ՅԻՇԵԼՈՎ ՏԱՐԱԲԱԽՏ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Գործնականօրէն, Մեսրոպ պատրիարք գահակալեց հազիւ 8-9 տարի՝ 1998-ի Նոյեմբերէն մինչեւ 2007-ի վերջերը, երբ յայտնաբերուեցան իր խորհրդաւոր հիւանդութեան լուրջ նախանշաններն ու հետեւանքները եւ ան, հետզհետէ, ամբողջովին դադրեցաւ գիտակից ու աշխատունակ տարր մը ըլլալէ։
Այս կարճատեւ ժամանակաշրջանի ամէնէն բեղմնաւոր եւ յուսալից տարիներն ալ ԱՌԱՋԻՆ ՀԻՆԳ ՏԱՐԻՆԵՐԸ եղան, որովհետեւ պատրիարք սրբազանը, աւելի ուշ, 2005 թուականէն ասդին, գրեթէ կորսնցուց այն անդորրալի ու խաղաղաւէտ կենցաղը, որ կ’ակնկալուէր թէ ի՛րը պիտի ըլլար, ու դէմ-յանդիման եկաւ չափազանց նեղացուցիչ նորաբնոյթ տաղտուկներու։
Զորօրինակ, ան շատ սուր բախումներ ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնական ղեկավարութեան հետ, յետոյ անհաւատալի համեմատութիւններու հասնող բախումներ ունեցաւ պոլսահայ թերթերու հետ («Ժամանակ» եւ «Ակօս»), Հայկ. Ցեղասպանութեան հարցով՝ իր վրայ հրաւիրեց թուրք որոշ շրջանակներու անզսպելի զայրոյթը եւ այլն, եւ այլն։
Պէտք է խոստովանիլ սակայն, որ նշեալ տաղտուկներուն մէկ կարեւոր մասը արդիւնքն էր պատրիարք սրբազանին յախուռն նկարագրին եւ իր զօրաւոր անհատականութենէն բխող անտեղիտալի կեցուածքներուն։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան հետ իր ունեցած բախումը մէկն էր, ահաւասիկ, այն հարցերէն, որոնք հայ մամուլի մէջ փոթորիկ մը յառաջացուցին Մեսրոպ պատրիարքին անունին շուրջ։
Ի՞նչ էր խնդիրը։
Սփիւռքահայ կեանքին ու մամուլին հետեւողները պիտի յիշեն, որ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնը 2004-ին որոշեր էր վերջնականապէս փակել Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, այլեւս անպտուղ նկատելով անոր գոյութիւնն ու գործունէութիւնը։ Այս ոչ-ցանկալի ու տխուր որոշումը թեր ու դէմ կարծիքներու եւ հակադրութիւններու դուռ բացեր էր ամէնուրեք։ Մելգոնեան վարժարանի աշխարհատարած նախկին սաները զօրաշարժի ենթարկած էին իրենք զիրենք՝ խափանելու համար իրենց սիրելի դպրոցին փակումը։ Բայց ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը կը թուի թէ անխախտ էր իր որոշումին մէջ։ Ետդարձ կատարելու տրամադրութիւն չունէր։
Շիկացած մթնոլորտ մը կը տիրէր ՀԲԸՄ-ի մասնաճիւղերուն մէջ՝ Պէյրութէն մինչեւ Լոս Անճելըս։
Ճի՛շդ այդ օրերուն (2005-ի Յունուարին), ռումբի պայթիւնի մը չափ զօրաւոր հնչեց այն լուրը, ըստ որուն՝ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ԳալիՖորնիոյ Գերագոյն Ատեանին (աւելի ետք ալ՝ Նիկոսիոյ դատարաններէն մէկուն) մօտ դատ բացած էր ՀԲԸՄ-ի դէմ, նիւթական ու բարոյական որոշ պահանջներով։
Ի՞նչ պատահած էր։ Մեսրոպ պատրիարք ի՞նչ դրդապատճառներով այսպիսի դատական հարց մը կը յարուցէր անակնկալօրէն, ճակատ բանալով հայ իրականութեան մեծագոյն կազմակերպութիւններէն մէկուն դէմ։
Պատրիարքարանը, ըստ երեւոյթին, երկու դրդապատճառ ունէր.
Ա) Ան կը խորհէր որ ՀԲԸՄ-ը Մելգոնեան վարժարանը փակելու իրաւունք չունի, որովհետեւ միութիւնը միայն ԿՏԱԿԱԿԱՏԱՐՆ Է Մելգոնեան բարերար եղբայրներու կտակին. այսինքն՝ դպրոցը փակելու, անոր տարածքներն ու շէնքերը ծախելու իրաւունք չունի։
Բ) Ան յիշեցնելէ ետք՝ թէ Մելգոնեան Կտակը նախապէս (20-ական թուականներու սկիզբը) Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան տնօրինումին յանձնուած էր, եւ միայն 1926-ին է որ փոխանցուած էր ՀԲԸՄ-ին, հիմա կը յուշէր, որ այդ նոյն թուականին ստորագրուած ԵՌԱԿՈՂՄ համաձայնութեամբ մը (ՀԲԸՄ, Պատրիարքարան եւ Կարապետ աղա Մելգոնեան)՝ ՀԲԸՄ-ը ամէն տարի 1000 անգլիական ոսկի պարտէր տրամադրել Կ. Պոլսոյ աթոռին։ Այս խոստումը բնաւ չէր յարգուած։
Հանրային կարծիքը շատ ալ յստակ գաղափար մը չունէր անշուշտ վերի մանրամասնութիւններուն մասին։ Ոմանք կը խորհէին որ Պատրիարքարանը լուրջ սխալ մը գործած էր դատական հարց յարուցելով հայկական մեծ միութեան մը դէմ։ Եթէ նիւթական մատակարարումի թերացումներ կային, կարելի չէ՞ր զանոնք հարթել «ներքին» կարգով, հեռու՝ օտար դատարաններու ատեաններէն…։
ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնը կծու ոճով շարադրուած քանի մը հաղորդագրութիւններով հակազդեց Մեսրոպ պատրիարքին։ Հակազդեցութիւն ցուցաբերեց նաեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։ Անոնք անճիշդ ու աղաւաղեալ նկատեցին պատրիարքին մեղադրանքները ու զայն ամբաստանեցին թուրք պետութեան ցուցմունքներով շարժած ըլլալու յանցանքով…
Շուրջ տարի մը անց (2005 Դեկտեմբեր), մինչ կը շարունակուէր դատական գործընթացը, Մեսրոպ պատրիարք ի՛ր իսկ ստորագրութեամբ՝ պոլսահայ մամուլին մէջ լոյս կ’ընծայէր «Մելգոնեանի տագնապը հայ մշակոյթի ճգնաժամն է» խորագրով լուսաբանական ընդարձակ գրութիւն մը, որով անգամ մը եւս կը պաշտպանէր Մելգոնեան վարժարանի փակումին ընդդիմանալու իր սկզբունքային կեցուածքը ու քայլ մը առաջ ալ երթալով՝ կը պահանջէր որ ՀԲԸՄ, եթէ այլեւս ձեռնհաս չէ մատակարարելու իր խնամքին յանձնուած այդ դպրոցը, հրաժարէր իր կտակակատարի իրաւունքներէն ու նո՛ր վարչութեան մը կամ մարմինի մը յանձնէր վարժարանին ղեկը։ Ըստ իրեն՝ «Մելգոնեան կրթօճախը փակել՝ ոճիր է, իսկ Ազգային Կտակ մը անարգել՝ յանցանք»։
Իր այս գրութեան մէջ, ի տարբերութիւն նախապէս արտայայտուած դիտաւորութիւններու, պատրիարքը նիւթական ակնկալութեան որեւէ ակնարկութիւն չէր կատարեր բնաւ, այլ պարզապէս կը շեշտէր, թէ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ԻՐԱՒԱԿԱՆ ու ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ երկակի պատասխանատուութիւններ ունի Մելգոնեան վարժարանին նկատմամբ։ Պատրիարք սրբազանը նկատել կու տար, որ այս դպրոցը, իր աշխարհագրական դիրքին իսկ բերումով, կրնայ դիւրաւ վայելել Եւրոմիութեան պաշտօնական պաշտպանութիւնը եւ կրնայ օգտուիլ նաեւ անոր որոշ հիմնադրամներէն՝ տեղական ու փոքրամասնական մշակոյթներու պահպանման գծով։
Իսկապէս, լրջօրէն արժեւորուեցա՞ն Մելգոնեանը բաց պահելու, անոր նիւթական կամ այլ դժուարութիւնները բառնալու, զայն Եւրոմիութեան շրջանակէն ներս՝ հայեցի կրթութեան ուժեղ կեդրոնի մը վերածելու բոլոր հնարաւորութիւնները։
Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը այս դատը կորսնցուց։
Չոր ու տխուր իրականութիւն մըն է հիմա, որ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը ա՛լ չկա՜յ։ Անիկա փակեց իր դռները 2004-2005 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին։
Երբեմնի այս պատկառելի հաստատութեան հսկայ շէնքերը, իրենց բազմատասնեակ դասասենեակներով, թափուր են՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան կեսարացի կտակարար եղբայրներու կիսանդրիներուն քարացած նայուածքներուն տակ…
ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐԸ…
1996-ի այն օրէն ասդին, երբ սկսաւ հրատարակուիլ «Ակօս» թրքալեզու շաբաթաթերթը (ունի հայերէն մասնակի էջեր), ո՛չ միայն պոլսահայ հրապարակագրութեան, այլեւ բովանդակ Թուրքիոյ մամլոյ կեանքին մէջ հետզհետէ տիրապետող անուն մը դարձաւ անոր խմբագիրը՝ ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ։
Հրանդ Տինք իր թերթին Ա. էջին վրայ ստորագրած առաջնորդող յօդուածներով ու վերլուծական գրութիւններով ԵՐԵՒՈՅԹ մը դարձաւ շուտով։ Իր յանդուգն ու սրտաբուխ արտայայտութիւնները եւ «թապու»ներ քանդելու պատրաստակամութիւնը նորութիւններ կը բերէին ընթերցողին, բազմութիւններ կը հաւաքէին իր շուրջ։
Քիչեր գիտեն սակայն, որ «Ակօս»ի հիմնադրութեան մէջ էական ու կարեւոր դեր ունեցած էր նաեւ Մեսրոպ եպիսկոպոս ՄութաՖեան, որ արդէն, սկզբնական շրջանին, յօդուածներով կ’աշխատակցէր թերթին։
Երկուքն ալ, Մեսրոպ եպս. եւ Հրանդ Տինք, համակարծիք էին այն գաղափարին՝ թէ հարկ էր դուրս բերել պոլսահայ համայնքը իր աւանդական ներամփոփ ու մեկուսացեալ վիճակէն ու զայն բանալ դէպի թուրք հանրութիւնը, դէպի արտաքին աշխարհ։
Օգտակար ու բարերա՞ր էր այսպիսի առաջադրանք մը, չեմ գիտեր։ Ստոյգ է սակայն, որ ա՛յդ նպատակով կը հիմնուէր «Ակօս»ը, որ առաւելաբար թրքերէն հրատարակութիւն մըն էր ու խօսակից պիտի ունենար թրքալեզու այլազան բազմութիւններ (հայ, թուրք, քիւրտ), անոնց պատմէր հայուն երգերն ու վէրքերը…։
Պատրիարքական ընտրութիւններէն ետք, 90-ական թուականներու վերջերը, նկատելի սկսաւ դառնալ ամէնուն, թէ հետզհետէ խրամատ մը կը բացուէր ընդմէջ նորընտիր պատրիարքին ու «Ակօս»ի խմբագիրին։ Գաղափարակից նախկին գործընկերները տակաւ առ տակաւ կը հեռանային իրարմէ, սլաքներ կ’արձակէին իրարու, ա՛լ չէին հանդուրժեր զիրար…։
Յաջորդող տարիները հաշտութեան կամ բարեկամութեան վերահաստատման հորիզոններ չբացին բնաւ։ Հրանդ Տինք ու Մեսրոպ պատրիարք մնացին համայնքին ամէնէն երեւելի երկու անհաշտ դէմքերը…։ Մեսրոպ պատրիարք «Ակօս»ի մէջ շարունակ թիրախ դարձաւ Տինքի ծանր եւ կծու քննադատութիւններուն։ 2005-ին, մեր այս սիրելի երկու դէմքերուն հակադրութիւնը հասեր էր արդէն անբաղձալի համեմատութիւններու։ Հրանդ Տինք տեւաբար կը մեղադրէր պատրիարքը համայնքին վրայ «մենատիրութիւն» հաստատելու յանցանքով, կը պնդէր որ ան շրջապատուիլ կ’ուզէ միմիայն իրեն հլու-հնազանդ եղող «մանկլաւիկներ»ով…։ «Մենք պատրիարքին հետեւորդները ըլլալ չե՛նք ուզեր», կը գրէր Հրանդ։ Այս սուր հակադրութիւնը բնականաբար արձագանգ կը գտնէր նաեւ թուրք մամուլին մէջ։ Եւ պատրիարքն ալ, «Հիւրրիէթ» թերթին տրուած հարցազրոյցով մը կը յայտարարէր, թէ «Հրանդ Տինք հայ համայնքը կը վարկաբեկէ»…։
Ահա՛ այսպիսի ձգտեալ ու վատառողջ պայքարի մը տաք մթնոլորտին մէջ, յանկարծ, Մեսրոպ պատրիարք «Ակօս»ի (նաեւ՝ հայատառ «Ժամանակ» օրաթերթին) դէմ ի գործ կը դնէր անսովոր պատիժ մը.- կ’արգիլէր Ազգ. Պատրիարքարանի ու եկեղեցիներու կողմէ ամէն տեսակ ծանուցումներու հրատարակումը յիշեալ երկու թերթերուն մէջ։
Այս քայլը ուրիշ բան չէր նշանակեր, եթէ ոչ՝ տնտեսապէս «խեղդել» երկու թերթերը…։
Այս անբաղձալի վիճակը պիտի շարունակուէր ընդերկա՜ր, մինչեւ Հրանդ Տինքի ցնցիչ սպանութիւնը՝ 2007 Յունուարին։
Հրանդ Տինք դիտապաստ գետին փռուեցաւ «Ակօս»ի խմբագրատան առջեւ։ Այդ պատկերը չե՛նք կրնար մոռնալ։
Բայց չենք կրնար մոռնալ նաեւ Մեսրոպ պատրիարքին արցունքները՝ երբ ան կը դամբանախօսէր Հրանդին յուղարկաւորութեան օրը, անոր դագաղին վերեւ…։
*
Հրանդ Տինքի անմոռանալի ու ամբողջ Պոլիսը ոտքի հանող արտասովոր յուղարկաւորութեան այդ օրը, ո՛չ ոք կրնար երեւակայել, թէ Մեսրոպ պատրիարքին աչքերէն հոսող արցունքները, իրականութեան մէջ, նախանշաններն էին վերահաս տարօրինակ հիւանդութեան մը։
Այո՛, պատրիարք սրբազանին այդ արցունքները միայն ծայրայեղ յուզումի կամ խորունկ վիշտի հետեւանք չէին։ Իր ներսիդին արդէն իսկ սողոսկած էր անտեսանալի ու թաքուն ախտ մը, որ մէկ-մէկուկէս տարուան ընթացքին՝ հետզհետէ պիտի քանդէր ո՛չ միայն իր Ֆիզիքական ամուր կազմուածքը, այլեւ պիտի մաշեցնէր զինք մտապէս ու հոգեպէս։
Պատրիարքին այս դառնաղէտ վիճակը ինծի կը յիշեցնէր պաղեստինցի հռչականուն ղեկավար Եասէր ԱրաՖաթի ոդիսականը։ Ան ալ խորհրդաւոր ախտի մը զոհ չէ՞ր գացած 2004-ին։
2007-ի ամբողջ տեւողութեան, ամէն ոք պիտի սկսէր նշմարել, թէ հայոց պատրիարքը այլեւս նախկինը չէր։ Քարոզելու, խօսելու, զրուցելու իր երբեմնի կարողութիւնը կը նահանջէր արագ թափով։ Այլեւս շուտ կը յուզուէր, աչքերը յաճախ կը տամկանային, յիշողութեան լուրջ կորուստներ կ’ունենար, մեկուսանալու անբնական հակամիտութիւն ցոյց կու տար։ Ե՛ս ալ ականատես եղած էի, թէ ան ինչպէ՛ս փղձկեցաւ յանկարծ ու իր խօսքը անաւարտ թողուց՝ երբ հրաւիրուած էր արտասանելու գրագէտ Ռ. Հատտէճեանի 80-ամեակի յոբելենական հանդէսին հուսկ բանքը (Մայիս 2007)։
Յաջորդող ամիսները բարի լուրեր չբերին մեզի։ Պատրիարք սրբազանին հիւանդութիւնը անդառնալիօրէն մտահոգիչ բնոյթ ստացաւ։ 2008-ին ա՛լ աներկբայօրէն կը հաստատուէր, որ պոլսահայոց հովուապետը մտած էր դէպի մահաքուն առաջնորդող դժխեմ ճամբու մը մէջ, տակաւ կազմալուծուելով Ֆիզիքապէս ու կորսնցնելով նոյնիսկ քալելու, շարժելու կամ կուլ տալու իր բնազդային կարողութիւնները…։ Ան մնայուն դարմանումի ու խնամքի տակ կ’առնուէր Պոլսոյ հայոց գթութեան տան՝ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցին մէջ։
Տա՜սը տարի՝ անկողնոյ ծառայութիւն, անգիտակից վիճակով։ Բուսական վհատեցուցիչ «կեանք» մը։
Իր այնքա՜ն փայփայած երազներէն մէկ քանին (Աղթամարի Ս. Պատարագը, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցիին վերանորոգութիւնը եւ այլն) կ’իրականային՝ առանց որ ինք տեղեակ ըլլար անոնց։
Տարաբախտ պատրիարքը իր վերջին շունչը կը փչէր 8 Մարտ 2019-ին, իր նախորդ Գազանճեան Գարեգին պատրիարքին վախճանումէն ճի՛շդ 21 տարի ետք (10 Մարտ 1998) ու իր «հոգեւոր ծնող» Շնորհք պատրիարքին արկածահար վախճանումէն ճի՛շդ 29 տարի ետք (7 Մարտ 1990)։
Խունկ, մոմ եւ ծաղիկներ՝ իր թարմ հողակոյտին վրայ։
(Վերջ)
Լեւոն Շառոյեան
Աղբյուրը՝ 21 հունիս 2019 թ. http://www.kantsasar.com/news/7862-2/