Ա. Մխիթարեան
Արարատի գագաթը
Քանի մը րոպէ վերջ արդէն կանգանծ էինք Մասիսի ձիւնապատ գագաթին ժայռոտ շրթունքին վրայ։ 20-30 քայլ մեզմէ հեռու, գագաթին ամենաբարձր կէտին վրայ, յաւիտենական ձիւնի ու սառոյցի մէջ, քիչ մը դէպի հարաւ-արեւելք ծռած, կանգնած է օթերեւութաբանական կայանին չորսոտնեայ նեղ ու բարձր փայտեայ շինուածքը։ Պէտք էր անոր հասնիլ, բայց ատիկա հեշտ չէր. քամին որ անընդհատ կը փչէր ամբողջ ճամբուն վրայ կրկնապատկեց իր զորութիւնը. անցնիլ այդ 25-30 քայլը, առանց օժանդակ միջոցի, անհնար էր։ Գագաթը ամբողջովին ծածկուած էր սառուցանման, ամուր, փայլուն ձիւնի հսկայական շերտերով, որոնք զգալապէս ծռած էին դէպի արեւելք։ Անզգոյշ քայլ մը, հովի զորեղ շունչ մը, եւ մենք ալ կրնայինք գլորիլ դէպի Մասիսի անյատակ վիհը, դէպի Ս. Յակոբի պատռուածքը։

Մեր մէջէն ամէնէն քաջն ու անձնազոհը մէջքին թոկ մը կապեց, հագաւ երկաթեայ սուր գամերով կոշիկներ, երկու ալպեան գաւազաններ առաւ եւ առաջ եկաւ։ Դողդողալով ու ջղային թափով կոշիկները եւ երկու գաւազանները կը խրէր սառած ձիւնին մէջ, իսկ մենք սրտաթրոփ կը սպասէինք անոր անվեհեր քաջագործութեան ելքին։ Վերջապէս հասաւ կայարանը, եւ թոկը մէջքէն քակելքվ, անոր մէկ ծայրը կապեց կայարանին սիւներէն մէկուն. միւս ծայրը մեր ձեռքն էր, եւ ու ընկերներս, մեկ ձեռքով ամրապէս թոկը բռնած, իսկ միւսով մեր գաւզանները ձիւնին մէջ խորը խրելով, իրարու ետեւէ հասանք կայարան։ Մենք կը գտնուէինք Մասիսի հարաւ-արեւելեան գագաթին ամենաբարձր կետին վրայ։
Օ՜ անկրկնելի րոպենէր, օ՜ անմոռաց յիշատակ… Մոլորած, սառած աչքերով եւ դանդաղ նայուածք մը ձգեցի հայրենի լերան բոլորակ, ձիւնափայլ, անբիծ գագաթին, ուրիշ դանդաղ ու ծանր նայուածք մը դէպի վայր, դէպի հայրենի խողճուկ աշխարհը, որ լուռ ու երկիւղած խոնարհութեամբ բոլորուած էր ծերունի լերան շուրջը, եւ ծունկ չոքեցի։ Մանկութեանս օրերէն եւ կ’ատէի արցունքը. կեանքի ամենադառն ժամերուն իմ աչքերս երբեք արցունք չէին տեսած, բայց այդ րոպէին, ծանր հոգեկան խռովք մը բարձրացաւ սրտէս դէպի վեր, եւ սկսաւ կոկորդս խեղդել, աչքերս մթագնեցան։
Առանց ուշադրութիւն դարձնելու ընկերներուս վրայ, ես երեսս դրի հայրենի լերան սառ գագաթին եւ սկսայ հեկեկալ… հեկեկալ անզուսպ, սանձարձակ, վաղուց զսպուած արտասուքի այրող դառնութեամբ….։ Ձեռքերս տարածած՝ ես կը փայփայէի ծերունի լերան սպիտակ վարսերը, երեսս կը քսէի անոր սառած երեսին, անյագուրդ ագահութեամբ կը համբուրէի անոր ձիւնեղէն ճակատը, անսահման կարօտով այտերովս կը գգուէի անոր սառոյց-այտերը, ու խելագարի պէս կը կրկնէի անընդհատ.
-Ըսէ՛ ինծի քու վիշտդ, պատմէ՛ դարերէ ի վեր ամբարուած ցաւերդ….
1912

Arthur Ghukasian-ի ՖԲ-յան էջից

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert