Սիրելի ընկերներ,
Օրեր առաջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, Լոս Անճելըսի մէջ ընկերական ժողովի մը ընթացքին, յայտարարած է, թէ այսօր հակադաշնակցական երեք ճակատներ կան.
1. Նիկոլ Փաշինեանը եւ իր ղեկավարած իշխանութիւնը
2. Հեռացուած դաշնակցականներ
3. Արտաքին ուժեր
Անդրադառնալով հեռացուած դաշնակցականներուն, Իշխան Սաղաթէլեան նշած է հետեւեալ երեք անունները, զանոնք համարելով հակադաշնակցական պայքար տանողներ՝ Աբօ Պողիկեան, Րաֆֆի Տուտագլեան եւ անձս՝ Անդրանիկ Պօղոսեան:
Ընկերներ Աբոյի եւ Րաֆֆիի անունով չեմ ուզեր խօսիլ, սակայն կ’ուզեմ իմ անունովս պատասխանել Իշխան Սաղաթէլեանի ամբաստանութիւններուն, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ կուսակցական ժողովներուն մասնակցելու եւ իմ տեսակէտը յայտնելու հնարաւորութիւն չունիմ: Կ’ուզեմ պատասխանել ի մասնաւորի այն բանէն յետոյ, երբ ակնթարթի մը ընթացքին հեռացուեցայ շարքերէն, և այժմ իմ իրաւունքն է հարցնելու իւրաքանչիւր դաշնակցականի, որ պահ մը կանգ առնեն ու մտածեն, թէ ա՞յս է մեր ըմբռնումը կանոնագրի առաջին պահանջին՝ «բարոյականի տէր հայ մարդուն», բարոյականութեան արտացոլու՞մ էր շարքերու համատարած լռութիւնն ու համակերպումը՝ անմարդկային ու յանցաոր որոշումին: Եւ այժմ, Իշխաններ ու իր նմանները շարքերուն առջեւ մեծամտաբար ու յոխորտանքով կրնան արտայատուիլ այնպէս՝ ինչպէս կ’ուզեն, առանց պատասխան ստանալու, անտեսելով կամ գիտակցաբար «մոռնալով» դառն ճշմարտութիւնները:
Եւ իշխաններու եւ իր նմաններուն շրջագայաութիւններու առիթով, եկէք հարց տանք, ովքե՞ր են, իրապէս, հակադաշնակցականները:
Հակադաշնակցակա՞ն էի ես եւ իմ նմանները, երբ տարիներ շարունակ կ’ըսէինք ու կը զգուշացնէինք, որ հակաժողովրդավար եւ կրիմինալ, չընտրուած իշխանութիւններու հետ համագործակցիլը մեծագոյն սխալ է եւ Հայաստանի տառապեալ ժողովուրդը պիտի չներէ մեզի:
Հակադաշնակցական արարք չէ՞ր գործեր Հայաստանի ՀՅԴ ղեկավարութիւնը, ի՛նքը՝ Բիւրոն, երբ կը սատարէր սուտ հանրաքուէով ժողովուրդին պարտադրուող Սահմանադրութեան ընդունումը, եւ կ’ընդունէր ժողովուրդէն մերժուած, օլիգարխներու հովանաւոր եւ խարդախութեանց կնքահայր՝ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան երկարաձգումը, ի հեճուկս Հայաստանի բազմաչարչար ժողովուրդի դժգոհութեան եւ բողոքին:
Ո՞վ էր հակադաշնակցականը:
Մե՞ր նմաննե՞րը, որոնք բողոքեցին դաշնակցական Պօղոս Պողոսեանի սպանութեան դէմ, թէ՞ անոնք, որոնք գործակցեցան եւ դեռ կը շարունակեն գործակցիլ Ջաւախքի կառոյցի երբեմնի հերթապահին շանսատակ ընելու հրահանգը տուող նախկին նախագահին հետ:
Ո՞վ էր հակադաշնակցականը։
Մեր նմաննե՞րը, որոնք պայքարի դրօշ պարզեցին ժողովուրդի արիւնը խմող, շահագործող ցեցերու եւ կաշառակերներու դէմ, թէ՞ Իշխանն ու իր ընկերները, որոնք գործարքի մտան այդ աւազակներուն ու ոճրագործներուն հետ, կոալիցիոն կառավարոթիւններ կազմելով, պաշտօններ ստանալով, սեփական փառք ու պատիւ ապահովելով:
Հակադաշնակցականը մեզի պէս ընկերնե՞րն էին, երբ զգուշացուցինք, որ ժողովուրդը պիտի պոռթկայ անարդարութեանց դէմ, ընտրական խարդախութիւններու դէմ, իսկ ՀՅԴն պէտք է ըլլայ ժողովուրդը առաջնորդողն ու ժողովուրդի կողքէն քալողը: Թէ՞ հակադաշնակցականը անո՛նք էին՝ Իշխաններն ու իր տէրերը, որոնք ժողովուրդէն ոչ միայն հեռու մնացին, այլեւ դաշնակցեցան ժողովուրդի դէմ կրակ բացողներուն, ժողովուրդի վրայ մահակներով յարձակողներուն, ժողովուրդի քուէն կեղծողներուն հետ:
Հակադաշնակցակա՞ն եղան մեզիպէսները՝ երբ ըսին, որ ժամանակն է ընդունելու սխալները, ժամանակն է հաշուետուութեան կանչելու մեծագոյն սխալներ գործած ղեկավարները, ժամանակն է նորգուելու եւ նոր աւիշով ճամբայ շարունակելու: Թէ՞ հակադաշնակցական են անոնք, որոնք ամէն ինչ ըրին արդարացնելու դաշնակցական ղեկավար Պօղոս Պօղոսեանի սպանութիւնը, նախկին իշխանութիւններու աւազակութիւնները, եւ բազմատեսակ անարդարութիւնները:
Եւ այս նոյն մարդիկն են, այս մեծ սխալներ գործած «ղեկավարները», որոնք Իշխաններու եւ իր նման մարդոց բերին իբրեւ կուսակցութեան ղեկավար, որպէսզի կարենան մանկլաւիկներու նման ղեկավարել զանոնք՝ ուղարկել Պէյրութ եւ Լոս Անճելըս, Թորոնթօ եւ Փարիզ, սուտեր խօսելու, թշնամիներ գտնելու, ասոր անոր դէմ հալածանքի պատրուակներ ստեղծելու, որպէսզի մոռցնել տան իրենց մեծագոյն յանցագործութիւնները, որպէսզի չընդունին մեղքի իրենց բաժինը եւ ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն այլ նիւթերու եւ այլ մարդոց վրայ:

Ընկերներ, հիմա դուք դատեցէք, ովքե՞ր են հակադաշնակցականները:
Ես իմ դաշնակցականութեանս համար փաստեր բերելու պէտք չունիմ: Ես կուսակցութեանս տուած եմ այն, ինչին կարող էի եւ տուած եմ առանց սակարկելու:
Ես այսօր ոչ ոքէ փառք ու պատիւ կը խնդրեմ: Ո՛չ անցեալին, ո՛չ այսօր, ոչ ալ ապագային ակնկալիք ունեցած եւ ունիմ: Իմ միակ նպատակս՝ Դաշնակցութեան անկումը կանխել եղած է եւ, ցաւօք, ո՛չ ես, ոչ ալ ընկերներս կրցանք կանխել աղէտը: Եւ փոխարէնը՝ արժանացանք հեռացման պատիժին:
Ընկերներ, դուք ձեզի հարց տուէք․- Ինչո՞ւ Իշխան Սաղաթէլեանն ու միւսները այսօր չեն կրնար Հայաստանի մէջ բարձրաճակատ քալել, ինչու՞ չեն կրնար նայիլ ուղղիղ՝ հայ ժողովուրդի աչքերուն մէջ: Ինչո՞ւ անոնք իրենց հայաստանի մէջ վերականգնելու համար չեն կրնար ապաւինիլ հայրենի ժողովուրդին եւ ստիպուած կ’ըլլան Սփիւռքեան կառոյցներէն փրկութիւն աղերսելու, հայրենիքի մէջ չկործանուելու համար:
Ինծի համար հակադաշնակցականը ան է, որ կուսակցութիւնը հասցուցած է այս վիճակին:
Դուք ձեզի հարց տուէք, թէ ո՞վ է պատասխանատուն այս վիճակին համար – ե՞ս, որ ոչ մէկ պաշտօն ստանձնած եմ անցնող տարիներուն, թէ՞ Իշխանն ու իր տէրերը, որոնք ղեկավար դիրքերու վրայ նստած՝ մէկ խայտառ

Անդրանիկ Պօղոսեան

Կարպիս Եսայեանի ՖԲ-յան դիմատետրից

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert