ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Ինչո՞ւ այս վերնագիրը: Որովհետեւ երբեմն կը թուի թէ դադրած ենք մտածելէ եւ յուզականութիւնը այնքա՛ն տիրապետող դեր կը խաղայ մեր ազգային կեանքին մէջ, որ հրամցուող ամէն լուր դեղահատի պէս կը կլլենք. կը հաւատանք անոր առանց հարցադրումի, առանց գիտակցելու անոր ծագման եւ տարածման դրդապատճառներուն:

Հայ ժողովուրդի հսկայ բաժինը ահաւո՛ր ցնցում մը ապրեցաւ Նոյեմբեր 9ին եւ անկէ ետք: Հազարաւոր զոհերու եւ վիրաւորներու լուրը կսկիծ յառաջացուց բոլորին մօտ: Մտածել, որ մայր մը ամէն օր կը զգայ անուշիկ զաւակին ձգած պարապը, որ կին մը կը սգայ ամուսնոյն կորուստը, որ տղեկ մը կամ աղջնակ մը կը հարցնէ՝ «հայրիկը ո՞ւր է. ինչո՞ւ չի գար», թոյլ չի տար, որ միտքը առարկայականօրէն մօտենայ հարցերուն: Յուզումը կը խեղդէ կոկորդը, լալու փափաքը կը փոթորկէ հոգին եւ բարկութիւն, ընդվզում, նոյնիսկ չարութի՛ւն կը գրաւեն էութիւնը: Այդ բարկութեան տեղ մը պէտք է յանգիլ տալ եւ աւելի դիւրին բան չկայ քան ամբաստանել ներկայ իշխանութիւնները, պետութիւնը եւ ղեկավարը: Չէ՞ որ իրենք էին այդ օրերու իշխանութիւնները:

Արդ, նոյնիսկ եթէ իրաւացի է բարկութիւնն ու յուզումը, կ՚արժէ վայրկեան մը կենալ, հեռաւորութիւն պահել Դէպքէն եւ մտածել:

Առաջին բանը, որուն կ՛անդրադառնայ մտածել փափաքողը՝ երկու յստակ բեւեռներու գոյութիւնն է: Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Թրամփի օրերուն հանրութիւնը բեւեռացած էր երկու կարծիքներու շուրջ եւ ոմանք սիրահարուած էին Թրամփին, իսկ ուրիշներ կը քամահրէին զայն, այսօր հայաշխարհին մէջ կը տեսնենք նոյն երկփեղկումը: Ոմանք Հայաստանի վարչապետը դաւաճան կը նկատեն եւ կը պահանջեն, որ ժամ առաջ մեկնի, մինչ ուրիշներ կը պաշտպանեն զինք եւ կ՛ըսեն թէ նոր ընտրութիւններու պարագային` կրկին պիտի քուէարկեն ի նպաստ իրեն: Մէջտեղ գտնուողները, անոնք որոնք փինկ-փոնկի կամ թէնիսի խաղ մը դիտելու պէս իրենց գլուխները մէյ մը՝ աջ, մէյ մը՝ ձախ կը դարձնեն, անո՛նք տեղ եւ ձայն չունին հրապարակին վրայ. Վա՛յ որ հարցականի տակ առնեն տարածուող սխալ լուր մը. «Դո՞ւն ա՜լ Մարգարիտ». (իմա՛, դո՞ւն ալ դաւաճան ես):

Ինչպէս Թրամփի պարագային՝ վարչապետ Փաշինեանի պարագային եւս Դիմատետրը եւ այլ ընկերային ցանցեր խթանեցին կարծիքներու տարբերութիւնը եւ թոյլ տուին սանձարձակ կեցուածքներու դրսեւորումը. տարածուեցան սուտ լուրերը. գրգռուեցան կիրքերը մարդոց կողմէ, որոնց մտադրութիւնները, յետին նպատակները բնաւ-երբե՛ք լրջօրէն չքննուեցան կարդացողներուն կողմէ: Վարչապետը վերածուեցաւ հրէշի, իսկ իր կինը` հրէշուհիի: Եւ ա՛ռ թէ կու տաս` ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղեցաւ ամենէն կարեւոր հարցէն ու կեդրոնացաւ մէ՛կ կիզակէտի վրայ:

Այն տպաւորութիւնը սկսանք ունենալ որ մեր թշնամին Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան չեն. անոնք իրենց անօդաչու սարքերը չեն ղրկած Արցախ. անոնք քիմիական նիւթերով չեն յարձակած մեր հերո՛ս տղաներուն վրայ: Մոռցանք ռուսը, որ թակարդի մէջ ձգեց մեզ եւ Թուրքիոյ հետ գործակցեցաւ ի՛ր հաշիւներուն համար: Մոռցանք Իսրայէլը, որ առօք-փառօք հարստացաւ ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի մը զաւակներուն վրայ ղրկուելիք նորագոյն մահասփիւռ սարքեր ծախելով իր սիրասուն բարեկամին: Մոռցանք Ամերիկան, որ մատը մատին վրայ չդրաւ եւ այսօր երես ունի շնորհաւորելու Ազրպէյճանը իր ամբողջական սահմաններուն վերատիրանալուն համար. մոռցանք եւրոպացիները, որոնք ձայն-ձոյն չհանեցին պատերազմի ատեն, բացի քանի մը մլաւիւններէ, որովհետեւ ինչպէս մի՛շտ` այս անգամ ալ իրենց տնտեսական շահերուն, քարիւղին եւ կազին մասին կը մտածէին:

Ու մոռցանք, որ անցնող քսանվեց տարիները վատնուած էին. չէի՛նք պատրաստուած պատերազմի. չէինք գնած պէտք եղած զէնքերը. կողոպտուած էր երկիրը. պարպուած էր Հայաստանը:

Ո՞վ էր մեր միակ, մեր հիմնակա՛ն թշնամին՝ Նիկոլ Փաշինեանը: Եւ ո՛վ որ համարձակէր նախկին վարչամեքենաները յիշել, կամացուկ մը «կը քշուէր» հրապարակէն նորոյթի վերածուած խօսքով մը. «Ա՛լ կը բաւէ յիշեցնէք նախկինները» կամ՝ «Հասկցանք՝ նախկինները. ո՛վ էր վարչապետը պատերազմի ժամանակ. դուք անո՛ր նայեցէ՛ք«:

Ահաւասիկ մեր մտածելու ունակութիւնը: Յանկարծ բոլո՛ր թերթերը սկսան տպել նոյնանման յօդուածներ: Նախկինները, ճիշդ է՝ կատարեալ չէին, բայց Փաշինեանն է դաւաճանը. Փաշինեանը անողնաշար է. Փաշինեանը պէտք է սպաննուի. Փաշինեանը պէտք է դատուի:

Գիտակցող եղա՞ւ թէ ճիշդ ի՞նչ պատահած էր. ինչո՞ւ պատահած էր. ինչպէ՞ս պատահած էր: Անշո՛ւշտ, որ գտնուեցան քանի մը տասնեակ հոգի, որոնք փորձեցին ասդին-անդին մտածում տարածել: Ժողովուրդին մեծամասնութիւնը դժբախտաբար ինկաւ այն մե՜ծ ծուղակին մէջ որ կը կոչուի Դիմատետր եւ լրատուական միջոցներ:

Անոնք որոնք միամիտ էին կամ ժամանակ չունէին բոլոր լուրերը կարդալու եւ ստուգելու անոնց ճշգրտութիւնը` ինկան հաւաքական թութակութեան մէջ:

Օրինակնե՞ր` շա՜տ: Օրը՝ նոր, խեղաթիւրուած լուրը՝ նոր: Ահա երկու նմոյշ:

Վարչապետը ըսաւ՝ «Շուշին տժգոյն քաղաք է»: Ինչպէ՛ս կրնայ այսպիսի բան ըսել: Կը նշանակէ Շուշին չի սիրեր. կը նշանակէ Շուշին չի յարգեր: Անշուշտ որ առաջին անգամ այս նախադասութիւնը լսողը կրնայ բնական հակազդեցութիւն մը ունենալ, ինչպէս կ՚ունենան մարդիկ, որոնց ընտանիքի մէկ անդամի հասցէին վիրաւորական խօսք մը կ՚արձակուի: Բայց այդ բոլո՜ր վիրաւորուածները վայրկեան մը մտածեցի՞ն թէ ի՛նչ համաբնագրի (context) մէջ կը զետեղուէր այդ խօսքը: Ճիշդ ի՛նչ ուզել ըսած էր այդ խօսքին տէրը: Պարկեշտ եւ մտածող մարդը շատ լաւ հասկցած է, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէր: Ըսել չէր ուզեր, թէ Շուշին գեղեցիկ չէր, սիրելի չէր, սրտի մօտիկ չէր: Պարզապէս կը ներկայացնէր փաստարկում մը, որուն միտք բանին վերիվարոյ հետեւեալն էր. «Եթէ Շուշին այդքա՛ն կը սիրէիք, ինչո՞ւ քսանվեց տարուան ընթացքին չշինեցիք ենթակառոյցը, չբնակեցուցիք շրջանը, չամրացուցիք տնտեսութիւնը»: Ա՛յդ էր ըսուածը եւ ինքզինքին հետ հաշտ մէկը համաձայն կ՛ըլլայ անոր. խնդիրը այն է սակայն, որ վարչապետին շատո՜նց չհամակրող ուժերը այնպէս մը պատրաստուած են, որ առիթ չեն փախցներ իւրաքանչիւր խօսքը խեղաթիւրելու եւ իրենց պատրաստած ատելութեան թունաւոր կարկանդակը ամէն կողմ ղրկելու, իսկապէ՛ս հայրենասէր եւ միամիտ մարդոց հոգիին եւ մտքին հետ խաղալու համար:

Վարչապետը ըսաւ. «Դուք գիտէ՞ք թէ Շուշիին 96 տոկոսը ազերի բնակչութիւն ունեցած է»: Այս նախադասութիւնը ի՞նչ առիթով, ե՞րբ եւ ի՞նչ տրամաբանական հոսքի մէջ արտաբերուած էր: Ան, որ Ազգային ժողովին հետեւեցաւ սկիզբէն մինչեւ վերջ` հասկցաւ, որ վարչապետը տիկին Զոհրապեանի մէկ հարցումին կը պատասխանէր եւ յստա՛կ, իրապաշտ վերլուծում մը ընելու վրայ էր: Բայց ի՞նչ ըրին ապատեղեկատուութեան «մասնագէտները»: Անմիջապէս կտրեցին առաջին բաժինը. կտրեցին ետեւի բաժինը եւ՝ հո՛փ՝ «տեսէ՞ք. չ՛ամչնար նոյնիսկ. կ՛ըսէ, թէ Շուշին ազերի քաղաք է»: Եւ եղան նողկալի արտայայտութիւններ, փաստարկումներ. իրենք զիրենք լուրջ մտաւորականի տեղ դրած մարդիկ պէտք զգացին հի՜ն դարերու երթալու եւ ցոյց տալու համար, որ Շուշին հայկակա՛ն էր իր եկեղեցիներով, իր մշակոյթով եւ իր ծոցին մէջ ծնած նշանաւո՛ր հայերով: Արդեօք…մէկու մը մտքէն անցա՞ւ, որ պրն. Փաշինեանին ըսածը Շուշիի դարերէ ի վեր հայկական ըլլալուն հետ կապ չունէր. անշո՛ւշտ որ Շուշին հայկական է, քանի որ «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»: Տարօրինակ ազգ ենք. մէկ կողմէն կ՛ըսենք. «Պէտք չէր ըսէր Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ», միւս կողմէ, առանց նոյնիսկ հասկնալ փորձելու ըսուածը՝ Քաջն Նազարի դրօշը պարզած՝ թերթերու «փողոցները» իջնելով կը պոռանք՝ «տեսա՞ք, տեսա՞ք թրքամոլը, որ Շուշին ազերի կը համարէ»: Բարեբախտաբար մնացած են տակաւին հատ ու կենտ հայատառ թերթեր, որոնք ընդդիմանալով պատմութեան նենգափոխման՝ հրատարակեցին ամբողջ համաբնագիրը եւ մտածել ուզող ընթերցողը կրցաւ հասկնալ, թէ ի՛նչ ըսել ուզած էր պրն. Փաշինեան: Պատմական իրողութիւն է, որ 1920 թուականին ազերիները կոտորած էին Շուշիի հայերը. 1992ին բնակչութեան 92 տոկոսը ազերի էր: Կարելի՞ է ժխտել պատմական ճշմարտութիւնը: Հարցը, որ իրապաշտօրէն կը դրուէր հետեւեալն էր. վերջին պատերազմը կեցնելու փորձերու ընթացքին Ազրպէյճանը պայման դրած է վերադառնալ 1992ի ժողովրդագրական կարգավիճակին. այսինքն՝ բոլոր ազերի փախստականները վերադարձնել Շուշի: Պրն.Փաշինեան բնականաբար մերժած է այդ պայմանը, որովհետեւ տարածուած լուրերուն հակառակը փաստող «Շուշին առանց ազերիներու» տարազին կառչած է. եւ պատերազմը շարունակուած է. եւ հիմա ազգի դաւաճան է. եւ Շուշին ծախած է… նուազագոյն տրամաբանութիւն ունեցողը հոս պէտք է կենայ, լա՜յն շունչ մը առնէ եւ աւելի լուրջ մտածէ… արդեօք ի՞նչ եղած պիտի ըլլար զինք դաւաճան կոչողներուն կեցուածքը, եթէ ընդունած ըլլար Շուշին ազերի փախստականներով լեցնելու պայմանը… անշուշտ՝ մի՛շտ դիւրին է յետադարձ ակնարկ նետելով դատումներ կատարելը եւ թէական պատկերացումներով ամբաստանութիւններ ընելը:

Հիմա պիտի կարծէք, որ այս տողերը գրողը «փաշինեանական» է. եթէ «փաշինեանական» չէ, անպայմա՛ն սորոսական է. եթէ սորոսական չէ՝ վստահաբար հրեայ ամուսին, եղբայր, ազգական կամ բարեկամ ունի: Այնքա՛ն պարզունակ դարձած է մեր մտածելու ձեւը, որ խղճալի ենք: Դարձած ենք ըսի-ըսաւի ջաղացքի ջուր լեցնողներ. վերածուած ենք մարդիկը պիտակաւորող գործիքներու: Չե՞նք ամչնար:

Կրնաք հանգիստ ըլլալ. ո՛չ փաշինեանական եմ, ո՛չ սորոսական. ո՛չ ալ հրեայ ազգական ունիմ: Ծախուած ալ չեմ ինչպէս շա՜տ-շատեր, որոնք այսօր հրապարակը տակն ու վրայ ըրած են եւ հայ ժողովուրդը ա՛յս վիճակին ձգած: Կրնամ նոյնիսկ թուել պրն. վարչապետին տկարութիւնները, որոնցմէ հիմնականը անմիջապէս հակադարձելու անկարողութիւնը կամ չկամութիւնը եղաւ. ան պէտք էր իսկոյն պարզաբանած ըլլար միտքը եւ յստակօրէն արտայայտած ըլլար ինքզինք: Տակաւին շա՜տ ուրիշ թերութիւններ ունի, բայց մտածել փորձող որեւէ գիտակից հայ պէտք է դադրի պետութիւնը տկարացնելէ եւ մտածէ թակարդէն դուրս ելլելու մասին:

Մենք դարերով պետութիւն չենք ունեցած. չենք վարժուած պետութիւն ունենալու եւ կառուցելու: Պոլշեւիկեան լուծին տակ ապրած ըլլալով, կորսնցուցած ենք մարդոց հանդէպ վստահութիւն ունենալու կարողութիւնը եւ վերածուած ենք զիրար այպանող, իրարու դէմ դաւ լարող մեքենաներու: Վայրկեան մը դիտենք մեր շուրջը. ո՞ր երկրին թերթերուն մէջ կը տեսնենք՝ «Էմանուէլը աս ըսաւ, Ճոն այդ ըրաւ, Անճելան եկաւ». չե՛նք տեսներ. բայց հայ յօդուածագրերը կրնան այնքա՜ն դիւրութեամբ գրել՝ «Նիկոլը, Սերժիկը, Արայիկը», կարծես անոնք իրենց թաղի ընկերները եղած ըլլան. խօսելու այս ձեւը ախտաբանական է ինքնին եւ մտածել կու տայ, որ մենք չենք գիտեր յարգել մեր պետական այրերը եւ իւրաքանչիւրս մէյ մէկ նախագահ ենք` վճիռներ արձակող այս կողմ եւ այն կողմ: Հիմա պիտի ըսուի. «Բայց ի՛նք պարտութեան տարաւ մեզ, ի՛նք ստորագրեց անպատուաբեր համաձայնագիրը»: Այո՛, պրն. Փաշինեանը ստորագրեց այդ տխրահռչակ համաձայնագիրը, բայց պէտք չէ մարդոց ուշադրութիւնը մի՛ միայն իր վրայ կեդրոնացնելով փորձել ճողոպրիլ դատաստանի ցանցերէն:

Որովհետեւ եթէ դատաստան պիտի ըլլայ` բոլորի՛ն համար պէտք է ըլլայ: Մենք բոլո՛րս դաւաճանած ենք մեր ազգին եւ պէտք է խուսափինք քաւութեան նոխազ փնտռելէ: Վերջ ի վերջոյ՝ հայկական բանակի պարտութիւնը կարելի չէ բեռցնել մէ՛կ անձի ուսերուն, երբ ան Դեկտեմբեր 2018էն Մարտ 2020 հազիւ տասնհինգ ամիս ունեցած էր հիմնական փոփոխութիւններ մտցնելու երկրէն ներս: Մարտ 2020ին աշխարհը հարուածած ժահրը անկարելի դարձուցած էր երկիրներու բնական կառավարումը աշխարհի բոլո՛ր պետութիւններուն համար: Պէտք է քննել, թէ ինչպէ՞ս 2012էն ետք, մինչ թշնամիները պիլիոններ կը ծախսէին ամենէն արդիական զէնքերը ձեռք բերելու համար, Հայաստանի ղեկավարութիւնը բաւարարուած էր անորակ եւ հնամենի սարքեր ապսպրելով իր դաշնակիցէն:

Եթէ իսկապէս հաշտ կ՛ուզենք ըլլալ մենք մեզի հետ, եթէ իսկապէ՛ս պարկեշտ ենք եւ ուղիղ մտածողութեան տէր, ապա պէտք է սկսինք հարցերուն եւ լուրերուն մօտենալ այլ կերպ: Անհրաժեշտ է մաղէ անցնել մեզի եկած բոլոր լուրերը եւ կարդալ բոլո՛ր թերթերը. մէկդի նետել գռեհիկ լեզուով գրուած յօդուածները եւ անարգական արտայայտութիւնները (գինով է, հոգեկան հիւանդ է, խելագար է, կնոջ ստրուկն է). կուրօրէն չհաւատալ սուտերուն եւ զոհ չերթալ սադրանքի:

Ժամանակը եկած է, որ կոյրերը կամ կոյր ձեւացնողները բանան իրենց աչքերը, խուլերը կամ խուլ ձեւացնողները լարեն իրենց ականջները, համրերը կամ համր ձեւացողները դառնան խիզա՛խ եւ բանան իրենց բերանները:

Հարցերուն պէտք է մօտենալ անաչառ եւ անվախ ձեւով. պէտք է թոյլ տալ, որ մարդիկ հակառակ կարծիք արտայայտեն, որովհետեւ կարծիքներու բախումը առողջ է եւ կրնայ սփռել լո՛յս խաւարին մէջ խարխափող մտքերուն վրայ:

Պէ՛տք է փորձել մտածել:

http://asbarez.com/arm

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert