Մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութիւնը կը սկսի Հայոց դէմ կազմակերպուած եւ գործադրուած Ցեղասպանութեամբ, Սարդարապատի հերոսամարտով եւ Մայիսեան հանրապետութեան ծնունդով: Իրականացաւ մեր դարաւոր երազը, երբ ափ մը հողի վրայ անկախացաւ մեր հայրենիքը: Դժբախտաբար կարճատեւ եղաւ Մայիսեան հանրապետութեան ճակատագիրը: Միջազգային եւ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական յեղաշրջումներու հետեւանքով Հայաստան դարձաւ Խորհրդային ընտանիքի անդամ: Խորհրդային փրկարար Բ. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանը յատկանշուեցաւ վերածնունդի եւ վերակազմաւորման անշեղ գոյերթով:
21 սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստան վերատիրացաւ իր անկախութեան: Եթէ 23 օգոստոս 1990-ին, Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը որդեգրեց Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրը, ապա՝ 21 սեպտեմբեր 1991-ին անկախութեան հանրաքուէի միջոցաւ հայրենի ժողովուրդը միաձայնութեամբ որոշեց դուրս գալ Խորհրդային Միութեան կազմէն եւ դառնալ ինքնուրոյն պետականութիւն:
21 սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէն համազգային վճռակամութեան եւ հաւաքական կամքի արտայայտութիւն էր: Նորանկախ Հայաստան անմիջապէս մաս կազմեց Միացեալ ԱզգերուԿազմակերպութեան: Անդամակցեցաւ այլ միջազգային հեղինակաւոր կառոյցներու: Դարձաւ գերիշխան պետութիւն:
Անկախութիւն ձեռք բերել որքան ալ դժուար հասանելի մնայ, զայն պահպանելը աւելի լուրջ հրամայականներու առջեւ կը դնէ մեզ բոլորս: Այսօր, անկախութենէն 29 տարիներ ետք հզօր պետականութեան գաղափարախօսութիւնը պարզապէս կարգախօս կը մնայ բազմաթիւ քաղաքական հոսանքներու համար:
Ազատ տնտեսութիւնը ծայրայեղ հարստացողներու եւ աղքատացողներու խորացող բեւեռ մը ստեղծած է ժողովուրդին մէջ: Երկրին տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւնը խորհրդանշող միջին դասակարգը առ այսօր կը մնայ անգոյ: Մենաշնորհեալներու կայսրութիւնը եւ արմատացած փտածութիւնը կը խանգարեն ժողովրդավար պետութիւն կառուցելու ճիգերը: Այս բոլորը կ’արձանագրենք սրտցաւ լաւատեսութեամբ նայելով ապագային, սխալները սրբագրելու վճռակամութեամբ:
Անկախութեան տօնը հայրենիքի նահատակներուն ուխտը վերանորոգելու եւ սահմանապահ քաջարի բանակին սխրագործութիւնները վերարժեւորելու օրն է: Բայց աւելի կարեւորը՝ սթափելու եւ մեր պետութիւնը գուրգուրալու օրն է:
Արժեւորենք ու պահպանենք, պատերազմի, զրկանքներու, հազարաւոր նահատակներու արեամբ եւ հայրենասիրութեան հաւատքով ձեռք բերուած անկախութիւնը: Արժեւորենք ու պահպանենք մեր դիրքը միջազգային ընտանիքին մէջ: Արժեւորենք մեր անկախ հանրապետութիւնը, որպէսզի կերտենք իրաւական հիմքերու վրայ յենած ժողովրդավար Հայաստանը:
Յարգանք բոլոր անոնց, որոնք կերտեցին Հայրենիք, Ժողովուրդ, Բանակ անխախտ միասնականութիւնը՝ անկախութեան գրաւականը:
Յարգանք բոլոր անոնց, որոնք ինկան հայրենիքի անկախութեան ճանապարհին:

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert