Ծիրանեգոյն մայրամուտիս
Բորբ շողերով եմ ես արբշիռ
Որոնք կարծես հուրքը ունին
Սիրոյ վերջին տաք համբոյրին…
Բոսորագոյն բռնկում են
Աշնանային ծառ ու թուփին
Հըրաժեշտի վառ այրում են
Կարօտակէզ ու թախծալից…
Եւ ո՞վ կրնայ յստակ ըսել՝
Ո՞րն է իրաւ գեղեցիկը
Լուսաբա՞ցը լուսահեղեղ
Թէ՞ իրիկուան վերջալոյսը
Ուր համբոյրին մէջ համայնին
Միաձուլուին երկինք, երկիր…

ԵՐԱՆ

 


Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert