Րաֆֆի Տուտագլեանի ՖԲ-յան էջից. 2019-ի առաջին գրառումս իմ սեփական յօդուածս չէ, այլ՝ յայտնի մտաւորական, երկար տարիներ շարունակ ՀՅԴ պաշտօնաթերթի՝ «Դրօշակ»ի խմբագիր Նազարէթ Պէրպէրեանի գրիչին կը պատկանի։ Խելացի մտքեր, բիւրեղացած արեւմտահայերէն։ Իսկական հաճոյք է այս երկուքը համատեղուած տեսնել այս հրապարակման մէջ։
2018. ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՏԱՐԻՆ
2018ն կոչուած էր ըլլալու Հայաստանի անկախութեան նուաճման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրման 100ամեակի յոբելինական տարին։ Իսկ ժամանակը բերաւ այնպէս, որ 2018ն Հայաստանի անկախութեան նուաճման Քայլը վերարժեւորելու եւ ազգային պետականութեան հայրենակերտ Աւանդը վերաթարմացնելու կոչուած ոգեւորման առիթէն շատ աւելին եղաւ։
Նոյնպէս եւ Արցախի ազատագրութեան մերօրեայ Պայքարին 30ամեակի յոբելինական տարին խորհրդանշելէ եւ համազգային մարտունակութեան մեր Ուխտը վերանորոգելու իմաստէն շատ անդին անցաւ 2018ի պատմարժան նշանակութիւնը։
Բառին բուն առումով ազգային զարթօնքի բացառիկ նշանակութեամբ յատկանշուեցաւ 2018 տարեթիւը։
Հանդիսացա՛ւ Հայաստանի եւ հայութեան՝ հայոց ազատ ու անկախ Պետական Տան ազգային-քաղաքական ու հասարակական ինքնամաքրման եւ վերածնունդի պատմական տարին, որ Դեկտեմբերի վերջին այս օրը ահա՛ պատմութեան կ’անցնի եւ կ’երթայ իր արժանի տեղը գրաւելու ազգային մեր արժէքներու հոգեմտաւոր հարստութեան անփոխարինելի գանձարանին մէջ։
Դառն, դաժան ու հեղձուցիչ մթնոլորտի եւ ջլատիչ ճնշումի պայմաններուն մէջ սկսաւ 2018 տարեթիւը։
Պետական օրինական իշխանութեան կռուաններն ու ստուերային տնտեսութեան լծակները իր բուռին մէջ հաւաքած եւ Հայոց Պետական Տունը սեփական ագարակի վերածած վերանկախացեալ Հայաստանի իշխանաւոր վերնախաւը՝ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, 2018ի սկզբնաւորութեան արդէն ինքզինք պատրաստ կը զգար վերջին քայլն ալ նետելու կառավարման ղեկը ամէն գնով իր ձեռքը պահելու՝ իբրեւ ժառանգական իրաւունք ոչ մէկ սահմանափակում կամ պաշտօնավարման ժողովրդավարական ժամկէտ ընդունելու ուղղութեամբ։
Չբաւարարուելով Հայաստանի սահմանադրութեամբ ճշդուած նախագահական պաշտօնավարութեան երկու շրջանի արժանանալու հնարաւորութեամբ՝ Հ.Հ. նախագահի իշխանութեան դիրքէն ձեռնարկուեցաւ սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ այսպէս կոչուած վարչապետական կառավարման անցնելու քաղաքական խաղին, որ վերջին հաշուով անժամկէտ պաշտօնավարութեան հնարաւորութիւնը պիտի ապահովէր նախագահական իշխանութեան սահմանադրական իրաւունքը այլեւս սպառած օրուան իշխանաւորին՝ նոր սահմանադրութեամբ նուիրագործուած վարչապետին։
Հակառակ անոր, որ քառորդ դարէ աւելի հայրենի հայութիւնը ցմրուր ճաշակած էր ժողովրդային կամքի բռնախեղման դառնագոյն բաժակը եւ շատ ծանր գին վճարած էր հասկնալու համար, թէ իշխանութեանց հետ խաղ չկայ եւ չի՛ կրնար ըլլալ… Այդուհանդերձ 2018ին մեր ժողովուրդը իր մէջ բաւարար եւ անհրաժեշտ ոյժը գտաւ՝ հարիւր հազարներով ոտքի կանգնելու եւ թաւշեայ յեղափոխութիւն իրականացնելու։ Քանի մը շաբթուան ընթացքին արագօրէն ահագնացած ժողովրդային բողոքի անընկճելի շարժումը յաջողեցաւ, խաղաղ ու օրինապահ պայքարի անդիմադրելի գրոհով՝ հայաշխարհով մէկ բարձրացնելու ներքին ցեցերէ եւ խաթարուածութեան արատներէն մաքրուելու պանծալի դրօշը։
«Մերժիր Սերժին» կարգախօսով փողոց նետուած եւ խաթարուած իշխանութեան դէմ անհաշտ պայքարի ճակատ յարդարած ժողովրդային բազմութիւնները քառորդ դարու դաժան կենսափորձ ունէին, որպէսզի խորապէս գիտակցէին, թէ սոսկ իշխանափոխութեամբ անհնար էր իրագործել Հայաստանի եւ հայութեան ինքնամաքրումն ու վերածնունդը։
Սեփական պետութենէն խորթացուած եւ օտարուած մեր ժողովուրդին համար թաւշեայ յեղափոխութիւնը մէկ ու միակ կիզակէտ ունէր՝ կրնա՛ր ունենալ, այդ ալ սեփական պետութեան մէջ ամենայն հարազատութեամբ եւ սրտցաւութեամբ ազատօրէն ապրելու, այլեւ տան տիրոջ կարգավիճակով ապրելու տարրական իրաւունքին ձեռքբերումն էր։
Իշխանութեան ղեկին կանգնած դէմքերը կամ ուժերը փոխելը միայն ճամբու սկիզբը կրնար ըլլալ եւ այդպէս ալ եղաւ։ Աւելի քան քառորդ դարէ ի վեր արմատաւորման եւ հիմնաւորման հոլովոյթէ անցնող կառավարման խաթարուած համակարգ մը հիմնայատակ փոխելու եւ յուսալի հունի մէջ մտցնելու մեծագոյն մարտահրաւէրին ընդառաջող շարժումը եղաւ հայրենի հայութեան 2018ի համաժողովրդային զօրաշարժը եւ պայքարը դեռ իր սկզբնական փուլին մէջ է։
Ապրիլ-Մայիս 2018ին արար-աշխարհ ականատես եղաւ եւ բոլորն ալ բառերը առանց ծամծմելու վկայեցին, որ առանց քաղաքացիական պառակտումի եւ արիւնահեղութեան կատարուած կառավարման արատաւոր համակարգի մը ուղղակի կազմաքանդումը իրագործուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
Նոր Հայաստանը վերածնաւ՝ իր ձեռքերէն ու ոտքերէն քակելով եւ հեռու շպրտելով ժողովրդային կամքը կաշկանդելու եւ խեղելու կոչուած ամէն կարգի շղթայակապ։
Անպատժելի եւ անպարտելի հռչակուած արատաւոր ու խաթարուած իշխանութիւնը ոչ միայն տեղի տուաւ ժողովրդային բողոքի շարժման անկասելի գրոհին տակ, այլեւ իր տեսակին մէջ աննախընթաց եւ օրինակելի իրաւական ու ժողովրդավարական պետութեան յարիր հրապարակային դատ ու դատաստանի արժանացուց եւ արդար պատիժ սահմանեց չարաշահումներու կառավարման «անձեռնմխելի» կարծուած «տէր»երուն…
Նոր Հայաստանի ինքնամաքրման եւ վերածնունդին այդ նուաճումը ինքնին յուսադրիչ եւ ներշնչման աղբիւր դարձաւ ոչ միայն աշխարհասփիւռ հայութեան համար, ոչ միայն բռնութեանց կամ իրաւազրկումներու տակ հիւծող բազում այլ ժողովուրդներու աչքին, այլեւ՝ նոյնինքն ժողովրդավարութեան վերապրումի մեծ օրակարգով տագնապող զարգացած երկիրներուն համար։
Չենք անտեսեր եւ վստահաբար Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութեան տէր մեր ժողովուրդը ինք եւս կ’անդրադառնայ, թէ պատմական օրինաչափութեամբ՝ կազմաքանդման գործողութիւնը միշտ ալ համեմատաբար դիւրին եղած է, բաղդատած՝ վերակառուցման աշխատանքին։
Մտահան չենք ըներ մանաւանդ այն իրողութիւնը, որ երեսուն տարի առաջ ծաւալած համաժողովրդային հոյակապ շարժումի ալիքին վրայ իշխանութեան գլուխ եկած ուժերու եւ մարդոց ձեռամբ ծնունդ առաւ եւ ուռճացաւ ու մինչեւ այսօրուան ահաւոր տարողութեան հասաւ կառավարման արատաւոր համակարգին քայլ առ քայլ կարծրացումը։
Բայց միաժամնակ երբեք չմոռնա՛նք հիմնականը, այն՝ որ անցեալի դասերով զինուած, այլեւ անցեալի այդ սխալներուն համար ուղղակիօրէն շատ ծանր գին վճարած ժողովուրդի մը նուաճած Հպարտութեան արգասիքը կը հանդիսանայ 2018ի Մեծ Շրջադարձը։
Անցեալի սխալները երբեք չկրկնելու իմաստութեամբ օժտուած է մեր ժողովուրդը, որովհետեւ ինքնամաքրումն ու վերածնունդը երկինքէն ինկած մանանայի շնորհք չեն, այլ արգասիքն են ազատութեան եւ արդարութեան ճանապարհին աւելի քան քառորդ դար ապրուած տառապանքին, խժդժութեանց եւ իրաւազրկումներու։
Աչքի լոյսի պէս պիտի գուրգուրանք ժողովրդային բողոքի հոյակապ շարժումին անբասիր եւ անշեղ յաղթարշաւին վրայ։
2018 թուականի տարեփակը կը կատարենք համապատասխան ե՛ւ լաւատեսութեամբ, ե՛ւ զգօնութեամբ։
Լաւատես ենք՝ որովհետեւ ինքնամաքրման եւ վերածնունդի հուժկու կամքի տէր է մեր ժողովուրդը եւ կրնայ, իբրեւ այդպիսին, արթուն պահակի նախանձանդրութեամբ պահապան ու պաշտպան կանգնիլ թաւշեայ յեղափոխութեան իր ձեռքերումներուն։
Զգօն ենք՝ որովհետեւ ինչպէս անհատներու կեանքին մէջ, այդպէս ալ – եւ աւելիով – հասարակական յառաջընթացի պարագային՝ ծանր երկունքով ձեռք բերուած նուաճումները ամէն կարգի փորձաքարերու եւ այլասերումներու դէմ հաւաքական զօրաշարժով պաշտպանելու մարտահրաւէրը անշրջանցելի է, այլեւ անոր յաղթական դիմագրաւումը նախապայմանն ու երաշխիքն է ժողովրդային իրաւ՝ հարազատ իշխանութեան հաստատումին եւ զարգացումին։
Նազարէթ Պէրպէրեան
—————————–
Լուսանկարը՝ asbarez.com-ի