Ara Sanjian

Վերջնականապէս հաստատուած են Մայիս 15-ին կայանալիք Լիբանանի խորհրդարանական հերթական ընտրութիւններուն մասնակցելիք ցուցակները։ 15 ընտրաշրջաններուն մէջ արձանագրուած 103 ցուցակներ, որոնց մէջ ընդգրկուած են 718 թեկնածուներ (ներառեալ՝ 118 կանայք)։

Նախապէս անհատական հիմունքներով թեկնածու ներկայացած էին 1044 անձինք։ Անոնցմէ 42-ը վերջին շաբաթներուն յետս կոչած են իրենց թեկնածութիւնը, իսկ 284 ուրիշներ տեղ չեն գտած արձանագրուած ցուցակներուն մէջ։
Կը ներկայացնենք ընտրապայքարը շարունակող հայ թեկնածուներուն եւ զիրենք ընդգրկող տարբեր ցուցակներուն խճանկարը։

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՌԱՋԻՆ ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ
Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանէն պիտի ընտրուին ութը երեսփոխաններ, որոնցմէ երեքը՝ հայ առաքելական եւ մէկը՝ հայ կաթողիկէ։
Այս ընտրաշրջանին մէջ պիտի մրցին վեց ցուցակներ։

«Պէյրութը քաղաքս է» ցուցակը ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ քաղաքացիական հասարակութեան մաս։ Այս ցուցակին վրայ ընդամէնը մէկ հայ թեկնածու կայ՝ առաքելական երեք աթոռներէն մէկուն համար՝ Լեւոն Յովսէփ Թելվիզեան, որ 2018-ին ալ թեկնածու էր եւ այդ ժամանակ հաւաքեց 114 քուէ։

«Մենք Պէյրութի համար ենք» ցուցակը կը գլխաւորէ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութիւնը։ Այս ցուցակին վրայ կան երկու հայ առաքելական թեկնածուներ՝ Արամ Սարգիս Մալեան (Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն) եւ Ժիհատ Քերիմ Բագրատունի։ Վերջինս որդին է երկար տասնամեակներ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան մէջ բարձր պաշտօններ վարած Քերիմ Բագրատունիին։ Հայ առաքելական երրորդ աթոռին եւ հայ կաթողիկէ աթոռին համար այս ցուցակը թեկնածուներ չունի։
«Ունակներ» ցուցակը ներկայացուած է «Քաղաքացիներ եւ քաղաքացուհիներ պետութեան մէջ» քաղաքական-հասարակական կազմակերպութեան կողմէ՝ նախկին նախարար Շարպէլ Նահհասի գլխաւորութեամբ։ Այս ցուցակին մէջ հայ առաքելական եւ կաթողիկէ աթոռներուն համար թեկնածուներ չկան։

«Էինք եւ պիտի մնանք Պէյրութի համար» ցուցակը ընտրական դաշինք մըն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ու նախագահ Միշէլ Աունի հիմնած Ազգային Ազատ Հոսանքին միջեւ։ Այնտեղ հայ առաքելական երեք աթոռներուն համար թեկնածուներն են Ալեքսանդր Աբրահամ Մաթոսեան (ՀՅԴ թեկնածու), Յակոբ Մարտիրոս Համբարձում Թերզեան (ՀՅԴ թեկնածու) եւ բժիշկ Ժորժ Սարգիս Ճիվէլէկեան, իսկ հայ կաթողիկէ աթոռին համար՝ Սերժ Պերճ Մելքոնեան։

«Ինքնիշխան Լիբանան» ցուցակին գլխաւոր դէմքերը երեսփոխաններ Ժան Արշակ Թալուզեանն ու Նատիմ Ժեմայէլն են։ Հանգստեան կոչուած սպայ Թալուզեան 2018-ին ընտրուած խորհրդարանին մէջ հայ կաթողիկէ երեսփոխանն էր։ Իր քաղաքական ու ֆինանսական յենարանը կը համարուի դրամատնատէր եւ ֆիլմարտադրիչ Անթուն Սէհնաուին։ 2018-իh ընտրուած խորհրդարանին մէջ, Թալուզեան որոշ ժամանակ անդամակցեցաւ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան խմբակցութեան։ Նատիմ Ժեմայէլ որդին է Լիբանանի նախկին նախագահներէն Պէշիր Ժեմայէլի։ Ան երեսփոխան է 2009-թուականէն ի վեր։ Թալուզեանի կողքին, այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական երեք աթոռներուն համար թեկնածուներն են Լէոն Ռոպէր Սեմերճեան, Դալար Լեւոն Մարկոսեան եւ Անի Միհրան Սէֆէրեան։

«Հայրենիքիս համար» ցուցակը նոյնպէս ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ քաղաքացիական հասարակութեան մաս։ Այնտեղ հայ առաքելական երեք աթոռներուն համար թեկնածուներն են Փոլէթ (Փոլա) Սիրական Եագուպեան (երեսփոխան ընտրուած 2018-ին), Տիանա Պօղոս Օհանեան եւ Մակի Կիրակոս Նանէճեան, իսկ հայ կաթողիկէ աթոռին համար՝ Պրիժիթ Ժիլպէր Չէլէպեան։
Նախապէս ներկայացած թեկնածուներէն Վարդինէ Սիմոն Օհանեան-Գէորգեան (ՀՅԴ) յետագային պաշտօնապէս քաշուեցաւ ընտրապայքարէն, իսկ հայ առաքելական թեկնածուներէն Սերուժ Զաքարիա Աբիկեան եւ Շանթալ Յակոբ Աւետիքեան, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ թեկնածու Յարութ Վիգէն Վարուժան Շահինեան՝ չընդգրկուելով որեւէ ցուցակի մէջ, ինքնաբերաբար դուրս մնացած են ընտրապայքարէն։

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ
Պէյրութի երկրորդ ընտրաշրջանէն պիտի ընտրուին տասնըմէկ երեսփոխաններ, որոնցմէ մէկը՝ աւետարանական։ Աւետարանական աթոռին կրնան յաւակնիլ նաեւ հայ աւետարանական թեկնածուներ։
Ի սկզբանէ ներկայացած էին տասնըմէկ աւետարանական թեկնածուներ, որոնցմէ մէկը հայ էր՝ Յարութիւն Սամուէլ Կէօքկէօզեան։
Այս ընտրաշրջանին մէջ պիտի մրցին ինն ցուցակներ։

Ընտրապայքարը պիտի շարունակեն ինն աւետարանական թեկնածուներ։ Կէօքկէօզեան ընդգրկուած է «Ասիկա Պէյրութն է» ցուցակին մէջ։
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՄԷԹՆԻ ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ
Լեռնալիբանանի երկրորդ կամ Հիւսիսային Մէթնի ընտրաշրջանէն պիտի ընտրուին ութը երեսփոխաններ, որոնցմէ մէկը՝ հայ առաքելական։
Այս ընտրաշրջանին մէջ պիտի մրցին վեց ցուցակներ։

«Էինք եւ պիտի մնանք Մէթնի համար» ցուցակը կը գլխաւորէ նախագահ Միշէլ Աունի հիմնած Ազգային Ազատ Հոսանքին միջեւ։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածուն է Ռիքարտօ Վահէ Մալաքեան։

«Մէթն՝ փոփոխութեան համար» ցուցակը կը գլխաւորէ նախագահ Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածուն է Գրիգոր Ժոզէֆ Մարտիկեան։

«Ազատ Մէթն» ցուցակը կը գլխաւորէ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութիւնը։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածուն է Արա Ռաֆֆի Պարտաքճեան։

«Ինքնիշխան մէթնցիներ» ցուցակը ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ քաղաքացիական հասարակութեան մաս։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածուն է Շանթ Հրանդ Սարաֆեան։

«Միասին` աւելի հզօր» ցուցակը ընտրական դաշինք մըն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ընտրաշրջանին մէջ տասնամեակներէ ի վեր տեղական հեղինակութիւն համարուող Մըր ընտանիքին ու «Ղովմի Սուրի» կուսակցութեան (Syrian Nationalist Social Party) միջեւ։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածուն է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ (արաբերէն ձեւակերպումով՝ ընդհանուր կամ գլխաւոր քարտուղար) Յակոբ Բագրատունի, որ երեսփոխան է 2005 թուականէն ի վեր:
«Դէպի պետականութիւն» ցուցակը նոյնպէս ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ քաղաքացիական հասարակութեան մաս։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածու չկայ։

Նախապէս ներկայացած թեկնածուներէն Յակոբ Հրայր Տանձիկեան մինչեւ ցուցակներու կազմութիւնն ու հրապարակուիլը պաշտօնապէս քաշուեցաւ ընտրապայքարէն։
ԶԱՀԼԷԻ ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ
Պեքաայի առաջին կամ Զահլէի ընտրաշրջանէն պիտի ընտրուին եօթը երեսփոխաններ, որոնցմէ մէկը՝ հայ առաքելական։
Այս ընտրաշրջանին մէջ պիտի մրցին ութը ցուցակներ։

«Փոփոխութիւն» ցուցակը ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ քաղաքացիական հասարակութեան մաս։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածուն է Լենա Մանուկ Կէօքճեան։
«Խօսք եւ գործ» ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածու չկայ։

«Ժողովրդական համախմբում» ցուցակը կը գլխաւորէ այս ընտրաշրջանին մէջ տասնամեակներէ ի վեր տեղական հեղինակութիւն համարուող Սքաֆ ընտանիքը։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածուն է հանգստեան կոչուած սպայ Նարեկ Փանոս Աբրահամեանը։
«Զահլէն՝ առաքելութիւն» ցուցակը ընտրական դաշինք մըն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, նախագահ Միշէլ Աունի հիմնած Ազգային Ազատ Հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածուն է նախարար Գէորգ (Ժորժ) Համազասպ Պուչիքեան (ՀՅԴ-ի թեկնածու)։
«Ինքնիշխան Զահլէ» ցուցակը կը գլխաւորէ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութիւնը։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածուն է Փիէռ Սարգիս Տէմիրճեան։

«Զահլէ կը պոռթկայ» ցուցակը նոյնպէս ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ քաղաքացիական հասարակութեան մաս։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածուն է Արմէն Ժորժ Ասֆահանի։
«Անկախ ինքնիշխաններ» ցուցակը նոյնպէս ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ քաղաքացիական հասարակութեան մաս։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածուն է Մարթին Անտրէ Տէմիրճեան։

«Կրնանք դիմակայել» ցուցակը նոյնպէս ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ քաղաքացիական հասարակութեան մաս։ Այս ցուցակին վրայ հայ առաքելական թեկնածու չկայ։
Նախապէս ներկայացած թեկնածուներէն Վիգէն Վարուժան Բարսեղեան, Պօղոս Հայրապետ Քիւրտեան, Նազարէթ Աբրահամ Գաբրիէլեան եւ Ռաֆֆի Յարութիւն Մատէեան՝ չընդգրկուելով որեւէ ցուցակի մէջ, ինքնաբերաբար դուրս մնացած են ընտրապայքարէն։

***

Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը Լիբանանի մէջ այս օրերուս պառակտուած է։ Զուգահեռ գոյութիւն ունին երկու շրջանային վարչութիւններ, որոնք զիրար կ’ամբաստանեն անօրինական ըլլալու մէջ։ Աւետիս Տագէսեանի գլխաւորած վարչութիւնը (որուն օրինականութիւնը կը ճանչցուի Լիբանանի հնչակեան ու դաշնակցական կառոյցներուն կողմէ) կը զօրակցի «հայկական աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցած» թեկնածուներուն Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ»՝ պատճառաբանելով թէ «խորհրդարանի ընտրութեան արդիւնքները [պէտք է] ըլլան մեր համայնքի եւ Լիբանանի օգտին եւ ոչ թէ հատուածի մը կամ անձի մը օգտին:» Միաժամանակ, Սեւակ Յակոբեանի գլխաւորած շրջանային վարչութիւնը (որու փաստական տնօրինման տակ կը գտնուին կուսակցութեան Լիբանանի մէջ ունեցած անշարժ գոյքն ու այնտեղ տեղակայուած ակումբներն ու հաստատութիւնները) կը զօրակցի Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանէն թեկնածու Փոլա Եագուպեան, անոր ցանկակիցներուն, ինչպէս նաեւ Պեքաայի առաջին կամ Զահլէի ընտրաշրջանէն թեկնածու Զօրավար Նարեկ Աբրահամեանին՝ պատճառաբանելով թէ «Եագուպեանի քաղաքական ու ընկերային հայեացքները մեծապէս կը համընկնին ՌԱԿ-ի Լիբանանի հանդէպ ունեցած տեսլականին հետ»:





Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert