ու անչափահաս զաւակները։
Պարոնեան եղաւ բեղուն ստեղծագործ մը։ Տասնեակ հազարէ աւելի էջեր արտադրեց կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, յատկապէս 1871-1888 տարիներուն։ Իր բոլոր գրութիւնները լոյս տեսան լրագիրներու մէջ։ Պարոնեանի երկերու մեծամասնութիւնը գիրքերու մէջ ամփոփուեցան միայն իր մահէն ետք։ Իր գործերը կը կազմեն՝ ՛՛ Մեծապատիւ Մուրացկանները՛՛ վեպը,՛՛Քաաղաքավարութեան Վնասները՛՛ ,պատմուածքներու շարքը ՛՛Պտոյտ մը Պոլսոյ Թաղերու Մէջ՛՛ եւ ՛՛Ազգային Ջոջեր՛՛ նկարագրական էջերը,՛՛Մեղու՛՛,՛՛Թատրոն՛՛,՛՛Խիկար՛՛թերթերու մէջ լոյս տեսած բազմաթիւ յօդուածներ,ինչպէս նաեւ ՛՛Ատամնաբոյժ Արեւելեան ՛՛ եւ ՛՛Պաղտասար Աղբար՛՛ կատակերգութիւնները:Պարոնեան Պոլսահայ կեանքը իր զանազան երեւոյթներով կ՛արտացոլացնէ իր գրութիւններէն:Ան երգիծական ոճով հաւասարապէս կը խարազանէ փառասէր աղաներն ու նեղմիտ թաղականները,խաբեբայ վաճառակնաներն ու կեղծաւոր հոգեւորոկանները,վարձկան լրագրողները,վերի խաւի արեւմտեան բարքերը ընդօրինակելու մոլութիւնն ու վարի խաւի խաւամտութիւնը:Պորոնեանի գրութիւնները ընթերցողը կը խնդացնէ բայց,գրութեան խորքը շատ տխուր է: Ան կը զուրաճացնէ ՛,առանց զուարճանալու եւ կը ձգտի դաստիարակիչ ըլլալ ու նպաստել ընկերային վատ բարքերը վերցնել: Անոր ծաղրանքին նպատակը երբեք խնդացնել ու նուրբ արուեստ մը ստեցծել չէ ,այլ անկեղծ ու պարզ լեզուով մը եւ յատկապէս սահուն արեւմտահայերով մը, Պոլսահայ կեանքի իրադարձութիւնները ու իրավիճակը երգիծական ոճով նկարագրել եւ իր ընթերցողին վարպետօրէն ներկայացնել է.
Յակոբ Պարոնեան ունի նաեւ թատերական գործեր, որոնցմէ են ՛՛Երկու Տիրոջ Մէկ Ծառայ՛՛, ՛՛Շողոքորթը՛՛,՛՛Ատամբոյժն Արեւելեան ՛՛,՛՛Պաղտասար Աղբար՛՛:
27 Մայիս 1891-ին, ծայր աստիճան չքաւորութեան մատնուած եւ Թոքախտի հետեւանքով ուժաքամ եղած՝ ,Պոլսոյ մէջ առյաւէտ փակուեցան աչքերը մեծ հայուն: 48 տարեկանին վաղաժամ եւ դժբախտ մահ ունեցաւ Յակոբ Պարոնեան, բայց միայն մարմնապէս հեռացաւ հայ իրականութենէն, որովհետեւ կարճատեւ իր կեանքով իսկ հայկական երգիծանքի հիմնադիրը կրցաւ նուաճել անմահութեան արժանի գրական հարստութիւն մը եւ մնայուն տեղ գրաւել հայ ժողովուրդի սրտին ու մտքին մէջ:
Իր երգիծանքով՝ Պարոնեան ժամանակներէն վեր կանգնեցաւ եւ ճշմարտութիւններ արտայայտող իր գրականութեամբ հայ մտքի հսկայ մը դարձաւ՝ ,եւ նաեւ ,մեր ժողովուրդի ազգային ու քաղաքացիական զարթօնքին մէջ մեծակշիռ ներդրում կատարեց:
Մարմինը կ’ամփոփուի Օրթագիւղի գերեզմանատունը:Տապանաքար մը չկանգնեցաւ անոր շիրիմին վրայ եւ շուտով մոռցուեցաւ անոր ճշգրիտ վայրը։ Հիմա արդէն անտէր կորսուած է հողակոյտն ալ:
Սակայն տարիներ վերջ,5 Հոկտեմբեր 2019 թուականին ,Պոլսոյ Շիշլի թաղի Հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ բացումը կատարուեցաւ հայոց Մօլիէրի երգիցաբան Յակոբ Պարոնեանի արձանին: Արձանի քանդակագործն է Պոլասահայ հռրչակաւոր քանդակագործ Էրօլ Սարաֆեան.Արձանը քադակուած է ,Թուրքիքյ Հայոց Ուսացչաց Հիմնարկի վարչութեան ատենապետ մեր սիրելի ընկեր Սարգիս Քիւլէկէչի բարերարութեամբ:Արձանի առջեւ կը գտնուի նաեւ մարմար մը,որուն վրայ քանդակուած է մեր սիրելի բարեկամ բժիշկ- բանաստեղծ Տօքթ. Ւգնա Սարըասլանի ,Յակոբ Պարունեանի ձօնուած յիշատակի գրութիւնը:
Պարոնեան եղաւ բեղուն ստեցծագործ ու ճշգրիտ հայ մտաւորական մը:
Յակոբ Պարոնեանի գործերը կ’արտացոլացնեն Օսմանեան շրջանի Պոլսահայ կեանքի զանազան երեւոյթները ու իրադարձութիւնները:Ան հաւասարապէս կը հարուածէ ու կը խարազանէ փառասէր աղաները ու փոքրոգի թաղակաները ու վարչակաները,խաբեբայ վաճառականները, կեղծաւոր վարձական լրագրողները,համայնքի վերին խաւի եւրոպական բարքերը ընդօրինակելու մոլիութիւնը ու վարի խաւի խաւարամտութիւնը: Անոր գործերը մեզի կը խնդացնէ,բայց խորքը շատ տխուր է ,մեզի կը զուարտացնէառանց զուարճանալու:
Անոնք որոնք,անոր գիրքերը կը կարդան եւ կամ գործերը կը դիտեն,չեն կրնար անդրադառնալ որ այդ գործերը հին ժամանակներուն գրուած է տարիներ յետոյ ,այսօր իսկ ,կը կարդան կամ կը դիտեն մեծ հետաքրքրութիւնով , ու հոն այսօր ալ ներկայ Պոլսահայ կեանքի մէջ նման բաներ կրնան գտնել :
Տօքթ.Սարգիս Ա Ատամ
Ակ: Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն-Յարութիւն Քիւրքճեան

Adam Sarkis

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert