Կարդալով վերոնշեալ յայտարարութիւնները, զարմանալ միայն կարելի է որ «ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ» համախմբումի անունով հանդէս եկող կուսակցութիւններու ուշադրութենէն վրիպած է կիպրահայ համայնքի արժանաւոր թեկնածու, տասնամեակներով հայ եկեղեցուոյ անկաշառ եւ անսակարկ ծառայած, ազգային-եկեղեցական բարձր գիտակցութիւն եւ յանձնառութիւն ունեցող Տոքթ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՇՃԵԱՆԻ թեկնածութիւնը: Բայց դժբախտաբար պարզուեցաւ որ ԴԻՏՈՒՄՆԱՒՈՐ եղած է այս զանցառումը, ելլելով կուսակցական-հատուածական նեղ հաշիւներէ ու նկատառումներէ: Քանզի հայ կեանքէն ներս, աւելի լաւ է ունենալ տկար եւ անկարող (բացառութիւնները միշտ յարգելի են) աթոռակալներ, որոնք խամաճիկի դեր կատարեն, քան իսկապէս կարող, գիտակ անձնաւորութիւններ, որոնք ունենան սեփական կարծիք, տեսակէտ եւ չըլլան հլու կամակատարները այս կամ այն կուսակցութեան:
Ահա թէ ինչո՞ւ հայ կեանքը կը կաղայ ամէնուր, ազգային գիտակցութիւնը կը խամրի տակաւ, անտարբերութիւնը եւ միջակութիւնը կը գերիշխեն…
Որքան ճիշդ կը հնչեն Արամ Ա.-ի տողերը, հրատարակուած իր Հայրապետական Կոնդակին մէջ. « Այսօր, մեր կառոյցները իրենց հմայքն ու ազդեցութիւնը կորսնցնելու եւ ժամանակավրէպ դառնալու վտանգին դիմաց կը գտնուին։ Իրենց ինքնակեդրոն մօտեցումներով, աւանդական գործելաոճերով ու ոչ-այժմէական օրակարգերով, անոնք այլեւս չեն կրնար գոհացնել նոր սերունդներուն պահանջները։ Այլ խօսքով, գաղութներ չեն կրնար իրենց կազմակերպչական ուժականութիւնը ամուր պահել եւ հայօրէն շնչել շնչասպառ դարձած եւ ներկայ իրականութիւն-ներուն անհաղորդ կառոյցներով։ Արդ, կառոյցներուն վերանորոգումը ու այժմէականացումը աւելի քան հրամայական է՝ նկատի ունենալով անոնց կեդրոնական տեղն ու առանցքային դերը հայ կեանքէն ներս»։
Իսկ որեւէ կառոյց կարելի կ’ըլլայ վերանորոգել եւ այժմէականացնել, եթէ այնտեղ ներգրաւուին գործին գիտակ ու ատակ, թարմ միտքերով եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ օժտուած անձնաւորութիւններ եւ ոչ՝ այս կամ այն կուսակցութեան կամ հատուածին հլու հնազանդ կամակատարներ…

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

* * *

ԱՆԿԱԽ ԹԵԿՆԱԾՈՒ ՏՈՔԹ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՇՃԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Սոյն գրութեամբ կը փափաքիմ ծանուցել, թէ 20 Մարտ 2022ին կայանալիք Կիպրոսի Թեմի Երեսփոխանական Ժողովի ընտրութիւններուն առաջադրած եմ Անկախ թեկնածութիւնս:
Վստահ եմ, որ տասնամեակներու վրայ երկարող Հայ Եկեղեցւոյ ու Կիպրոսի Թեմին մատուցած բազմածաւալ ու անձնուէր ծառայութիւններս եւ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ ունեցած լայն փորձառութիւնս պիտի կարենամ գործի դնել ի խնդիր մեր Թեմի, մեր համայնքի եւ մեր Եկեղեցւոյ բարօրութեան ու պայծառութեան:
Կը հաւատամ, թէ Թեմական ծառայութիւնը հեռու ու անկախ պէտք է մնայ կուսակցական նեղ հաշիւներէ եւ “համերաշխութեան” լոզունգին ետին պահուըտած աթոռի առեւտուրներէ: Եկեղեցին զերծ ու վեր պէտք է մնայ նման երեւոյթներէ, իսկ Թեմի գերագոյն ժողովին մէջ պէտք է ներառուին այնպիսի անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց կենցաղով, վարքով, օրինակով ու անհատական եւ հաւաքական փորձառութեամբ պիտի օժանդակեն համախոհութեան հրամայականին ու միասնաբար դիմագրաւեն մեր թեմին եւ ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ մեր համայնքին եւ ընդհանրապէս Սփիւռքին այժմէական մարտահրաւէրները, տագնապներն ու խնդիրները:
Կոչ կ’ուղղեմ ընտրաշրջանիս` Նիկոսիոյ, ինչպէս նաեւ միւս քաղաքներու ընտրողներուն, քուէատուփին մօտենալ ամենայն պատասխանատուութեամբ ու գիտակցութեամբ, եւ անկաշկանդ խիղճով առաջնորդուած` ընտրել ա’յն թեկնածուները, որոնք անշահախնդիր կերպով պիտի ծառայեն բոլորիս հարազատ Հայ Եկեղեցիին, Կիպրոսի Թեմին ու Կիպրահայ Համայնքին:

Տոքթ. Անդրանիկ Աշճեան
Նիկոսիա, 12 Փետրուար 2022

***

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Կիպրոսի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընտրութիւններու սեմին, կիպրահայ ազգային կազմակերպութիւնները կազմեցին «ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ» համախմբումը՝ նպատակ ունենալով միասնական թեկնածուներով ներկայանալ ընտրութիւններուն, գործելով Կաթողիկոսական Փոխանորդի հովանիին ներքեւ՝ աշխատիլ յօգուտ մեր գաղութին զարգացման եւ կազմակերպ գործունէութեան:
«ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ» առաջադրանքներն են.
ա.- Աշխուժացնել մեր թեմին ազգային-եկեղեցական կեանքը եւ հետամուտ ըլլալ, որ մեր ազգային-եկեղեցական կառոյցները աշխատին ծրագրուած եւ թափանցիկ կերպով:
բ.- Արդիւնաւէտ կերպով շահագործել մեր ազգապատկան կալուածները եւ հետզհետէ լուծել տարուէ տարի շարունակուող տնտեսական դժուարութիւնները:
գ.- Բարոյապէս սատարել մեր համայնքի հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն եւ քաջալերել, որ իւրաքանչիւրը իր ոլորտին մէջ ու իրարու հետ համերաշխ շարունակեն ծառայել իրենց առաքելութեան ու նպատակին:
դ.- Օժանդակել եւ զօրակցիլ նոր սերունդներուն հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան:
ե.- Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչին հետ համախորհուրդ ու սերտ գործակցութեամբ շարունակել ապահովել մեր համայնքին պարտաւորութիւններուն կատարումը եւ իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը ալ աւելի բարելաւելու մտադրութեամբ:
Վերոյիշեալ նպատակներու իրագործման համար, «ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ»ը յառաջիկայ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընտրութիւններուն կ’առաջադրէ ներքոյիշեալ թեկնածուները.-
Նիկոսիա.-
Յակոբ Գասպարեան
Մկրտիչ Գույումճեան
Զաւէն Պագգալեան
Մանուկ Եըլտըզեան
Յարութ Տէր-Պետրոսեան
Թանիա Էօճիւրեան
Վահան Այնէճեան
Լառնագա.-
Ատուր Գարակիւլէեան
Տոքթ. Միսաք Քեշիշեան
Ռամզի Մարթին
Լիմասոլ.-
Կարպիս Ֆերահեան
Ֆամակուսթա.-
Արամազդ Էսքիճեան
Ի դիմաց՝
Հ. Յ. Դ. Կիպրոսի Կոմիտէ եւ յարակից միութիւններ
Ս. Դ. Հ. Կ. Կիպրոսի Վարիչ Մարմին
Ռ. Ա. Կ. Կիպրոսի Շրջանային Վարչութիւն
Հ. Բ. Ը. Մ. Կիպրոսի Վարչութիւն

10 Փետրուար 2022
Նիկոսիա – Կիպրոս

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert