Լեւոն Հայրապետյան, hetq.am

Հայոց ցեղասպանության 100-րդ տարելիցը եւ հայ ժողովրդի դիմաց ծառացող նոր մարտահրավերները, Թուրքիայի եւ Ադրբեջանի հակահայ քաղաքական աշխուժությունները, հայ-թուրքական արձանագրությունների հետկանչը ԱԺ-ից, ՀՀ վարած ներքին ու արտաքին քաղաքականությունները, դրանց ազդեցությունը համահայկական խնդիրների վրա, ՀՀ-սփյուռք հարաբերություններին վերաբերող հարցերը մեզ մղեցին հարցազրույցի նստել այնպիսի կողմի հետ, որից առավել լսել ենք նրա չվրիպող գնդակի մասին…

Մեր զրուցակիցն է Հայաստանի ազատագրության հայ գաղտնի բանակի (ԱՍԱԼԱ) քաղաքական դիվանի անդամ Արամ Հայկազյանը:

ՀԱՀԳԲ-ի մասին

-Սա ձեր կազմակերպության առաջի՞ն հարցազրույցն է հայկական ԶԼՄ-ների հետ:

-Միջազգային լրատուական գործակալութիւններու հետ ցայժմ ունեցած մեր բազմաթիւ մամլոյ ասուլիսներուն, երբեմն, թէպետ սակաւաթիւ, բայց ներկայ եղած են նաեւ Սփիւռքի հայկական մամլոյ ներկայացուցիչներ, սակայն աս մեր անդրանիկ հարցազրոյցն է հայաստանեան ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչի մը հետ:

– 90-ական թվականներից ՀԱՀԳԲ-ի ռազմական գործողութիւնները գրեթե դադարել են, դա ինչո՞վ է պայմանավորված: Եվ ի՞նչ կասեք Էրդողանին ուղղված ձեր վերջին զգուշացման մասին: Էրդողանը հայտարարել է, որ ՀԱՀԳԲ-ը սպառնացել է Գալիպոլիի տոնախմբության մասնակցելու ցանկություն ունեցող երկրների ղեկավարներին:

– Հայաստանի արեւմտեան հատուածի Նորագոյն ազգային ազատագրական պայքարը մինչեւ անցեալ դարի 90-ական թուականները անցած է տարբեր հանգրուաններէ: Կազմակերպուած եւ հետեւողական պայքարի շնորհիւ, հայ ժողովուրդի անտեսման ենթարկուած հայրենազրկութեան եւ Ցեղասպանութեան հարցերը կրկին քաղաքական բեմ վերադարձան: Հայութիւնը սկսաւ դիտուիլ ոչ թէ որպէս թափառաշրջիկ ազգային փոքրամասնութիւն, այլ՝ իրաւազրկուած ժողովուրդ մը, որ արժանապատուօրէն պայքար կը մղէ իր ազգային եւ մարդկային իրաւունքներուն համար: 60-ամեայ լռութենէ ետք, միջազգային մամուլը միանգամայն ողողուեցաւ հայութեան մասին լրատուութեամբ: Տարածուեցաւ բազմալեզու ահռելի լրատուութիւն, եղան հազարաւոր վերլուծական քննարկումներ, հրատարակուեցան հարիւրաւոր գիրքեր, միջազգային եւ ազգային ատեաններու մէջ կայացան սեմինարներ, հրապարակուեցան հայութեան ի նպաստ համերաշխութեան յայտարարութիւններ, կայացան հայ ժողովրդին դէմ իրագործուած ոճիրին եւ իրաւունքներուն մասին որոշումներ… Խաւարի մէջ պահուած թուրք սերունդները եւ անոնց ազատամիտ մտաւորականութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ծանօթացան պատմական ճշմարտութիւններու հետ, որոնց հակառակը դասաւանդած է Թուրքիոյ կրթական համակարգը՝ անցեալ 100 տարիներուն ընթացքին մէջ եւ առ այսօր: Զարթօնք ապրեցաւ նաեւ հայութիւնը, մանաւանդ նոր սերունդը, ան վերագտաւ սեփական ոյժերուն նկատմամբ իր անհետացած հաւատքը եւ յաղթանակի նկատմամբ ինքնավստահութիւնը:

1990-ական թուականներուն, միջազգային եւ ազգային տարողութեամբ էական փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, այդ թիւին՝ իրականացան Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումը եւ, մանաւանդ, Արցախի ազատագրումը: Այս փոփոխութեանց շնորհիւ հայութեան մօտ նոր իրավիճակ մը յառաջացաւ եւ նոր տեսադաշտեր ու հորիզոններ բացուեցան: Այս բոլոր իրողութիւնները մեզ՝ հայերս դէմ հանդիման բերաւ քաղաքական նոր իրավիճակի եւ, հետեւաբար, նոր գործելաոճի ընտրութեան անխուսափելիութեան առջեւ:

Իսկ մեր կազմակերպութեան Ռազմական Խորհուրդին՝ Էրտողանին ուղղուած զգուշացումը անհրաժեշտութիւն էր, եւ կը կարծենք, թէ անոր նշանակութիւնը Էրտողանը լաւ հասկցած է: Թուրքիա հրաւիրուած օտարերկրացի պետական գործիչներուն ալ կոչ ուղղուած է չմասնակցելու Էրտողանի աղտոտ խաղին: Մնացեալը Էրտողանի զառանցանքներն են:

ՀՀ-Թուրքիա եւ ՀՀ-Սփյուռք

-Հայաստանի Հանրապետության արտաքին քաղաքականության մեջ, հատկապես Հայաստան-Թուրքիա հարաբերություններում ի՞նչ դերակատարություն կարող է ունենալ Սփյուռքը:

-Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութիւն – Թուրքիոյ Հանրապետութիւն յարաբերութեանց մէջ Սփիւռքի դերակատարութեան մասին խօսելէն առաջ, ու նաեւ Հ.Հ.–Սփիւռք արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ ունենալու, զիրար զօրացնելու, Հ.Հ.–Սփիւռք միասնութեան դէմ օտար պետութեանց սադրանքները չէզոքացնելու համար, անհրաժեշտ կը նկատենք մէկ անգամ ընդմիշտ պարզաբանել ու յստակեցնել մեր տեսակէտով՝ շատ կարեւոր, նոյնիսկ՝ ճակատագրական հետեւեալ սկզբունքներն ու դրոյթները.

Ա– Թէեւ հայութիւնը անբաժան ազգ մըն է, իսկ Հայաստանը՝ մէկ ամբողջութիւն, որոնք գաղութարարական պատերազմներու եւ քաղաքականութեանց պատճառով մասնատուած են, սակայն պէտք է ընդունիլ նաեւ այն փաստը, որ Սփիւռքը՝ տարածուած ըլլալով Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Ա.Մ.Ն.էն Հարաւային Ամերիկա, Ռուսիայէն Աւստրալիա, բազմաշերտ ու բազմաբնոյթ իրողութիւն մըն է, մինչ Հ.Հ.ը, ներառեալ Արցախը, ունենալով պետական կարգավիճակ, կը գտնուի բոլորովին ուրիշ քաղաքական կացութեան, իրողութիւններու եւ պարտաւորութիւններու առջեւ:

Բ– Տարագրութեան մէջ յայտնուած Սփիւռքը, առանց իր հայրենիքն եղող Հայաստանէն ստացած աւիշին, լաւագոյն պարագային կրնայ տարբեր երկիրներու մէջ իբրեւ ազգային-կրօնական փոքրամասնութիւն ճանչցուիլ: Հետեւաբար, Սփիւռքին գլխաւոր եւ մշտական մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ Հ.Հ.ի եւ ազատագրուած Արցախի անվտանգութիւնը եւ զօրացումը, թէ՛ որպէս հայկական կայացող պետութիւն/ներ եւ թէ՛ որպէս Հայաստանի արեւմտեան հատուածի ազատագրումը երաշխաւորող հիմնախարիսխ:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի զօրացումը կարեւոր է ոչ միայն անոնց անվտանգութեան եւ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին ազատագրման դիտանկիւնէն, այլ նաեւ՝ Սփիւռքի հայօրէն գոյատեւման ու կազմակերպման համար: Իսկ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին ազատագրումը եւ մանաւանդ Հ.Հ.ի՝ դէպի միջազգային ջրաւազաններ ելքը կենսական են մեր պետականութեան բնականոն զարգացման եւ գոյատեւման համար:

Գ– Ներկայ դրութեամբ, երբ Հ.Հ.ը եւ ազատագրուած Արցախը ահա շուրջ երկու տասնամեակ կը ջանան  արցախեան նուաճումները կատարուած իրողութենէ իրաւականօրէն ամրագրելու, Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոր եւ աւելի ընդարձակ առճակատումներու մէջ – ընդ որուն՝ նաեւ Թուրքիոյ դէմ – ներքաշելը յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով:

Դ– Այլեւս գրեթէ անհերքելի փաստ է, որ մեր տարածաշրջանին քարտէսը կրկին ենթակայ է մեծ փոփոխութիւններու: Կ՛ենթադրուի, որ հին պետութիւններու հաշուին նորերը պիտի ստեղծուին: Ազգային եւ դաւանանքային ժողովրդագրական անհերքելի իրողութիւնները կ՛ապացուցեն, որ Թուրքիան եւս կը գտնուի քայքայուող պետութեանց շարքին: Անոր տապալման պարագային ոչ միայն կը վերանայ Հ. Հ.ի անվտանգութեան եւ նոյնիսկ գոյութեան գլխուն կախուած դամոկլեան սուրը, այլեւ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին ազատագրութեան կտրուածքով ի յայտ կուգան աննախադէպ հնարաւորութիւններ: Հետեւաբար, անտեսուած ու մոռցուած Հայկական Հարցը, որ 20-րդ դարի 70-ական թուականներէն սկսեալ սփիւռքահայութեան երրորդ եւ չորրորդ սերունդներուն մեծ զոհողութեանց շնորհիւ կրկին քաղաքական բեմ վերադարձաւ, այսուհետ ալ հետեւողական կերպով պէտք է պահել՝ առկա՛յծ:

Կը շեշտենք, որ այդ հետեւողական պայքարը պէտք է ընթանայ բացառապէս Սփիւռքի ինքնուրոյն միջոցներով եւ ջանքերով, առանց երբեք Հ.Հ.ն ներքաշելու այդ պայքարին եւ առճակատման մէջ: Հ.Հ.ն ազատագրական կամ պահանջատիրական պայքարին մէջ ներքաշելու ոեւէ փորձ անվերադարձ հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Մեր կարծիքով, մինչեւ Թուրքիոյ քայքայման վճռական պահը, Հ.Հ.ն այս հարցին մէջ ուղղակիօրէն միջամտելու առումով ընելիք չունի:

Այդուհանդերձ, Հ.Հ.ը մեծապէս կրնայ սատարել այս հոլովոյթին՝ երկու ուղղութեամբ.

ա – Միջազգային իրաւական օրէնքի մասնագիտական կառոյցներ ստեղծելով, հայկական իրաւունքներու վերականգնման գծով համապատասխան թղթածրարներ ապահովելով եւ այդ ուղղութեամբ ընթացող մասնագիտական ջանքերուն սատար հանդիսանալով:

բ – Կապեր հաստատել Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ ապրող՝ մոռցուած, ծպտեալ կամ կրօնափոխ դարձած հայերուն հետ:

Ե Հայաստանի Հանրապետութիւնը Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութեանց մէջ պէտք է խուսափի Սփիւռքահայութեան պայքարը վիժեցնող կամ ջլատող ուղղակի կամ անուղղակի քայլերէ եւ յանձնարարութիւններ ստանձնելէ:

Մենք Հ.Հ.- Թուրքիա զգուշաւոր յարաբերութեանց դէմ չենք: Որքան ալ ոմանց զարմանալի թուայ, մենք նոյնիսկ պիտի չընդդիմանանք եթէ Հ.Հ.-Թուրքիա յարաբերութեանց համար Հայոց Ցեղասպանութան ճանաչումը նախապայման չդրուի Հ.Հ.ի կողմէ: Սակայն կտրականապէս դէմ ենք եւ դէմ պիտի ըլլանք «պատմական հարցեր» ուսումնասիրող թուրք-հայկական կամ ոեւէ այլ բնոյթի յանձնախումբի կամ ենթայանձնախումբի ստեղծման, այդ քայլը նկատելով ոչ միայն Հայկական պայքարը հարուածող, ոչ միայն Հայաստան-Սփիւռք միասնութեան դէմ կատարուած համաձայնութիւն, այլ նաեւ հայոց արժանապատուութեան դէմ անթոյլատրելի ոտնձգութիւն: Դոյզն իսկ կասկած չունինք, որ քանի դեռ Հ.Հ.-Թուրքիա «արձանագրութիւնները» ետ չեն կանչուած, անկախ անորմէ թէ ո՛ւր կը գտնուին անոնք՝Հ.Հ.ի Ազգային Ժողովին, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մէջ թէ այլուր, Թուրքիան պիտի շարունակէ այդ հնարաւորութիւնը յօգուտ իրեն գործածել՝ Սփիւռքի պայքարը զսպելու նպատակով:

Մեկնակէտ ունենալով բոլոր նշուածները եւ անհրաժեշտ համարելով Հ.Հ.-Սփիւռք լիակատար յարգանքը, փոխըմբռնումը եւ իրական ու խորքային միասնութիւնը.

ա – Կը բացառենք Սփիւռքի դերն ու դերակատարութիւնը Հ.Հ.ի արտաքին քաղաքականութեան մէջ, իսկ Հ.Հ.-Թուրքիա առնչութիւններուն պարագային կ՛առաջարկենք, որ բացառուի Սփիւռքին պայքարը վիժեցնող կամ տկարացնող ամէն քայլ եւ քաղաքականութիւն:

բ – Անհրաժեշտ է, որ Հ.Հ.ի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները գիտակցին, թէ Թուրքիոյ դէմ «ազատագրական կամ յեղափոխական» պայքարը, պահանջատիրութիւնը, չի կրնար մղուիլ Հ.Հ.ի տարածքէն,աւելի եւս՝ Հ.Հ.ի խորհրդարանէն: Հ.Հ.ի եւ Սփիւռքի մէջ կառոյցներ ունեցող կուսակցութիւնները գիտակցելով անվտանգութեան եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող նշուած հրամայականները, պէտք է վերանային իրենց հայեացքներն ու գործունէութիւնը՝ արմատապէս:

-Երբ հայ-թուրքական արձանագրությունները հայտնվեցին ասպարեզում, Սփյուռքը առանձնապես չարձագանքեց, կամ շատ թույլ արձագանքեց: Եվ ընդհանրապես, ինչո՞ւ Սփյուռքը այսքան «անտարբեր» է դարձել Հայաստանի նկատմամբ:

Նախ յստակեցնենք՝ այդ«արձանագրութիւններ»ը ոչ թէ հայ-թրքական են, այլ՝ Հ.Հ.-Թուրքիա «արձանագրութիւններ» են: Կը կարծենք, թէ կարիք չկայ բացատրելու այս տարազումներուն բովանդակային զգալի տարբերութիւնը մէկը միւսէն:

Երկրորդ, այդ «արձանագրութիւններ»-ուն նկատմամբ մեր զսպուածութիւնն ունէր երկու գլխաւոր պատճառ:

Թէեւ 10 Հոկտեմբեր 2009-ին ստորագրուած «արձանագրութիւններ»-ով Թուրքիան իրեն համար կ՛ապահովէր բազմաթիւ հարցեր, փոխարէնը Հ.Հ.ին միայն խոստանալով սահմանի ապաշրջափակումը, այդուհանդերձ, ստորագրութեան յաջորդ օրն իսկ Թուրքիոյ մէջ շատ յստակ դարձաւ, որ իրենք նպատակ չունին վաւերացնել ստորագրուած փաստաթուղթերը: Նախորդ ժամանակաշրջանին մեզի հասած տեղեկութիւնները կը հաստատէին, որ մինչեւ 2010 թուականի Փետրուար ամիսը, երբ «արձանագրութիւններ»-ը ըստ էութեան վերջնականապէս տապալուած նկատուեցան, Թուրքիան եւ Հ.Հ. Արտաքին Գործոց Նախարարութեան այդ խայտառակ փաստաթուղթերուն հեղինակները ամէն օր կը սպասէին «ԱՍԱԼԱ-ի հակազդեցութեան»՝ զայն քաւութեան նոխազի վերածելու համար, որպէսզի առաջինն արդարացնէր վաւերացումէն իր խուսափիլը, իսկ երկրորդը՝ սեփական ահռելի ձախողութիւնն ու անհեռատեսութիւնը: Այս իսկ պատճառաւ, 20 Յունուար 2010-ին մենք նոյնիսկ խուսափեցանք մեր կազմակերպութեան հիմնադրման 35-ամեակին առիթով արդէն պատրաստ յայտարարութիւնը հրապարակելէ եւ զայն մամուլին յանձնեցինք նոյն տարուան Ապրիլի 24-ին, համատեղելով՝ Ցեղասպանութեան 95-րդ տարելիցն ու մեր կազմակերպութեան 35-ամեակը:

Երրորդ՝ մենք մեր ինքնազսպութեամբ առիթ չ՛ընծայեցինք, որ թրքական սադրանքը պառակտման ու առճակատման առաջնորդէ Հ.Հ-ը եւ Սփիւռքը: Այդ «արձանագրութիւններ»ը հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ նորանկախ հայկական պետութեան ապրած առաջին մեծ փորձառութիւնն էր, որ, բարեբախտաբար, տապալեցաւ Էրտողանի ագահութեան պատճառով:

-Ներկա դրությամբ Թուրքիան ի՞նչ ծրագրեր է հետապնդում եւ ի՞նչով կարող է սպառնալ հայկական կողմին:

-Թուրքիան կ՛աշխատի երեք ուղղութեամբ.

ա– Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ զարգացումներուն հետեւանքով միջինարեւելեան իր ծրագիրները ձախողելէ ետք, Թուրքիան կը փորձէ ռուս-ամերիկեան հակամարտութեան սրման պատեհ առիթը գործածել ու Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ եռակողմ ռազմական համաձայնագիր ստորագրելով, աւարտին հասցնել Հայաստանը տարածաշրջանէն ներս մեկուսացնելու իր հետապնդած ծրագիրը: Ապրիլի 3-ին, Վրաստանի մայրաքաղաք Թպիլիսիի մէջ երեք պետութեանց պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ այս հարցը: Նման քննարկում չէր կրնար տեղի ունենալ առանց ՆԱԹՕ-ի եւ Ա.Մ.Ն.ի համաձայնութեան:

բ– Թուրքիան, հասարակական կազմակերպութիւններու մակարդակով, կը փորձէ Հ.Հ.ի նկատմամբ իրականացնել «բերդը ներսէն գրաւելու» քաղաքականութիւն, գիտակցելով այն իրողութիւնը, որ Ա.Մ.Ն.ն ու եւրոպական մեծ պետութիւնները, մեկնած իրենց տարածաշրջանային քաղաքականութենէն, ուղղակիօրէն շահագրգռուած են Հ.Հ.-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու ստեղծմամբ եւ 2004 թուականէն սկսեալ ծրագրուած կերպով կ՛աշխատին հայ-թուրք քաղաքացիական հասարակութիւններու մերձեցման ծրագիրի վրայ, փորձելով լուսանցքի վրայ ձգել Սփիւռքի ենթադրեալ «ծայրայեղականներ»ը՝ նախապատուութիւն տալով թուլցած Հայաստանի հետ ուղիղ երկխօսութեան:

Նիւթական աջակցութեան կարիք ունեցող «հասարակական կազմակերպութիւններու արհեստանոցը» միայն 2015 թուականին համար պիտի ստանայ շուրջ 2 միլիոն եուրօ յատկացում, մինչդեռ նման գործունէութեան քաղաքական շահոյթը կը քաղէ Թուրքիան: Այս գծով, անհրաժեշտ է զգօն ըլլալ:

գ– Հ.Հ.ը եւ Սփիւռքը իրարու դէմ լարելը, Հայաստանը ներսէն անկայունացնելն ու Սփիւռքը պառակտելը կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ մշտական ծրագիրներու անբաժան մասը: Սակայն Հ.Հ.-Սփիւռք սկզբունքայնօրէն համաձայնուած, ծրագրուած, կայուն եւ արդիւնաւէտ յարաբերութեանց առկայութիւնն ի սկզբանէ կ՛ամլացնէ թրքական կողմին ամէն տեսակի սադրանքը:

Սփիւռքի հետ երկխօսութիւն սկսելու Թուրքիոյ յայտարարած ցանկութեան կապակցութեամբ, կը յայտարարենք, որ Թուրքիա-Սփիւռք երկխօսութիւն կարող է սկսիլ միայն այն ժամանակ, երբ Թուրքիան ընդունելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հատուցմա՛ն շուրջ բանակցութիւններ սկսելու իր պատրաստակամութիւնը կը յայտարարէ: Առանց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ անոր դիմաց հատուցում կատարելու նախապայմանն ընդունելուն, որեւէ երկխօսութիւն չի կրնար սկսիլ Թուրքիոյ եւ Սփիւռքի միջեւ: Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող եւ երկրին մէջ բնակող հայ անհատներէն զատ, թուրք պետական ներկայացուցիչի մը հետ ոեւէ սփիւռքահայի շփումը կրնայ միայն ծառայել Սփիւռքը պառակտելու թրքական ծրագիրին:

ՀՀ-Արցախ-Սփյուռք

Ընդհանրապես ի՞նչ ձեռքբերումներ ունեցանք անկախությունից հետո: Ինչպե՞ս եք գնահատում Հայաստանի եւ Արցախի իշխանությունների վարած ներքին եւ արտաքին քաղաքականությունը։

-Հոս եւս ճշդենք՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ, քանի որ կը հաւատանք, թէ Հայաստանի տարածքը շա՜տ տարբեր է Հ.Հ.ի եւ Արցախի գումարային տարածքէն:

Երկրորդ՝ անկախութիւնն ինքնին նուաճում է: Ինքնիշխան եւ ինքնուրոյն ապրիլը հայ ժողովուրդին երազանքն եղած է դարերով: Միւս կարեւոր նուաճումը Արցախի ազատագրումն է: Աս ռազմական եւ բարոյա-հոգեբանական մեծ յաղթանակ է, որով հայութեան մօտ արմատաւորուեցաւ ոչ միայն արդէն իսկ վերադարձած՝ սեփական ոյժին նկատմամբ վստահութիւնը, այլ նաեւ Հայրենիքին գրաւեալ տարածքները ազատագրելու եւ յաղթանակներ արձանագրելու իրողութիւնը:

Անկախութեան յաջորդող առաջին տարիներու խանդավառութենէն եւ Արցախեան ճակատամարտի յաղթանակի ոգեղէն լիցքաւորումէն ետք, ցաւօք, ինչպէս ականատես են բոլորը, թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ նահանջ կ՛ապրինք:

Ձեր կարծիքով ի՞նչ գործոններ են խոչընդոտում երկրի զարգացմանը: Եվ ինչպիսի՞ն կարող է լինել Սփյուռքի դերը այդ խոչընդոտների վերացման մեջ:

– Համախառն Ներքին Արդիւնքի (ՀՆԱ) առումով՝ գրեթէ աղքատ, նորանկախ պետութիւն մը երբ «կոռումպացուած» ըլլայ, իր դէմ կը փակէ զարգանալու հնարաւորութիւնները:

Որպէսզի Հ.Հ.-ը արդիւնաւէտ կերպով զարգանայ, երկրէն ներս նուազին լարուածութիւններն ու առճակատումները, Հ.Հ.ի Ազգային Ժողովէն ներս գտնուին մասնագիտօրէն իրենց գործին գիտակ եւ քաղաքացիներուն հոգերով ապրող անձեր, դատական եւ գործադիր իշխանութիւններն աշխատին իրարմէ անկախ եւ արդիւնաւէտ, տնտեսութեան մէջ նուազագոյնի հասցուի փչացածութիւնը եւ տնտեսութիւնը դառնայ կենսունակ ու մրցունակ, Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս նախ եւ առաջ պէտք է իշխանութիւն ձեւաւորուի առանց ընտրախախտումներու, իսկ ընտրախախտումներն ու ընտրակեղծիքները արգելակող միակ միջոցը երկրին մէջ ուժեղ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու առկայութիւնն է: Սփիւռքի կառոյցներն այս հարցին մէջ չեն կրնար օգտակար դառնալ Հայաստանին. անոնք, թէեւ մեծաւ մասամբ կը գործեն ժողովրդավարական միջավայրերու մէջ, սակայն իրենք շատ անհանդուրժող են ու ժողովրդավարական սկզբունքներէ հեռու: Հայկական համայնքներուն պատկերը, Հայ Եկեղեցւոյ՝ մինչ օրս պառակտուած ու թալանուող կառոյց ըլլալու իրողութիւնը կ՛ապացուցէ այս փաստը:

Տնտեսական զարգացման գծով, կը հաւատանք, որ Սփիւռքի թէ՛ ուղղակի օժանդակութիւնը, թէ՛ դրամական ու մասնագիտական ներոյժին ներդրումը, կրնան նոյնիսկ տասնապատկուիլ, երբ, ինչպէս նշեցինք, Հ.Հ.-ում ձեւաւորուի օրինական իշխանութիւն եւ խորանան վստահութիւնները:

-Կա տեսակետ, որ Արցախյան հաղթանակներից հետո մեզ չհաջողվեց ռազմի դաշտում ձեռք բերված հաջողություններն ամրագրել դիվանագիտական փաստաթղթերում: Ինչպե՞ս եք գնահատում մեր արտաքին քաղաքականությունը այս հարցում: Ի՞նչ սպառնալիքներ էք տեսնում ՀՀ-ի եւ Արցախի առջեւ։

-Ճիշդ է, որ Արցախեան հարցին մէջ մենք ինքնակամօրէն կորսնցուցինք Լեռնային Ղարաբաղի՝ որպէս հակամարտող եւ բանակցային կողմի, մեծ ճիգերով եւ դժուարութեամբ ձեռք բերուած կարգավիճակը, եւ իրականութիւն է, որ մինչեւ 1998 թուականը Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խումբին համանախագահները իրենց գրաւոր առաջարկները Հայաստանէն եւ Ատրպէյճանէն բացի կը ներկայացնէին նաեւ Արցախին, ինչը կը նշանակէր, որ վերջինիս համաձայնութիւնը պարտադիր էր կարգաւորման որեւէ տարբերակի իրագործման համար, կայ նաեւ տեսակէտ, որ 1994 թուին զինադադարի փոխարէն հայկական կողմը պէտք է «անվերապահ անձնատուութիւն» պարտադրեր հակառակորդին: Անհրաժեշտ է, որ այս հարցերը քննարկման առարկա դառնան, սակայն, այսօր մենք կը գտնուինք նոր իրավիճակի մը առջեւ, որ նոր լուծումներ կը պահանջէ:

Արցախեան Հարցին հետ առնչուող բոլոր զարգացումները կը փաստեն, որ այդ խնդրին բարենպաստ լուծումը՝ Արցախի ինքնորոշման ճանաչումը եւ ֆիզիքական անվտանգութիւնը, առաւել եւս Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայի աշխարհաքաղաքական դիրքին հզօրացումն ու անվտանգութիւնը ունին երկու նախապայման՝ կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին Արցախի զանգուածային վերաբնակեցումը, որու մէջ զգալիօրէն թերացած ենք, իսկ երկարատեւ ժամանակահատուածին՝ Ատրպէյճան կոչուած բազմազգ պետութեան մասնատումը:

Առանց Արցախի զանգուածային բնակեցման, հարցի քաղաքական որեւէ լուծում մեզի ի վնաս ըլլալու է, եւ այդ պարագային՝ հայկական դիւանագիտութենէն տրամաբանական չէ հրաշքներ սպասել: Տարածաշրջանային բոլոր նմանատիպ առճակատումները, իսրայէլա-պաղեստինեան, քիւրտ-թրքական, թուրք-կիպրական եւ Քոսովոյի ալպանա-սերպական տարբերակները, առանց բացառութեան, կը փաստեն վերոյիշեալ ժողովրդագրական ազդակին առաջնային դերակատարութիւնը: Միւս կողմէ, եթէ չմասնատուին Ատրպէյճանը կամ Թուրքիան, ռազմական սպառնալիքէն բացի, ոյժերու անհամաչափութիւնն ինքնին պիտի վերածուի երրորդ կողմերու համար քաղաքական շահարկման առարկայի, բնականաբար՝ տկար կողմի իրաւունքներուն ի վնաս: Սահմանին կորուստներ ունենալով հանդերձ, հայկական իրաւունքներու դէմ ուղղուած սպառնալիքը այս ժամանակահատուածին առաջին հերթին քաղաքական է, քան ռազմական: Արցախի զանգուածային բնակեցումը աւելի դիւրին եւ արդիւնաւէտ գործ է, քան պատերազմներով կացութիւններ պարտադրելը:

ՀՀ-ԵՏՄ

-Հայաստանը դարձավ ԵՏՄ անդամ: Մեր պաշտոնյաները հայտարարում էին, թե ԵՏՄ անդամակցությունը ՀՀի անվտանգության երաշխիքն է: Վերջին մեկ տարվա ընթացքում ՀՀ եւ Արցախի սահմաններում տեղի ունեցած դեպքերը ցույց տվեցին, որ ԵՏՄ-ն չի կարող անվտանգության երաշխիք լինել: Մյուս կողմից` Ռուսաստանը Ադրբեջանի զենքի ամենամեծ մատակարարն է: Արդյո՞ք Հայաստանը պետք է անդամակցեր ԵՏՄ-ին:

-Ռազմական բազմակողմ բոլոր դաշինքները երբեւէ անվտանգութեան երաշխիք չեն եղած: Բազմակողմ դաշինքները շատ աւելի թոյլ են աշխատած կամ ընդհանրապես չեն աշխատած, քան երկկողմ դաշինքները: Ապացոյցները քիչ չեն: Կիպրոսի հարցին մէջ ՆԱԹՕ-ի երկու անդամ՝ յունական ու թրքական պետութիւններու առճակատումը մնաց երկու պետութեանց միջեւ: Աւելի առաջ՝ Հնդկաստանի պատերազմը Փաքիստանի դէմ, երբեք ոտքի չհանեց Փաքիստանի զինակիցները՝ ՆԱԹՕ-ին կցուած ՍԵՆԹՕ-ի ռազմական դաշինքի անդամները, այդ թիւին՝ Թուրքիան եւ Իրանը: Իսկ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնն ընդհանրապէս ռազմական դաշինք ալ չէ եւ անկէ նման սպասելիք մը՝ տրամաբանական չէ:

Հետեւաբար, պէտք է մենք մեզի հարց ուղղենք. Ե.Տ.Մ.ի մէջ կամ այլուր ի՞նչ նպատակ, ի՞նչ քաղաքականութիւն կրնայ իրականացնել աղքատ քաղաքացիներով աղքատ պետութիւն մը, որու քաղաքացիներուն գրեթէ կէսը արտագաղթած է: Եւ կա՞յ արդեօք նպատակ, որուն հասնելու համար նախապայման չէ ուժեղ ըլլալը…

Մեր մօտ, դժբախտաբար, յառաջացած է վստահութեան եւ հաւատքի շա՛տ մեծ պակաս: Մանաւանդ կայ առաջնորդներու նկատմամբ վստահութեան ահռելի կորուստ, ինչը ներկայ պայմաններուն մէջ ամենածանրն է:

Ամէն մէկ նպատակի եւ հարցի յաջողութեան մէջ առաջնային դերը կը կատարէ մարդկային գործօնը: Այս ճշմարտութիւնն ապացուցող բազմաթիւ օրինակներ կան. քիչ թէ շատ նման պայմաններու մէջ գտնուող երկիրներէ ոմանք կեանքի թելադրանքներէն ետ կը մնան, մինչ միւսները մեծ թափով կը յառաջադիմեն: Նոյնիսկ աշխարհագրական, հումքային եւ կլիմայական աւելի անբարենպաստ պայմաններու մէջ գտնուող երկրներ, կրնան յաջողիլ եւ աւելի մեծ նուաճումներ ապահովել, քան աւելի լաւ պայմաններու մեջ գտնուողներ…

Կրկնենք՝ առարկայական անժխտելի իրավիճակներէն անկախ, հիմնական դերակատարութիւնը միշտ պատկանած է մարդկային գործօնին:

-ԱՍԱԼԱ-ն ներկայացուցիչ ունի՞ Հայաստանում:

-Ո՛չ, մենք ոեւէ ներկայացուցիչ չունինք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Այս հարցին յստակօրէն պատասխանած ենք դեռ Հ.Հ.ի անկախութեան առաջին տարիներուն: Նաեւ ճշդած ենք, որ ասիկա ունի իր պարզ բացատրութիւնը, ինչպէս արդէն նշեցինք նախորդ հարցերու պատասխաններուն մէջ: Շեշտենք՝ մենք կտրականապէս դէմ ենք այս ժամանակահատուածին Հայաստանը իբրեւ պետութիւն ազատագրական պայքարի դաշտ ներքաշելուն:

Ինչպե՞ս կարելի է վստահել ՀԱՀԳԲի անունից հրապարակվող որեւէ հայտարարության հավաստիությանը:

-Սադրիչ որեւէ յայտարարութեան հերքումն այսուհետ մենք կ՛ուղղենք Ձե՛ր լրատուական կայքին: Առիթէն օգտուելով յաւելենք, որ ատրպէյճանական լրատուութեան կողմէ մեզի վերագրուող եւ անոր կողմէ հրապարակուած բոլոր լուրերն ու մեր անունը շօշափող սպառնալիքներն ամբողջովին անհիմն են: Մենք մեր յայտարարութիւններուն օրինակը միշտ կ՛ուղղենք Հ.Հ.ի եւ Սփիւռքի հայկական մամուլին: Այս շրջագիծէն դուրս մեզի հասցէագրուողները սադրանք նկատեցէ՛ք:

-Ինչ պատգամ կուղղեք Ցեղասպանության 100-րդ տարելիցի առիթով:

-Հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին, յատկապէս երիտասարդութեան կոչ կ՛ուղղենք չարտագաղթել: Բացի մարդկային կորուստէն, միւս բոլոր կորուստները հնարաւոր է վերականգնել:

Քանի դեռ անդառնալի կէտի չենք հասած եւ մեծ կորուստներ չենք ունեցած՝ սթափեցման կոչ կ՛ուղղենք իշխանաւորներուն:

Հ.Հ.ի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններէն, քաղաքական գործիչներէն ու մտաւորականութենէն կը պահանջենք, որ հայութեան մէջ խօսքով ու գործով արմատաւորեն սեփական երկրին, մշակոյթին եւ պետութեան նկատմամբ յարգանքն ու ամուր կապուածութիւնն անոր:

Գիտակից հոգեւորականներէն կը պահանջենք ժողովուրդին նկատմամբ դրսեւորել հոգատարութիւն եւ անարդարութեանց դէմ բողոքելու քաջութիւն:

Սփիւռքահայութեան կը մաղթենք՝ վերադարձի հաւատքի արմատաւորում եւ Հ.Հ.ի ու Արցախի քաղաքացիներուն գործնականօրէն զօրակցիլ՝ իրենց նախընտրած ձեւով:

Մենք պէտք է հաւատանք մեր միտքի կարողութեան եւ հաւաքական ոյժին: Միայն այդ պարագային է, որ կրնանք բացականչել՝ Յաղթանակը մե՛րն է:

Աղբյուրը՝ hetq.am/arm

 


 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert