«Իրաքի եւ ամբողջ տարածաշրջանի մէջ յստակօրէն կ’երեւի, որ «մահ սփռող մարդիկ» կան, որոնց որու հետ գործակցիլը յայտնի չէ», «Արեւելք»ին փոխանցեց Սան Փեթէրսպուրկի համալսարանի հայտրոլոճի (Hydrology) ճիւղի ուսանող, իրաքահայ ՝ Վարանդ Հայկ Լաչինեանը: Խօսելով իր ուսման հայտրոլոճի ճիւղի ընտրութեան մասին, ան նշեց, որ այս ոլորտը շատ կարեւոր է ապագայի համար, յատկապէս Իրաքի մէջ, որովհետեւ սպասուած յաջորդ տագնապը ջուրի տագնապը պիտի ըլլայ: Ան նշեց նաեւ, որ Իրաքը այս ոլորտի մէջ քիչ մասնագէտներ ունի, որոնց ամենայաջողները հայեր են եւ ներկայիս շատ մը ռուսական ընկերութիւններ Իրաք կու գան այս ուղղութեամբ աշխատելու համար:Մեր խօսակիցը, որ 3-4 տարի դասախօսի պաշտօն վարած էր Իրաքէ Գոլէճէն ներս, իրաքեան կառավարութեան կողմէ եւ անոր ֆինանսաւորմամբ ուղղարկուած է Ռուսաստան իր ուսումը կատարելագործելու նպատակով: Ան նշեց սակայն, որ երկրին անկայուն վիճակին հետեւանքով այսօր տակաւին յստակ չէ, թէ ինք աւարտելէն ետք պիտի կարենայ վերադառնալ Պաղտատ թէ ոչ:
Մասնաւորելով խօսքը Իրաքի քրիստոնեայ – հայութիւնը շուրջ, ան յայտնեց, որ անոնց ապագան Պաղտատի մէջ մութ է դիտել տալով, որ անոնց մեծամասնութիւնը կը գաղթէ դէպի Ամերիկա եւ Աւստրալիա: «Ասկէ 15 տարիներ առաջ Պաղտատի մէջ մեծ թիւով հայութիւն եղած է, հիմա հազիւ 2000 հայ կայ» ըսաւ ան, նշելով, որ հայութեան Պաղտատէն դուրս գալու հիմնական պատճառը եղած է իսլամական ուժերու կողմէ իրագործուած պայթումները եւ անոնց մեծ մասը ասկէ 10 տարիներ առաջ անցած հեռացած են դէպի Սուրիա, այնուհետեւ դէպի Ամերիկա, Գանատա, Հոլլանտա եւ այլ երկիրներ, իսկ որոշ մաս մըն ալ կը հաստատուած են Պոլիս ու Երեւան:
Անդրադառնալով Սան Փէթերսպուրկի ռուսական միջավայրէն ներս, որպէս իրաքահայ քրիստոնեայ, իրեն հանդէպ առկայ վերաբերմունքին, ան նշեց, որ սկզբնական շրջանին անոնք չէին հաւատար, որ Իրաքի մէջ հայեր կ’ապրին, մինչեւ, որ «ցոյց տայի իմ իրաքեան-արաբական անցագիրս: Անոնք համոզուած են, որ Պաղտատը հիմնահատակ կործանուած է եւ դժուար է իրենց համար պատկերացնել, որ այնտեղ տակաւին քրիստոնէութիւն կ’ապրի, եկեղեցիներ կան, ամէն Կիրակի պատարագ կը մատուցուի, հայկական դպրոց կայ» աւելցուց ան: Ան նշեց, որ ինք անձամբ լաւ յարաբերութիւններ մշակած է, նոյնիսկ տեղական պարախումբի մը անդամ դառնալով, անոնց հետ ելոյթներու կը մասնակցի, ճամբորդութիւններ կը կատարէ, սակայն Իրաքցի ոչ- քրիստոնեայ աշակերտներուն հանդէպ ընդհանուր վերաբերմունքը այնքան լաւ չէ, անոնք զգուշ կ’ըլլան եւ կը վախնան վերջիններուս հետ ազատ յարաբերելէ:
Այնուհետեւ խօսեով Իրաքի դիմագրաւած քաղաքական ճգնաժամի վտանգներուն մասին, Վարանդ Հայկ յայտնեց, որ նկատի ունենալով, որ Իրաք մտնող ջուրը կ’անցնի Թուրքիայէն Իրաքի ամենամեծ մտահոգութիւնը Թուրքիոյ կողմէ ջուրի ճանապարհի փակումն է, յատկապէս վերջերս Սուրիոյ եւ Իրաքի սահմանին եղած պատերազմական դէպքերէն ետք: «Իրաքը մեծ տէրութիւններու միջեւ շուարած է, թէ որու կողմը թեքի, որու հետ ինչ տեսակի յարաբերութիւն որդեգրէ» յայտնեց ան, նշելով, որ Ամերիկան շատ մեծ դեր կը խաղայ այս բոլորին մէջ, նպատակ ունենալով դարձեալ իր դիրքերը զօրացնել Իրաքի մէջ:
Խօսելով ներկայիս Տահէշի ձեռքը գտնուող Մուսուլի ջրամբարի ունեցած կարեւոր դերի մասին, Լաչինեան յայտնեց, որ այս ջրամբարը Իրաքի առաջին եւ ամենամեծ ջրամբարը եղած է, որ կառուցուած է ռուսերու կողմէ 50-60 տարի առաջ եւ այժմ յայտնի չէ, թէ որու իշխանութեան տակ կը գտնուի: Տահէշ ամէն գնով կը պայքարի, որ կառավարութիւնը այս ջրամբարը ձեռք չձգէ, «Ջրամբարը լարուած ռումբի նման է, եթէ Տահէշ պայթեցնէ զայն կամ կործանէ, 40 մեթր ջուր պիտի բարձրանայ եւ Պաղտատը ջուրով պիտի ողողուի» աւելցուց ան, յայտնելով, որ ջրամբարի կործանման վտանգը միշտ կայ եւ եթէ Տահէշը չպայթեցնէ զայն , կրնայ ժամանակը իր դերը խաղալ, որովհետեւ ջրամբարի ենթակառուցուածքը շատ վատ վիճակի մէջ է եւ քաոսային վիճակի մէջ է է ջրամբարի տակ եղող ժայռային հատուածը:
Այս ուղղութեամբ ան նշեց, որ ամերիկացիները 2006-ին յատուկ սուզանաւերու խումբ մը ղրկած էին այնտեղ, ստուգելու համար ենթակառուցուածքը, եւ որոնք կառավարութիւնը տեղեկացնելով իրենց ստուգման արդիւնքին մասին, յայտնած էին, որ ջրամբարը եթէ ոչ հիմա, ապա ապագային փլուզման վտանգի առջեւ պիտի կանգնի, հետեւաբար պէտք է շուտով վերանորոգման աշխատանքներ սկսիլ, սակայն կառավարութիւնը ոչ մէկ գործ չէ տարած այդ ուղղութեամբ: «Տահէշի կողմէ այդ ջրամբարի ընտրութիւնը պատահական չէ: Տահէշ գիտէ, թէ ինչքան կարեւոր է ջրամբարը Իրաքի համար եւ ինչքան ջուր եւ ելեկտրականութիւնը կ’արտադրէ» ըսաւ ան, յայտնելով, որ անոր պայթումը կրնայ Միջին Արեւելքի ամենամեծ աղէտը ըլլալ եւ ամբողջ Պաղտատը ջուրի տակ կ’երթայ:
Ան զրոյցի աւարտին յստակացուց այն գաղափարը, որ «ինչքան ալ Արեւմուտքը ըսէ, թէ ինք կը պայքարի Տահէշի դէմ, սուտ է, որովհետեւ Տահէշի մօտ միշտ արեւմտեան- արդիական զէնքեր կը գտնուին, որոնց պատճառով Իրաքի արիւնալի պատերազմը կը շարունակուի»: