Իսկ ու՞ր պիտի կանգնի հայրենիքի եւ հայութեան ճակատագրով մտահոգ իւրաքանչիւր գիտակից, պատասխանատու հայորդի: Թողե՞լ, որ օլիգարխիան գերեզմանէ վերազարթնած հայ ժողովուրդի վերջին յոյսը, թէ միաւորուիլ յեղափոխութեան նպատակներուն համար պայքարած ուժերուն շուրջ ու վճռական պայքարով՝ գերեզման ուղարկել Հայաստանի օլիգարխիայի քրէածին համակարգը: Պատասխանը պէտք է տանք իւրաքանչիւրս, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ոստաններ:
Նամակ երկրէն
ՀԱԿԱՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱԾ Է(Ր)
Այսօր, նախկին իշխանութիւնները՝ Հայաստանի քրէա-օլիգարխիկ խաւը, արդարութեան դէմ պատերազմի ելած են իրենց բոլոր զինակիցներով եւ ամբողջ զինանոցով: Անոնք գործի դրած են ժողովուրդէն եւ պետութենէն կողոպտուած իրենց անսահման գումարները, դատական համակարգի մէջ իրենց նշանակած եւ հարստացուցած դատաւորները, ոստիկանութեան մէջ քաւոր-սանիկ յարաբերութիւններով բարձր պաշտօններու հասած բաժնի պետերն ու ղեկավարները, անվտանգութեան կառոյցներու մէջ բարձրագոյն դիրքերու բարձրացուած իրենց բարեկամներն ու հարազատները: Զինակից դարձուցած են իրենց լռելեայն եւ բացայայտ բիզնէս գործընկերները: Եւ դեռ՝ արդարութեան դէմ պատերազմին միացած են իրենց կեղտոտ գործերու բացայայտումով մտահոգ նախկին կաշառակեր նախարարները, որոշ կուսակցական ղեկավարներ, ապօրինի գործարքներով հարստացած գործարարներ, կոպեկներով անշարժ եւ այլ գոյքի սեփականատէր դարձած խաչագողեր, ասոնց հետ գործարքներու մէջ մտած քաղաքական գործիչներ, պատգամաւորներ, ոստիկանական-քաղաքական հովանաւորութեամբ գործած գողական կերպարներ, կոռուպցիայէն օգտուող մեծ թիւով «բիզնէսմէն»ներ: Իրենց տրամադրութեան տակ ունին լրատուամիջոցներ, կայքեր, ֆէյքեր, ռատիոկայաններ, հեռուստաալիքներ, վարձկաններ…
Այնպէս չէ, որ ասոնք կը գործեն ինքնագլուխ: Կան համակարգողներ, որոշում կայացնողներ, ցանցեր ստեղծողներ: Տեղեկատւութեան կազմակերպուած հոսք կայ մէկ օղակէն միւսը, եւ ամէնէն վտանգաւորը՝ ուժային կառոյցներու որոշ օղակներէն դէպի իրենց նախկին տէրերը: Քարոզչական համակարգուած եւ լաւ ֆինանսաւորուած ծաւալուն արշաւը կազմակերպուած է իր բոլոր մանրամասնութիւններով: Այս արշաւին մէջ ներառուած են օտարերկրեայ սպասարկութիւններ: Համակարգումը տեղի կ’ունենայ Հայաստանէն ներս եւ Հայաստանէն դուրս:
Քարոզչական արշաւը տեղի կ’ունենայ նաեւ պետական որոշ օղակներու մէջ ապատեղեկատւութեան տարածումով: Իսկ ժողովուրդը օրական 24 ժամ, առանց դադարի, ենթակայ է տեղեկատուական տեռորի: Նպատակը մէկն է՝ ստեղծել շփոթ, բարկութիւն, անվստահութիւն, անկառավարելիութիւն: Ստեղծել ԽՈՒՃԱՊ ժողովուրդի տարբեր շերտերու եւ պետական զանազան օղակներու, եւ նոյնիսկ՝ ուժային կառոյցներու մէջ:
Խուճապի միջոցով ստեղծել անապահովութեան զգացում, հիասթափութիւն, անիշխանութիւն, սարսափ, վախ, վստահութեան կորուստ… Այս բոլորը վերջաւորութեան օգտագործել իշխանութիւններուն դէմ, թոյլ եւ անզօր ներկայացնել զանոնք յաչս ժողովուրդին եւ ի վերջոյ՝ զրկել իշխանութիւնը ժողովրդային լայն աջակցութենէ:
Սա, ընկերներ, Ճորճ Օրուէլի վէպերէն առնուած դրուագ մը չէ: Սա մեր իրականութիւնն է: Սա հայաստանեան առօրեան է: Սա նախկին իշխանութիւններու ռազմավարութիւնն է: Սա, այլ խօսքով, հակապետական գործունէութիւն է: Եւ այս ապազգային հակապետական գործունէութեան հովանաւորներն ու տէրերը ունին անուն ազգանուն, անոնք Հայաստանի երբեմնի ղեկավարներն են, մեծ դրամագլուխի սեփականատէրերը եւ անոնց շահերուն սպասարկած քաղաքական ուժերը:
Հայաստանի քրէաօլիգարխիկ դասակարգն ու անոնց ծառայող ուժերը փրկուելու ուրիշ ձեւ եւ մեթոտ չունին: Անոնք կա՛մ պիտի կանգնին ժողովուրդի կողմէ պահանջուող արդարադատութեան առջեւ, կամ ալ այս իշխանութիւններու ձախողումով ու տապալումով՝ պիտի փորձեն փրկել իրենց կաշին ու ինչքը: Հայաստանի քրէաօլիգարխիկ խաւին առջեւ ուրիշ այլընտարանք պարզապէս չկայ:
Իսկ ու՞ր պիտի կանգնի հայրենիքի եւ հայութեան ճակատագրով մտահոգ իւրաքանչիւր գիտակից, պատասխանատու հայորդի: Թողե՞լ, որ օլիգարխիան գերեզմանէ վերազարթնած հայ ժողովուրդի վերջին յոյսը, թէ միաւորուիլ յեղափոխութեան նպատակներուն համար պայքարած ուժերուն շուրջ ու վճռական պայքարով՝ գերեզման ուղարկել Հայաստանի օլիգարխիայի քրէածին համակարգը: Պատասխանը պէտք է տանք իւրաքանչիւրս, Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ոստաններ:
Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com