Մեթր Պարգեւ Դաւիթեան
Կարող մարդիկ ընդհանրապէս կ’ըլլան առաջնորդ ու ղեկավար, եւ քիչեր միայն իրենց հմայքը առանց կորսնցնելու կը շարունակեն հռչակ վայելել՝ ժողովուրդին ծառայելով եւ անոր սիրոյն արժանանալով։
Ամէն մարդ զօրաւոր անհատականութիւն չ’ունենար ու իր շուրջիններուն վրայ հեղինակութիւն հաստատելու գործով չի զբաղիր եւ ընդհանրապէս ղեկավարի մը կամ առաջնորդի մը ինքնասիրութեան ու փառասիրութեան զոհը կը դառնայ։
Հին օրերուն, տոհմեր կամ ցեղեր ենթարկուելով իրենց մէջ գտնուող ֆիզիքապէս զօրաւորի մը ահին ու սարսափին, անոր փէշին տակ ծուարած, դարձած են անոր ենթակայ, տուած են թագ եւ զայն դարձուցած մենատէր։
Զօրաւոր մենատէրերը իրենց իշխանութիւնը ժառանգ թողած են իրենց զաւակներուն, որոնք միշտ չէ որ այդ ժառանգին արժանի դարձած են՝ ըլլալով տկար նկարագրի անձեր։ Ահա թէ ինչո՞ւ միշտ չէ, որ աթոռակալը արժանի կը դառնայ իր գրաւած իշխանական աթոռին։
Երկա՜ր ժամանակ մարդկութիւնը թագադրեալ մենատէրերու կողմէ իշխուելով՝ կը հաւատար, որ անոնք Աստուծոյ ներկայացուցիչներն էին երկրի վրայ։ Այդժ ժամանակներուն, կղերական աւագանին, թագադրեալներու հետ գործակցելով, մոլորեցուցած էր հասարակութիւնը՝ հաւատացնելով, թէ Տիրոջ կամքին տնօրինութեամբ հաստատուած իշխանութիւններու դէմ ապստամբիլը մեղք է, եւ թէ մենատէրին ենթարկուելով՝ պէտք է լուռ ու մունջ աղօթել՝ արքայութեան մէջ աւելի լաւ կեանքի մը արժանանալու համար։
Ժողովրդավարութիւնը տապալեց այդ բիրտ մենատիրութիւնները եւ ժամանակները փոխուեցան՝ դէպի աւելի հաւասարակշռուած ուժի տիրապետութիւն եւ իշխանաւորը քուէով ընտրելու հասկացութիւն։ Մնացին սակայն անցեալի սովորութիւններուն ու բարքերուն կառչած մարդիկ, որոնք թագադրեալի շուքին տակ ապրելու կեանքով գոհացան։ Զարգացած երկիրներու մէջ թագադիրը դարձաւ ազգային զարդ (decor) անցեալէն մնացած, իսկ յետամնաց երկիրներու մէջ՝ թաւալող ժամանակին դէմ կանգնած դառն ու դժբախտ իրականութիւն։
Եւ որովհետեւ բոլոր ժամանակներուն ալ մարդ արարածի նկարագրին մէջ գոյութիւն ունի աւելի ուժեղին ենթարկուելու եւ անոր առջեւ քծնելով ապրելու տկարութիւնը, հասարակութեան քուէներով ընտրեալ ներկայացուցիչն ալ դարձաւ տեսակ մը մենատէր՝ բազմած տկարներու ուսերուն վրայ։ Այս անգամ, ընտրեալ մենատէրը իր շուրջ հաւաքելով խնկարկողներու եւ պնակալէզ հետեւորդներու խումբ մը՝ ամրապնդեց իր դիրքը՝ յաւակնելով ըլլալ անփոխարինելի առաջնորդը իր ազգային միութեան, կազմակերպութեան, եկեղեցիին ու ժողովուրդին։ Այսպիսի միահեծան «անփոխարինելի իշխանաւորներ» գոյութիւն ունին մեր կեանքին մէջ, որոնք բարձր աթոռներու վրայ նստած՝ պաշտօններ կը շնորհեն իրենց հետեւորդներուն, զանոնք նշանակելով հաւատարիմ գործակատարներ մեր ազգային ու հանրային կեանքին մէջ։ «Անփոխարինելին» չ’անդրադառնար, թէ բնութեան օրէնքը կը պահանջէ, որ հինին տեղ նորը ծնի եւ ժամանակի սլաքը թաւալի՝ ետին ձգելով հինը։
Բնութեան մէջ այն ինչ որ շարժական չէ՝ հոտ կը հանէ իր շուրջը, եւ բոլորս ալ «հոտդ ելաւ» կ’ըսենք մէկու մը, երբ յամառի մնալ՝ անհանգստացնելով իր շուրջինները։ Իսկ եթէ այդ անձը դիրք մը կամ տիտղոս մը ունի, իր զզուելի եւ նեղացուցիչ յամառ ներկայութենէն կը հեռանանք եւ մտովին ալ յաճախ կ’ըսենք՝ «թքեր եմ դիրքիդ ալ, տիտղոսիդ ալ վրան»։
Հանրային կամ ընկերային կեանքի մէջ պաշտօններու կամ դիրքերու կառչած «հոտը ելած» մարդիկ կը նմանին սպառումի թուականը (expiry date) անցած տուփեղէններու կամ դեղերու, որոնք վաճառատան մը կամ դեղարանի մը դարակներէն կամ պահարաններէն վերցուելով՝ պէտք է նորերով փոխարինուին։
Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք երկար տարիներ բարձր դիրքերու եւ աթոռներու վրայ բազմած՝ կը գործեն զուրկ որեւէ լուրջ հաշուետւութենէ կամ մանրախուզումէ (scrutiny): Շշուկներ բարձրացած են անոնց շուրջ՝ կասկածի տակ դնելով անոնց պաշտօնավարութեան կամ հովուութեան արժանաւոր ըլլալը։ Նման աթոռակալները ԱԹՈՌԻ ետին պահուըտած՝ մարդոց արդար հարուածներէն ու քննադատութիւններէն կը փորձեն պաշտպանուիլ աթոռասրբութիւնը պաշտպանող խմբակի մը կողմէ, որ հոտ առնել չ’ուզեր՝ շատ մը հաշիւներէ մղուած։ Հոս տեղին է յիշել վերջերս վարչապետ Փաշինեանի արդար զայրոյթը, որ հոտը ելած մարդոց ակնարկելով՝ ըսաւ. «Ես չեմ հաւատար այն մարդոց, որոնք ազգային կարգախօսներու ներքեւ …… ազգային–ազգային ըսելով՝ ազգին թշուառացրել են, ազգին թալանել են»։
Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդը բախտաւորութիւնը ունեցաւ իր մէջէն վանելու «հոտը ելած» իշխանաւորները, որոնցմէ ոմանք, կառչած իրենց աթոռներուն, կը յամառին ձայն բարձրացնել՝ օգտուելով «թաւշեայ» յեղափոխութեան խաղաղաբարոյ տրամադրութիւններէն։ Չենք ուզեր խօսիլ սփիւռքահայութեան ներկայացուցիչ դաւանող «հոտը ելած» մարդոց մասին, որոնք եւս ազգային-ազգային ըսելով կամ խաղալով՝ կառչած կը մնան իրենց աթոռներուն։
Միշտ յարգելով բացառութիւնները ազգային գործիչներու շրջանակին մէջ, որոնք իրենց երկարամեայ զոհաբերութեամբ եւ փորձառութեամբ մեծ նպաստ կը բերեն մեր ազգային կեանքին առանց դոյզն ակնկալութեան, լաւ կ’ըլլայ, որ երբ հոտը ելլէ մարդուն՝ ան գիտնայ հեռանալ առանց որեւէ աղմուկի եւ պայքարի, որպէսզի չհոտին իր հետ մեր ազգային կառոյցներն ու սրբութիւնները։