Սեզկին Թանրըքուլու

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) խորհրդարանական խմբակցութեան փոխնախագահ Սեզկին Թանրըքուլուն, Թուրքիոյ խորհրդարան ներկայացուցած է օրինագիծ մը, որով կը նախատեսուի Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն տրամադրել 1914 թուականէն բռնագաղթի ենթարկուելու, ինչպէս նաեւ այս կամ այն պատճառով քաղաքացիութենէն զրկուածներու սերունդներուն:

Ըստ Ermenihaber.am-ի թրքական Haberaktuel.com լրատուական կայքը կը գրէ, որ օրինագիծին ընդունման պարագային քաղաքացիութիւն պէտք է տրամադրուի՝ Ցեղասպանութեան ընթացքին հայրենազրկուած հայերուն, յոյներուն եւ ասորիներուն (անոնց, որոնք դեռ ողջ են) եւ անոնց սերունդներուն (մինչեւ 4-րդ սերունդ): Համաձայն օրինագիծին Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը պիտի տրամադրուի կոտորածներու եւ բռնագաղթի ժամանակ Թուրքիոյ տարածքին բնակած քաղաքացիներուն:

Օրինագիծը կը տարածուի նաեւ 1955 թուականի Սեպտեմբեր 6-7-ին Սթամպուլի մէջ կազմակերպուած կոտորածներէն տուժած հայերուն, յոյներուն ու հրէաներուն, ինչպէս նաեւ անոնց սերունդներուն վրայ:

Օրինագիծին օրէնքի վերածուելու պարագային, Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներն ու անոնց սերունդները, ինչպէս նաեւ կոտորածներէն տուժած յոյները, ասորիներն ու հրեաները Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ստանալու նպատակով, կրնան դիմել ներքոնշեալ փաստաթուղթերի առկայութեան պարագային:

Անոնք են տուեալ ժամանակուան անձնագիրը, եկեղեցական արձանագրութիւնները, փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու արձանագրութիւնները, Օսմանեան կայսրութեան փաստաթուղթերը, ընդունող երկիրներու համապատասխան մարմիններէ Թուրքիայէն արտագաղթած ըլլալուն մասին փաստաթուղթերը:

Նշենք, որ 2014 թուականի Փետրուարին նմանատիպ օրինագիծ ներկայացուած էր նաեւ քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան (ԽԺԿ-BDP) կողմէ, որ սակայն չէր ընդունուած Թուրքիոյ օրէնդսիր մարմինին կողմէ:

www.ragmamoul.net

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert