Մայիս ամիսը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ դարձած է յաղթանակներու, հայրենասիրութեան եւ հաւատարմութեան խորհրդանիշը՝ Աւարայրէն փոխանցելով մինչեւ Պերլին եւ Շուշի: Հայ ժողովուրդը Մայիս 9-ին կը տօնէ ֆաշիզմի դէմ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին յաղթանակը եւ Շուշիի ազատագրութիւնը:

Հայ ժողովուրդը այսօր, երախտագիտութեան զգացումով կը խոնարհի այն քաջորդիներուն յիշատակին առջեւ, որոնք Հայրենական Մեծ պատերազմի եւ Արցախեան հերոսամարտի տարիներուն զոհաբերեցին իրենց կեանքը՝ յանուն, ազատ անկախ եւ արժանապատիւ կեանքով ապրելու իրաւունքին: Տօնական այս օրուան խորհուրդը միայն յաղթանակներու եւ հայ ժողովուրդի ռազմական տաղանդի դրսեւորման, հայրենիքի սիրոյ ու սխրագործութիւններու հաստատումը չէ միայն: Մայիս 9-ը միաժամանակ հայ ժողովուրդին ազատութեան, անկախութեան եւ խաղաղ կեանքի իրաւունքի հաստատումն է: Ճիշդ այս իմաստով,անհրաժեշտ է հաւաքական ճիգերով, միասնութեամբ եւ համախմբուածութեամբ պահպանել այնքան սուղ գինով ձեռք բերուած խաղաղութիւնը:

Պատերազմը երկու պարագաներուն ալ պարտադրուեցաւ մեր ժողովուրդին: Խորհրդային բանակին հետ Պերլին մուտք գործող հայկական զօրամասերը կերտեցին մեր ժողովուրդին ապագայ յաղթանակները: Ազատութեան պայքարը եւ խաղաղութեան երազը իրենց նախնիներէն ժառանգած մեր ժողովուրդի զաւակները համոզուած էին, թէ չկար այլընտրանք: Պարտաւոր էին ջախջախելու ֆաշիզմը, ինչպէս՝ ազերիական նախայարձակները:
Ազատատենչ հայ ժողովուրդը թոյլ չտուաւ, որ ֆաշիզմի սեւ ամպը մթագնէ մեր հայրենիքը: Հիթլերեան բանակին պարտութիւնը միաժամանակ թրքական բանակին պարտութիւնն էր, որովհետեւ թրքական բանակը յարմար առիթը կը սպասէր ներխուժելու Արաքսի արեւելեան շրջանները…: Անհրաժեշտ է նոր սերունդին բացատրել ներխուժման ունենալիք հետեւանքները հայ ժողովուրդին վրայ:

Մենք՝ այն ժողովուրդի զաւակներն ենք, որ իր յաղթարշաւը Խրիմի, Ստալինկրատի մէջ սկսելով, պատերազմի աւարտին մտաւ ֆաշիզմի որջը՝ Պերլին: Այսօր, նաեւ օրն է յիշելու այն հայորդիները, որոնք Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տարբեր ճակատներու վրայ միացան Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Պուլկարիոյ, Յունաստանի եւ այլուր ֆաշիզմի դէմ պայքարող Դիմադրական շարժումներուն: Խիզախութեան հրաշալի օրինակներ տուին Միսաք Մանուշեանը՝ Ֆրանսայի, Մկրտիչ Դաշտոյեանը, Գէորգ Քոլոզեանը՝ Իտալիոյ , Արտեմ Պետրոսեանը՝ Չեխոսլովաքիոյ մէջ: Կ’արժէ արձանագրել, որ Սփիւոքահայութեան մասնակցութիւնը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին դրսեւորուեցաւ գաղափարական, զինեալ պայքարի եւ այլ եղանակներով:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմը ոտքի հանեց Սփիւռքը: Սփիւռքի հանգանակութեամբ ստեղծուեցան «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Զօրավար Բաղրամեան» հրետանային շարասիւնները:
Մեծ Հայրենականը կրկնակի յաղթանակ էր հայ ժողովուրդին համար. Առաջինը՝ ահեղ թշնամիին դէմ, երկրորդը ներքին, հոգեբանական՝ մեր վրայէն ջնջելով կոտորուող ժողովուրդի խարանը: Մեր ժողովուրդը ապացուցեց, թէ ոչ միայն կրնար կռուիլ, այլեւ՝ յաղթել: Հայ ազատամարտիկները Հայրենական պատերազմի յաղթանակները իրենց ուսերուն վրայ կրելով մասնակցեցան Շուշիի ազատագրութեան եւ Արցախեան հերոսամարտին:

Մեծ Հայրենականէն քառասուն եւ եօթ տարիներ ետք, հայ ժողովուրդը կրկնակի տօնի վերածեց Մայիս 9-ը, ազատագրելով 1920-ին սուրի եւ հուրի միջոցով բռնախլուած, հայաթափուած Շուշին: Շուշիի ազատագրութիւնը ոչ միայն չէզոքացուց թշնամիին մահաբեր կրակները այլեւ` խաղաղութեան ազդանշան դարձաւ տարածաշրջանին մէջ: Շուշիի ազատագրութեամբ վճռուեցաւ պատերազմին ելքը եւ դադրեցաւ թշնամիին կրակը: Շուշիի ազատագրութիւնը անձնազոհութեան, սխրանքի, ազգային միասնութեան վառ արգասիք էր:

Զինուորական յաղթանակը դարձաւ հոգեւոր եւ մշակութային զարթօնքի մեկնակէտ: Մայրենի լեզուի եւ հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր գործունէութեան մասին խօսիլ անհնար էր ազերիական ժամանակաշրջանին: Այսօր, Արցախը դարձած է հայախօս՝ իր կրթական օճախներով, մշակոյթով, եկեղեցիներով: Յաղթանակի այս բաժինը նոյնքան կարեւոր է, որքան՝ ռազմականը: Յիշողութեան, յաղթանակի եւ յարգանքի այս խորհուրդները անհրաժեշտ է գաղափարախօսութեան վերածել եւ իբրեւ սրբութիւն փոխանցել գալիք սերունդներուն:

Մայիս 9-ը մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ խաղաղութեան, ազատ ապրելու խորհուրդի օրն է: Արտագաղթի դէմ պայքարելու, հայրենի հողը կառուցելու ուխտի օրը:

Յաւերժ փառք Մեծ հայրենականին եւ Արցախեան ազատամարտին նահատակ հայորդիներուն: Խոնարհինք Հայրենական Մեծ պատերազմին եւ Շուշիի ազատագրութեան ճանապարհին զոհուած մարտիկներու շիրիմներուն:

Պատիւ՝ , մեր հայրենիքի սահմանները թուրք-ազերիական հորդաներուն դէմ պահպանող քաջարի Հայոց Բանակին:

Փառք յաղթանակներու կերտիչ ազատատենչ հայ ժողովուրդի զաւակներուն:

 

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

 

 

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert