Մտորումներ Վերջին Առաջնորդական Ընտրութեանց Առիթով

Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճէլըս, 1 Յունիս 2016

Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին այս հիւանդագին եւ ողորմելի, ժողովուրդը քնացնելու, խաբելու ժամանակավրէպ խաղերը: Անձերը չեն մեր մտահոգութիւնները, այլ ընտրական կանոնագրային խախտումները, որոնք կը նսեմացնեն Եկեղեցւոյ եւ արժանաւոր եկեղեցականներու արժանապատուութիւնը: Լոս Անճէլըսի տեղական մամուլէն կ’իմանանք որ Ուրբաթ 6 Մայիս, 2016-ին գումարուեր է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան (Ս. Էջմիածնական) Թեմի 89-րդ Պատգամաւորական Ժողովը:

«Պատգամաւորները բարձր գնահատելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի անձնուէր բազմակողմանի ծառայութիւնները, Թեմիս կանոնագրութեան համաձայն վստահութեան քուէ տուին Թեմակալ Առաջնորդին, որպէսզի 2017-ի Մայիսի սկիզբը գումարուելիք 90-րդ տարեկան Պատգամաւորական Ժողովի աւարտէն սկսեալ 7 տարուան շրջան մըն ալ պաշտօնավարէ որպէս Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդը»: Նկատի ունենալով որ վերնտրութիւնը տեղի ունեցած է Առաջնորդի պաշտօնավարութեան շրջանի աւարտէն տարի մը առաջ, ինչ որ շատ անսովոր երեւոյթ մըն է մեր Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, այս քայլը մեզի իրաւունք կու տայ յայտարարելու որ 2016-ի պատգամաւորական Ժողովը այս ձեւով կապտած եղաւ յաջորդ՝ 2017 թուականին գումարուելիք պատգամաւորական Ժողովին՝ առաջնորդ ընտրելու իրաւունքն ու պարտականութիւնը:  Տեսնուա՞ծ բան է…:  Այս ի՞նչ կատակերգութիւն է:

«Հայաստանեան ծրագիրներու շարքին նորագոյնը եղաւ «Հայրենեաց Պաշտպանութեան Ֆոնտը» որ վերջերս հաստատեցինք եւ առ այսօր շուրջ 500,000 Տոլարի փոխանցում կատարած ենք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հաշուին մէջ»: Կարճ Մեկնաբանութիւն – գումարը փոխանցուած է եւ առաջնորդութիւնը ապահովուած: Ընթերցողը ի՛նք թող տայ գնահատականը կատարուած կատակերգութեան:

Դարձեալ, ա՛յլ պաշտօնական հաղորդագրութենէ մը կը քաղենք հետեւեալ տեղեկութիւնները. «Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը 21 եւ 22 Մայիս 2016ին գումարեց իր 44րդ նստաշրջանը, սպառիչ քննարկման ենթարկեց իր օրակարգը, որուն վրայ էին թեմակալ Առաջնորդի եւ զոյգ գործադիր իշխանութիւններուն՝ Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան նոր կազմերու ընտրութիւնը։ Ժողովը ծանօթացաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ տրամադրուած եռանուն ցանկին եւ փակ քուաէրկութեամբ ու ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ վերընտրեց Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը՝ պաշտօնավարութեան 6րդ քառամեակի մը համար»։

Պարզապէս պիտի փափաքէի կանոնագրական նշում մը կատարել այստեղ:  Նախ յայտնեմ որ ամիսներ առաջ արդէն գիտէինք որ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի վերընտրուէր իր կատարած «ծառայութեան» համար, հետեւաբար նորութիւն չէր իր վերընտրութիւնը-վերանշանակումը:  Զարմանալին ա՛յն է որ Արամ Կաթողիկոս իր եռանուն ցանկը  (Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Ֆրէզնոյի նորափետուր 23 տարեկան նոր Հովիւը, Տաճատ Վրդ. Աշըգեան) կը ներկայացնէ ընտրութեան նախորդ օրը միայն:

Պաշտօնական հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ «ձայներու մեծամասնութեամբ վերընտրուած» է Առաջնորդը, բայց մոռցած է յայտարարելու որ 11 երեսփոխաններ ճերմակ թուղթ յանձնած էին, ինչ որ մեզի լրջօրէն մտածել կու տայ թէ քուլիսներու ետին ինչե՜ր կը կտարուին: Հաւանաբար ընթերցողը հարց տայ թէ ինչպէ՞ս կարելի է նման լուրջ ընտրական հարցի մը պարագային եռանուն ցանկին հաղորդումը  վերջին օրուան թողուլ: Մի՛ զարմանաք. սա առաջինը չէ, եւ ո՛չ ալ վերջինը պիտի ըլլայ. այս խաղերը միշտ ալ պիտի շարունակուին:

Միշտ ալ յայտած ենք այն միտքը, տեսակէտը,  որ դէմքերու յաւերժացումը ճահճացում կը յառաջացնէ: Քսանմէկերորդ դարու սեմին, անհրաժեշտ է նոր շունչ տալ համայնքներուն:  Հարցեր կան որոնց մասին չենք ուզեր խօսիլ, որովհետեւ կը կարծենք որ կը մեղանչենք:  Ժամանակը հասած է շատոնց, որ պատմութեան ներկայ հագրուանին, Եկեղեցւոյ կարիքները քննուին անյապաղ ու ժողովրդային լայն գործօն մասնակցութեամբ, դուրս վանելով այդտեղէն ամիրայական ջոջականութիւնն ու «օլիկարխներու» աւատապետութիւնը:

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ սփիւռքեան թեմերուն մէջ կան «ընտրուած» եւ «վերընտրուած», աւելի ճիշտ պիտի ըլլար ըսել՝ նշանակուած եւ վերանշանակուած «առաջնորդներ» որոնք հաւանաբար մոռցած են թէ  դրուած են այդ պաշտօնին:  Անշուշտ շա՜տ պարզ է հասկնալ որ, եթէ անձ մը քառասուն տարիներ շարունակաբար մնայ իր պաշտօնին վրայ, հոգեբանօրէն կը սկսի մատածել որ ինք անփոխարինելի է, որովհետեւ իր եսով այնքան յափշտակուած  է՝ որ ողջմտութեան բոլոր պատնէշները փլած ու անցած է:  Այնպիսիներուն կ’արժէ յիշեցնել որ գերեզմանատուներու մէջ իրենց պէս ապականած եւ նեխած «անփոխարելիներ» շա՜տ կան:

Երբեք պիտի չփափաքինք ստորագնահատել այն բացառիկ եկեղեցականները, որոնք իրեն կենցաղով լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանան իրենց քարոզած ճշմարիտ խօսքերուն: Այդու հանդերձ, կը հաւատանք որ նոր դէմքերու հետ նոր հորիզոններ կը բացուին, նոր գաղափարներ կը ծնին, որովհետեւ իւրաքանչիւր սերունդ, հետեւելով քաղաքակրթութեան յառաջընթացին, իր նոր ըմբռնումները եւ ոճը կբ բերէ իր ծառայութեան դաշտին՝ իր Թեմին ու իր Եկեղեցիին:

Այս կարծեցեալ անփոխարելիները եթէ հրաշք պիտի գործէին՝ իրենց «իշխանութեան» առաջին երկու ժամանակաշրջաններուն արդէն  իսկ իրագործած պիտի ըլլային զայդ:  Հետեւաբար, մերժելով նոր դէմքերու ներկայութիւնը՝ նոր կարողութիւններու բացայայտման հնարաւորութիւն ընծայած չենք ըլլար, եւ կը մնանք նո՛յն ճահճացումին մէջ, առիթ տալով նո՛յն տասնեակ մը «մենաշնորհեալներուն» որպէսզի շահագործեն Եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը ու կեղեքեն անոր նիւթական ու կալուածային կարողականութիւնները, ի նպաստ իրենց կուսակցական եւ անհատական շահերուն:

Հետեւաբար՝ աստիճանաբար յառաջ կու գայ սա վաւերական մտահոգութիւնը, թէ ինչպէ՞ս պէտք է փոխարինել եւ ո՞վ պիտի փոխարինէ: Բոլոր անոնք որոնք կ’ապրին Արեւմտեան քաղաքակիրթ զարգացած երկիրներու մէջ, շատ լաւ գիտեն որ նախագահներ կ’ընտրուին երկու ժամանակահատուածի համար ու ապա կը հեռանան այդ պաշտօնէն:

Կասկածէ վեր է, եւ դարերու ընթացքին փաստուած իրականութիւն, թէ մեր կեանքին մէջ Եկեղեցւոյ վերապահուած է կարեւոր դերակատարութիւն մը  որպէս բարոյական հեղինակութիւն, եւ ո՛չ թէ բռնակալ  իշխանութիւն, եւ որպէսզի կարենանք ստեղծել այս իտէալ բարոյական հեղինակութիւնը՝ անհրաժեշտ է ունենալ անբասիր զարգացած եկեղեցականութիւն, գիտակից իր ուխտին եւ առաքելութեան, նոյն ատեն ունենալով թափանցիկ կառոյց-կազմակերպութիւն մը՝ իր հոգեւոր եւ վարչական բոլոր բաժանումներով, խարսխուած սահամանադրական բոլոր կանոնագրութեանց վրայ:

Այս դժբախտ կացութեան՝ բոլորս ալ, քաղաքական իշխանութիւն, կրաւորական մտաւորականութիւն եւ մամուլ` յանցաւոր ենք որ թերացած ենք մեր ազգային պարտականութեան մէջ, եւ չենք կատարեր անհրաժեշտ քննադատութիւններ՝ բարոյական սկզբունքներէ մեկնելով եւ ապագայի լուրջ մտահոգութեամբ հանդէպ բոլոր անոնց, –կազմակերպութիւններ կամ անհատներ, ինչ որ ալ ըլլան իրենց հանգամանքները,– որոնք կը չարաշահեն իրենց աթոռներն ու պաշտօնները եւ կ’անպատուեն ու կ’եղծանեն ազգին բարոյականութեան բոլոր չափանիշները:

Ժողովուրդը պէտք է գիտնայ եւ հաշիւ պահանջէ բոլոր այն կասկածելի գործերու մասին, որոնք կը կատարուին Եկեղեցիէն ներս եւ կամ եկեղեցականներու ձեռամբ:  Լռութիւնը ոսկի չէ այս պարագային, այլ՝ մեղսակցութիւն: Երբ դիրքի, աթոռի չարաշահում կայ, անհրաժեշտ է խօսիլ այդ մասին եւ հանգամանօրէն հաշիւ պահաջել, եթէ կը փափաքինք ազգաշէն գործ կատարել:

Ժողովուրդը պէտք է հասնի ինքնագիտակցութեան ա՛յն մակարդակին որ քաջութիւնը ունենայ խօսելու եւ պահանջելու իր անսակարկ մասնակցութեան իրաւունքը ա՛յն աւատապետներէն եւ ջոջերէն՝ որոնք կը յաւակնին ըլլալ ազգին ներկայացուցիչները: Աւելի արդար եւ ճշմարիտ պիտի ըլլար կոչել զիրենք՝ ազգը կեղեքող կեղծ ներկայացուցիչները:

Եթէ չխօսինք այս հարցերու մասին, եւ եթէ շարունակուի այս գայթակղութիւնը, ո՞վ պիտի ըլլայ յանցաւորը:  Խորապէս համոզուած ենք որ եթէ սրտցաւ ազգայիններ, մտաւորականութիւն եւ պահանջատէր երիտասարդութիւն չհակազդեն եւ հրապարակ չգան լուսաբանութեան արդար պահանջով, այնուհետեւ պէտք չէ զարմանալ որ այս ընտրութիւնները-նշանակումները պիտի շարունակուին, եւ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնն ալ, անգիտակ այս կացութեան, պիտի շարունակէ մնալ իր ճահճացումին մէջ:

www.keghart.com

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert