Երուսաղէմի Պատրիարքարանի Կալուածական ՅայտարարութիւնՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ՀԱՅՈՑ

ARMENIAN PATRIARCHATE

Թվական 2 Դեկտեմբեր, 2014

Կալուածական Յայտարարութիւն

Ուրախուութեամբ կը տեղեկացնենք թէ Ուրբաթ՝ Նոյեմբեր 28, 2014-ին մեր Պատրիարքութեան հող-կալուածը Երիքովի մէջ որ կը կոչուի Մեսրոպ Նշանեան արտ վերջապէս Պաղեստինի գերագոյն ատեանի կողմէ յայտարարուեցաւ ազատ եւ վերադարձ իր իրաւական տիրոջ՝ Սրբոց Յակոբեանց Պատրիարքութեան:

Կալուածը մօտաւորապես տաս ու կէս տոնում է. եւ գեղեցիկ հող մըն է լեցուն պտղատու ծառերով եւ կանաչազարդ պարտէզներով: Այս կալուածը ժամանակին կը գործածուէր որպէս ձմեռանոց: Որովհետեւ Երիքովի օդը ձմեռ ատեն ամենամեղմ եղանակներէն մէկը ունի աշխարհիս վրայ: Կալուածին տեղը շատ արժէքաւոր քաղաքի շրջանի մէջն է, տարածուած աշխարհագրականօրէն Փորձութեան լերան մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէն Մեռալ Ծով:

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրեցին գործին յաջողութեան համար: Եւս առաւել մեր Պատրիարքութեան յարատեւ ջանքերուն առանց խնայելու որեւէ ֆինանսական միջոց դատին յաջողութեան համար:

Կալուածոց Տեսչութիւն

Ս. Աթոռոյս Երուսաղէմի

 

ՓՈՍՏԱՐԿՂ 14235 ՀեՌԱԶԱՑՆ 02-6284549 ՖԱՔՍ 02-6264861 ԵՐՈԻՍԱՂԷՄ ԻՍՐԱՅԷԷ
P.O.BOX 14235 PHONE: 02-6284549 FAX: 02-6264861 JERUSALEM ISRAEL

 

http://www.ragmamoul.net

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert