Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Պէյրութ-Լոս Անճելըս, 25 Յունիս 2017

Վերջին շրջանին հրատարակուած ինքնատիպ գիրք մը (հրատարակութիւն՝ Լիբանանի «Սփիւռք» պարբերաթերթի), որ կը լրացնէ հետազօտական լրագրութեան մը բոլոր պայմանները։ Լոյս տեսած է Երեւանի «Տիգրան Մեծ» տպարանէն 2017-ին եւ փուռէն ելած թարմ հացի նման սպառած է։ Գրեթէ մէկ շունչով ընթերցելէ ետք կրնամ անվարան յայտարարել թէ «Պայթիւններ…»ը արժանի է երկրորդ տպագրութեան եւ գոնէ թարգմանուած մի քանի լեզուներու (Արաբերէն, Անգլերէն, Ֆրանսերէն, Սպաներէն…), որովհետեւ ներկայացուող հրատարակութեան մէջ, բաղկացած 293 էջերէ եւ 96» սեւ-ճերմակ նկարներէ, հանրութեան կը ներկայացնէ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (այսուհետեւ՝ ՀԱՀԳԲ) անցած ուղին։

Կարօ Վարդանեան վաւերական լրագրող մըն է, Գրականության և արուեստի թանգարանի տնօրէնը, որ կը ստուգէ իւրաքանչիւր տեղեկութեան աղբիւրը, հաւաստիութիւնը եւ գիտէ առասպելը անջատել իրականութենէն, որովհետեւ հապշտապ կերպով չէ արտադրած իր վէպը, այլ տարիներու ընթացքին ուսումնասիրած է ՀԱՀԳԲ-ը եւ յարակից դէպքերը, որոնք ծնունդ տուին յետ ցեղասպանութեան տարիներուն սփիւռքի մէջ աննախադէպ շարժումի մը, որ տակն ու վրայ ըրաւ հայ դասական կուսակցութիւններու ղեկավարութեան հաշտուողական մօտեցումները հայ դատի առնչութեամբ։ Բանակին նպատակը հայ կուսակցութիւնները հարուածելը չէր, այլ Թուրքիան պատմութեան դատաստանին առջեւ բերելու ազդու փորձ մը, ինչպէս նաեւ աշխարհի խուլ ականջներուն կամ անտեղեակ մարդկութեան լսելի դարձնելու մեր արդար պահանջատիրութիւնը։

Հեղինակը ընտրած է իրապատում վէպի ոճը։ Վէպին գլխաւոր կերպարը համալիր կերպար մըն է, որ իր մէջ կ՚ամփոփէ Բանակի հերոսական տղոց բոլոր դրական կողմերը, անոնց նուիրուածութեան  անկեղծութիւնը, գործի հանդէպ ունեցած իրենց հաւատքը, անձնազոհութիւնը եւ նման բարեմասնութիւններ։ Կը թուի թէ գլխաւոր հերոսը ուրուական մըն է, բայց ընթերցողը անոր կերպարին մէջ կը տեսնէ համեստ, քաջասիրտ, ստեղծագործ եւ Հայ Դատին ու իր մարտական ընկերներուն ամբողջովին նուիրուած պատուաւոր ու արժանապատուութեան գիտակից պատերազմիկ մը։ Ան մասնակցած է բազմաթիւ արիութեան գործողութիւններու, յատկապէս որպէս օդաչու օգտուելով իր պաշտօնին ընծայած առաւելութիւններէն եւ զէնքեր ու պայթուցիկներ փոխադրած է Փարիզ, Մատրիտ, Հռոմ, Թուրքիա եւ այլուր։

Այս գործութիւններու պատումի ընթացքին է որ ընթերցողը կը հանդիպի ու կը լսէ ՀԱՀԳԲ-ի հիմնադիրներուն, կը լսէ անոնց մտահոգութիւնները, շարժառիթները, գաղափարախօսութիւնը։

Օրինակ ի պատիւ գլխաւոր կերպարին ան անվարան կերպով կը ճշդէ թիւրիմացութիւն մը.

– Մեր նպատակը վրէժը չէր եւ ոչ էլ՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչի վրայ արդէն հարիւր տարի սեւեռուած է ողջ հայութեան միտքը։ Մեր նպատակը մեր գերուած հայրենիքի վերադարձն է։

Կարելի չէ չհամաձայնիլ գլխաւոր կերպարի ճշդումին հետ։

Եւ այսպէս հերթով հեղինակը մեր ձեռքէն բռնած կ՚առաջնորդէ ու կը հանդիպեցնէ ՀԱՀԳԲ-ի հիմնադիրներուն եւ առաւել կամ նուազ չափով աչքի զարնուած նորօրեայ ազատամարտիկներուն։ Կը խօսի Գուրգէն Եանիքեանը (1895-1984), ՀԱՀԳԲ-ի հիմնադիր Յակոբ Յակոբեանը (բուն անունով Յարութիւն Թագուշեան, 1951-1988), առասպելական կերպար վաղամեռիկ Յակոբ Տարագճեանը (1958-1981), Վազգէն Սիսլեանը, Ալեք Ենիգոմշեանը, Լեւոն Էքմէքճեանը (1958-1983), Լեւոն Երկաթը (1916-1990) եւ շատ ուրիշներ։

Հեղինակը, մինչ կը խօսեցնէ իր «ուրուական» կերպարը, որ հարիւրաւոր անգամներ լուռ ու մունջ զինամթերք հասցուցած է զինակից եղբայրներուն յաճախ իր գործն ու կեանքը վտանգի տակ դնելով, կ՚իմանայ կարեւոր պատմական տեղեկութիւն մը։

– Գրեթէ եղբայրս էր Յակոբը (Տարագճեան-Մ.Գ.),- կ՚ըսէ «անանուն» հերոսը,- Եւ յետոյ որքան էլ միւս Յակոբը (Մուճահետը-Յակոբեան-Թագուշեանը-Մ.Գ.) իրաւամբ համարւում է ԱՍԱԼԱ-ի հիմնադիր, միենոյն է, մենք մեծ պարտք ունենք Տարագճեան Յակոբի հանդէպ, որովհետեւ մինչ օրս հանրութեանը կարգին չենք ներկայացրել, որ այս երկու Յակոբների հանդիպումից ծնունդ առաւ ԱՍԱԼԱՆ-ն…։ Պատմութիւնը նրան պիտի յիշի որպէս ԱՍԱԼԱ-ի համահիմնադիր։ Ու դա արդար կը լինի։

Իրապատում վէպը յաճախ կ՚անդրադառնայ Մոնթէ-Աւօ Մելքոնեան կերպարին, անոր նախաարցախեան շրջանի երբեմն տարօրինակ, անհասկնալի ու առեղծուածային գործունէութեան մասին։ Հակառակ այն համոզման որ հեղինակի համար Մոնթէն Արցախի հերոսն է, այնուամենայնիւ համարձակութեամբ ու իսկական լրագրողի յամառութեամբ կը փորձէ բացայայտել Մոնթէի կերպարը։

Հակասական երեւոյթներ կան Մոնթէի մէջ, երբեմն չես ուզեր հաւատալ իր զինակիցներուն կողմէ իր մասին եղած վկայութիւներուն։ Վէպին այս թեման կը թողում որ ընթերցողը ինք կատարէ իր անձնական դատումը։ Այնուամենայնիւ տակաւին կրնան շատ գոց էջեր բացուիլ Մոնթէի մասին – պատճառ մը եւս որ ես այս խնդրին մէջ աւելի չխորանամ, բայց կը մտածեմ՝ արդեօ՞ք երկու Մոնթէ գոյութիւն ունեցած է, մին 70-80ականներուն, միւսը՝ Արցախեան գոյամարտի։ Որպէս բարեխիղճ լրագրող Կարօ Վարդանեան յարգած է լրագրութեան – իրաւ լրագրութեան եւ ոչ թէ «ղազաթէճիութեան» (թրքերէն՝ աժան ու անլուրջ լրագրութիւն)- պահանջքները։

Գիրքին էջերը կարդալու ընթացքին ընթերցողը չի կրնար իր յուզմունքը զսպել իմանալով այս տղաներուն անձնուռաց քաջագործութիւնները, որոնց մէջ կը հանդիպիմ ինծի քաջ ծանօթ դէմքերու, ինչպէս բժիշկ Հրաչ Լուսինեան (նահատակուած հիւսիսային Սուրիոյ մէջ1982ին), Կարապետ Փաշապեզեան (նահատակուած 1983-ին, Հայերէնի ուսուցիչներէս Գէորգ Աճեմեան (1932-1998) աշակերտներէս Խաչատուր Խուրշուտեան (նահատակուած 1897ին. Շարադրութեան տետրակը պահած եմ քովս երբ տակաւին Է. դասարանի աշակերտ էր ՄԿՀ-ի մէջ)։

Կը մնայ ակնկալել Կարօ Վարդանեանէն որ շարունակէ իր պրպտումները եւ խորացնէ իր ուսումնասիրութիւնները բարդ ու խճճուած այս շարժումին զանազան ծալքերը յայտնաբերելու իր շնորհակալ աշխատանքին մէջ։

http://www.keghart.com/Kojayan-Explosions

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert