keghart.com– Պարոյր Յ. Աղպաշեան ,

Պէյրութ, 12 Օգոստոս 2015

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, նշումի եւ ոգեկոչումի, յիշողութեան ու պահանջատիրութեան կարգէն աւելի, եղաւ անկիւնադարձային, ուր անցեալը ու ներկան, ներկան եւ ապագան իրար ագուցելու հանգրուան մը հանդիսացաւ: Ոչ միայն այսքա՛ն:

Հարիւրամեակը դարձաւ, վերանորոգ  լիցքով ու պարունակով, հանդիպման ու համախմբան, համակարգման ու համադրման «ժամադրավայր» մը, աշխարհասփիւռ հայութեան ու Հայաստանի միջեւ, զայն ոչ միայն ամրագրելու վճռակամութեամբ, այլեւ՝ այդ հիմամբ անոր հետապնդման տալու առաւել յառաջդիմութիւն եւ արդիւնաւէտութիւն:

Հարիւրամեակը արժանացաւ միջազգային ճանաչումի, արձագանգի եւ անդրադարձի, թերեւս նոյնիսկ ի զարմանս հայութեան, բայց մանաւանդ Թուրքիոյ, նկատի ունենալով զայն լուսարձակի տակ պահելու մեծապետական պետութիւններու հետաքրքրութեանց, Հայոց Ցեղասպանութեան ենթարկուելու անհերքելի եւ անուրանալի իրողութեանց:

Կասկած չկայ, որ սփիւռքատարած հայութիւնը ու հայրենի իշխանութիւնները, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ յանձնառութեամբ ու ներգործութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման ու ճանաչման մղում տուաւ, հանդէս գալով համապատասխան կոչով կամ արարողութեամբ, ելոյթով կամ յայտարարութեամբ, հաստատումով կամ դերակատարութեամբ, ընդգծումով կամ մասնակցութեամբ, ինչ որ կը նշանակէ թէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թղթածրարը արդէն իսկ մուտք գործած է համաշխարհային դռներէն ներս, դիտարկելի յառաջընթացով ու գործընթացով:

Որքան ալ արձանագրելի ու բարենշելի ըլլան այս յաջողութիւնները, պէտք է ընդունիլ ու համոզուիլ, որ նման ուժգնութեամբ ու ծանրակշռութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան արծարծումը, հուսկ՝ զօրակցութիւնն ու կողմնամէտութիւնը անոր նկատմամբ, միշտ չէ որ կը բխին հայասիրութեան զգացումներէն կամ հայութեան սիրահարութենէն:

Միջ-պետական, միջ-կառավարական ու միջ-քաղաքական կեանքին մէջ, բացառուած չեն նման վերաբերմունքներ ու կեցուածքներ, գործնապէս թէ բարոյապէս, որովհետեւ, այս կամ այն կողմեր կը փնտռեն այնպիսի պահեր ու դրուածքներ, ուր կրնան, նոյնիսկ իրենց «շահ»երէն մեկնելով, երբեմն զօրակցիլ, երբեմն ալ հակադրուիլ այլ պետութիւններու, ժողովուրդներու կամ ազգութիւններու իրաւունքներուն, հիմնահարցերուն կամ դատերուն:

Առաւել կամ նուազ չափերով, այս է որ տեղի կ’ունենայ քիչ մը ամէն տեղ եւ քիչ մը ամէն հարցի նկատմամբ, առանց նշանակելու, թէ՝

–         Ամէն պետութիւն նոյն արժեչափով ու գործելաձեւով կը շարժի, դիրք կ’որդեգրէ, կողմ կը պաշտպանէ կամ կը քննադատէ, քանի որ կան այնպիսիներ ալ, որոնք անվախօրէն եւ անհաշիւօրէն տէրն են իրենց քաղաքական արեւելումներուն եւ աշխատանք կը տանին որ տուեալ «դատ»  մը իր արդար լուծումը ունենայ կամ ստանայ:

–         Կան նաեւ պետութիւններ, որոնք՝ համակրական ու բարեկամական են, բայց, ատկէ դուրս ոչինչով կ’օժանդակեն այլոց «դատ»ային իրաւունքներուն, բացի խօսքային ու զգացական արտայայտութիւններէն, զգուշաւոր ըլլալու դիտաւորութեամբ հաւասարակշռութիւն պահելու մտօք եւ կամ՝ չվշտացնելու որեւէ կողմ, հուսկ՝ հաւատալով թէ այդ է ձեւը ու պէտք է դիմել երկխօսութեան ընտրանքին եւ անկէ ծնունդ առած (կամ առնելիք) որոշումային եզրակացութեան:

Պէտք չէ մոռնալ, որ քաղաքական աշխարհը բարդ է, իր փորձանաւոր ու վտանգաւոր ցանցերով, պատեհապաշտ ու լարախաղաց վերիվայրումներով, որոնք կը պարտադրեն ինչ-ինչ  սադրանքներ, դիմափոխութիւններ կամ դաւադրութիւններ:

Իսկ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ, ո՞ւր չկան այդ երեւոյթները, ո՞ւր տեղի չեն ունենար, իրենց տեսանելի եւ անտեսանելի անկիւններով, իրենց աւերիչ ու քանդիչ հետեւանքներով:

*****

Այսպիսի խառնափնթոռ, խճճուած ու հանգուցաւոր կացութեան մէջ, հայ ժողովուրդը փորձեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակ, լայն ֆոնի վրայ քաղաքականացնել ու միջազգայնացնել, այն միջոցներով ու հնարաւորութիւններով, որոնք իրեն համար հասանելի ու կիրարկելի են:

Բնական է, այդ բոլորը իրականացնելու ուղիները դիւրին չէին, ճամբաները փշոտ էին, այդուհանդերձ, զանոնք յաղթահարելը հրամայական էր, մանաւանդ ա՛յս հանգրուանին, երբ նոր հարիւրամեակը նոր թափ ստանալու մեկնարկի մէջ կը գտնուի:

Որոշապէս այս գիտակցութիւնն է, որ յաղթանակեց ու տիրեց, հարիւրամեակին տալու սուր յղացք ու սլացք, ժամանակը յարմարագոյնը ըլլալով Հայկական Պահանջատիրութիւնը վերաշխուժացնելու, նոր յառաջխաղացքներով եւ ազդու իրագործումներով:

Շատերու համար, անկանխատեսելին դարձաւ կանխատեսելի, ուրիշներուն, անիրականալին՝ իրականալի, ոմանց ալ, անգործադրելին՝ գործադրելի, երբ աշխարհը «թնդաց ու թնդացուց»  Հայոց Ցեղասպանութեան պատմականութեամբ, իրաւականութեամբ, քաղաքականութեամբ, արդարադատութեամբ, աւելի մօտէն ճանչնալու զայն, ծանօթանալու անոր աննախընթաց անմարդկայնութեան ու բարբարոսութեան:

Հարիւրամեակի ոգեկոչումներու շարքին, ամենէն համաշխարհային, համամարդկային ու համաժողովրդային արարողութիւնը կը նկատուի Վատիկանի մէջ կայացածը, Հռոմի Ֆրանցիսկոս Պապի գլխաւորութեամբ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած պատարագի ընթացքին, ըսաւ. «100րդ տարելիցը յիշելը պարտադիր է» եւ անիկա «20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն է»:

Այս երեւոյթը եւ յայտարարութիւնը, որոնց ականջալուր դարձան բազմամիլիոնաւորներ, արդէն «պերճախօս յաղթանակ» մըն է, որ կը հնչէ Քրիստոնեայ աշխարհի եկեղեցական գերագոյն կրօնապետէն:

Երկրորդ կարեւոր իրադարձութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումի հաշուոյն, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած է, բովանդակ հայ ժողովուրդի, ինչպէս նաեւ օտար պետութիւններու նախագահներու ու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, պետական արժանավայել մակարդակով, աչքառու պատրաստութեամբ ու տպաւորապաշտութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին տալով նպատակասլաց բովանդակութիւն դարձեալ հանուր աշխարհի ուկնդիրներուն:

Երրորդ հիմնական զարգացումները արձանագրուեցան սփիւռքեան մեծ ու փոքր հայագաղութներուն մէջ, ոչ միայն լոկ հայկական համայնքներու, այլեւ տեղական կառավարական, քաղաքական, յարանուանական, կուսակցական եւ ընդհանրապէս համաքաղաքացիներու մասնակցութեամբ, որոնք բոլորն ալ պսակուեցան բացառիկ յաջողութիւններով եւ ուշագրաւ յաղթարշաւներով:

Այս առումով, յիշատակելի էին լիբանանահայութեան կազմակերպած յիշատակի եւ յարգանքի հանդիսութիւնները, որոնք արժանի արձագանգ գտան լիբանանցիներու մեծամասնութեան մօտ, Հայ Դատին ու Հայկական Պահանջատիրութեան իրաւունքներուն աւելիով ծանօթանալու եւ անոնց կողքին կանգնելու պատրաստակամութեամբ:

Ի դէմս այս դրական ու գործնական արդիւնքներուն, նոյնքան ալ «յաջողութեամբ» Թուրքիան… կորսնցուց բազմաթիւ կէտեր, որոնցմէ կարելի է յիշել.

ա. Յումպէտս փորձերը՝ հայաստանեան պետական-ժողովրդային ոգեկոչումները վիժեցնելու, մատնուելով ձախողութեան ու վարկաբեկելով ինքզինք:

բ. Չանաքքալէի մարտերու 100ամեակին առիթով, որ փաստօրէն դիտաւորեալ կոպիտ խաչաձեւում մըն էր Հայոց Ցեղասպանութեան դէմ, ի վիճակի չեղաւ ապահովել օտար երկիրներու նախագահական մասնակցութիւնը:

գ. Թուրքիոյ նախագահին անվայել եւ ամբարտաւան խօսքերը, ուղղուած Հռոմի Քահանայապետին, որ զայրացուց յատկապէս կաթոլիկ աշխարհի հաւատացեալները:

դ. Ջղագրգռուած Թուրքիան տուն կանչեց արտասահմանի իր դեսպաններէն վեցը, առ ի բողոք այդ երկիրներուն հայոց զօրակցած վարքագիծին:

ե. Եւրոպական Միութիւն մուտք գործելու իր «շանս»երը աւելիով ի դերեւ ելան:

*****

Այս մատնանշումներէն ետք, ի՞նչ պիտի ըլլան հայ ժողովուրդին յետագայ քայլերը, ի՞նչ քաղաքականութիւն պիտի որդեգրէ, ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւէ սպասելի մարտահրաւէրները եւ ինչպէ՞ս պիտի ծրագրէ անոնց գործադրութիւնը:

Երբեք ինքնագոհութիւնն ու ինքնաբաւարարուածութիւնը պէտք չէ ունենալ, որ ամէն ինչ իր օրին կ’ըլլայ կամ արդէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը «սեփականութիւն»ն է միջազգային ընտանիքի մեծամասնութեան, ոչ ալ շարունակել աւանդական գործելաձեւի ոճը եւ յամենալ ընդունելու ու ճանչնալու կարգախօսներուն վրայ, երբ անհրաժեշտ է նոր նուաճումներ արձանագրել:

Իսկ այս մտահոգութիւնները բառնալու կամ փարատելու համար, այլ ճամբայ չկայ, բացի՝

– Միաւորուելէ ու բռնցքանալէ՝ աւելի՛ սեղմ
– Սփիւռք-Հայաստան համագործակցելէ՝ աւելի՛ ուժեղ
– Մասնագէտներ զինուորագրելէ՝ աւելի՛ զգալի
– Երիտասարդութիւնը առաջմղելէ՝ աւելի՛ ազդու
– Արխիւներ պեղելէ՝ աւելի՛ արդիւնաշատ
– Թուրք մտաւորականութիւնը լուսաբանելէ՝ աւելի՛ գործնական
– Հողին վերատիրացումը պահանջելէ՝ աւելի՛ շեշտակի:

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert