Տուիզպուրկ, Գերմանիա (4-6 Մարտ 2016)

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Երուսաղէմ, 3 Մայիս 2016

Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի, թէ՛ Ջաւախքի եւ թէ՛ սփիւռքահայութեան դիմագրաւելիք մարտահրաւէրները թուաքանակով փոքր ազգի մը համար առասպելականօրէն շատ են ու առաջին հայեացքէն կը թուի թէ նման պարագաներուն մեր նման (այժմ) փոքրացած ժողովուրդներու համար, մանաւանդ ներկայ դարուս ու վերջին տասնամեակներուն, հնարաւոր չեն դիմագրաւել։ Բայց ճիշդ այսպիսի պահերուն է, երբ կարեւոր գործօն եւ մղիչ ուժ կը դառնայ ազգին գոյատեւման կենսական խնդիրը, մէկ կողմ կը դրուին ԱՄԷՆ տեսակ ներքին առճակատումներ, տարակարծութիւններ, որովհետեւ ազգին գոյատեւման խնդիրն է որ յայտնուած է կրակակէտի դէմ հանդիման։

Կարեւորութեան կարգով առաջին հարթակ կը բարձրանան բռունցքացումը, համատեղ ջանքերով ազգային գաղափարախօսութեան մը մշակումը, համատեղ ջանքերով միասնական ռազմավարութեան մը որդեգրումը, ճիշդ հաշուարկումը, կողմնակիցներու եւ ճակատագրակից ազգերու հետ դաշնակցումը:

Այս իմաստով Եւրոպայի Համագումարը կը փորձէր Մարտի Համագումարին ճիշդ գնահատել իրավիճակը, տալ առարկայական վերլուծումներ, գլխաւորը առանձնացնել երկրորդականէն եւ ընդգծել առաւել էական հարցերը։

Մեր ժողովուրդը տակաւին չունեցաւ այն ցանկալի ամպհովանին, որուն տակ կարենար գործէր ՀԱՄԱՅՆ հայութիւնը։ Եւրոպայի Հայոց համագումարը այս առումով իր կիզակէտին տակ առած էր կարգ մը կենսական խնդիրներ, որոնք պէտք չէ զոհ երթան ուշացման ու ձգձգման։

Ա.- Այս իմաստով ուշագրաւ էր աւելի քան մէկուկէս միլիոնի հասնող ռուսական սփիւռքէն «Ժամ» պարբերականի հիմնադիր, գլխաւոր խմբագիր եւ հրաատարակիչ Աննա Գիվարգիզեանի զեկուցումն ու վերլուծումը նուիրուած մեր մեծագոյն սփիւռքին։
Քսանհինգ տարուան մէջ գրեթէ եռապատկուած այս համայնքը անծայրածիր Ռուսաստանի տարածքին՝ յայտնուած է չափազանց վտանգաւոր կացութեան մը մէջ։ Համայնքի մասնակցութիւնը քիչ է ազգային կեանքէն ներս զանազան պատճառներով, ինչպէս՝ օրուան ապրուստի ետեւէն վազք, անտարբերութիւն, հիասթափութիւն հայրենիքի մէջ տիրող տարբեր տեսակի անարդարութիւններու եւ ընկերային ապահովութեան չգոյութեան պատճառով, ծայրահեղ գործնապաշտութիւն («որտեղ հաց՝ այնտեղ կաց…») եւ այլն։

Մատնանշուեցաւ հայոց լեզուի հանդէպ անտարբերութիւնը, «հայկական վարժարան» կամ շաբաթօրեայ հայկական վարժարաններու անարդիւնաւէտութիւնը (գրեթէ ԱՄՆ-ի հայկական վարժարաններու նման)։ Զեկուցաբերը ախտաճանաչում մը կատարելով յայտարարեց թէ, ըստ իրեն, չկայ «ինստիտուցիոնալ կառոյց» քանի որ չկայ ազգային գաղափարախօսութեան յստակ պատկերացում։

Բ.- Պատմական Ջաւախքը կը շարունակէ մնալ բաց վէրք մը։ Վտանգուած է հայութեան գոյութիւնը այս շրջանին մէջ մի քանի պատճառներով։ Նախ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղագիծի շինարարութեան պատճառով պիտի մեկուսացուի Հայաստանը (այստեղ առկայ է Թուրքիա-Ազրպէյճան գործօնը), Յաջորդ վտանգն այն է որ հաւանաբար շրջանը վերաբնակեցուի վրացիներով, թուրքերով եւ Մեսխեթցի թուրքերով, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանցի թուրքերով՝ ի հաշիւ հայ բնակչութեան։ Երրորդ, վտանգուած է շրջանը նաեւ հայ ազգաբնակչութեան արտահոսքով ու արտագաղթով դէպի Ռուսաստան։ Սա կը նշանակէ թէ Հայաստանէն դէպի Սեւ ծով տարածքը պիտի ենթարկուի հայաթափման։

Այս եւ այլ հարցերու մասին հանգամանալից ելոյթ մը ունեցաւ Սպարտակ Տէր Աւետիսեան, որուն ելոյթը փաստօրէն ահազանգ մըն էր՝ հնչեցուած, որպէսզի անյապաղ կերպով արժանանար հայութեան ուշադրութեան։ Ան կարեւորեց հայ-վրացական համագործակցութեան աւելի խորացումը մանաւանդ յետ-Սահակաշվիլլիական այս շրջանին։ Վրացական շրջանակներու մէջ արդէն լուրջ մտահոգութիւններ սկսած են հրապարակուիլ ազերիական քրէական խումբերու ներթափանցման եւ թուրքական հզօր դրամագլուխի հոսքին պատճառով։

Գ.- Յուսալի եւ սրտապնդիչ էր Պոլսոյ մէջ տիրող կացութեան մասին «Նոր Զարթօնք» շարժման երիտասարդ եւ յուսալի ներկայացուցիչ Ալեքսի Քալքի զեկուցումը։ Ահաւասիկ հաւասարակշռուած ու յառաջդիմական գաղափարներով դաստիարակուած ու անոնց ճշմարտացիութեան լիովին հաւատացած խումբ մը հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք երես կը ճերմկցնեն եւ որոնց հետ շփում ունենալով անվարան կ՚ըսես. «Դուք մեր յոյսն էք»։

Ի՞նչ է «Նոր Զարթօնքը». անիկա համանուն շարժումին հրատարակութիւնն է։ «Նոր Զարթօնքը հայ հասարակութեան մէջէն  իր անխուսափելի ծնունդով, լքուածութիւնը, ստրկութիւնը, ճնշուածութիւնը եւ գերութիւնը պատրող զարթօնք մըն է»,- կըսուի Ծրագիր Կանոնագրին մէջ ու կը շարունակէ, «Նոր Զարթօնք»ը, բիւրեղացած ըլլալով 19 Յունուար 2007-էն առաջ, Հրանդ Տինքի ոճիրէն ետք վերաձեւաւորուած է որպէս Թուրքիոյ հայոց սեփական կազմակերպուածութիւնը։ Եղած է տանիք մը հայերուն համար, որոնք ուս-ուսի կը պայքարին ազգ-պետութեան մը դէմ, որ իրենց նոյնիսկ գոյութիւնը կը համարէ սպառնալիք»։

Պարզ ու յստակ է Շարժումին գաղափարական հենքը եւ որդեգրած ուղին։

Եւրոպայի Հայոց (Բ) Համագումարին զեկուցաբերը այս եւ այլ յարակից հարցերու մասին գրեթէ սպառիչ տեղեկութիւններ տալու ընթացքին շեշտեց այն արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, որ գոյութիւն ունի հայ եւ ոչ-հայ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ մտաւորականութեան միջեւ։ Ուրախութեամբ իմացայ որ մեկուսացած եւ ինքն իր կէթթօ-ին մէջ ծուարած շարժում մը չէ Նոր Զարթօնքը։ Ի նպաստ հայութեան առնուելիք որեւէ քայլ մը յաջողցնելու համար մենք պէտք ունինք ոչ-հայ համախոհներու եւ շարժումներու, որոնք պատրաստ են իրենց զօրակցութիւնը ցոյց տալու, քանի որ հետապնդուած նպատակները համընդհանուր եւ համամարդկային բնոյթ կը կրեն։

Օրուան զեկուցաբերը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տուաւ Պոլսոյ Արմէն Ջամբարի վերջին դէպքերու մասին։ Իրազեկ դարձանք պոլսահայ հարիւրաւոր այն հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու յամառ ու խաղաղ դիմադրութեան, որուն կը զօրակցէին նաեւ թուրք, քիւրտ եւ այլ համայնքներու երիտասարդներ։ Այս դիմադրութեան շնորհիւ է որ Արմէն Ջամբարը փրկուեցաւ պատմութեան գիրկը անցնելէ։ Յիշեցնեմ որ «Քամբ Արմէն»ը (Kamp Ermeni) Պոլսոյ Թուզլա թաղամասին մէջ կառուցուած որբանոց մըն է՝ Անատոլիայէն (իմա՝ Արեւմտեան Հայաստան եւ երբեմնի հայաշատ այլ նահանգներ – Մ.Գ.) իրենց լեզուն եւ  մշակոյթը սորվելու համար Պոլիս բերուած որբ եւ աղքատ հայ մանուկներուն յատկապէս ամառուան ամիսներուն ուսում ջամբելու նպատակով կառուցուած։ Ջամբարը քանդուելու ենթակայ էր 1970-1980-ական թուականներուն՝ բռնագրաւուելէ ետք պետութեան կողմէ։

Եւրոմիութեան մէջ ապրող հայութիւնը եւ վերջինս նեկայացնող հայկական կազմակերպութիւնները լուրջ աշխատանք ունին կատարելիք  Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Ատեանէն ներս։ Այս առումով շնորհաւորելի է Եւրոպայի Հայոց Համագումարի տարած լուսաբանական եւ զօրակցական գործունէութիւնը։

(Շարունակելի)

http://www.keghart.com/Kojayan-AAE2

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert