Րաֆֆի Տուտագլեանը համաճարակի կապակցությամ իր ՖԲ-յան էջում «Նամակ երկրէն» կատարած գրառումը ներկայացնում ենք ստորեւ ամբողջությամբ.

«ՀԱՇՈՒԵՏՒՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ Է, ԲՈԼՈՐԻ’Ն ՀԱՄԱՐ

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը (WHO) դեռ միայն երկու ամիս առաջ կը տեղեկացնէր, որ կորոնավիրուսով չվարակուելու համար դիմակ կրելը անհրաժեշտութիւն չէ, առողջ մարդիկ պէտք չունին դիմակ կրելու: Իսկ այսօր ճիշդ հակառակն է, որ կը պնդէ՝ դիմակը փրկութիւն է, կ’ըսէ:

Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի մէջ, Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն, լայնօրէն սկսաւ օգտագործուիլ գլորոգուինը՝ իբրեւ կորոնավիրուսի դէմ պայքարող արդիւնաւէտ դեղ, իսկ վերջերս ֆրանսական բազմաթիւ հիւանդանոցներ արգիլեցին այս դեղի օգտագործումը, որովհետեւ անիկա, ըստ որոշ ֆրանսական բժշկական շրջանակներու, ոչ միայն արդիւնաւէտ չէ, այլ կողմնակի ազդեցութիւններով վնասակար է եղեր: Մինչ այդ, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ այս դեղը ստացան իբրեւ կորոնավիրուսի բուժում:

Ֆրանսայի մէջ առողջապահական շրջանակներ օր մը յայտարարեցին, որ իպուփրոֆէնը կորոնավիրուսի բուժման համար վտանգաւոր է, իսկ վերջերս BBCն հաղորդեց, որ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ որոշ բժշկակական կեդրոններ իպուփրոֆեն օգտագործած են եւ լաւ արդիւնքներու հասած են, եւ կը յանձնարարեն այս դեղը նկատի ունենալ իբրեւ հիւանդներու բուժման համար պիտանի դեղ:

Քանի մը օր առաջ, Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ ասիմպտոմատիկ (ախտանշան չունեցող) վիրուսակիրները փոխանցիկ չեն, շատ հազուագիւտ է որ վիրուսը փոխանցեն ուրիշին: Յաջորդ օրը, նոյն կազմակերպութիւնը, որուն ճշդած չափանիշերուն կը հետեւի աշխարհի պետութիւններուն մեծամասնութիւնը, յայտարարեց, որ չէ՛, այդպէս չէ, ախտանշան չունեցող վիրուսակիրները պէտք չէ համարել վիրուս չփոխանցող…

Ամբողջ աշխարհը դեռ չի գիտեր, թէ այս նոր վիրուսը Ի՞նչ յատկութիւններ ունի եւ ո՞րն է բուժման լաւագոյն միջոցը: Ահաւոր բարդ վիճակի մէջ յայտնուած են մեծ թիւով երկիրներ, ներառեալ՝ հարուստ եւ զարգացած պետութիւնններ: Անորոշութիւն է ամէն տեղ: Այսօր յայտարարուած տեղեկութիւնը կամ կարծիքը վաղը կը հերքուի: Միակ որոշ բանը այն է, որ մարդիկ պէտք չէ շփուին իրար հետ, հեռու պէտք է մնան իրարմէ, որպէսզի վիրուսի փոխանցումն ու տարածումը նուազագոյնի հասնի:

Իտալիայի, Ամերիկայի, Իսպանիայի, Անգլիայի, Բրազիլիոյ, Ռուսաստանի, Քաթարի, Իսրայէլի, Քուէյթի նման մեծ կամ հարուստ երկիրներ, ինչպէս նաեւ աշխարհի բազմաթիւ հսկայ ու փոքր երկիրներ, յայտնուած են ճգնաժամային պայմաններու տակ: Այնպէս չէ, որ վիճակագրական տուեալներով, անոնց առողջապահական վիճակը շատ աւելի լաւ է, քան՝ Իրանինը կամ Հայաստանինը:

Կան նաեւ երկիրներ, որոնք աւելի լաւ կրցած են պայքարիլ համաճարակին դէմ, ինչպէս օրինակ՝ Նոր Զելանդան, Աւստրալիան, Վրաստանը, Սինկափուրը, եւայլն: Ասոնք այն երկիրներն էին, որոնք տարբեր քայլերու առընթեր, ինքնամեկուսացման եւ երկիրը ամբողջութեամբ փակելու՝ shut down ընելու շատ աւելի խիստ միջոցներ որդեգրեցին, քան վերոնշեալները:

Հիմա գանք Հայաստանին: Երեկ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան յայտարարեց, որ Հայաստանի համար, ինչպէս միւս երկիրներու համար, այս վիրուսը եւ անոր հետեւանքները բոլորովին նորութիւն էին եւ ոչ ոք գիտեր անոնց դէմ պայքարելու լաւագոյն միջոցները: Բոլոր երկիրներն ալ տարբեր միջոցներու որդեգրումով սորվեցան ու դեռ կը սորվին իրենց ընելիքը եւ կորոնավիրուսի ճգնաժամը յաղթահարելու ամենաարդիւնաւէտ միջոցները: Այդպէս է, քանի որ վիրուսի մասին գիտելիքները ամբողջական չեն, դեռ եւս չբացայայտուած կամ անյայտ շատ բաներ կան: Նկատի ունենալով այս պայմանները, Արսէն Թորոսեան ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրեց կատարուած սխալներուն համար:

Ես չեմ գիտեր, թէ աշխարհի մէջ քանի Առողջապահական նախարար եղած է այսքան թափանցիկ եւ այսքան հաղորդակցող, ու ներողութիւն խնդրած է հանրութենէն՝ հաւանական սխալներուն համար: Ես նաեւ չեմ գիտեր, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ երբեւիցէ եղա՞ծ է նախարար մը, որ իր կատարած ենթադրեալ սխալներուն համար ներողութիւն խնդրէ: Ընդհակառակը, մեր երկիրը թալանած ու կողոպտած, ժողովուրդին առողջապահութիւնն ալ, սոցիալական ապահովութիւնն ալ, արժանապատւութիւնն ալ կեղեքած ու երկիրը հարստահարած նախկին նախարարները մինչեւ հիմա միայն մէկ բան յայտարարած են՝ «մենք անմեղ ենք, մենք քաղաքական հալածեալներ ենք, քանի որ Նիկոլը մեզ չի սիրեր…» Սա արդէն ուրիշ թեմա է, որուն կ’արժէ պատեհ առիթին անդրադառնալ:

Նոյն այս մարդիկը, երբեմնի կոալիցիոն եւ ոչ կոալիցիոն կառավարութիւններու քաղաքական դէմքերը, ժողովուրդին կողմէ Ազգային Ժողովին նոյնիսկ արժանի չհամարուած քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները, իրենց օլիգարխ հովանաւորներուն հետ հրապարակ իջած են՝ հերթական անգամ ափոգալիբս «աւետելով» մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին, եւ կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը: Այս ուժերը, որոնց համար ընկեր մը կ’ըսեր «թալանավիրուսով վարակուած քաղաքական հիւանդները», զբաղած են գիշեր ցերեկ խուճապ ստեղծելով, քննադատելով, բամբասելով: Անոնցմէ շատեր նոյնիսկ ֆէյք լուրեր կը քաջալերեն եւ ամէն տեսակ կեղտոտ խաղերու կը դիմեն, ժողովուրդին մէջ անվստահութիւն, խուճապ, սարսափ եւ կասկած ստեղծելու նպատակով: Խօսքս չի վերաբերիր անոնց, որոնք առարկայական քննադատութիւններով հանդէս կու գան եւ իրավիճակը բարելաւելու առաջարկութիւններ կը ներկայացնեն պատկան մարմիններուն: Այս վերջինները ողջունելի են եւ նոյնիսկ՝ օգտակար:

Կորոնավիրուսի առաջացուցած տագնապը ուշ կամ կանուխ վերջ պիտի գտնէ: Այդ ատեն, իշխանութիւնները հաշուետւութեան պիտի կանչուին իրենց կատարած ճիշդ ու սխալ աշխատանքին համար: Հաշուետւութեան պիտի կանչուին նաեւ «թալանավիրուսով հիւանդները» եւ ասոնց փէշերուն տակ տեղաւորուած, ասոնցմով ֆինանսաւորուող քաղաքական փերեզակները, որոնք ոչ միայն մեղայական չեն ըսած հայ ժողովուրդին՝ այս երկիրը կողոպտելու, պարտքերու տակ խեղդելու, հարիւր հազարներ պանդուխտ դարձնելու, արդարութիւնը խաչին բարձրացնելու եւ տզրուկի նման ժողովուրդին արիւնը խմած ըլլալնուն համար, այլեւ այսօր մէջտեղ ինկած՝ կորոնավիրուսի ճգնաժամէն օգտուելով, աջ ու ձախ սուր կը ճոճեն, եւ աղէտի մասին լոլոներ կը կարդան:

Չէ՛, հանգիստ մի նստիք տեղներդ: Լրջօրէն մտահոգուեցէք եւ անհանգստացէք: Հաշուետւութեան օրը պիտի չուշանայ եւ այդ ատեն պիտի տեսնենք, թէ ո՞վ մէջքէն հարուած հասցուց պետութեան, եւ ով, իսկապէս, օգնութեան ձեռք երկարեց մեր ժողովուրդին»:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէք ինծի:
rafdoud@aol.com

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert