Պաղ Պատերազմի ժամանակաշրջանին հայոց վերաբերեալ քաղաքական եւ այլ զարգացումները ցարդ լայն տեղ չեն գտած պատմութեան գիրքերու մէջ։ Արդի հայ պատմագիտութեան անդրադարձը ծանրացած է Պաղ Պատերազմի նախորդող շրջանին, յատկապէս` Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի, Մեծ Եղեռնի ու յաջորդ տարիներուն վրայ։ Այսուամենայնիւ, 1945-1991 ժամանակաշրջանը շարք մը կարեւոր զարգացումներ արձանագրած է Խորհրդային Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ։ Արդարեւ, հայերը մէկէ աւելի ձեւերով ներգրաւուած էին Պաղ Պատերազմին մէջ, որ իրարու դէմ հանեց ժամանակի երկու գերտէրութիւնները՝ Խորհրդային Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները։ Հայութեան մէկ մասը Խորհրդային Հայաստան կ’ապրէր, իսկ մէկ ուրիշ մասը՝ Սփիւռքի մէջ, գլխաւորաբար Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկա, Արեւմտեան Եւրոպա, Պալքաններ եւ Միջին Արեւելք։ Սփիւռքեան համայնքները բաժնուած էին ըստ քաղաքական ուղղութիւններու, որոնք Պաղ Պատերազմի ծիրին մէջ տարբեր կեցուածքներ որդեգրեցին գերտէրութիւններուն նկատմամբ։ Անշուշտ, միջազգային քաղաքական կլիման ուժգնօրէն կ’ազդէր հայկական կուսակցութիւններու փոխադարձ կեցուածքներուն, ինչպէս եւ Խորհրդային Հայաստանի հետ անոնց յարաբերութիւններուն վրայ։

Այս դասախօսութեան մէջ, Տոքթ. Արա Սանճեան փորձեց արդի հայ եւ միջազգային պատմագրութեան բացերը մասամբ լրացնել՝ Պաղ Պատերազմի ժամանակի հայ քաղաքական գործունէութեան ու մտածողութեան զարգացումի որոշ դրուագներ ներկայացնելով։ Տոքթ. Սանճեան Միշիկըն Համալսարան-Տիրպորնի դասախօս է եւ անոր Հայկական Հետազօտութեան Կեդրոնի տնօրէնը։ Այս դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մէջ, Հինգշաբթի, 24 Մայիս 2018-ին, Հայագիտական Ուսմանց Ծրագիրի տնօրէն Տոքթ. Գրիգոր Մոսկոֆեանի կազմակերպութեամբ եւ Ռաֆայէլ Կրէկորեանի ատենավարութեամբ։

Պաղ Պատերազմը սովորաբար դիտուած է իբրեւ գաղափարական բախում մը դրամատիրական ազատ շուկայի եւ ընկերվարական վարչահրամայական տնտեսութիւններու ու հասարակութիւններու միջեւ։ Այս բախումին արմատները կարելի է գտնել այդ երկու գաղափարախօսութիւններուն վերելքի ժամանակաշրջանին մէջ ԺԹ. դարուն, երբ Ճարտարարուեստական Յեղափոխութիւնը իր աստեղային ժամը կ’ապրէր Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մեծ մասին մէջ, եւ ատոր հետեւանքով ալ աշխատանքային նոր բաժանումներու, հում նիւթերու գինի եւ տնտետական կառավարումի խնդիրները ասպարէզ եկան։

Տոքթ. Սանճեան Հայաստանի խորհրդայնացումը կը նկատէ իբրեւ այս գաղափարական բախումին սկիզբը աշխարհատարած հայութեան մէջ։ Հայաստանի ժողովուրդը այլ ընտրութիւն չունէր, քան ընդունիլ խորհրդային վարչակարգն ու անոր հետ եկող գաղափարական բեռը։ Սակայն, աքսորեալ հայկական կուսակցութիւնները, որոնք աւելի ազատ էին իրենց սեփական գաղափարախօսական կեցուածքները ճշդելու, պէտք է յստակ ընտրութիւն մը ընէին խորհրդային համայնավար եւ Արեւմուտքի ազատ շուկայական գաղափարախօսութիւններուն միջեւ։ Սակայն, այդ կուսակցութիւններուն հակամարտ հայեացքները ո՛չ այնքան տնտեսական բախումէ ծնունդ առին, որքան միջազգային ուժի հաւասարակշռութեան նկատմամբ անոնց տեսակէտներէն եւ խորհրդահայ վարչակարգի օգտաւէտութեան մասին անոնց տարբեր կարծիքներէն։ Այլ խօսքով, սփիւռքահայ կուսակցութիւններուն կեցուածքները ներհամայնքային պայքարներու եւ խորհրդային կարգերու հանդէպ անոնց միջեւ անհամաձայնութեան արդիւնք էին, աւելի քան գաղափարական շեշտուած տարբերութիւններու։

Առհասարակ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դիրքորոշումը հակախորհրդային էր։ Այս կեցուածքը մեծաւ մասամբ կուսակցութեան Հայաստանէն վտարումին հետեւանքն էր։ Հնչակեան կուսակցութիւնը, միւս կողմէ, ընդհանրապէս խորհրդայնամէտ էր։ Որոշ հնչակեաններ փաստօրէն կը նոյնանային համայնավարութեան հետ, մինչ ուրիշներ նուազ նուիրուած էին անոր։ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը հետաքրքրական պարագայ մը կը ներկայացնէ։ Ռամկավար կուսակցութիւնը ազատական տնտեսական գաղափարախօսութեան կը հետեւի, ազատ շուկայական սկզբունքներու ջատագով է եւ կը նոյնանայ քաղքենի տարրերուն հետ։ Այսուհանդերձ, ան խորհրդային կարգերը կ’ընդունէր որքան ատեն որ կը հաւատար, թէ Ռուսիոյ հետ կապը կը նպաստէր Հայաստանի ապահովութեան ու ընկերա-տնտեսական զարգացումին։

Սփիւռքեան հայկական խմբաւորումներու հակամարտութեան մակարդակը Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն առաջ ու ետք լայնօրէն տարուբերած է։ Երկրորդ Հմաշխարհային Պատերազմէն առաջ, ամենէն խիստ բաժանումը տեղի ունեցած է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, Դեկտեմբեր 1933-ին Ղեւոնդ Արք. Դուրեանի սպանութենէն ետք։ Ան ուղղակի հետեւանք էր դաշնակցականներու եւ անոնց ընդդիմադիրներու միջեւ տիրող լարուածութեան։ Այդ լարուածութիւնը զգալիօրէն բարձրացած էր այդ տարի, երբ Դուրեան առարկած էր հայկական եռագոյն դրօշակի ներկայութեան բեմին վրայ՝ Շիքակոյի ցուցահանդէսի մը ընթացքին հայկական օրուան տօնակատարութեան։ Ան պնդած էր, որ չէր ուզեր Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան զայրոյթը յառաջացնել, ու այս կեցուածքը նախատինք մը նկատուած էր համայնքի դաշնակցական որոշ անդամներու կողմէ։

1943-1947-ին Դաշնակցութեան առաջնահերթութիւնները փոխուեցան։ Կուսակցութիւնը աւելի համակրանքով նայեցաւ խորհրդային կարգերուն, երբ Հայաստանի սահմաններուն ծաւալումի հնարաւորութիւններ սկսան երեւիլ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն անմիջապէս ետք։ Սիմոն Վրացեանը՝ անկախ Հայաստանի վերջին վարչապետը, դաշնակցական այս նոր տեսակէտի պարզաբանումին հիմնական դերակատարը եղաւ։ Այսուհանդերձ, Արեւմուտքը խիստ ընդդիմացաւ Խորհրդային Միութեան տարածքային ծաւալումին, յատկապէս Թուրքիոյ հաշուոյն, որ շուտով Արեւմուտքի ռազմավարական դաշնակիցը դարձաւ։ Հետեւաբար, 1943-1947 տարիները պարզապէս միջնարար մը եղան, որուն ընթացքին հայկական կուսակցութիւններու ակնկալիքները ժամանակաւորապէս զուգադիպեցան։

1946-1948-ի եւ 1962-էն ետք հայրենադարձութեան ճիգերը հայկական Պաղ Պատերազմի պատմութեան կարեւոր մաս մը կազմէին։ Շատերը կը պնդեն, որ 1946-1948-ի հայրենադարձութիւնը տեղի ունեցաւ դէպի Կարսի ու Արտահանի շրջանները խորհրդային ծաւալումի ակնկալութեամբ, թէեւ տակաւին պէտք է հիմնաւոր կերպով ապացուցել, որ խորհրդային այս երկու քաղաքականութիւններուն միջեւ ուղղակի կապ կար։ Այդ հայրենադարձութիւնը յատկանշական է նաեւ այն իրողութեամբ, որ դաշնակցականները անոր կազմակերպութենէն դուրս դրուեցան։ Աւելի՛ն. անիկա առիթ դարձաւ, որ հակադաշնակցական հատուածները քարոզչական արշաւի մը ձեռնարկէին իրենց մրցակիցին դէմ, որ ճեղքերը խորացուց Սփիւռքի տարածքին։ Հակառակորդ հատուածներու հակամարտութիւնը եւ անոնց տարբեր կեցուածքները Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ շարունակուեցան, մինչ հայրենադարձութեան դժգոհութեան առաջին արձագանգները սկսան թափանցել Սփիւռքի մէջ 1946-ին առաջին կարաւաններու հայրենիք մեկնումէն քիչ ետք։

Լիբանանը միջկուսակցական կատաղի պայքարի բեմը եղաւ 1947-1960-ին։ Լիբանանահայ մամուլին վերլուծումը, յատկապէս այս ժամանակաշրջանի լիբանանեան խորհրդարանական ընտրարշաւներուն ընթացքին, ցոյց կու տայ, որ Դաշնակցութիւնը կը փորձէր հնչակեաններն ու ռամկավարները նսեմացնել՝ զանոնք լոկ իբրեւ համայնավարներուն ուղեկից ներկայացնելով։ Մինչպատերազմեան տարիներուն նման շեշտ դրուած չէր, իսկ դաշնակցականները այս մարտավարութենէն դարձեալ հրաժարեցան 1960-ական թուականներուն։ Ասիկա Պաղ Պատերազմի տարր մըն է, որ գործի դրուեցաւ հայկական կուսակցութիւններու համայնքային քաղաքականութեան մէջ, յատկապէս երբ նկատի ունենանք, որ, մինչեւ այն ատեն, դաշնակցականները մերժած էին արտաքին ուժեր ներգրաւել հայկական այլ կուսակցութիւններու հետ իրենց մրցակցութեան ընթացքին։ Այս սկզբունքը լքուեցաւ 1951-ին, ու այսպէսով համաշխարհային Պաղ Պատերազմը մուտք գործեց Սփիւռք։

Դաշնակցութեան թեքումը դէպի Արեւմուտք արդէն արձանագրուած էր 1947-ին։ Այս իմաստով, կարեւոր կերպար մըն էր Դրօն՝ հռչակաւոր զինուորական հրամանատարն ու անկախ Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարարը։ Ան ուշ 1940-ական եւ վաղ 1950-ական թուականներուն գործակցած է Սի. Այ. Էյ.ի հետ։ Անոր գործունէութեան մասին որոշ ամերիկեան փաստաթուղթեր գաղտնազերծուած են վերջին տարիներուն։

Այսուհանդերձ, խորհրդային իշխանութիւնները նոյնպէս փորձեցին շահագործել հայկական ազգայնականութիւնը՝ իրենց կողմը ներքաշելու համար սփիւռքահայերը, ներառեալ դաշնակցականները։ Ասոր մէկ օրինակը կը ներկայացնէ Գարեգին Նժդեհը, որ Պուլկարիոյ մէջ ձերբակալուած ու Սիպերիա աքսորուած էր՝ նացիներու հետ գործակցած ըլլալու համար։ Ան 1952-ին իր աքսորավայրէն Երեւան բերուած էր, ուր իրմէ խնդրուած էր Ս. Վրացեանին նամակ մը գրել, հարցնելով, թէ արդեօք ինք ու իր դաշնակցական ընկերները պատրա՞ստ էին Խորհրդային Միութեան հետ պայքարելու Թուրքիոյ դէմ, եթէ պատերազմ ծագէր այդ երկու պետութիւններուն միջեւ։

Այս զարգացումները անկասկած կապ ունէին ժամանակաշրջանի միջազգային շրջագիծին հետ, ուր 1947-ին տեղի ունեցան Թրումընի վարդապետութեան հռչակումը, Եւրոպայի վերակառուցումին ուղղուած Մարշալի ծրագիրի սկզբնաւորումը, Վիաչեսլաւ Մոլոթովի խորհրդային հակածրագիրին առաջ քաշումը, Կոմինֆորմի ստեղծումը եւ ամերիկացի դիւանագէտ Ճորճ Քէնանի՝ Խորհրդային Միութիւնը սանձելու (contain) գաղափարի տարածումը։

Ստալինի մահէն ետք (1953), Նիկիթա Խրուշչեւի շրջանը զուգադիպեցաւ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ամէնէն ուժեղ հակամարտութեան տարիներուն, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ։ Պատճառներէն մէկը այն էր, որ Խրուշչեւի կառավարութիւնը հետամուտ էր կապեր հաստատելու այսպէս կոչուած Երրորդ Աշխարհին հետ, ի տարբերութիւն 1947-էն ետք Ստալինի յարաբերական անտարբերութեան։ Խրուշչեւի նոր քաղաքականութիւնը կը ներառէր հայերը՝ Միջին Արեւելքի մէջ թէ այլուր։

Պէտք չէ անտեսել նաեւ ամերիկեան կառավարութեան դերը Լիբանանի մէջ։ Երբ 1957-ին լիբանանեան արեւմտամէտ կառավարութիւնը՝ ամերիկեան օգնութեամբ, ընտրութիւնները խարդախելու դիմեց, մասամբ յենած էր Դաշնակցութեան օժանդակութեան վրայ։ Պէյրութի որոշ ընտրատարածքներու սահմանները դիտաւորեալ կերպով գծուած էին, որպէսզի կարելի դառնար Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետեւորդներու քուէներուն օգտագործումը՝ օրուան նախագահի արեւմտամէտ քաղաքականութեան դէմ կանգնող սիւննի համայնքի արաբամէտ թեկնածուներուն յաղթելու։

Լիբանահայ համայնքին լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ Անթիլիասի կաթողիկոսական ընտրութեան տագնապին (1952-1956) եւ 1958-ի լիբանանեան կարճատեւ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին։ Մայիս-Նոյեմբեր 1958-ին, 35-40 հայորդիներ զոհ դարձան փոխվրէժի սպանութիւններու, որոնք հակամարտ հայկական կողմերէն խրախուսուած էին։ Այս բռնութիւնները տեղի ունեցան լիբանանեան քաղաքական դաշտի արեւմտամէտ եւ հակա-արեւմտեան ճամբարներու բաժանումին զուգահեռաբար։ Հոկտեմբեր 1958-ին, քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք, ներհայկական բրտութիւնն ալ իր աւարտին հասաւ, Լիբանանի յետպատերազմեան ազգային հաշտութեան կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարարի ջանքերուն շնորհիւ։

1959-ին կարեւոր շրջադարձ մը տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ, երբ Եգիպտոսի նախագահ Կամալ Ապտէլ Նասէր բացայայտօրէն առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ քննադատեց արաբ համայնավարները։ Նասէրի այս նոր կեցուածքը Դաշնակցութեան առիթը տուաւ, որպէսզի աւելի համարաբական դիրքորոշում մը որդեգրէր, որ իր վաղեմի հակախորհրդային կեցուածքին կը յարմարէր։ Այս շրջադարձը նաեւ Դաշնակցութեան դիրքը կ’ամրացնէր՝ շրջանին մէջ աճող համարաբական եւ հակագաղութային զգացումներու ծիրին մէջ։ Միաժամանակ, այս նոր դիրքաւորումը մասամբ կը փակէր շրջանային քաղաքականութեան հարցերու մէջ դաշնակցականներու եւ իրենց հնչակեան ու ռամկավար հակառակորդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ճեղքը։

1960-ական թուականներուն, միջկուսակցական լարուածութիւնը սկսաւ թուլնալ, տեսակ մը մեղմացումի (détente) առաջնորդելով։ Այս մեղմացումը վերագրելի է դէպի ազգային խնդիրներու շրջադարձի մը, որ կ’ընդգրկէր ցեղասպանութեան ճանաչումը, Թուրքիայէն հատուցումի պահանջը, ինչպէս նաեւ խորհրդահայ հողային պահանջները Վրաստանէն ու Ատրպէյճանէն։ Բոլոր գոյներէ սփիւռքահայ կուսակցականներ սկսան կանոնաւորապէս Խորհրդային Հայաստան այցելել, անձամբ վկայ ըլլլալով, թէ այնտեղ քաղաքականօրէն գործօն անհատներ մասնաւոր ձեւով, ինչպէս եւ խնդրագրերով, Ղարաբաղի ու Նախիջեւանի հողային հարցերը կ’արծարծէին։ Ասկէ զատ, ցեղասպանութեան ճանաչումի նախաձեռնութիւնները թափ կ՚առնէին Սփիւռքի մէջ, մինչ Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը կը մօտենար։ Ի վերջոյ ան առաջին անգամ ոգեկոչուեցաւ նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Այս զարգացումները սփիւռքեան տարբեր քաղաքական հատուածները մերձեցնելու առիթ տուին։ Պաղ Պատերազմը միջկուսակցական յարաբերութիւններու նուազ որոշիչ ազդակ մը դարձաւ, ինչ որ իր կարգին ազդեց իւրաքանչիւր կուսակցութեան եւ Խորհրդային Հայաստանի միջեւ կապին վրայ։ Այս փոխուած իրադրութեան մէջ, երբ աշխարհը սովորաբաբար երկրորդ Պաղ Պատերազմ կոչուածին ականատես դարձաւ 1979-1985-ին, ան շատ չազդեց հայութեան վրայ, ի տարբերութիւն 1945-ին յաջորդած առաջին Պաղ Պատերազմին։

1980-ականներու երկրորդ կէսին, Պաղ Պատերազմը կարելի էր աւարտած համարել հայկական ոլորտին մէջ, յատկապէս Միխայիլ Կորպաչովի «նոր մտածողութեան» գաղափարախօսութեան հանրայնացումով, որ դրամատիրութեան եւ համայնավարութեան անհաշտ հակամարտութիւնը կը մերժէր եւ համագործակցութեան կոչ կ’ուղղէր նախապէս ընդդիմադիր կողմերուն միջեւ։ Հայաստանի Համայնավար Կուսակցութիւնը 1989-ին պաշտօնապէս հրաժարեցաւ Դաշնակցութեան հանդէպ իր թշնամական դիրքէն։ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր, երեք աւանդական կուսակցութիւնները հազիւ թէ պատճառ ունին իրարու ընդդիմանալու, առնուազն՝ գաղափարական մակարդակի վրայ, քանի որ այլեւս երկու գերտէրութիւններու միջեւ ընտրութիւն պէտք չէ կատարեն։

Ըստ Տոքթ. Սանճեանի, Պաղ Պատերազմը քաղաքական պատճառներով քիչ ուսումնասիրուած նիւթ մըն է հայ պատմագրութեան մէջ։ Այդ ժամանակաշրջանը յատկանշուած էր բացարձակ լարուածութեամբ խորհրդային կառավարութեան եւ դաշնակցականներու միջեւ, ինչպէս եւ սփիւռքահայ կուսակցութիւններու միջեւ։ Այժմ՝ ազգային միասնականութեան գաղափարը կը շեփորուի իբրեւ ամէն բանէ վեր, եւ այդ առումով տեղ չկայ Պաղ Պատերազմի դարաշրջանի քննական ուսումնասիրութեան համար, քանի որ անոր մանրամասները վերջին տարիներու ազգային միասնականութեան միտումներուն դէմ գացած ըլլալ կը թուին։ Ի լրումն, ցեղասպանութեան մասին գիտական հետազօտութիւնը մեծ պահանջ ունի հայկական ակադեմական շրջանակներու մէջ, յաճախ ի հաշիւ այլ նիւթերու։ Ցեղասպանութեան վրայ այս կեդրոնացումը նաեւ կարելի է բացատրել ազգային միասնականութեան յարացոյցով, որովհետեւ ցեղասպանութիւնը հայ քաղաքական դերակատարները անխտիր միացնող ազդակ մըն է։ Առաջնահերթութիւններու այս դասակարգումը նորութիւն մը չէ հայ պատմագրութեան մէջ, որ յաճախ կեդրոնացած է հայ ազգը իբրեւ միասնական ներկայացնող պատմական օրինակներու վրայ, երբեմն ալ անտեսելով ամբողջական իրականութեան մէջ այդ ցանկութեան հակասող որոշ բարդութիւնները։

Տեսանյութը այստեղ անգլերենով՝ https://youtu.be/0ByUAyuyc_k

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert