1921-ի վերջին ամիսներուն եւ 1922-ի սկիզբը քեմալական իշխանութեան տակ նոր անցած Կիլիկիայէն Լիբանան ապաստանած շուրջ 10-20 հազար հայերուն մեծ մասը Լիբանան մուտք գործեց Մերսինէն Պէյրութ ուղղուող նաւերով։
Նաւահանգիստին մօտ գոյացան հայ գաղթականներուն կայանները՝ ինչպէս կ’ըսէին այն ժամանակ, կամ այլ անունով՝ Վրանաքաղաքը (Մեծ Քէմփ)։ Վերջինիս տարածքը անցեալ շաբաթուան պայթիւնին հետեւանքով ամենածանր վնասներ կրած շրջաններէն է։ Մեր սերունդին ծանօթ հայաբնակ թաղերը՝ Նոր Հաճընը, Խալիլ Պատաուին, Հայաշէնը եւ Պուրճ Համուտը պիտի յառաջանային միայն տասնամեակ մը ետք՝ 1920-ականներու վերջին եւ 1930-ականներու սկիզբը՝ երբ Վրանաքաղաքը հետզհետէ պարպուեցաւ ու քանդուեցաւ՝ նա՛եւ 30 Յունուար 1933-ի Մեծ Հրդեհին հետեւանքով։
Այս առիթով կ՛արտագրեմ Սիսակ Վարժապետեանի կազմած «Հայերը Լիբանանի մէջ» հնգհատորեակի զիս ամենաշատ յուզած հատուածներէն մէկը, որ կը վերաբերի 1921 թուականի Դեկտեմբեր ամսուն։
«Նաւ մը, որ 2000 գաղթականներ առած էր Մերսինէն, ի զուր այցելեց զանազան նաւահանգիստները Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Յունաստանի, որոնց բոլորն ալ մերժեցին ընդունիլ անոր «ապրանքը»։ Կրկնակի դիմումներու՝ Ֆրանսական Բարձր Մարզպանը (Հօ Քոմիսէր) Սուրիոյ, Զօրավար Կուրօ, պատասխանեց թէ բնիկները չէին ուզեր ընդունիլ հայերը իրենց երկրին մէջ։ Իր քսաներորդ այցելութեան Բարձր Մարզպանին՝ միեւնոյն նպատակին համար, Տոքթ. Պաղտասար Մելքոնեան, ներկայացուցիչը Հայկական Պատուիրակութեան, տեղեկացուց Բարձր Մարզպանին թէ բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ՝ հրեաները, ո՛չ թէ լոկ կ’արտօնէին որ այս խեղճ գաղթականները գան, այլ կը խոստանային ամէն հիւրընկալութիւն։
«— Սակայն կա՛յ խումբ մը, որ չ’ուզեր ձեզ հոս տեսնել, — ըսաւ Զօրավարը ըստ իր սովորութեան։
«— Պարո՛ն Զօրավար, — բացագանչեց Տոքթ․ Պաղտասար Մելքոնեան յուզուած, — կարծեմ թէ այդ միեւնոյն խումբն է որ չ’ուզեր ձեզ ալ հոս տեսնել։
«Փոխանակ բարկանալու, Բարձր Մարզպանը ժպտաց եւ համաձայնեցաւ 15,000 գաղթականներ ընդունիլ։ Բժիշկը գոհացաւ։ Վերջապէս Մարզպանը համաձայնեցաւ լայն բանալ Սուրիոյ դուռները հայոց առջեւ որքան որ ալ ըլլային անոնք։ Տոքթ. Մելքոնեան անմիջապէս 11 Դեկ․ 1921ին հեռագրեց Փարիզի Հայոց Պատուիրակութեան թէ վերջապէս արտօնութիւն ստացուած էր»:» (Բ. հատոր, 1981, էջ 41)
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏՆ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ (Բ մաս)
Մի քանի օր առաջ ֆէյսպուքեան գրառումս թէ Օգոստոս 4-ին աղէտահար դարձած Պէյրութի նաւահանգիստը 1921-ի վերջաւորութեան եւ 1922-ի սկիզբը գլխաւոր կէտերէն էր, ուրկէ Լիբանան ու Սուրիա մուտք գործեցին Կիլիկիայէն սարսափահար հեռացող հայ գաղթականները, լայն արձագանգ գտաւ պայթումի վաղորդայնին Լիբանան այցելած Հայաստանէն լրագրողներու պատրաստած լրատուական հոլովակներուն մէջ։
Ուրեմն շարունակենք․․․
Լիբանանէն տարիներ առաջ Պուէնոս Այրէս «հարս գացած» ծանօթ մը տեղեկացուց թէ այդ գրառումը տարածած էր նաեւ Արժանթինի իր ընկերական շրջանակին մէջ` որպէսզի անոնք ալ տեղեակ ըլլան հայոց նոր պատմութեան մէջ Պէյրութի նաւահանգիստին կարեւոր դերին։ Ինծի կը մնար աւելցնել թէ 1920-ականներուն Լիբանան եւ Սուրիա ապաստանած մի քանի հազար հայ գաղթականներ՝ չկարենալով իրենց ապրուստն ապահովելու կայուն միջոցներ գտնել, մի քանի տարի ետք նոյն Պէյրութի նաւահանգիստէն եւ այլ կէտերէ մեկնած էին այս անգամ Ամերիկաներ՝ Հիւսիսային եւ, եթէ ատիկա հնարաւոր չէր՝ Հարաւային (սովորաբար Մարսէյի վրայով)՝ իրենց բախտը Նոր Աշխարհին մէջ փնտռելու։ Թիւերը այնքան մեծ էին որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Սահակ Բ․ հրապարակ ելած էր չգաղթելու յորդորով։ 1920-ականներուն, Հալէպի եւ Պէյրութի հայերէն թերթերուն մէջ կանոնաւորաբար կը հանդիպինք նաւային ընկերութիւններու ծանուցումներուն (արեւելահայերէնով՝ գովազդ), ԱՄՆ, Արժանթին ու Պրազիլ մուտքի պայմաններու մասին այդ ընկերութիւններուն հայազգի ներկայացուցիչներուն բացատրական գրութիւններուն, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն մէջ աշխատանքի պայմաններու կամ անոնց չգոյութեան մասին տեղեկատուութեան։
Եւս 15-20 տարի ու Պէյրութի նաւահանգիստը 1946-1947-ին՝ դէպի Խորհրդային Հայաստան Մեծ Հայրենադարձութեան (ներգաղթ) ժամանակ, դարձեալ կը դառնայ կարեւոր մեկնակէտ։ 1946-ի Յունիս-Հոկտեմբեր ամիսներուն՝ ութը, իսկ 1947-ի Յուլիս-Հոկտեմբերին՝ հինգ այլ նաւեր Պէյրութէն ուղեւորուեցան Պաթումի՝ իրենց հետ տանելով մօտ 33 հազար լիբանանցի, սուրիացի եւ իրաքցի ներգաղթողներ։ Իւրաքանչիւր նաւու մէջ կար 1030-էն մինչեւ 6100 հայրենադարձ։ Դամասկոսէն, Հալէպէն, Համայէն, Հոմսէն, Ազէզէն, Սուրիոյ այլ շրջաններէն եւ Իրաքէն ներգաղթողները ինքնաշարժներով ու մարդատար մեքենաներով նախ կը փոխադրուէին Պէյրութ եւ հոնկէ նաւով կը մեկնէին Պաթումի։ (Կցած եմ լուսանկարներ)
Լիբանանէն ներգաղթողներուն թիւը մօտ 10 հազար էր՝ երբ երկրին ընդհանուր հայ բնակչութիւնը այդ օրերուն՝ ըստ պաշտօնական տուեալներու, շուրջ 75 հազար կը հաշուէր։ Պատկերացում տալու համար ներգաղթողներուն տոկոսային յարաբերութեան մասին, նշենք թէ 1945-46 տարեշրջանին Լիբանանի հայ առաքելական առաջնորդարանին ենթակայ 24 ազգային վարժարաններուն աշակերտութեան ընդհանուր թիւը եղած էր շուրջ 6800, իսկ երկու տարեշրջան ետք՝ 1947-48-ին, այդ թիւը նուազած էր շուրջ 5400-ի։
Գրեթէ եօթանասունհինգ տարի առաջ Պէյրութի նաւահանգիստէն Հայաստան ներգաղթած անձանց ու յատկապէս անոնց ժառանգներուն այսօր կարելի է հանդիպիլ Հայաստանի կամ Քալիֆոռնիոյ մէջ․․․
* * *
———————————————————–
Ընթերցողի ուշադրությանն են ներկայացնում նաեւ նյութին վերաբերող որոշ հետաքրքիր տեսակետներ մեկնաբանություններ -(խմբ)
– Gevorg Khoudinyan – Իսկ անգլիացիները՝ չէ որ նրանք էին հիմնական հարվածողները։ Կարծեմ Սամվելի հոդվածում դա կա Մեգիդոյի ճակատամարտի մասին։
– Hovic Atokian – Բայց ճիշտ է որ պատմութեան որոշ հատուածներ պէտք է “մոռցուին” ի շահ տուեալ ազգի։ Մեր շահերը այս երկիրներուն մէջ կը պահանջեն որ չարծարծուին այս դրուագները։