Մեթր Գ. Տէրտէրեան, Պէյրութ, 10 Փետրուար 2019

Տիեզերական հոգեւոր յեղափոխական Ֆրանչիսկոս Ա. լուռ ու մունջ, երկար շունչով եւ աննկուն յարատեւութեամբ կը շարունակէ իր հոգեւոր յեղափոխութեան առաքելութիւնը, զօրաշարժի ենթարկելով մարդկութիւնը ընդդէմ՝ անմարդկայնացած աշխարհակարգին, զոր ստեղծած է նոր-ազատական, վայրի դրամատիրութիւնը՝ իր անհատապաշտութեամբ, դրամապաշտութեամբ եւ մարդատեացութեամբ։

Նախորդ մեր գրութեամբ անդրադարձած ենք Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի հետապնդած հոգեւոր զարթօնքի շարք մը յեղափոխական պատգամներուն, ինչպէս՝ նոր-ազատական վայրի դրամատիրութեան արդիական ստրկատիրութիւն անուանումը, տեղքայլող աստուածաբանութեան փոխարէն նոր՝ դէպի Աստուծոյ խօսքերը ուղեւորուող ու ճամբայ ելած աստուածաբանութեան մը պահանջը, սիրոյ եւ քնքշութեան յեղափոխութեան մը հրամայականը, տարբեր եկեղեցիներու եւ Վատիկանի միջեւ պատմական հաշտութիւնները (Ռուս Ուղղափառ, Յոյն Ուղղափառ, Լուտերական, եւայլն)։

Ներկայ գրութեամբ պիտի անդրադառնանք երեք նոր յեղափոխական քայլերու՝ Վատիկանի եւ Ժողովրդային Չինաստանի պետութեան միջեւ հաշտութիւնը, Վատիկանի եւ իսլամական Ալ-Ազհարի միջեւ հաշտութիւնը, եւ՝ սրբութեան նոր, յեղափոխական սահմանում մը, մեկնաբանութիւն մը կամ ընկալում մը, որ ունի տիեզերական տարողականութիւն, փոշիացնելով «բացառիկ»ի, «ընտրեալ»ի, «մենաշնորհեալ»ի եւ մարդոց միջեւ ամէն նմանատիպ խտրականութիւն։

Ա. ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԸՆԴՄԷՋ

22 Սեպտեմբեր 2018 թուին, Փեքինի մէջ կը կնքուի «ժամանակաւոր համաձայնագիր՝ Վատիկանի եւ Ժողովրդային Չինաստանի միջեւ», որ հաշտութիւն կ՚իրականացնէ երկու կողմերուն միջեւ ու կը կառավարէ անոնց փոխ-յարաբերութիւնները՝ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութեանց ծիրին մէջ։

Այս համաձայնագրին յանգող բանակցութիւնները սկսած էին 2004 թուին՝ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին օրով, եւ կը դանդաղէին յամր գնացքով։ Ֆրանչիսկոս Ա. արագացուց այդ գնացքը, քանի որ Ժողովրդային Չինաստանի կարմիր պետութեան հետ սկսաւ խօսիլ Ազատագրութեան Աստուածաբանութեան արժեհամակարգին բառապաշարով, որ համահունչ էր Կարմիր Չինաստանի արժեհամակարգին բառապաշարին հետ…։ Վատիկան այսօր այլեւս չի խօսիր իր հին դպրական աստուածաբանութեան եզրերով, այլ՝ Ազատագրութեան Աստուածաբանութեան ընկերային արդարութեան, մարդասիրութեան եւ ժողովուրդներու եղբայրակցութեան
եզրերով։

Երեսնամեակ մը առաջ, ամերիկեան CNN կայանը հարցազրոյց մը ունեցած էր Ֆիտէլ Քասթրոյի հետ։ Այն հարցումին, թէ՝ Քուպայի Յեղափոխութիւնը եւ Կոմկուսը ի՞նչ դիրք ունին եկեղեցիին հանդէպ, Քասթրօ ըսած էր. «Յեղափոխութիւնը եւ կուսակցութիւնը եկեղեցիին դէմ չեն, որպէս եկեղեցի։ Այլ կը զատորոշեն եկեղեցիները իրարմէ։ Ժողովուրդին եւ Յեղափոխութեան հետ կանգնող եկեղեցին ազատ է։ Բայց, ժողովուրդին ու Յեղափոխութեան դէմ կանգնող եւ Բուրժուազիային ծառայող եկեղեցին կը հալածենք։ Մեր երկրին մէջ, Կաթոլիկ Եկեղեցին ազատ չէ, քանի որ ժողովուրդին եւ Յեղափոխութեան դէմ է՝ Բուրժուազիային կը ծառայէ։ Եւ արդէն գոյութիւն ունի միայն երկրի մեծ քաղաքներուն մէջ – բացակայ է գիւղերէն։ Իսկ Աւետարանական Եկեղեցին ազատ է, քանի որ ժողովուրդին ու Յեղափոխութեան դէմ չէ, այլ ժողովուրդին հետ է եւ ժողովարաններ ունի երկրին ամենափոքր գիւղին մէջ անգամ»։

Հոս հարկ է յիշել, թէ՝ պատմութեան երկայնքին, ընդհանրապէս, որպէս կանոն, եկեղեցիի մը էսթապլիշմէնթը զինակցած է տիրող աւատատիրական եւ դրամատիրական դասակարգին հետ, եւ նոյնիսկ՝ բարձրաստիճան եկեղեցականներ անձնապէս ալ եկած են մեծ աւատատէրներ եւ դրամատէրներ։ Ուրեմն, շատ բնական է, որ այդպիսի երկիրներու մէջ, երբ սոցիալիստական յեղափոխութիւն կը յաղթանակէ՝ այդ էսթապլիշմէնթի պատասխանատուները հալածուին։

Ժողովրդային Չինաստանի Կոմկուսի բարեկամական վերաբերմունքը Ֆրանչիսկոս Ա.ի հանդէպ միակողմանի չէ, այլ՝ երկկողմանի։ Եւ շատ բնական է, որ Պապը եւս բարեկամական եւ նոյնիսկ զուսպ ու շրջահայեաց համակրական վերաբերմունք ունենայ Կարմիր Չինաստանի հանդէպ։

Վատիկանի պաշտօնաթերթին 28 Սեպտեմբեր 2018 թուակիր անգլիատառ համարին մէջ, Չինաստանի հետ Վատիկանի կնքած համաձայնագրին առիթով, Ֆրանչիսկոս Ա.ի կողմէ Չինաստանի կաթոլիկներուն ուղղուած ուղերձին ամփոփումը կատարուած է։ Այդ ամփոփագրին հետեւեալ պարբերութիւնները ցոյց կու տան Ֆրանչիսկոս Ա.ի մօտեցումը Ժողովրդային Չինաստանի։ Կը մէջբերենք.

«Գալով իմ անձնական կարծիքին, ես միշտ ալ Չինաստանը պատկերացուցած եմ՝ որպէս մեծ հեռանկարներու երկիր, իսկ չին ժողովուրդը՝ որպէս մշակոյթի եւ իմաստութեան անգնահատելի ժառանգութեան մը ստեղծողները, որոնք յղկուած են՝ հակառակութեանց դիմադրելու եւ այլազանութիւնները հիւրընկալելու յատկութեամբ, եւ որոնք՝ ոչ պատահականօրէն, վաղ ժամանակներէ ծանօթացած են եւ շփման մէջ մտածքրիստոնէական այն պատգամին հետ, որ կ՚ըսէ՝ վստահիր բարեկամութեան»։

Համաձայնագրի հեռանկարներուն մասին. «Թէեւ ժամանակաւոր համաձայնագիրը կնքուած է միայն եկեղեցւոյ կեանքը կառավարելու հարցերուն շուրջ, սակայն այս մէկը առաջին անգամ ըլլալով է որ յոյս կը ներշնչէ, թէ՝ կրնայ լաւ զարգանալ, բարելաւուիլ, համագործակցութեան աւելի լայն ծիրի մը մէջ, որուն նախադրեալները կը տեսնեմ արդէն չին իշխանութիւններուն մօտ»։

Եւ՝ չին կաթոլիկները միւս երկիրներու կաթոլիկներուն որպէս օրինակելի տիպար ներկայացնելով, ըսած է.

«Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող կաթոլիկ տեղական համայնքներուն կը թելադրեմ, որ փորձեն անպայման ծանօթանալ եւ գնահատական տալ չին կաթոլիկներու յատուկ հոգեւոր ու մշակութային գանձերուն, եւ՝ համարկուիլ անոնց հետ։ Այսօր՝ ժամանակը եկած է միասնաբար ճաշակելու Աւետարանի հարազատ միրգերը, որոնց սերմերը ցանուած էին հին Չինաստանի «Միջին Թագաւորութեան» մէջ, եւ՝ միասին մեր Տէր Յիսուսին ուղղելու գոհաբանական շարական մը, որ հարստացած ըլլայ անպայման չինական շեշտերով»։

Եւ, վերջապէս, ուղղելով իր խօսքը Ժողովրդային Չինաստանի պետական ու
կուսակցական առաջնորդներուն.

«Կը վերանորոգեմ իմ հրաւէրս՝ վստահութեամբ, քաջաբար եւ հեռատեսութեամբ շարունակելու սկսուած այս երկխօսութիւնը, անոնց վստահեցնելով, թէ՝ Ս. Աթոռը անկեղծօրէն պիտի շարունակէ ջանալ՝ ընդարձակելու համար ճշմարիտ բարեկամութիւնը չին ժողովուրդին հետ, ծանօթ եղած ըլլալով այս ժողովուրդի անցեալի պատմութեան եւ ներկայ քաղաքակրթութեան, զորս չէ մոռցած, մանաւանդ՝ երբ ժողովուրդներու եղբայրակցութիւնն ու համաշխարհային խաղաղութիւնը մեր հասարակաց կէտ նպատակակէտերն են»։

Չինաստանի մէջ Կաթոլիկ Եկեղեցի հիմնած են՝ իտալացի քարոզիչ Matteo Ricci եւ չին քարոզիչ Xu Guangqi (Խու Կուանկքի) 1601 թուականին։ Վատիկանի հետ Չինաստանի յարաբերութիւնները անցած են վերիվայրումներէ եւ մեծ ցնցումներէ, մինչեւ անգամ Ժողովրդային Չինաստանի «Մշակութային Յեղափոխութեան» շրջանին, իշխանութիւնները պահանջած են կաթոլիկներէն ամբողջովին խզուիլ Վատիկանէն ու դառնալ հերձուած եկեղեցի։ Ֆրանչիսկոսի ազատագրական արժեհամակարգը ըլլալով նմանակը Կարմիր Չինաստանին, վերականգնուեցաւ բարեկամութիւնը նոր Վատիկանի հետ…։

Բ. ՎԱՏԻԿԱՆ — ԱԼ-ԱԶՀԱՐ ՈՂՋԱԳՈՒՐՈՒՄ

Յեղափոխական հոգեւոր, ՀԱՇՏԱՐԱՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴ Ֆրանչիսկոս Ա., ոչ միայն նախ հաշտեցուց քրիստոնեայ եկեղեցիները, այլեւ ապա՝ հաշտեցուց Վատիկանը իսլամ Ալ-Ազհարին հետ։

Ալ-Ազհարի Շէյխը պաշտօնապէս յայտարարեց. «Քրիստոնեաները այս երկիրներու “փոքրամասնութիւնները” չեն, այլ բնիկ ժողովուրդին անբաժանելի մասը»…։

Ապու Տապիի մէջ Ալ-Ազհարի Շէյխին հետ իր ողջագուրումով եւ իր մատուցած պատմական առաջին պատարագով՝ 350 հազար բազմակրօն հաւատացեալներու եւ այլազգի հոգեւոր պետերու ներկայութեան, ոչ միայն Միջին Արեւելքի մէջ վերականգնեց քրիստոնեայ եկեղեցիներու խալխլիլ սկսած հիմքերը, այլեւ՝ նշանակալից յաղթանակ մը արձանագրեց Արեւմուտքի իմփերիալիստներու՝ ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ եւ գործակցութեամբը Սիոնական պետութեան, Փանթուրք պետութեան, Իխուան Մուսլիմուններուն եւ Ուահապիստ Սէուտական Արաբիոյ հրահրած կրօնական մոլեռանդութեան պատերազմին դէմ, որուն նպատակն էր Միջին Արեւելքը պարպել քրիստոնեաներէն՝ ջարդելով զանոնք, կամ՝ անոնց արտագաղթով։

Այս ծրագիրը հետեւողական կերպով գործադրուած էր 2003 թուականէն, սկսելով Իրաքի դէմ ամերիկեան ներխուժումէն եւ շարունակուելով՝ Սուրիոյ դէմ 2011-ին շղթայազերծուած իմփերիալիստական համաշխարհային պատերազմին ընթացքին։ Ամերիկեան իմփերիալիզմի վարձկան գրիչ Սամուէլ Հանթինկթընի «Քաղաքակրթութիւններու Պատերազմ» հատորին հետապնդած նպատակը այս էր, որուն համար ալ պատրաստուած էր «Իրաքի եւ Սուրիոյ Իսլամական Պետութիւն» կոչուող ահաբեկչական վարձկան բանակը։

Գ. ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԱՐԺԵՉԱՓԸ

Նոր-ազատական վայրի դրամատիրութեան ստեղծած «Համաշխարհայնացում»ը, զոր Ֆրանչիսկոս Ա. կը կոչէ «արդիական ստրկատիրական հասարակարգ»…, մեծապէս անմարդկայնացուց աշխարհը։ Այս Մեծ Չարիքը համատարած է եւ երրորդ հազարամեակի մարդը կարիքը ունի նոր աստուածաբանութեան մը, որ ամէն մարդու մէջ արթնցնէ սրբութիւնը, որպէսզի՝ ամէն մարդ մասնակից դառնայ այս Չարիքին դէմ մղուելիք պայքարին։ Որովհետեւ սրբութիւնը սահմանափակուած չէ որոշ դասի կամ մարզի մարդոց, եւ մենաշնորհը չէ կղերականին, ջերմեռանդ հաւատացեալին, յարատեւ աղօթողին կամ մանաւանդ՝ մենակեաց աղօթողին, քանի որ սուրբ գործը չի կրնար կատարուիլ առանձին՝ առանց ուրիշին։

Այս մասին Ֆրանչիսկոս Ա. երկասիրած է «թուղթ» մը՝ “Gaudete et Exsultate” վերնագրով, որուն ամբողջական բնագիրը կը գտնուի www.vatican.va կայքէջին վրայ, իսկ ամփոփումը կատարած է Հռոմի Մոնսէնիէօր Անժելօ Տը Տօնաթիս, Վատիկանի պաշտօնաթերթի 12 Ապրիլ 2018 թուակիր համարի (թիւ 15 էջ 6) ֆրանսատառ շաբաթական յաւելուածին մէջ, “Pourquoi parler de sainteté?” վերնագրին տակ։

Յիշեալ Չարիքին դէմ մարդոց սրբութեան պայքարը չի սահմանափակուիր որոշ բարի պարագայական արարքներու մէջ, այլ՝ կը պահանջուի սրբավայել կենցաղ, ամենօրեայ վարք ու բարք։

Պապը գրած է. «Սրբութիւնը ճշմարիտ կեանքն է՝ երջանկութիւնը, որուն համար մենք ստեղծուած ենք։ Սրբութեան հակառակը անշուշտ մեղքերով լի կեանքը չէ, այլ այն մէկն է, երբ մենք կը գոհանանք միջակութիւններով եւ բովանդակազուրկ կեանքով, եւ՝ Աստուծոյ մեզի պարգեւած սէրը չենք վերաբաշխեր մեր եղբայր մարդոց ու հասարակութեան»։

Այլ տեղ մը կը գրէ. «Սրբութիւնը Ս. Հոգիին մեզի պարգեւած պտուղն է՝ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, մարդոց հետ սիրով ապրելու։ Սիրով ապրելու համար մասնաւոր պայմաններ կամ գործելակերպեր չեն պահանջուիր։ Չի պահանջուիր շատ ժամանակ յատկացնել աղօթելու կամ աստուածաբանութիւնը ուսումնասիրել կամ եկեղեցիին մէջ պաշտօնատարութիւն ունենալ։ Այլ, պարզապէս, Աստուծոյ մեզի պարգեւած նոր ապրելակերպն է, որ շօշափելիօրէն կարելի է ունենալ մեր ասպարէզին մէջ։ Օրինակ՝ ծնողք, որոնք մեծ սիրով իրենց զաւակները կը կրթեն։ Այն այրերն ու կիները, որոնք ընտանիքին հացը ապահովելու համար քրտնաջան կ՚աշխատին։ Այն հիւանդներն ու տարիքաւոր կրօնականները, որոնք տակաւին չեն մոռցած եւ դեռ ատակ են ժպտալու…»։

Պապը մասնաւորաբար կը շեշտէ հետեւեալը. «Սրբութիւնը անկարելի է՝ առանձինն, մենակեաց կերպով։ Անհատապաշտութիւնն ու ինքնիրմով բաւականանալու յաւակնութիւնը ճշմարիտ կեանքի չեն առաջնորդեր, ըսել է՝ սրբութեան չեն առաջնորդեր։ Մենք ուրիշներուն կարիքը ունինք, մենք պէտքը ունինք զգալու թէ մեր կեանքը միախառնուած է Աստուծոյ ստեղծած ժողովուրդներու կեանքին։ Պատմութիւնը չէ արձանագրած անհատական հերոսութեան սրբութեան պարագայ մը, միայնակ անձի մը հերոսութիւնը՝ առանց հաւաքականութեան մը նեցուկին»։

Տակաւին, յեղափոխական Ֆրանչիսկոս Ա. կը շեշտէ նաեւ քրիստոնէական սրբութեան յանձնառութիւնը՝ մարդկութեան պատմութեան եւ անոր զարգացումին, բարելաւումին ու յառաջդիմութեան հանդէպ, ըսելով. «Քրիստոնէական սրբութիւնը բնաւ չէ մերժած յանձնառութիւնը մարդկութեան պատմութեան եւ անոր յառաջդիմութեան հանդէպ: Ընդհակառակը, ան սուրբերը նկատած է “վտանգաւոր” յեղափոխականներ, քանի որ անոնք վճռած կ՚ըլլան ռիսքեր առնել իրենց առաքելութեան իրականացումին համար, զոր իրենց վստահած է մեր Հայր Աստուածը։ Հոն գոյութիւն չունի քրիստոնէական սրբութիւն, ուր հոգեւորականութիւնը կը խզուի մարդկութեան պատմութենէն եւ զայն բարելաւելու՝ դէպի լաւը փոխակերպելու առաջադրանքէն»։

Այսպիսով, Ֆրանչիսկոս Ա.ի յեղափոխութիւնը ուղղուած է Վատիկանի հին,
դպրական, ստրկամիտ աստուածաբանութեան եւ Ս. Գիրքի համարներուն տրուած հին մեկնաբանութիւններուն եւ անոնց վրայ հնարովի յաւելումներուն դէմ, որոնք նենգափոխած են Նազովրեցի Յիսուսի քարոզները, որոնց հաշտ է Ազատագրութեան Աստուածաբանութիւնը միայն։

Ան կը սրբագրէ Վատիկանի անցեալին գործած սխալները եւ կը դարմանէ անոր պատճառած վէրքերը միւս եկեղեցիներուն, անոնց հետ հաշտուելու նախաձեռնութիւնը ինք առնելով։ Հին Վատիկանը կ՚ըսէր. “To be in communion with God, you have to pass by the Vatican”։ Իսկ Ֆրանչիսկոս կ՚ըսէ. «Ս. Հոգին եւ սրբութիւնը ոչ ոքի մենաշնորհն է, այլ՝ անխտրաբար կ՚այցելեն բոլորին՝ տարբեր ցեղի, ազգութեան, կրօնքի, ապակրօնութեան ու մշակոյթի պատկանող մարդոց»։ Ուրեմն, Ֆրանչիսկոս ոչ միայն կրօններուն եւ ապակրօնականներուն հաշտարարն է, այլեւ՝ մարդկային քաղաքակրթութեան միաւորողը, երբ Ս. Հոգին կրնայ այցելած ըլլալ անխտրաբար բոլոր ժողովուրդներու մեծ բարոյագէտներուն, փիլիսոփաներուն, արուեստագէտներուն, մտածողներուն, գիտնականներուն եւ բոլոր հնարիչներուն, տաղանդներուն եւ հանճարներուն՝ բոլոր ժամանակներուն մէջ…։

Եւ՝ շնորհաւորելին, միայն այս յեղափոխական հաշտարարը եւ միաւորողը չէ, այլ այն 117 կարտինալներու մեծամասնութիւնը, որուն ձայներով Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօն դարձաւ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապ, որովհետեւ՝ անոնք կրցած էին տեսնել ներկայի անցումային շրջանը՝ միաբեւեռ աշխարհակարգէն դէպի բազմաբեւեռ աշխարհակարգ, որուն մէջ Ֆրանչիսկոս Ա. «վտանգաւոր» յեղափոխականը, կրնար գործել ազատօրէն, իրականացնելու համար մեր Հայր Աստուծոյ իրեն վստահած առաքելութիւնը… առանց մահափորձերու։

Այսպիսով, 20-րդ դարու 60-ականներուն մշակուած Ազատագրութեան Աստուածաբանութիւնը, որ բանադրուած էր իր մայրամուտը ապրող հին, դպրական Վատիկանի էսթապլիշմէնթէն, կէս դար ետք, եկաւ նստեցաւ Վատիկանի Աթոռին, ազդարարելով անոր մայրամուտին յաջորդող անխուսափելի արշալոյսը, զայն դարձնելով յառաջապահութեան փարոս, մոռցնել տալով անոր պահպանողականութեան միջնադարեան խաւարը…։

 

https://keghart.com

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert