«Անցնող օրերը Հալէպի ամէնածանր օրերն էին, 5 զոհեր տուինք, որոնցմէ 3-ը երիտասարդ, ինչպէս նաեւ պատանի մը եւ անոր քոյրը հողին յանձնուեցան»,- «Արեւելք»-ին յայտնեց հալէպահայ Վազգէն Մեսրոպեան: Մեսրոպեան, որ ՍԴՀԿ Հայաստանի Վարիչ Մարմնի փոխատենապետն է, նաեւ մատնանշեց, որ Հալէպ գտնուող հայութիւնը այսօր մահուան դէմ կը պայքարի, ու այդ առումով հարկաւոր են արագ եւ գործնական միջոցներու գործադրումը: Ան այս առումով ըսաւ. «Ճիշդ է, որ Հալէպի հարցով մենք կը ծանրանանք Հայաստանի կառավարութեան, անոր Արտաքին Գործոց նախարարութեան եւ նոյնիսկ նախագահին վրայ, բայց իրաւացի ըլլալու համար պարտաւոր ենք խնդրին այլ դիտանկիւնէ մօտենալու: Մենք սփիւռքի մէջ Կիլիկեան Աթոռ ունինք, որ հայկական կառավարութեան համազօր ուժ ունի, բայց ցաւօք սրտի, մինչեւ այս պահը Հալէպ մնացող մեր հայրենակիցներուն համար յստակ դիրքորշում չունեցաւ: Ճիշդ է, որ տարբեր գաղութներէ գոյացած օժանդակութիւնները Անթիլիաս կը հաւաքուին, բայց այդքանը բաւարար չէ: Հալէպահայութիւնը այսօր կանգնած է մահ ու կենաց խնդրի առջեւ, եւ ի՞նչ իմաստ ու կարեւորութիւն կը ներկայացնեն նիւթական կամ այլ ձեւի օժանդակութիւնները, երբ վտանգուածը հայ մարդն է»:
Մեսրոպեան նաեւ յարմար համարեց, որ այս վտանգաւոր փուլին հալէպահայերը, գէթ առժամապէս Հայաստան փոխադրուին ու այդ փոխադրութեան ծախսերը ապահովուին սուրիահայութեան համար եղած եւ արդէն պատրաստ նիւթական օժանդակութիւններով: «Պէտք է այս հարցին շուրջ բոլոր կուսակցութիւնները անխտիր, դիմեն Մեշի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որպէսզի, ի վերջոյ, լուծում մը գտնեն, որպէսզի այնտեղ մնացողները, որոնք ի վիճակի չեն Հայաստան կամ որեւէ երկիր տեղափոխուելու, գոնէ այդ հաւաքուած գումարներէն օգտուին ու տեղափոխուին այստեղ՝ Հայաստան: Իր հերթին՝ Հայաստանի կառավարութիւնը, պէտք է մտածէ, թէ այս ժողովուրդը գալէն յետոյ ո՞ւր պիտի տեղաւորէ եւ ինչպէ՞ս պիտի ընէ, որ ապրին»,- շարունակեց ան:
«Այսօրուան դրութեամբ, ես հալէպահայութեան տարհանման հետ եմ, համաձայն եմ, քանի որ այլեւս այս պատերազմը պիտի երկարի: Որքան ժամանակ է, արդէն 5-րդ տարին է, որ կը շարունակուի, եւ մենք գրեթէ ամէն օր զոհ ունինք: Մեղք է այս ժողովուրդը, ա՛լ կը բաւէ, չեն դիմանար, պէտք է բան մը մտածուի: Այո՛, մենք հոն ունինք կալուածներ, արխիւ: Արխիւը թող հանեն, բերեն այստեղ, վերջանանք: Կալուածներու մասին ալ յետոյ կը մտածենք, թէ ինչ պէտք է ընենք: Այլեւս այդտեղի ժողովուրդը չի դիմանար, պէտք է անպայման բան մը մտածուի օգտակար դառնալու համար անոնց: Մինչեւ այսօր ես ալ այն կործիքին էի, որ գաղութը պէտք է մնայ, որովհետեւ գաղութը այնպիսին է, որ աշխարհի մէջ նմանը չունի: Բայց, ցաւօք սրտի, գաղութ չմնաց, արդէն 8000 հայ հազիւ մնացած է հոն, սփիւռքի ամենամեծ գաղութներէն մէկն էր եւ ամէնէն արմատականը»,- նշեց հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցը:
Ան աւելցուց. «Ժամանակն է որ հայութիւնը դուրս գայ այլեւս: Ի՞նչ օգուտ ունին նախագահին ղրկած սնունդի 2 ինքնաթիռները: Այդպէս օգտակար չի դառնար: Հոն սննդամթերք կայ, բայց ապահովութիւն չկայ: Կեանքի ապահովութիւն չկայ: Մարդիկ սննդամթերքը առնեն եւ յանկարծ ռմբակոծուին ու նահատակուին: Ի՞նչ օգուտ: Ի վերջոյ 4 տարուան պատերազմէն ետք Հայաստանի արտգործնախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց, որուն մէջ ցաւակցութիւն կը յայտնէր: Երեւի պէտք է ամէն օր 5-6 զոհ տա՞նք, որպէսզի արտգործնախարարութիւնն իր մտահոգութիւնը յայտնէ: Բառերով չենք կրնար բացատրել, ճիշդ է, այնտեղ չենք ապրիր, բայց ամէն օր կը հետաքրքրուինք, մեր հարազատները, մեր ընկերները հոն են, ամէն օր մենք կը մտածենք, թէ ե՞րբ պիտի վերջանայ այդ բոլորը»:
Անդրադառնալով սուրիական միւս քաղաքներուն մէջ տիրող իրադրութեան, «Արեւելք»-ի զրուցակիցը, ըսաւ. «Բարեբախտաբար, Դամասկոսը լաւ վիճակի մէջ է մինչեւ այսօր, բայց այդ ալ կայուն չէ: Նոյնպէս՝ Քէսապը: Մտահոգութիւնը կայ ու ամէն օր, ամէն ժամ նորութիւններ սպասուին: Վերջ ի վերջոյ, Քէսապը սահմանակից է Թուրքիոյ: Ի՞նչ կ′ուզեն այս մեծ պետութիւնները: Ամերիկան ի՞նչ կ′ուզէ: Թուրքիան ի՞նչ կ′ուզէ: Ինչպէ՞ս թարգմանել Թուրքիոյ ներխուժումը, երբ հիւանդանոց ու դպրոց կը բանայ Ճարապլուսի մէջ: Ուր է՞ միջազգային կարծիքը: Ինչո՞ւ որեւէ մէկը չ′արտայայտուիր: Ի՞նչ կը նշանակէ՝ երբ Ամերիկան կ′ըսէ չէզոք ընդդիմադիրներ կամ չափաւորական: Ինչպէ՞ս հասկնանք ատիկա: Վերջերս յստակ է, որ Ամերիկան Ճապհաթ ալ Նուսրայի հետ ալ կը գործակցի: Վերջին ամսուան ընթացքին, Տէր Զօրի մէջ սուրիական բանակին հարուածելը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ անոր հետեւանքով 82 զինուորներ զոհուեցան: Ահաբեկիչներու արարքներէն աւելի վատ արարք էր այս: Ահաբեկիչներուն մէջ ալ աշխարհի, տարբեր անկիւններէ մարդիկ կան, կայ չէչէնը, աֆղանը, փաքիստանցին…: Աշխարհի բոլոր ահաբեկիչները Սուրիա պիտի հաւաքուի՞ն: Աստուած մի արասցէ, եթէ Հալէպի մէջ հարցերը աւելի սաստկանան, այդ 8000 հայերն ալ կը կորսնցնենք: Այդ պարագային ո՞վ պիտի ըլլայ պատասխանատուն այս բոլորին: Ճիշդ է, այնտեղ Հալէպի Շտապ Օգնութեան մարմնի տղաքը կ′աշխատին, կ′օգնեն բոլորին, բայց այդ մէկը բաւարար չէ: Պէտք ալ չէ ծանրանալ միայն Հայաստանի կառավարութեան վրայ: Այո՛, Հայաստանի մարմիններն ալ մեծ ընելիք ունին ու պէտք է շարժին: Ես կ′երազէի, կը ցանկայի, որ ՀՀ Ազգային Ժողովը յատուկ հալէպահայութեան համար արտահերթ նիստ մը գումարէ եւ ժողովին ներկայ ըլլային հոս հաստատուած ու հանրային կարծիք գոյացնելու ունակութիւն ունեցող հալէպահայերը, իրենք եւս կարծիք տային, բայց ո՞ւր են անոնք, ո՞ւր է այն իշխանութիւնը, որ այս հարցով պիտի զբաղի:
Ես տրամաբանական չեմ գտնէր, որ Հայաստանէն զօրք երթայ: Այդ ճիշդ չէ: Այսօրուան դրութեամբ Հայաստանը երկիր է, որ այլ երկիր զօրք ղրկելու իրաւունք չունի: Ի հարկէ, եթէ Սուրիոյ կառավարութիւնը դիմէ Հայաստանին, այդ ուրիշ հարց: Այն ժամանակ Հայաստանի կառավարութիւնը կը մտածէ զօրք ուղարկե՞լ, թէ՞ ոչ»:
«Արեւելք»-ի հետ իր հարցազրոյցը եզրափակելով, Մեսրոպեան ըսաւ. «Հայաստանի նախագահը արտայայտուեցաւ, որ հոս եկող սուրիահայերը փախստականի կարգավիճակ չ′ունին, բայց ճիշդ կ′ըլլար, որ այդպէս համարուէինք, քանի որ այլ երկիրներու մէջ, Թուրքիա, Յորդանան, Լիբանան, ուր որ սուրիացիներ կան եւ փախստականի կարգավիճակ ստացած են, բոլոր այդ երկիրները ՄԱԿ-էն գումարներ կը ստանան, ամէն փախստականի համար տարեկան 3000 տոլար կը ստանան, եթէ հոս եղողներս փախստականի կարգավիճակ ստանայինք, շատ բան կը փոխուէր, այդ գումարները հոս կը ծախսուէին, ես կը ցանկամ, որ այս հարցն ալ բարձրագոյն մարմիններուն մօտ քննարկման դրուի»: