1965-ին, Լատին Ամերիկայի ժողովուրդներու ազգային եւ ընկերային ազատագրութեան համար նահատակուած Քոմանտանթէն՝ Չէ Կեվարա, Հաւանայի մէջ, երբ ներկայ եղած է հոն այցելած Արամ Խաչատրեանի «Սպարտակ» պալէի ներկայացման, ջերմօրէն շնորհաւորած է հայ մեծ երաժշտագէտը, եւ ապա՝ մամլոյ ներկայացուցիչներուն յայտարարած է հետեւեալը. «Արամ Խաչատրեանի երաժշտութիւնը անմահ է. ան իր մէջ կը կրէ Հայ ժողովուրդի ոգին», եւ կը շեշտէ. «Հայ ժողովուրդի ՊԱՅՔԱՐԻ ԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՈԳԻՆ»…։
Սովետ Միութեան անդամ Հայկական ՍՍՀ-ի օրերուն, երբ Անաստաս Միկոյեան ալ նախագահն էր Սովետ Միութեան Գերագոյն Սովետին, նահատակ Քոմանտանթէի այս գնահատականները՝ Խաչատրեանի երաժշտութեան անմահութեան եւ հոն դրսեւորուող Հայ Ժողովուրդի Պայքարի եւ Յաղթանակի Ոգիին մասին, վերջերս կարդացի լիբանանահայ մամուլին մէջ, եւ ցաւատանջ միեւնոյն հարցումը ցցուեցաւ միտքիս մէջ։ Այս օրերուն, Արեւելահայաստանի նոր-ազատական, վայրի դրամատիրական համակարգին տակ նօսրացող եւ անտարբերացող ժողովուրդի զանգուածին մէջ՝ կը տիրէ՞ արդեօք պայքարի եւ յաղթանակի ոգին։ Պատասխանը գտայ՝ Հ1 կայանի կազմակերպած հարցախոյզին մէջ։
Հ1 կայանը՝ 100,000 քաղաքացիներէ պահանջած է յիշել իրենց ծանօթ հայ ականաւոր դէմքերու անունները։ Անոնցմէ միայն 26 հազարը յիշած են՝ Վարդան Մամիկոնեանը, միայն 8 հազարը՝ Տիգրան Մեծը, միայն 4 հազարը՝ Մեսրոպ Մաշտոցը, միայն 3 հազարը՝ Եղիշէ Չարենցը, միայն 2 հազարը՝ Գրիգոր Նարեկացին, միայն 1 հազարը՝ Արամ Խաչատրեանը… եւ՝ յիշատակելի ձայներ չեն առած՝ Զօր. Անդրանիկն ու Խրիմեան Հայրիկը… եւ՝ ոչ մէկ ձայն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչը։
Այս անդունդային անկումը լախտի հարուածով անշարժացուց ուղեղս…։ Այս խոր վիրապին իջած եւ նուաստացած ժողովուրդ մը չի կրնար ունենալ հայրենիքի պաշտպանութեան պայքարի եւ յաղթանակի ոգին…։
Հ1 կայանի հարցախոյզին այս ահազանգային արդիւնքին լոյսին տակ, կարելի՞ է հաւատալ, թէ՝ իր ժողովուրդի ազգային ու հոգեմտաւոր մշակոյթին մասին բաւարար ծանօթութիւն չունեցող ժողովուրդ մը կրնայ սիրել իր ժողովուրդն ու հայրենիքը, եւ՝ անոնց ազատութեան ու բարօրութեան համար ցուցաբերել պայքարի եւ յաղթանակի ոգին, մասնաւորաբար համակարգի մը մէջ՝ ուր ժողովրդասիրութիւնն ու մարդասիրութիւնը զոհուած են դրամասիրութեան, եւ՝ անհատական, ոչ համայնական շահին։ Որովհետեւ՝ իրաւ սիրոյ, իրաւ յանձնառութեան նախապայմանն է՝ ծանօթանալը, գիտնալը, ճանչնալը…։ Եւ ուրեմն, Արեւելահայաստանի նոր-ազատական, վայրի դրամատիրական համակարգին իշխանաւորները՝ բաւարար չափով ծանօթ չեն հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական եւ հոգեմտաւոր մշակոյթի պատմութեան, եւ իբր հետեւանք այս անգիտութեան, անոնք կրցան միայն կառուցել՝ ԴՐԱՄի յուշարձան Երեւանի սիրտին վրայ, քանի որ սոսկ մենաշնորհեալ դրամատէրներ են, ոչ ժողովրդասէր, ոչ հայրենասէր, այլ՝ լոկ դրամասէր օլիգարխներ։ Ասոնք չունին՝ պայքարի եւ յաղթանակի ոգին։ Հրամայականն է՝ Արեւելահայաստանի ազատագրումը այս համակարգէն։
www.azadkhosk.com
Թիւ (77) Փետրուար 2018