27 Նոյեմբեր 2021, Ի սուրբ Երուսաղէմ

Հասցէ

Առ Կաթողիկոսն Ամենայն Հայոց եւ Ծայրագոյն Պատրիարքն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ,

Առ Կաթողիկոսն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա,

Առ Պատրիարքն Հայոց Կոստանդնուպոլսոյ Տ. Սահակ Բ. Մաշալեան,

Գե րաշնորհ եւ գերապատիւ, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ Տէրանցն, արքեպիսկոպոսաց եւ եպիսկոպոսաց, վարդապետաց եւ քահանայից Հայոց Առաքելական, Ուղղափառ եւ Ընդհանրական Սուրբ Եկեղեցւո.

Պատճէնը Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան։

Եւս առաւել կը փափաքինք հրաւիրել հայկական բոլոր համայնքներու և համայն հայութեան ուշադրութիւնը.

Մենք Սուրբ Քաղաքի եւ Սուրբ Երկրի հայ համայնքի ներկայացուցիչներս ստիպուած ենք կրկին բարձրացնել մեր ձայնը։

Արդէն 2021 թուականի Սեպտեմբեր 18-ին դիմած էինք Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Տ, Նուրհան արք. Մանուկեանին։ Բաց նամակով մենք մեր ընդվզումը կը յայտնէինք ապօրինութիւններու, յարուցուող խնդիրներու ու ծագած խայտառակութիւններու դէմ, որ անամօթաբար տեղի կ ունենային աշխարհիս հնագոյն, անուանի եւ կարեւորագոյն հայկական համայնքներէն մէկուն մէջ։

Ցաւ ի սիրտ կ արձանագրենք, որ ներկայիս պատրիարքը պաշտօնապէս կ անտեսէ իր հարազատ համայնքը։ Ուստի, այս նամակով կը փափաքինք յիշեցնել և ընդգծել, որ մենք սոսկ կամ որեւէ, անորոշ «համայնք» մը չենք։ Պատմութեամբ բազմիցս վկայուած է, որ սուրբ Երկրին մէջ հայ համայնքը մշտապէս Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան կողքին գտնուած է, մենք ևս տէրն ու պահապանն ենք մերազնեայ տնօրինական վայրերուն, այն տիրաշօշափ տեղերուն, ուր մարմնով ծնաւ, հասակ առաւ ու մեծցաւ մեր Տէրն ու Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս, քարոզեց, աւետարանեց, բանտարկուեցաւ, խոշտանգուեցաւ եւ չարչարուեցաւ, մեռաւ, թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ ու համբարձաւ։

Անոր սուրբ անուամբ մկրտուած ենք ամէնքս և դրոշ մո ւած այն նոյն սուրբ միւռոնով, որ այստեղ Երուսաղէմի մէջ Յիսուս օրհնեց Աւագ Շաբթուայ ընթացքին, որու համար փառք կը մատուցանենք ՄԵՐ ՏԻՐՈՋ՝ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ։

Այս օրերուն, Տիրոջ սուրբ քաղաքին մէջ մեր եկեղեցական առաջնորդները ամօթալի և անընդունելի արարքներ կը կատարեն, որոնք պէտք է անյապաղ դադրեցուին։ Մենք կը փափաքինք հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այն հանգամանքին վրայ, որ Տ, Նուրհան Մանուկեանը, ի յաւելումն անցեալի իր մեղքերուն) այժմ արդէն կ օտարացնէ Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասի հսկայական մէկ հատուածը, որ իրականութեան մէջ անգին հողակտոր մըն է։ Այդպիսով, Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան ընդ չարս իւր արբանեակ հ. Պարէտ Երէցեանի, կը փորձէ փոխել ու
խախտել Սահմանք Հաստատեալքը (StatUS QUO) և այս մէկը Երուսաղէմի Հին քաղաքի սրտին հայկական թաղամասին մէջ։

Որոշ ժամանակ առաջ մենք իմացանք, որ մեր թաղամասին մէջ պէտք է կառուցուէր եօթաստղանի պանդոկ մը հակառակ սուրբ եկեղեցւոյ բոլոր կանոններուն, օրէնքներուն և ողջախոհութեան։
Ինչպէս նշած ենք Սեպտեմբեր 18-ի մեր առաջին նամակի 2-րդ պարբերութեան մէջ, տիար Նուրհան Մանուկեանը իր ոչ-հեռատես քայլերով կը խարխլէ թէ հայ համայնքի ապագան, թէ ընդհանրապէս կը վատթարացնէ հայութեան և քրիստոնեայ համայնքներու արդէն իսկ թոյլ վիճակը։ Սուրբ Երկրին և մասնաւորապէս Երուսաղէմի մէջ հայ և քրիստոնեայ համայնքները արագօրէն կը նուաղին։
Հետեւեալ հարցը կը յառաջանալ. Ինչպէս տիար Նուրհան Մանուկեանը հիմա, առանց
կանոնակարգով նախատեսուած երկարաժամկէտ վարձակալութեան հարցը քննարկելու և խնդիրը Ընդհանուր ժողովին ներկայացնելու, որոշում կ առնէ պայմանագիր կնքելու և հրաժարելու հայկական թաղամասի անգին այդ հողամասէն։ Հաստատենք, որ ան որևէ իրաւունք չունի այդ մէկը ընելու, ուստի մենք մեր անվստահութիւնը կը յայտնենք Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանին և անոր անշարժ գոյքի տնօրէն Տ. Պարէտ Երիցեանին նկատմամբ։

Կը պահանջենք, որ երկուքն ալ անյապաղ յետս կոչեն ստորագրուած պայմանագիրը, հակառակ պարագային ստիպուած ենք պահանջել երկուքին հրաժարականը։

Սրբոց Յակոբեանց Վանքի անդամներուն մեծամասնութիւնը պատրիարքարանին մէջ տասներկու արդար եղբայրներ, իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեցին Նուրհան արքեպիսկոպոսի ստորագրութեան վերաբերեալ, իսկ մի քանի օր անց անոնց միացան նաեւ եօթը անդամներ, ի թիւս որոց և մեր Եկեղեցւոյ չորս յարգուած արքեպիսկոպոսներ։ Այս խումբին միացաւ նաև Տ. Էմմանուէլ վարդապետ Աթաջանեանը, որ այժմ կը գտնուի Երուսաղէմ և իր ուսումը կը շարունակէ հռչակաւոր Եբրայական համալսարանին մէջ։ Ի միջի այլոց նշենք, որ վերոյիշեալ արդար քահանաները, որոնք րուսաղէմի վանքին մէջ կը բնակին, մշտապէս ճնշումի կ՚ենթարկուին անօրէնութիւնը գործած պաշտօնեաներու կողմէ, հակառակ սուրբ Աւետարանի, ողջախոհութեան և աղատութեան ոգիի կանոններուն։

Մենք, որպէս Երուսաղէմի եւ Ս. Երկրի համայնք, կ՛ուզենք կրկին շեշտել. Աստուած մի արասցէ, որ իրականանայ այս երկարաժամկէտ վարձակալութեան վատահամբաւ պայմանագիրը հայոց «Կովերու Պարտէղ» կալուածին համար, իր «պանդոկի ծրագրով» հանդերձ։ Ծրագիր, որ նախ քան իր ստորագրումը պատրիարքը ոչ Միաբանական եւ ոչ իսկ Տնօրէն ժողովին ներկայացուցած է, մինչդեռ հարկ էր գրաւոր հրաւէր ուղարկել իւրաքանչիւր միաբա ն հոգե ւորականի ծրարին մէջ ներառելով դիտարկուելիք առաջարկութիւնը։ Նման լուրջ, երկարաժամկէտ գործարք Պատրիարքարանի երկու վարչական կառոյցներու Տնօրէն Ժողովի և Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի անդամներու կողմէ մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն, քննարկում և հաստատում կը
պահանջէ։ Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան պատկառելի Միաբանական Ժողովի և Տնօրէն Ժողովի հանդիպումներու համապատասխան արձանագրութիւնները ցոյց կու տան այն փաստը, որ պահանջուող գրաւոր առաջարկը կամ վարձակալութեան նախագիծը ոչ ներկայացուած են երկու կառոյցների բոլոր անդամներուն, ոչ իսկ քննարկուած են անոնց հետ։

Տեղին է նկ ատել, որ անշարժ գոյքի, կալուածոց խնդիրներուն աղերսուող հարցերու քննարկման և հաստատման վերաբերեալ Սբ. Երուսաղէմի միաբանական կանոնակարգը կը պարտաւորեցնէ համաձայնագրի նախագիծը կանխաւ փոխանցել Տնօրէն Ժողովի անդամներուն։ Սա յատկապէս կարևոր է, երբ խօսքը կը վերաբերի կարճաժամկէտ կամ երկարաժամկէտ վարձակալութեան, որով կը նախատեսո ւի եկեղեցապատկան անշարժ գոյքի վրայ շինարարութիւն իրականաց նել։
Երկարաժամկէտ վարձակալութեան պարագային պարտադիր է Սրբոց Յակոբեանց Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի գումարումը, ուր հարցին միասնական քննարկման և պայմանագրին վաւերացման համար պէտք  է ներկայ գտնուին նաև Սուրբ  Երկրէն դուրս գտնուող միաբան հոգեւորականները։

Այսպիսի համաժողով պէտք է տեղի ունենայ հանդիպումէն առաջ, ուր կը դիտարկուի
համաձայնագրին նախագիծը նպատակ ունենալով զայն նախապատրաստել հետագայ
քննարկման, և կը մատնանշուին համաձայնագիրը մշակող փաստաբանները։

Որեւէ երկարաժամկէտ վարձակալութիւն կը համարուի հաստատուած լոկ այն պարագային, երբ անդամներու մեծամասնութիւնը կողմ քուէարկէ պայմանագրին։ «Կովերու Պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ երկարաժամկէտ վարձակալութեան պայմանագիրը, զոր ստորագրած է Աւստրալիոյ քաղաքացի Տենի Ռուբէնշտէյնը, երբեք չէ ներկայացուած քուէարկող անդամներուն Միաբանական կամ Տնօրէն Ժողովի անդամներուն, ինչպէս նաև չեն ներկայացուած վարձակալութեան պայմանները, անոնք չեն ուսումնասիրուած կամ քննարկուած, դեռ չենք խօսիր Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի կամ Տնօրէն Ժողովի վարչական մարմիններու անդամներու կողմէ
հաստատումին մասին։

Յիշեցնենք գլխաւոր սկզբունքները եկեղեցւոյ սեփականութիւնը կը բացառէ որեւէ տեսակի շահադիտական քայլ։ Ան պէտք է ծառայէ միայն ու միայն Տիրոջ և Երուսաղէմի հայ համայնքի կարիքներուն, որու համար այս պահուն հրատապ հարց է կացարան-բնակարաններու խնդիրը։
Վանքին, պատրիարքարանին և աստուածաբանական դպրոցին Ժառանգաւորաց Վարժարանին եւ Ընծայարանին կից պանդոկի մը գործարկումը մշտական և լուրջ անյարմարութիւններ կը յառաջացնէ և կ ազդէ Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայկական թաղամասի մթնոլորտին վրայ ժխտականօրէն։ Պատրիարքարանի, հոգեւոր դպրոցի բնականոն կեանքը, հոգևոր առաքելութիւնը և ընդհանրապէս հայ համայնքի անդորրը, ազատ երթեւեկը ապագային մեծ վտանգի տակ պիտի ըլլան։

Թաղամասը կը ներառուի հին քաղաքի իսրայէլական զբօսաշրջային աճող ենթակառուցուածքին մէջ, բայց անկէ որեւէ շահ կամ օգուտ չկայ, ոչ նիւթական, ոչ ալ տեղական համայնքի անդամներուն յատկացուելիք աշխատատեղերու կամ եկամուտներու առումով։ Ատկէ զատ, թաղամասի պատմական կառուցուածքը, որպէս պաշտամունքի, ուսումնառութեան վայր և հանգիստի հանգրուան, էապէս կը փոխուի դառնալով «Disney World ReSOftS-D-ի պէս ժամանցային և աղմկոտ միջավայր մը։ Եւ վերջապէս. հիմքեր կան ենթադրելու, որ երկարաժամկէտ վարձակալութեան ժամկէտի աւարտէն յետոյ հողամասը եկեղեցիին՝ պատրիարքութեան չի վերադարձուիր, քանի որ ներդրողները սովորաբար պատրաստ են նման արժէք ունեցող գոյքի վերաբերեալ գործերը վերջնական որոշում կայացնելու համար՝ յանձնել իսրայէլական դատարաններուն՝ փորձելով օգուտ քաղել ձգձգուող քաշքշուքէն։ Մինչդեռ սա ներազգային խնդիր է և անընդունելի է, որ հասնի իսրայէլական դատարան։

Ամփոփելով կ՝ ուզենք շեշտել, որ հայկական Երուսաղէմը իր վանքերով, եկեղեցիներով,
համայնքային կեանքով համահայկական հարստութիւն է; Անյիշելի ժամանակներէ,
հազարամեակներու ու երկար դարերու ընթացքին ան եղած է սրբակեաց մարդոց և ողջ հայ ժողովուրդի ուշադրութեան և հոգածութեան առարկան; Հետևաբար, այս ժառանգութեան և յատկապէս անշարժ գոյքի հանդէպ մենք պէտք է շատ զգոյշ և ակնածու վերաբերմունք դրսևորենք, պատասխանատու և սրտցաւ, միշտ փայփայենք, պահպանենք, պաշտպանենք համաձայն Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի աւանդո ւթեան, Քրի ստոսի Աուրբ Աւետարանի տառին, մեր նախնի հայրերու ուղենշեալ սահմաններուն, Եկեղեցւոյ օրէնքներուն ու սրբազան կանոններուն, որպէսզի մեր պապերու կտակածը անկորուստ փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն:

1*        Ադինեաեւ Աչիկ

2*        Ադինեաեւ Ահարոն

3*        Ադինեաեւա Ադէչ

4*        Ադինեաեւա Սուէտչանա

5*        Աթաջանեան Տէր Էմմանուէչ Վարդապետ

6*        Աչաւերդեան Եչենա

7*        Աչաւերդեան Հայկ

8*        Աչեքսանեան Յասմիկ

9*        Ակոպեան Էդգար

10*      Աղաբեկեան Կարէն

11*      Առաքեչեան Վիրապ

12*      Ար արատովսկի Լիաննա

13*      Ա րարատովսկի Սերգէյ

14*      Արսէնեան Լիւդմիչա

15*      Արսէնեան Սերգէյ

16*      Արտեօմ Խաչատրեան

17*      Աւագեան Լիչիա

18*      Աւե տիսեան Աշոտ

19*      Աւե տիսեան Վարդան

20*      Ա ւոյեան Աչեքսանդր

21*      Ա ւոյեան Լիանա

22*      Բադաչեան Իրին ա

23*      Բաքրճեան Յասմիկ

24*      Բաքրճեան Տիգրան

25*      Բեզչու Դաւիթ

26*      Բեխակչեան Աղունիկ

27*      Բենիամինովա Անժէչիկա

28*      Բենկչեան Թամարա

29*      Բերեզովսկի Թովմաս

30*      Բուրշտէյն Աչչա

31*      Գաբրիէչեան Նաիրա

32*      Գաբրիէչեան Տիգրան

33*      ԳաբրիէչեանՄիչենա

34*      Գայդէս Մարկ

35*      Գասպարեան Նինա

36*      Գերշման Անուշ

37*      Գէորգեան Լանա

38*      Գէորգեան Մարատ

39*      Գէորգեան Նաիրա

40*      Գործունեան Աշոտ

41*      Գործունեան Նաիրա

42*      Գրիգորեան Աննա

43*      Գրիգորեան Արսէն

44*      Գրիգորեան Նինա

45*      Դանամեան Դիանա

46*      Դաւթեան Դաւիթ

47*      Եղիազարեան Արմինէ

48*      Ենգ ոյեան Աչեքսանդր

49*      Ենգոյեան Տիգրան

50*      Զահդէ Համզէ

51*      Զահէր Նադէր

52*      Զոհրաբեան Սիմոն

53*      Էդինյաեվ

54*      Թումայեան Աննա

55*      Թօփուզեան Աստղիկ

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert