Միացեալ Նահանգներ  Աֆղանիստանի մէջ ձախողեցաւ, որովհետեւ  մեր երկիրը  անկարող էր ճշդելու թէ  ինչ  նպատակներ ունի  այդտեղ։  Կայ նաեւ  այն   կարեւոր  հանգամանքը, ըստ որուն,  եթէ ռազմական նպատակներդ յստակ չեն, իսկ քաղաքականը՝ ոչ իրապաշտական, երկիրը կ’երթայ յաւիտենական բախումներու եւ քաղաքական տարակարծութիւններու:

Ներկայիս երբ «Թալեպան» շարժումը Աֆղանիստանի իշխանութիւնը ձեռք առաւ, մտահոգութիւններ յառաջացան թէ ինչ պիտի ըլլայ այնտեղ գտնուող  հազարաւոր ամերիկացիներու, նաեւ դաշնակիցներու եւ նոյնիսկ ամերիկամէտ աֆղաններու ճակատագիրը:

 Եւ ըստ  իս այդ  անձերուն փրկութիւնը պէտք է մեր առաջնահերթութիւնը ըլլայ: Հիմնական մտահոգութիւնը այսօր, Աֆղանիստանէն ելլելու որոշումը կայացնելու ձեւին մէջն է, որ տեղի ունեցած է առանց նախնական զգուշութեան, կամ նոյնիսկ առանց դաշնակիցներու հետ խորհրդակցութեան, որոնք 20 տարուայ ընթացքին մատուցած են բազմաթիւ զոհողութիւններ յօգուտ  Ամերիկեան  կեցուածքին եւ  ներկայութեան։ Ինչո՞ւ էական մարտահրաւէրը Աֆղանիստանի մէջ ներկայացուեցաւ այնպէս, որ ընտրութիւն է երկու լուծումներու միջեւ,  այսինքն երրորդ  վարկածը չկայ, կա՛մ ամբողջական վերահսկողութիւն երկրին վրայ  կա՛մ բոլորովին դուրս ելլել երկրէն։

 Կայ  նաեւ վարկած, ըստ որուն առանցքային խնդիր մը խոչընդոտած է մեր պայքարը սկսեալ Վիէթնամէն մինչեւ Իրաք: Երբ Միացեալ Նահանգներ վտանգի կ’ենթարկէ իր զինուորները եւ կ’ամրապնդէ իր դիրքը միջազգայնօրէն, նաեւ իր հետ մասնակից կը դարձնէ այլ երկիրներ, պարտաւոր է այդ բոլորը ընել վասն կարգ մը քաղաքական ու ռազմավարական շահերու: Ռազմական գետնի վրայ պէտք է յստակացնել այն նպատակները, որոնց համար կը կռուինք,   իսկ քաղաքական գետնի վրայ պէտք է որոշել պատերազմի ու անոր հետեւանքներու վերահսկման աշխատանքները թէ՛ նշուած երկրին մէջ եւ թէ ալ միջազգային  գետնի  վրայ։ 

Երբ Միացեալ Նահանգներ մուտք գործեց Աֆղանիստան, ժողովրդական մեծ աջակցութիւն ունէր, որովհետեւ հակադարձութիւն էր  ԻՇԻՊ-ի Միացեալ Նահանգներու  դէմ  յարձակման, որուն պատրաստութիւնը տեղի ունեցած էր Աֆղանիստանի մէջ: Միացեալ Նահանգներու զօրքերու ներխուժման զուգահեռ «Թալեպան» շարժումը նահանջեց դէպի Փաքիստան:   

Երբ «Թալեպան» սկսաւ նահանջել երկրէն, Միացեալ Նահանգներ կորսնցնելով իր ռազմավարական կողմնացոյցը, կարծեց թէ ահաբեկիչներէն ձերբազատուելու միակ միջոցը, երկիրը արդիականացնելն է, հիմնել ժողովրդավար հաստատութիւններ եւ կառավարութիւն մը, որ իշխէ երկիրը սահմանադրութեամբ:  

Ամերիկեան քաղաքական տեսանկիւնէն դիտուած այսպիսի նախագիծ մը, յստակ ժամկէտ չունէր: 2010-ին զգուշացուցած էի թէ ամերիկեան զօրքերու յաւելումը Աֆղանիստանի մէջ, որ երկար   ու դժուար գործողութիւն մըն էր, պիտի դարձներ  աֆղանները՝ նոյնիսկ ոչ զինեալները, երկրի նոր համակարգին թշնամիներ։

Աֆղանիստանի ժողովուրդը բազմաբնոյթ է եւ դժուար էր իրականացնել արդիականութիւնը, որ կը պահանջէր երկկողմանի ջանքեր:  Աֆղանիստանի պէս երկրի մը արդիականացումը, նկատի առնելով անոր աշխարհագրական, ցեղային եւ կրօնական ազդակները, տարիներու նոյնիսկ տասնեակ տարիներու կը կարօտէր: Աֆղանիստանի ներքին պառակտումները, ինչպէս նաեւ կեդրոնական իշխանութեան բացակայութիւնը պատճառ դարձած էին, որ ան ըլլայ ահաբեկիչներու կեդրոն:

Աֆղանիստանի քաղաքական եւ ռազմական կառուցուածքը հիմնուած է ցեղային եւ տոհմային սկզբունքներու վրայ: Իշխանութիւնները տոհմի առաջնորդներուն ձեռքն են: Անոնք հակառակ իրենց ներքին անհամաձայնութիւններուն, կը միաւորուին արտաքին վտանգին ընդառաջ: Այս արդէն ապացուցուած էր 1839-ին բրիտանական զօրքերու գրոհի ժամանակ, նաեւ 1979-ին ՝ Սովետական ուժերու ներխուժման ատեն, որոնք ստիպուեցան ի վերջոյ   դուրս  գալ  Աֆղանիստանէն 1989-ին:  

Ժամանակի ընթացքին, ամերիկեան կառավարութիւնը սկսաւ կրճատել իր աջակցութիւնը այս անորոշ ժամկէտով ծրագրին: Հակառակ որ Ամերիկան կրցաւ հարուածել «Թալեպան» շարժումի կեդրոնները, բայց երկիր մը, ուր պատերազմը իր աւերը գործած էր, կը պահանջէր յաւելեալ թիւով զօրքեր: Պարզուեցաւ որ կարելի է վերահսկել «Թալեպան» շարժումը բայց անկարելի է ոչնչացնել զայն: Ինչպէս նաեւ Ամերիկայի կողմէ երկրին համար անսովոր կառավարական համակարգի մը որդեգրումը աւելիով տկարացուց երկիրը ու ընդhանրացուց փտածութիւնը:

Աֆղանիստանի տագնապը Միացեալ Նահանգներու մէջ տարակարծութիւններ յառաջացուց: Երկու կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը  (Նկատի ունի ԱՄՆ-ի Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւնները խմբ.՝ Ս. Ա.) ունէր իր տեսակէտը,  մին  գետնին վրայ  եղածը յառաջացում  կը նկատէր, միւսը՝ քաղաքական աղէտ:  Վարչակազմերու փոփոխութեան առընթեր  ամէն կուսակցութիւն կը փորձէր խոչընդոտել միւսին   տեսակէտը։  2009-ին նախագահ՝ Օպամա որոշում կայացուց աւելցնել ամերիկեան ուժերու  քանակը  Աֆղանիստանի  մէջ եւ միեւնոյն ատեն յայտարարեց, որ ուժերը պիտի սկսին քաշուիլ 18 ամսուայ ընթացքին: 

Այս տարակարծութիւններու ֆոնին, Միացեալ Նահանգներ անտեսեց առաջադրել այլընտրանքային ծրագիր մը, որ միաւորէր իրագործելի նպատակները:  Կար  անշուշտ  տեսակէտ, որ «Թալեպան» շարժումի ոչնչացման որոշումէն անդին  պէտք է  այդ  շարժումը   «պարփակել», իսկ  հարցերը դիւանագիտական  ճանապարհներով   լուծելու  միտուած խմբակը    մտահոգ էր  այն դրոյթով, որ «Թալեպան»  շարժումը  նոյնքան  մեծ վտանգ  սկսած  էր     Աֆղանիստանը  շրջապատող երկիրներուն։ 

Արդեօք կարելէ չէ՞ր   խնդիրները   լուծելու համար   գործառոյթները համադրել այդ հարեւան երկիրներուն հետ: Մանաւանդ որ Հնդկաստանը, Չինաստանը, Ռուսաստանը եւ Փաքիստանը տարբեր շահեր կը հետապնդէին այնտեղ, բայց կարելի էր դիւանագիտական ռազմավարութեամբ դաշնութիւն ստեղծել բոլորին հետ հակադրելու Աֆղանիստանի մէջ սկիզբ առած ահաբեկչութեան: Այսպիսի ռազմավարութեամբ՝ Բրիտանիան համագործակցելով տարածաշրջանային դաշնակիցներուն հետ դարէ մը աւելի կրցած էր իր տիրապետութեան տակ պահել Միջին Արեւելքէն դէպի Հնդկաստան տանող ճանապարհները:

Միացեալ Նահանգները երբեք չփորձեց այս տեսակի ռազմավարութիւն: Երկու նախագահներն ալ՝ Տանըլտ Թրամբն ու Ճօ Պայտընը իրենց նախագահական ընտրարշաւի ընթացքին յայտարարած էին թէ դէմ են Աֆղանիստանի մէջ պատերազմը շարունակուելուն: Երկու նախագահներն ալ բանակցութիւններ վարեցին «Թալեպան»ին հետ, որուն ոչնչացնելու գործը ստանձնած էր Միացեալ Նահանգները եւ 20 տարի  շարունակ վայելած միջազգային աջակցութիւնը: Ի վերջոյ բանակցութիւնները յանգեցան անոր, որ Ամերիկան առանց նախապայմաններու դուրս հանէ իր ուժերը ԱՖղանիստանէն: 

Պէտք է նշել, որ ամերիկեան ուժերու դուրս ելլելը ողբերգական էր ու յանկարծակի: Նկատի առնելով Միացեալ Նահանգներու կարողութիւններն ու պատմական դերը, անոր թոյլ տրուած չէ հրաժարիլ այսպիսի պատմական պատասխանատուութենէ: Մեր  երկիրը   որպէս գերտէրութիւն երբեք չէր խուսափած իր յանձնառութիւններէն։

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, որ կը վայելէ հովանաւորութիւնը կարգ մը յառաջացած  երկիրներու, կը մնայ համաշխարհային մարտահրաւէր: Այդ ուղղութեամբ պէտք է շարունակուին տեղական ռազմավարական ծրագիրներն ու դիւանագիտական  աշխատանքները, որպէսզի կազմուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին աջակցող  միջազգային համատեղ կառոյց: 

Պէտք է գիտակցիլ, որ մօտիկ ապագային չկայ որեւէ քայլ, որ կը փոխհատուցէ Աֆղանիստանէն ամրիկեան ուժերու քաշուելու վնասը եւ  ես վստահ եմ, որ  այսօր առկաէ ընդհանուր  պատկերին առընթեր  Միացեալ Նահանգներ պիտի չստանձնէ ուրիշ երկրներու մէջ  նոր խնդիրներ լուծելու  որեւէ մակարդակի պարտաւորութիւն:

Ամերիկեան որեւէ հապճեպ նոր նախաձեռնութիւն  կրնայ աւելի խորացնել իր դաշնակիցներու հիասթափութիւնը, եւ քաջալերել թշնամիները եւ աւելին խառնաշփօթ յառաջացնել միջազգային   մակարդակի  վրայ։Յամենայն դէպս Պայտընի վարչակազմը դեռ իր կառավարաման սկիզբին  է եւ ժամանակի կը կարօտի զարգացնելու իր համընդհանուր ռազմավարութիւնը միջազգային եւ տեղական կարիքներուն համահունչ: 

 «Արեւելք»ի համար արաբերէնէ թարգմանեց՝ Թ.Գ.

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert