ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆԻ ՀԵՏ

Վարեց՝ ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Հայ կինը դարերու ընթացքին զանազան դերեր ստանձնած է. ունեցած ենք հայ թագուհիներ. օտար լուծի եւ օտար կրօնքի ազդեցութեան տակ, հայ կինը դարձած է ստորադաս էակ. հայ կինը մասնակցած է կիներու ազատագրական առաջին շարժումին, իսկ յետ Ցեղասպանութեան, հայ կնոջ դերը մեծ եղած է ազգային վերականգնումին մէջ: Սակայն, հայ կնոջ արժէքը պէտք եղած ձեւով չէ արժեւորուած: Հայկական իրականութեան մէջ հայ կինը անտեսուած է, ու անոր պատմութիւնը մեծապէս բացակայ է մեր դասագիրքերու եւ պատմութեան գիրքերու էջերուն մէջ:

Վերջերս բախտաւորութիւնը ունեցայ այս կարեւոր նիւթին շուրջ զրուցելու «Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակի դափնեկիր, բազմավաստակ գրող եւ դաստիարակ Սոնա Զէյթլեանի հետ:

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ.- Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսած ձեր վերջին գործը՝ «Հայ Կնոջ Կեանքի Ուղիին Հետքերով»ը, արժանացած է «Գէորգ Մելիտինեցի» մրցանակին: «Ազդակ»ի էջերուն մէջ Ժանէթ Քասունի կը գրէ. «Բծախնդիր եւ հետեւողական պրպտումներու վրայ հիմնուած այս գործը արխիւային պատմութիւն է եւ յետագայ պատմաբաններուն վաւերական առատ նիւթ կը հայթայթէ»: Արդեօք ի՞նչ էր ձեր նպատակը, երբ որոշեցիք այս գիրքը գրել. նպատակ ունէի՞ք յետագայ պատմաբաններու վաւերական նիւթ հայթայթել:

ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆ.- Այդպէս մեծ յաւակնութիւններով չգրեցի այս աշխատանքը: Կը հաւատայի, թէ այս կիներու իրագործումները եւ իրենց կեանքերու տարբեր հանգրուանները պէտք էր ծանօթացնել հանրութեան: Ինծի համար միշտ հարց եղած է, թէ կիներու պատմութիւնը անծանօթ կը մնայ: Այդքա՜ն գիրքեր կը կարդանք՝ յեղափոխականներու յուշեր, կամ այլ գիրքեր. անոնց մէջէն պատառիկներ պիտի առնես, էջեր պէտք է կարդաս, որ մէկ կամ երկու նախադասութիւն գտնես կիներու մասին: Այդ մէկը զիս միշտ կը համոզէր, որ արդար վերաբերումի արժանացած չէ հայ կինը մեր պատմութեան մէջ:

Իմ մեծագոյն նպատակը՝ մոռացումէ փրկելն է. այս՝ կեանքիս համար կարեւոր սկզբունք մըն է: Առաջին անգամ այդ մտահոգութեամբ հայ կիներու մասին սկսած եմ աշխատանք տանելու, եւ որքա՛ն խորացայ՝ այդքա՛ն հետաքրքրութիւնս աճեցաւ:

Այս վերջին գիրքը, որ «Մելիտինեցի» մրցանակին արժանացաւ, համապարփակ գիրք մըն է. պատմութեան սկիզբէն, հեթանոսական շրջանէն քրիստոնէութեան մուտքը, հին հայոց օրէնքները, ընտանեկան յարաբերութիւնները, ժառանգութեան իրաւունքները… զանազան հանգրուաններ, որոնք կը վերաբերին հայ կնոջ: Համապարփակ աշխատանք է, ու ինծի մեծ գոհացում տուաւ այդ մէկը, որովհետեւ հիմա, ոեւէ մէկը, որ հայ կնոջմով կը հետաքրքրուի, կրնայ այդ գիրքը բանալ եւ եթէ համբերութիւնը ունի ծայրէ ի ծայր կարդալու՝ գիտնալ, թէ հայ կինը ինչպէ՛ս սկսաւ, ինչպէ՛ս շարունակեց, ինչպէ՛ս զանազան ճգնաժամեր դիմագրաւեց, եւ այսօր ի՛նչ պատրաստ է ընելու: Ուրեմն, այդ միւս յաւակնութիւնները՝ արխիւային կամ վաւերական նիւթեր պատրաստելու, չունէի. շատ աւելի անձնական ապրում մըն է ինծի համար՝ մոռացումէ փրկելու եւ արժեւորելու: Ա՛յս է ինծի համար կարեւորը:

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ.- Յաճախ գրած էք հայ կնոջ մասին. առաջին ձեր ուսումնասիրութիւնը՝ «Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման Մէջ» գործը, կը կեդրոնանայ հայ կին յեղափոխականներու վրայ: Ինչո՞ւ շատ քիչ կը լսենք հայ կիներու մասին հայ յեղափոխական շարժման պատմութեան մէջ, մեր դասագիրքերէն կամ այլ աղբիւրներէ:

ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆ.- Այս հարցումին կարճ պատասխանն ու երկար պատասխանը կայ: Կարճ պատասխանը այն է, որ բոլոր պատմութիւնները այր մարդոց կողմէ գրուած են. այսքա՛ն պարզ:

Աւելի երկար պատասխանը հետեւեալն է: Հայ կնոջ դերը պեղելու համար, գտնելու եւ մէջտեղ հանելու համար, պէտք է յաւելեալ եւ զանազան աղբիւրներէ ջուր բերել: Մինչեւ որ զանազան աղբիւրներէ ջուր չբերես՝ պատկերը չի յստականար: Այդ ընելու համար համբերութիւն է պէտք, համբերութիւն եւ հետեւողական աշխատանք, որովհետեւ պիտի պրպտես, հոս պիտի նայիս, հոն պիտի նայիս… թափդ կրնայ շուտով կտրուիլ եւ ուրիշ բաներով կրնաս սկսիլ հետաքրքրուելու: Բայց եթէ նպատակդ հայ կիներու գործը արժեւորելն է, ապա ուրեմն հետեւողական պիտի ըլլաս: Ա՛յդ է:

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ.- Կրնա՞ք  քանի մը օրինակ տալ հայ կիներու, որոնք կարեւոր դեր խաղացած են մեր պատմութեան մէջ, սակայն անտեսուած են մեր գիրքերու եւ այլ աղբիւրներու մէջ:

ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆ.- Երկու հոգի կ՛ուզեմ նշել: Առաջինը՝ Զապէլ Եսայեանն է: Այո՛, շատ բաներ կը գրուին իր մասին, բայց ես աւելի հետաքրքրուած եմ իրմով՝ իբր արժանապատուութեան տէր հայ կին, եւ ոչ թէ իբր գրագիտուհի. այդ իր կարգին: Իբր արժանապատուութեան տէր հայ կին, ան ի՞նչ ըրած է ուրիշ կիներու դատը արժեւորելու համար. այդ է, որ զիս կը հետաքրքրէ: Այս կինը շատ աշխատանք տարած է, ու բոլորովին անտեսուած է այդ աշխատանքը: Օրինակի համար, երբ 1909ի Կիլիկիոյ աղէտը եղաւ, Պոլսոյ պատրիարքարանը Հայ Կարմիր Խաչի ու առաջնորդարանի շրջանակներուն մօտ կիներուն, առաւել՝ Զապէլ Եսայեանին, պարտականութիւն տուաւ, որ խնամատարական աշխատանք տանին, երթան այնտեղ, որբերը հաւաքեն, այրիներուն ճար մը գտնեն եւ վերջապէս պատրաստեն տեղեկագիր մը, որուն հիման վրայ առաջնորդարանը պիտի մտածէր, թէ ի՛նչ կրնար ընել՝ օգտակար ըլլալու: Այս կնոջ տեղեկագիրի պատրաստութիւնը, ականատեսի վկայութիւնը, կը գնահատուին իբր գրականութիւն: Իրականութեան մէջ, այդ աշխատանքը վաւերագրութիւն մըն է. eye-witness account մըն է: Այս մէկը չէ արժեւորուած: Հայոց պատմութեան մէջ առաջին վկայագրութիւնն է անիկա. աչքերովը տեսած է եւ գրի առած: Բայց ինչպէս ըսի, իբրեւ այնպիսին երբե՛ք չարժեւորուեցաւ: Այլ արժեւորուեցաւ իբրեւ գրականութիւն։

Տարիներ ետք, հարիւրամեակի նախօրեակին, այս աշխատանքը թրքերէնի թարգմանուեցաւ եւ Պոլսոյ մէջ հրատարակուեցաւ: Հիմա կ՛անդրադառնան անոր կարեւորութեան՝ թուրք ժողովուրդի գիտակցութիւնը արթնցնելու, որովհետեւ 1909ին, ո՛չ համացանց կար, ո՛չ ալ mass media. այդ տեսակի բաներ գոյութիւն չունէին: Թրքական աղբիւրները պատմական այդ նիւթին շուրջ միակողմանի են ու անճիշդ: Եսայեան միակ անձն էր, որ ճի՛շդ պատկերը տուաւ: Ու հիմա, երբ այս մէկը թրքերէնի թարգմանուած է, սա մեծ նշանակութիւն ունի: Թուրքիոյ դասագիրքերուն մէջ հայերը իբրեւ անվստահելի տարր կը ներկայացուին. ուրիշ բան մը պէտք էր ականատեսի մը կողմէ՝ ցոյց տալու համար, թէ ինչե՛ր պատահած են: Ճիշդ այդ պատճառով, մեծ արժէք կու տամ Եսայեանի վկայագրութեան: Այս՝ մէկ օրինակ։

Ուրիշ օրինակ մը. Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարիներուն ունէինք կին երեսփոխաններ, որոնք նաեւ նախարարի պաշտօն ունեցան. կրթական աշխատանքի, որբերու հարցերու եւ այլ բնագաւառներու մէջ մեծ գործ տարին: Բայց ուրիշ շատ կարեւոր դէպք մը կար. միջազգային պատմութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը առաջին կին դեսպանը նշանակողն էր՝ Դիանա Աբգարը: Դժբախտաբար, այս կնոջ արժէքը պէտք եղած ձեւով արժեւորուած չէ: Ան գիրքեր գրեց Հայաստանի Հանրապետութեան մասին, բայց կ՛ուզեմ շեշտել, թէ երբ այլեւս հանրապետութիւն չկար ու ան այլեւս դեսպան չէր, տակաւին պատասխանատուութեան զգացում ունեցաւ՝ այդ ժամանակի բոլոր գաղթականներուն հոգ տանելու, որովհետեւ ծանօթութիւններ ունէր այդ ժամանակի իշխանութիւններուն հետ եւ իր խօսքը կշիռ ունէր: Տարիներ ետք, «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, առիթով մը մէկը իր յուշերը գրեց, թէ ինչպէ՛ս Աբգար օգտակար եղած է իրեն եւ իր ընտանիքին՝ Ամերիկա տեղափոխուելու աշխատանքին մէջ: Ան նոյնիսկ իր տան մէջ սենեակ տրամադրած է, մինչեւ գաղթականներու թուղթերու կարգադրութիւնը:

Այս տեսակ կիներու աշխատանքը չես գտներ գիրքերու մէջ: Եթէ մէջտեղ հանես, եթէ արժեւորես, ապա շատ օրինակելի կիներ են ասոնք: Մեր նոր մտայնութեամբ կը կարծենք, թէ դրամով ամէն ինչ կրնայ լուծուիլ: Այս կիները դրամ չունէին, սակայն ունէին ոգին՝ զոհաբերութեան ոգին: Այս պատճառով է, որ կ՛ուզեմ արժեւորել զանոնք:

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ.- Թորոնթօ ժամանած էք ՀՕՄի կազմակերպած Կանանց Միջազգային Օրուան տօնակատարութեան մասնակցելու՝ իբր բանախօս: Ըստ ձեզի՝ ինչո՞ւ կարեւոր են այս տեսակի տօնակատարութիւններ, տօներ կամ նշանակուած օրեր՝ նուիրուած կիներու:

ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆ.- Իրականութեան մէջ, ինծի համար կարեւոր չէ՛. առաջին անգամ, երբ ՀՕՄի ընկերուհիները հարց տուին, թէ տրամադի՛ր եմ, անմիջապէս պատասխանեցի, թէ տրուած ըլլալով, որ (Ցեղասպանութեան) հարիւրամեակի տարի է, ապա եթէ գամ՝ Միջազգային Կանանց Օրուան մասին չէ որ պիտի խօսիմ, այլ պիտի կեդրոնանամ հա՛յ կիներու դերին վրայ՝ ազգային վերականգնումի գործին մէջ: Մօտեցումս բոլորովին տարբեր էր. անշուշտ, նորէն կիներու մասին է նիւթը, բայց Միջազգային Կանանց Օրը ինծի համար այդքա՛ն ալ արժէք չունի, որքան՝ առիթը օգտագործել մեր կիներուն կարեւոր աշխատանքները մէջտեղ բերելու: Անմիջապէս ընդունեցին ու հոգեկան կապ մը ստեղծուեցաւ ներկաներուն հետ: Ինքնագովութիւն չէ ըսածս, սակայն խօսքիս աւարտին, ամբողջ սրահը ոտքի ելաւ: Կը նշանակէ, թէ գնահատեցին… իրենց սիրտերուն խօսեցաւ։ Ա՛յդ է կարեւորը, որ՝ յիշատակ մը մնայ այդ կիներէն, որոնք այդքա՛ն աշխատեցան: Բազմաթիւ օրինակներ տուի ելոյթիս ընթացքին, եւ եթէ նոյնիսկ մէկ օրինակ մնայ ներկաներու միտքերուն մէջ, ապա այդ մե՛ծ բան է: Միջազգային Կանանց Օրը պարզապէս առիթ մըն է մեր ազգային ուղեգիծին մասին խօսելու:

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ.- Հայ կինը դարերու ընթացքին զանազան դերեր ստանձնած է. ունեցած ենք հայ թագուհիներ. օտար լուծի եւ օտար կրօնի ազդեցութեան տակ, հայ կինը դարձած է ստորադաս էակ. հայ կինը մասնակցած է Կիներու ազատագրական առաջին շարժումին, իսկ յետ Ցեղասպանութեան, հայ կնկան դերը մեծ եղած է ազգային վերականգնումին մէջ: Ըստ ձեզի՝ ի՞նչ է այսօրուան հայ կնկան դերը մեր ազգային իրականութեան մէջ՝ հայրենիքէն ներս եւ սփիւռքեան գաղթօճախներու մէջ:

ՍՈՆԱ ԶԷՅԹԼԵԱՆ.- Հարցումդ շատ կարեւոր է, որովհետեւ այսօր, հայ ժողովուրդի շուրջ եօթանասուն առ հարիւրը Սփիւռքի մէջ կ՛ապրի: Սփիւռքի մէջ համաշխարհայնացումը (globalization) կը տիրէ: Համաշխարհայնացումը ազգային ոգին, լեզուն եւ այլ բաներ, որոնց մասին կը խօսինք, հասարակ յայտարարի կը վերածէ: Նաեւ համացանցը մեծ դեր ունի այս բոլորին մէջ:

Թէեւ այսօր ունինք սուրիահայութեան խնդիրը, հայ ժողովուրդը ազգային մեծ ճգնաժամ մը չ՛ապրիր հիմա, այնպէս, ինչպէս ապրեցաւ Ցեղասպանութեան տարիներուն: Կան սակայն բազմաթիւ խնդիրներ մեր ժողովուրդին առջեւ: Օրինակ՝ Արցախի հարցը. ամբողջ ժողովուրդին փափաքը իրե՛նց կամքով, իրե՛նց օրէնքներով ապրիլն է, ոչ թէ՝ ենթարկուիլ: Հայ կինը շատ օգտակար կրնայ ըլլալ այս պայքարին մէջ: Այս՝ մէկ:

Հակառակ անոր որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարիներուն, Հայաստան եղաւ առաջին երկիրներէն մէկը, որ կիներուն քուէարկելու իրաւունք տուաւ, սակայն այսքան տարիներ ետք, եօթանասուն տարուան համայնավար տիրութենէ ետք, նոր կառավարութիւն, նոր սկզբունքներ, նոր էջ դարձաւ, ու կիներու այդ իրաւունքը երբե՛ք չ՛արժեւորուեցաւ: Կը հաւատամ, որ կիներուն տեղ պէտք է տրուի, որպէսզի իրենք եւս մասնակցին ազգային կեանքին:

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրով, ի պատիւ այդ մարդոց, որոնք Հանրապետութիւնը կերտեցին, անոնք անդրադարձան, թէ Հայաստանի վերականգման մէջ անհրաժեշտ էր հայ կնոջ դերը եւ կարեւորութիւնը շեշտելը: Այդ հաշիւներով է որ կիներուն քուէարկութեան իրաւունք տուին՝ Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարիներ ետք: Եթէ այդ մարդիկ իմաստութիւնն ու հեռատեսութիւնը ունեցան, ապա մենք ինչո՞ւ չարժեւորենք: Այսօր Հայաստանի մէջ կիները երրորդական աստիճանի քաղաքացիներ են: Սեռով պայմանաւորուած արհեստական վիժումները (sex selective abortion) մեծ հարց է այնտեղ, ինչ որ շատ ցաւալի է:

Եթէ արժեւորես հայ կինը, եթէ ան մասնակցութիւն բերէ, գործ տեսնէ, իսկ ուրիշներ այդ գործը տեսնեն, ապա, կը կարծեմ, որ բան մը կրնա՛յ փոխուիլ: Մէկ անգամէն հրաշք չ՛ըլլար, բայց ժամանակի ընթացքին մտածելակերպը կը փոխուի: Ա՛յս է իմ ըսածը: Համբերութիւն կը պահանջէ: Տարիներէ ի վեր այս պրպտումները կ՛ընեմ, կը կարդամ, ամէն աղբիւրէ ջուր կը հաւաքեմ, բայց պէտք չէ աճապարել, որովհետեւ մշակոյթի հետ կապուած է այդ: Մշակոյթը արագ չի փոխուիր. ժամանակի կը կարօտի: Յեղաշրջում չէ, այլ եղաշրջում (evolution) մըն է: Անոր համար ալ համբերութիւն է պէտք: Բայց այս չի նշանակեր, որ պէտք է մեր ձեռքերը ծալենք եւ նստինք: Մի՛շտ պիտի խօսինք, մի՛շտ պիտի գրենք, բայց համբերել ալ պիտի գիտնանք:

http://asbarez.com

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert