ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ

ԴՈՒՍՏՐէՆ՝  ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՀՕՐ

Հոկտեմբեր 31-ին Keghart.com կորսնցուց իր հաւատարիմ քաջալերողներէն սիրելի Տոքթ. Եսայի Յովհաննէս Աղպաշեանը (1948-2014): Լուռ ու մունջ գործող այս անզուգական բժիշկ-մտաւորականը, լայնախոհ հայրենասիրութեամբ ու համամարդկային սկզբունքներով տոգորուած՝ անսակարկ նուիրումով իր ծառայութիւնը մատուցեց ոչ միայն իր անմիջական շրջապատին, այլ նաեւ համայն հասարակութեան: Իր տիպարը առաւել եւս խորացուց լիբանանցի ժողովուրդին յարգանքն ու վստահութիւնը հայութեան նկատմամբ: Յաւերժ յարգանք իր յիշատակին: Որեւէ խմբագրական տժգոյն պիտի ըլլայ ի տես մեկնեալի դուստրին՝ Դալարի «ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ»ին որ արտասանուեցաւ քառասունքին: Զայն կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:- Խմբ.

Ես փորձած եմ միշտ ՎԵՐԱՊՐԻԼ զինք եւ ԸԼԼԱԼ հետեւորդ մը իր օրինակելիութեան:

Ոեւէ մէկը, որ կը ճանչնար հօրս, կ’անդրադառնար թէ ան դէմ յանդիման կը  գտնուէր խոհեմ եւ իրատես մարդու մը հետ:

Վաղ տարիքէն, արդէն որոշած էր նուիրուիլ մարդկութեան, յատկապէս այն կարիքաւորներուն ու կարօտեալներուն, որոնք պէտք ունէին այդ հոգատարութեան, որուն համար յետագային ընտրեց ազնուագոյն ասպարէզը՝  բժշկագիտութիւնը, բժշկածառայութիւնը:

Բացառիկ յաջողութեամբ աւարտեց իր բժշկական ուսումնառութիւնը, այն ալ բոլորովին նոր եւ օտար լեզուով մը՝  չեխերէն: Չբաւարարուեցաւ այդ ձեռք բերումով, այլ՝  յարատեւ ու մնայուն ճիգով, տիրացաւ բարձրագոյն տիտղոսներու՝  հոգեբուժական ու ջղային հիւանդութիւններու մարզերէն ներս, իր  գիտելիքները միշտ խորացնելով, արդիականացնելով ու հարստացնելով, … անդադար ընթերցելով, պրպտելով ու պեղելով, որովհետեւ համոզուած էր որ իր մասնագիտական ծառայութեան ճամբան կ’անցնէր այդ փուլէն:

Իր այս աշխարհին մէջ, ան երջանիկ ու  գոհունակ էր, սակայն մեզ կը յորդորէր չբաւարարուիլ միայն ձեռք ձգուած յաջողութիւններով, այլ ըլլալ մեր ինքնութեան տէրն ու կրողը, քանի կը հաւատար թէ նուաճումները եւ յառաջդիմութիւնները սահման չունին, այլ՝  վճռակամութեամբ կը հասուննան ու կը դրսեւորուին:

Ահաւասիկ իսկական մարդ մը, որ համակ նուիրուածութեամբ ու ծառայութեամբ, առանց խտրականութեան՝  իր ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն, բարեկամներուն, հիւանդներուն կամ ոեւէ մէկու մը միջեւ, իր դարմանումներով, խրատներով եւ օգնութիւններով դարձած էր տիպար մասնագէտ-անձնաւորութիւն մը:

Երբ ես փոքր էի ան կ’ըսէր, եթէ մէկը մեծնայ, ատիկա կը սկսի իր ընտանիքի փոքր միաւորումէն, իսկ երբ աւելի աճի, ատիկա կ’ընդգրկէ ազգային ու համամարդկային առաջադրանքները եւ անոնց գործադրութիւնը, պայմանաւ որ ենթական ըլլայ իր կոչումին եւ արժանապատուութեան հարազատ պատկերին արտայայտութիւնը:

Որպէս հոգեբոյժ, ան յաճախ մեզ կը յորդորէր երբեք չըլլալ անձնակեդրոն ու կրաւորական, այլ բաւարար իմաստութիւնը ունենալ փնտռելու ու  գտնելու այն հնարքները, որոնք շրջապատին ու մարդկութեան առողջացման ու զարգացման կը նպաստեն:

Ան որքան ալ սկզբունքային ու զօրաւոր անհատականութեան տէր էր, նոյնքան ալ մեղմաբարոյ, բարեսիրտ ու ծառայասէր նկարագիրով մը օժտուած էր, դառնալով սիրելի ու վստահելի ամուսին, ծնողք, հայր, եղբայր, հօրեղբայր, քեռայր, հարազատ ու մտերիմ:

Իր կանխահաս եւ անակնկալ մեկնումով, կարծես թէ կ’ուզէր մեզ խնայել յառաջացեալ տարիքի մը հաւանական դժուարութիւններէն, մեզ թելադրելով խորհրդածելու իր սիրած արաբ բանաստեղծ ՙԱլ Մութանապի՚ի այն իմաստուն խօսքերը, որոնք շահեկան եւ դաստիարակչական են:

Հայրս պիտի շարունակէ մեզ առաջնորդել իր մեծութեամբ ու զօրութեամբ եւ պիտի շարունակէ մնալ մեր անբաժան մասնիկը:

Դուն մեծ ու բացառիկ հայր մըն ես, մենք քեզմով միշտ հպարտ պիտի զգանք ու միշտ պիտի յիշենք քեզ, որովհետեւ բախտաւոր, երախտապարտ ու շնորհակալ ենք, որ մենք քու կեանքիդ մաս կազմած ենք:

Դուստրդ՝
Դալար Եսայի Աղպաշեան

Լոնտոն, 14 Դեկտեմբեր 2014

Դալար Եսայի Աղպաշեան գեղանկարիչ է եւ բեղուն  գործունէութիւն մը կը ծաւալէ Լոնտոնի մէջ: Հրամցուած գործը նմոյշ մըն է իր գունասկաւառակէն:

www.keghart.com

 


Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert