Երան Գույումջեանը իր ՖԲ-յան էջում գրում է.

Օդի, ջուրի, հացի նման մեզի պէտք է միտքերու յեղափոխութիւն՝ Հայաստանի մէջ, թէ Սփիւռքի տարածքին…: Անվերջ պառակտուելով, անվերջ զիրար բզքտելով, բաժան-բաժան ըլլալով, ոմանց մենատիրութեան մոլուցքով, ուրիշներու կոյր համակերպողականութեամբ, չկարենալով քով-քովի գալ եւ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳ ձեւաւորել, ուր յստակացնենք մեր համազգային առաջնահերթութիւնները եւ լուծուինք զանոնք կեանքի կոչելու ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ջանքերով, ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ ԵՒ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՄԲ…Մենք չենք կրնար տեղ հասնիլ նման հատուածական մտածողութեամբ, տեղայնական եւ այլ բաժանումներով, միշտ մէկս միւսը այպանելով եւ իրար հետ լեզու չգտնելով…: Մինչեւ ե՞րբ այս ներքին գզուըռտոցը, ժամանակն է հասուննալու որպէս ԱԶԳ ու ՀԱՅՐԵՆԻՔ

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert