Աստուած օգնակա՛ն, Վեհափա՛ռ Տէր,

Այս բաց նամակը մտադրած էի հեղինակել երկու օր առաջ քանի մը ժամով Հ. Հ. Ձեր այցի գիշերը: Սակայն համաժողովրդական ցոյցերուն մասնակցութենէն գերյոգնութիւնս, նաեւ այն պատրանքը, թէ Դուք համապատասխան պատգամը փոխանցած կ’ըլլաք 10 տարի Հ. Հ.ի նախագահի աթոռը ԱՀԱՒՈՐ ԿԵՂԾԻՔՆԵՐՈՎ ու ԿԱՇԱՌՔՆԵՐՈՎ բռնագրաւելէ ետք իր իշխանութիւնը մէկ ուրիշ պիտակի տակ ցմահ դարձնել փորձող անհատին` ուշացուց այս բաց նամակը: Ձեր այցին առթիւ պաշտօնական հաղորդագրութիւնները, այլեւ յիշեալ բռնակալին այսօրուան պահուածքը, մասնաւորապէս Մարտի 1-ի արիւնահեղութիւնները կրկնելու իր սատանայական անթաքոյց ցանկութիւնը, ինծի համոզեցին, որ Դուք պարզապէս փրոթոքոլային այդ կատարած էք Երեւան:

Ըստ այդ հաղորդագրութիւններուն` Դուք շնորհաւորած էք այդ բռնակալը վարչապետի պաշտօնն ստանալու առթիւ: Ով ով, գոնէ աշխարհականներս պէտք չէ հոգեւորականներուն յիշեցնենք, թէ յանցանքը կամ մեղքը պարտակելը յանցակցութիւն է, մեղսակցութիւն, մինչդեռ Եկեղեցւոյ բուն առաքելութիւնն է մարդս մեղքերէ հեռու պահել եւ ոչ թէ զայն այդպիսիք կատարելու ՔԱՋԱԼԵՐԵԼ: Երկրորդ, ինչո՞ւ չուզեցիք հանդիպիլ տասնեակ հազարաւոր (այսօր` արդէն հարիւր հազարաւոր) Ձեր բողոքող ազգակիցներուն, անոնց հաղորդել Ձեր հայրական պատգամը եւ անոնց արդարացի պահանջները լսելով` զանոնք հասցնել Հ. Հ.ի նախագահի ձեւական պաշտօնն ունեցող անձին ու ներկայիս վարչապետի պիտակի տակ գործող նորօրեայ Բելին: Կը հասկնամ, թէ իբրեւ հոգեւորական, այլեւ իբրեւ կաթողիկոսական Սուրբ Աթոռի գահակալ, առաջինը պէտք է երթայիք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, ծնրադրէիք Իջման Ս. Սեղանին առջեւ, Ձեր աղօթքը մատուցէիք, ապա նաեւ, գոնէ պատշաճութեան համար, հանդիպէիք Մայր Աթոռի այսօրուան աթոռակալին հետ, որուն հոգեւորական կոչելն իսկ ԱՄՕԹ է: Այս բոլորը` հասկնալի են: Սակայն չէի՞ք կրնար գտնել թէկուզ քառորդ ժամ` գալու Հանրապետութեան Հրապարակ (առանց Ձեր հետ բերելու Մայր Աթոռի աթոռակալին, որուն ցուցարարները պիտի չընդունէին եւ, առնուազն, պիտի սուլէին Բելի այդ սքեմաւոր պաշտօնեային), սեփական աչքերով եւ ոչ թէ պաստառներէ տեսնելու Ձեր հոգեւոր հօտի յուզման չափն ու տարողութիւնը, լսէիք զիրենք, խանդավառուէիք հոն հաւաքուած մեր ՀՐԱՇԱԼԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՄԲ, եւ նոր միայն երթայիք յիշեալ երկու անհատներու այցելութեան: Սակայն Դուք նախընտրեցիք այցելել ՄԻԱՅՆ երեք պալատներ, որոնցմէ վեհարան կոչուողին մէջ այսօր ոչ մէկ վեհութիւն կայ: Դուք արդէն սովո՞ր դարձած էք միայն պալատներ այցելելու: Պէ՞տք է Ձեզի յիշեցնել, թէ Պէյրութի ո՛ր թաղամասին մէջ ծնած էք ու մեծցած (մի՛ վրդովիք, Վեհափա՛ռ Տէր, ես ալ ծնած ու մեծցած եմ Պուրճ Համմուտի Թիրօ քէմփին մէջ, բայց երբեք անյարմար չեմ զգար այդ փաստը յայտարարելու):

Նախորդ Ուրբաթ օրը Ձեր կեանքի ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՍԽԱԼԸ գործեցիք, Վեհափա՛ռ Տէր: Մէկ օրէն միւսը կորսնցուցիք նոյնիսկ այն վարկը, որ քիչ-շատ ունէիք հայրենի ժողովուրդին քով` ի տարբերութիւն Մայր Աթոռի աթոռակալի «վայելած» աներեւակայելի չափի հակակրութեան: Դուք ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԷԻՔ խիղճն ըլլալ Ձեր հօտին, սակայն նախընտրեցիք ըլլալ կամ մնալ այն փտած, փչացած, գարշահոտած համակարգին մէկ մասը, որ մեր ազգի բոլոր կենսունակ ոյժերը կը ծծէ վամփիրի նման եւ որու սփիւռքեան հատուածի աղաներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը գիտէ միայն սողալ ու քծնիլ, մանաւանդ երբ աչքին առջեւ կը պարզուին այսօրուան Բելին ու անոր` Հօփար ծաղրանունը կրող չնաշխարհիկ նախարարուհիին անարժէք շքանշանները, մետալները, շնորհաւորագիրները եւ նման ԱՂԲ-երը: Այդ ողորմելի արարածներէն շատեր յետագային, նեղ շրջանակներու մէջ, կը ծաղրեն այդ անպէտք շնորհները բաշխողները, կամ ալ զանոնք «թալանչի», «կեղեքող» ու նման բնութագիրներով «կը պատուեն»` առանց նուազագոյն բարոյականութիւնն ունենալու այդ անիմաստ, աւելի ստոյգ` իրենց լռութիւնը եւ/կամ քծնանքը ապահովելու նպատակով տրուած ԱՂԲ-երը վերադարձնելու հրապարակաւ:

Այս առթիւ, ի գիտութիւն Ձեզի, յայտնեմ, որ օրին Դուք մեծ վարկանիշ շահեցաք Հայրենիքին մէջ, երբ հակառակեցաք տխրահռչակ հայ-թրքական փրոթոքոլներուն, եւ եղաք ոգին զայն ստորագրել տուած մերօրեայ Բելի Լիբանան այցելութիւնը «դա՛-ւա՛-ճա՛ն, դա՛-ւա՛-ճա՛ն» վանկարկումներով ընդունողներուն: Այդ օրերուն իսկապէ՛ս դրսեւորեցիք Ձեր հոգեւոր հօտի Հայրապետն ըլլալու Ձեր խիզախ կեցուածքը: Յանկարծ սակայն, չենք գիտեր ինչո՞ւ, տարիներ ետք, այդ նոյն Բելը արժանացաւ Ձեր մէկ շքանշանին: Այդ արարածի ո՞ր մեծագործութեան համար այդ պարգեւը շնորհեցիք անոր, Վեհափա՛ռ Տէր. անո՞ր համար, որ իր կեղծ-նախագահութեան տարիներուն Հայրենիքը լքած է, նոյն իշխանութիւններուն խոստովանութեամբ, տարեկան 38-40 հազար հայ (այսինքն` Սպիտակի ՏԱՍՆՀԻՆԳ երկրաշարժ), որ 2016-ի քառօրեայ պատերազմին ան կորսնցնել տուաւ Հայրենիքի 800 հեքթար տարածք (եւ ժպրհեցաւ կորսնցուցած հայրենի այդ ՍՈՒՐԲ ՀՈՂԸ ԱՆՊԷՏՔ յայտարարել իր պալատական մանկլաւիկներուն հետ…), որ պահպանեց ու նոյնիսկ աւելցուց աղքատներուն եւ յոյժ աղքատներուն թիւը Հ. Հ. մէջ… Շարքը շատ երկար է, Արա՛մ Վեհափառ:

Ձեր քաջալերանքը մերօրեայ Բելին վերջինս մղեց ա՛լ աւելի լկտիութեան, նոյնիսկ սպառնալու հայու արիւն թափել, այդպիսով ոտնատակ տալով նաեւ Ձեր յորդորը` հայու արիւն չհեղելու պահանջով: Վեհափա՛ռ Տէր, Ձեր այսպիսի պահուածքով, Դո՛ւք եւս պատասխանատուութիւն կը կրէք Հայրենիքին մէջ հաւանական արիւնահեղութեան համար, որու բոլոր նախանշանները կան:

Պատմութիւնը Ձեզ եւս պիտի արժանացնէ իր անողոք դատաստանին` մերօրեայ Բելին ու անոր սադայէլապաշտ շրջապատին հետ:

 

Գէորգ Եազըճեան

Խռովայոյզ Երեւան, 22-լոյս 23 Ապրիլ 2018-ի գիշեր

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert