Dieses Bild hat ein leeres Alt-Attribut. Der Dateiname ist grafik-31.png

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ – ՊԱՅՔԱՐ 213

Առօրեայ եւ հասարակական կեանքին մէջ շատ յաճախ կը խօսինք փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան մասին. կը շարժինք առանց դոյզն պատկերացումը ունենալու առնուող քայլերու հետեւանքներուն, կը շարժինք մոռնալով, որ փոփոխութեան անուան տակ կատարուող քայլեր յուսախաբութեան կրնան մատնել մեզ ու շրջապատը: Բայց աւերը արդէն գործուած է. երազներու փլուզում եւ ողորմելի իրականութիւն: Եթէ ցանկութիւնները բարի են, շահադիտութիւններէ հեռու, ենթահողը պատրաստ, քայլերը սերտուած եւ պայմանները նպաստաւոր, փոփոխութիւնները անկասկած պիտի ունենան դրական ներազդեցութիւն: Ինքնանպատակ, կամայական փոփոխութիւնները ՝ եպերելի հետեւանքներով արկածախնդրութիւններու առջեւ կրնան դնել ենթական ու հաւաքականութիւնը: Պետութիւններու պարագան չի տարբերիր անհատներու տրամաբանութենէն: Խօսքով՝ բոլորը կը ձգտին ընկերային արդարութեան: Բայց թէ ինչպիսի՛ ճանապարհով կը փորձեն հասնիլ իրենց նպատակներուն, ինչպիսի՛ պատճառաբանութիւններով պիտի փորձեն հիմնաւորել իրենց արարքը,– այստեղ ալ կը բացայայտուի նպատակներու եւ միջոցներու արդարացիութեան ակօսը: Շատ յաճախ, նպատակը չ’արդարացներ միջոցը եւ հակառակը: Անձ, հաւաքականութիւն եւ կամ պետութիւն, սկզբունքը միեւնոյնն է՝ առարկայական ենթահողի բացակայութեան փոփոխութիւնները դատապարտուած են ձախողութեան, լաւագոյն պարագային՝ ի սպառ հիւծումի:

Մարդկային քաղաքակրթութեան տիտաններ նուիրաբերած արաբական աշխարհը ինչո՞ւ պիտի մնայ մենատիրական, ստրկական վարչակարգերու խորհրդանիշ…: Բողոքն ու ընդվզումը տեղին էր ու արդար: Սակայն արաբական աշխարհի զարգացումներուն դիտորդ ոեւէ վերլուծաբան, անմիջապէս պիտի կռահէ, թէ արտաքին ուժերու մեղսակցութեամբ հրահրուող ընկերային, կենցաղային եւ տնտեսական պայմաններու դէմ ժողովրդային պոռթկումներուն տակ պահուած ծրագրերը քաոսի մատնեցին Իրաքը, Եգիպտոսը, Թունուզը, Լիպիան, Սուրիան, Սուտանը, Եմէնը, ուրիշներ հարստահարուեցան եւ յափշտակուեցան անոնց բնական հարստութիւնները…:

Ի՞նչու կը գրեմ այս յօդուածը: Պի.Պի.Սի-ի անգլերէն լուրեր հաղորդող բաժինը, այսպէս կոչուած Արաբական գարնան տասնամեակին առիթով պատրաստած է հաղորդումներու շարք մը Տաէշ-ի մասին…: Ծպտուած դիմագիծով Տաէշի ներկայացուցիչներ կը խօսին ընկերային բարեկարգութիւններու մասին…: Ըսէ՝ տէրդ, ըսեմ, թէ ո՛վ ես,– պիտի ըսէր առածը…

Փոփոխութեան կամ բարեկարգութիւններու չափանիշը անկասկած օրէնքի գերակայութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը պարտին ըլլալ: Ժողովուրդներ այլ բան չեն պահանջեր, եթէ ոչ՝ հասարակարգեր, որոնք պիտի երաշխաւորեն քաղաքացիին իրաւունքը: Հասարակարգ, ուր իշխանութիւնները հաշուետու պիտի մնան խորհրդարանին ու ժողովուրդին առջեւ: Մէկ խօսքով՝ հաւաքականութեան շահերը գերադասող համակարգ:

Գարնանային դալարագեղ մթնոլորտ ստեղծելու փոխարէն՝ սփռուեցաւ, արիւն, ահ ու սարսափ, աւեր՝ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային փլուզում: Խաթարուեցաւ արաբ մարդուն բարոյահոգեբանական նկարագիրը: Ան ակամայ ներգրաւուեցաւ միջհամայնքային, յարանուանական բախումներու մէջ: Արմատականութիւնը, ծայրայեղականութիւնը դարձաւ յեղափոխութեան խորհրդանիշ..: Արտաքնապէս անմեղ թուող ընդվզումներուն տակ սկսան բացայայտուիլ օտար պետութիւններու թելադրութեամբ անազնիւ եւ չարամիտ դիտաւորութիւններ: Արդար պահանջները շահագործուեցան: Ժողովուրդներ դարձան սին հաշիւներու զոհ: Յանկարծ արաբական աշխարհի բարեկամ դարձաւ Իսրայէլը: Ջնջուեցան Իսրայէլի հետ բնական յարաբերութիւններ հաստատող արաբական պետութիւններու արտաքին պարտքերուն մեծամասնութիւնը, շատեր մէկ օրէն միւսը «ազատագրուեցան» եւ «դուրս ելան» ահաբեկիչ պետութիւններու ցուցակէն…որովհետեւ խոնարհեցան եբրայական պետութեան առջեւ: Յանկարծ դուրս եկաւ, որ Իրանն է արաբական աշխարհին եւ Իսրայէլին հասարակաց թշնամին: Այն Իրանը, որ կէս դար առաջ Արեւմուտքին եւ յայտնապէս Մ. Նահանգներու ոստիկանն էր Միջին Արեւելքի մէջ…. Արաբական աշխարհը հարուածող յեղափոխութիւններուն մեծամասնութիւնը, քաոսի կամ՝ համակերպումի ն ահազանգ հնչեցուցած է բոլորին մէջ: Ո՞վ կրնայ վերլուծել, թէ այսօրուան դրութեամբ՝ ստոյգ ին՞չ տեղի կ’ունենայ Լիպիոյ, Թունուզի, Եգիպտոսի, Պահրէյնի, Եմէնի, Իրաքի, Սուրիոյ եւ վերջապէս Լիբանանի մէջ: Ո՞վ կրայ կռահել, թէ վաղուան օրը ին՞չ կը խոստանայ այդ պետութիւններուն: Ժողովրդավար հասարկարգերու կերտու՞մ՝ ամենեւին: Ընդհակառակը՝ մարդկային կորուստ, արտագաղթ, արմատականութեան ուռճացում եւ տնտեսական քայքայում: Այս բոլորին հետեւանքով կամայ թէ ակամայ նսեմացաւ արաբական աշխարհի ղեկավարութեան վարկը: Արեւմտեան պետութիւններու ներկայացուցիչներ պիտի որոշեն անոնց ամենօրեայ քայլերը, ելոյթներուն բովանդակութիւնը եւ ճակատագիրը: Ոմանց պարագային, Արեւմուտքը միանշանակ վճիռ կ’արձակէ, երբ նոյն պահուն կը քողարկէ ուրիշներու վայրագութիւնները: Այսօր, Միջին Արեւելքի բնական հարստութիւններուն վրայ ձեռք դնելու ահեղ պայքարի այս իրականութեան մէջ, արաբական աշխարհը՝ իր անմիաբանութեան եւ անհեռատես ղեկավարութեան պատճառով ետդարձ կը կատարէ դէպի ցեղային, աշիրեթական ժամանակներ…: Արեւմուտքը աստիճանաբար կը տիրանայ անոր բնական հարստութիւններուն, իսկ արաբը հաճոյաբար ճանապարհ կը բանայ Արեւմուտքին առջեւ:

Նոր Միջին Արեւելքի տեսլականով արաբական աշխարհի բնական հարստութիւններուն յափշտակումը պիտի շարունակուի շրջանին մէջ: Յանուն ժողովրդավարութեան՝ արմատական հոսանքներու յայտնութիւնը, համայնքային բախումները, քաղաքական սպանութիւնները, ահաբեկչական գործողութիւնները, տնտեսական պատժամիջոցները պիտի դառնան անոր անբաժան մասը: Հարցականի տակ դրուած է նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան ճակատագիրը: Բայց ո՞ր քրիստոնեային մասին է խօսքը: Դժուար չէ կռահել, թէ ինչպիսի դիմագիծ պիտի ունենայ Միջին Արեւելքը տասնամեակ մը ետք…:

Ժողովրդավարութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը կը մնան ժամանակակից եւ հզօր պետականութեան խորհրդանիշ: Կ’ընդունինք, որ ընկերային, տնտեսական բարեկարգութիւններու լուրջ ծարաւ կ’ապրի արաբական աշխարհը: Յաւակնութիւն չունինք պաշտպանելու մենատիրական վարչակարգեր, միապետութիւններ, սակայն կը մերժենք ժողովուրդներու ազնիւ զգացումներուն չարաշահումը, արտաքին միջամտութիւններով ապակայունացնելու արաբական երկիրները, անոնց բնական հարստութիւնները յափշտակելու, գաղութատիրական նոր վարչաձեւ ստեղծելու փորձերը:

Լուսանկարը՝ https://www.berlinertageszeitung.de

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert