Գրասեղանիս վրայ տեղաւորուած օրացոյցին թերթիկները պիտի սպառին քանի մը օրէն: Տարի մը եւս հալեցաւ արարչական ամենախորհրդաւոր առեղծուածը ըլլալու յաւակնող մեր հարազատ երկրագունդի կեանքէն: Տարի մը եւս կը թաւալի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, կենսոլորտային ու կլիմայական իրերամերժ վերիվայրումներով: Պատերազմն ու զինուորական յեղաշրջումները, գունաւոր յեղափոխութիւնները, բնութեան աղէտներն ու պատահարները անպակաս մնացին օրացոյցի էջերէն: Մարդկային քաղաքակրթութիւնը շարունակեց իր ճանապարհը: Արհեստագիտութիւնը շարունակեց սրընթաց վերելքը: Սակայն, որքան ալ կատարելագործուած եւ գերարդիականութեամբ յագեցած, արհեստագիտութեան նուաճումները անգամ մը եւս անզօր մնացին բնութեան քմայքներուն առջեւ: Բայց միւս կողմէ, ի՞նչու եւ որու՞ն համար վերոյիշեալ սլացքները, երբ Արարիչին տիպարով կերտուած մարդ արարածը կը շարունակէ թալանել, յափշտակել իր հարազատին ունեցուածքը, աչքը յարած կը մնայ անոր հասնող բարիքներուն…:
Երկրագունդի վրայ բնակող իւրաքանչիւր համեստ անհատի իրաւունքն է Նոր Տարուան այս օրերուն, իր խորհրդածութիւններուն ընդմէջէն հարցադրում մը կատարել՝ դէպի ու՞ր կ’երթայ մարդկութիւնը, աշխարհը մեր, իր բազմագոյն եւ բազմազգ բնակիչներով…: Եր՞բ պիտի մօտենանք երանելի խաղաղութեան, ուր հանդուրժողութիւնը եւ համակեցութիւնը դառնան իրականութիւն, քէնն ու ոխը վերանան, ժողովուրդները ապրին եւ ստեղծագործեն խաղաղութեան թեւերուն տակ, բարգաւաճին ու ծաղկեցնեն մեր աշխարհը, խաղաղ մոլորակի վերածեն զայն: Մինչեւ եր՞բ պիտի ոտնակոխուին ժողովուրդներու արդար իրաւունքներ.շահագործուին բնութեան բարիքներ. յափշտակուին ունեցուածք ու կալուած, անտեսուին բարոյական չափանիշներ…: Մինչեւ եր՞բ մարդ արարածը պիտի դառնայ իր նմանակին դահիճը: Մինչեւ եր՞բ ազնիւ քրտնաջան աշխատանքով, համեստ օրապահիկով ապրող մարդը պիտի դառնայ ազատ շուկայական փոխյարաբերութիւններու, անիրաւութեանց զոհը: Մինչեւ եր՞բ, ուժն ու բռնութիւնը կապանքի տակ պիտի պահեն անիրաւուածն ու արդարը…:
Նոր Տարուան այս օրերուն առաջին մաղթանքս պիտի ըլլայ խաղաղութիւն՝ համայն աշխարհի ժողովուրդներուն: Փոթորկալից տարի մը բոլորեցինք անցնող ամիսներուն: Համաշխարհային տնտեսութեան դանդաղ աճը, Արեւմուտք-Արեւելք տնտեսական Պաղ Պատերազմը մութ ամպերու տակ ծածկեցին համաշխարհային տնտեսական համակարգը: Արհեստագիտութեան զարգացումը եւ պիւտճէական կրճատումներու ստիպողութիւնը, գործազուրկներու անհամեմատ բանակ մը յառաջացուց քաղաքակրթութեան օրրան մեր երկրագունդին վրայ: Այլամերժութեան,տնտեսական եւ ընկերային անիրաւութիւններու դէմ պայքարը բաժնեկցութեան անսակարկելի հրամայականին առջեւ դրած է բանականութեան տէր մայրաքաղաքները: Ճիշտ է, որ միաբեւեռ աշխարհի տեսաբանները ձախողեցան իրենց «առաքելութեան» մէջ: Երկրագունդը սակայն չվերադարձաւ չափաւորականութեան ու փոխհասկացողութեան երկբեւեռ կշռոյթին:
Միւս կողմէ, բնական հարստութիւններու եւ նոր շուկաներու փնտռտուքը, աշխարհաքաղաքական նոր զինակցութիւններ յառաջացուց է երկրագունդի տրամագիծին վրայ: Քաղաքական, ընկերային, տնտեսական փոխարինող համակարգերու փնտռտուքին մէջ կը հեւայ աշխարհը:
Արաբական գարնան փոթորիկները քարուքանդ դարձուցին միջինարեւելեան եւ հիւսիսային Ափրիկէի ոստաններու մեծամասնութիւնը: Քայքայուեցաւ անոնց տնտեսութիւնը, դարաւոր մշակոյթը: Բռնութիւնն ու բռնագաղթը ակամայ փոփոխութեան ենթարկեց երկիրներու ազգաբաշխական քարտէսը:Բաւական ուշ արթնցան (ոմանք տակաւին կը գտնուին իրենց թմփիրին մէջ) ժողովրդավար հասարակապետութիւններ հաստատելու երազով ճամբայ ելած ամբոխներ: Ժողովրդավարութեան համար պայքարը դիմափոխուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, ապա՝ բնական հարստութիւններ յափշտակելու արշաւի…: Ծովային հարստութիւններու եւ վառելանիւթի պահեստներու վրայ ձեռք դնելն էր օրուան հրամայականը: Այսօր, ինչպիսի՜ ոճիրներ կը գործուին ժողովորդավարութեան անունով…: Պղպջակներու նման շոգիացան ազատութեան խոստումները: Շատեր սայթաքեցան եւ խրեցան շահարկութեան տիղմերուն մէջ: Քայքայուեցաւ Միջին Արեւելքի իւրայատկութեան խորհրդանիշ՝ բազմամշակոյթ ժողովուրդներու համակեցութիւնը: Այս բոլորը անշուշտ ի շահ սիոնական պետութեան: Ին՞չ մնաց պաղեստինցի ժողովուրդին արդար դատէն: Յիշատակող անգամ չմնաց…: Այսօր, ցաւ ի սիրտ կը հարցնենք. ու՞ր անհետացան Իրաքի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի քրիստոնեաները… : Ու՞ր պիտի գաղթեն Լիբանանի քրիստոնեաները….:
Մենք միշտ յարգած ենք ժողովրդավարական ենթախորքով փոփոխութիւնները, զայն ընդունելով իբրեւ ժողովուրդներու արդար իրաւունք: Սակայն այն ինչ տեղի կ’ունենայ Միջին Արեւելքի արաբական ոստաններուն մէջ, բաւական հեռու է ժողովրդավարութեան հասնելու բարի ցանկութիւններէն: Բնական հարստութիւններու վրայ ձեռք դնելու պայքար է պարզապէս:
Խաղաղութիւն համայն աշխարհին, ի մասնաւորին՝ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն: Ողջոյն Պաղեստինի, Սուրիոյ, Լիբանանի բռնագրաւուած սուրբ հողերուն եւ ոտնակոխուած իրաւունքներուն համար պայքարող ազատատենչ եւ քաջարի ժողովուրդներուն: Ուշ կամ՝ կանուխ, նէօ – գաղութատիրական յաւակնութիւնները պարտութիւն պիտի կրեն Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայրենասէր ժողովուրդներուն վճռական դիմադրութեան առջեւ:
Իբրեւ լիբանանեան հայրենիքի մէջ աշխարհ եկած տարագիր եւ պահանջատէր հայորդի, յանձնառու կը մնամ անոր անկախութեան, հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան: Համայնքներու միջեւ համագործակցութեան ներդաշնակութիւնը եւ համակեցութիւնը կը մնան Լիբանանի ամբողջականութեան խորհրդանիշը: Զօրավիգ կը մնամ անոր սահմանադրական հաստատութիւններուն եւ կը դատապարտեմ փտածութեան, աւազակապետութեան խորհրդանիշ, երկիրը արիւնաքամ դարձնող բոլոր ղեկավարները: Միաժամանակ կը մերժեմ Լիբանանը շրջանային փոթորիկներու մէջ մխրճելու զանազան փորձերը: Ձեռք կ’երկարեմ ազատ, գերիշխան, եւ հզօր պետականութիւն կառուցելու պատրաստ բոլոր ուժերուն:
Լիբանան այսօր կը դիմագրաւէ տնտեսական, ապահովական, ընկերային, քաղաքական ծանր պայմաններ: Այս բոլորը անկասկած լուրջ հետեւանքները կ’ունենայ լիբանանահայութեան վրայ, սակայն պատիւ մեր եկեղեցիին, ազգային, քաղաքական, հասարակական, բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, մեր ազգային կառոյցները անվհատ կը շարունակեն ամենօրեայ պայքարը եւ կը փորձեն մնալ իրենց առաքելութեան վրայ:
Նոր տարուան մաղթանքներէն անմաս չեն կրնար մնալ մեր հայրենիքն ու Արցախը: Առաջին հերթին կ’ողջունեմ հայրենիքի եւ Արցախի սահմանները պահպանող մեր ժողովուրդին ծոցէն ծնած քաջարի բանակը: Բանակ, որուն շնորհիւ գտանք մեր ազգային ինքնութիւնը:
Անկախութեան քսան եւ աւելի տարիներու փորձով հարստացած մեր հայրենիքը կը դիմագրաւէ ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Ժողովրդավար, ընկերային արդարութեան վրայ յենած հայրենիքի տեսլականը իտէալ կը մնայ տակաւին, յատկապէս՝ տնտեսական քաղաքականութեան բացակայութեան:
Աշխատանք ունինք կատարելիք: Հաւաքական աշխատանք:Հայաստանի հանրապետութիւնը, ազատագրուած Արցախը եւ Սփիւռքը համադրուած քայլերով պիտի հետապնդեն Արցախի անկախութեան ճանաչումը: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները պիտի շարունակուին անկասկած, բայց նոյնքան եւ աւելի անհրաժետութիւն կը մնայ հատուցումներու գործընթացը: Ժամանակն է, որ մեր պետութիւնը միջազգային ատեաններու առջեւ բարձրացնէ հատուցումներու թղթածրարը:
Վերջապէս, Նոր Տարուան սեմին կը վերանորոգեմ ժողովուրդիս ծառայելու ուխտը: Այդ ուխտը այլ ուղի չի կրնար ցոյց տալ հայ ժողովուրդին, բացի մարտահրաւէրները միասնականութեամբ յաղթահարելու ճանապարհը: