ՀԻՒԱ՛ՆԴ ԵՍ ՍՓԻՒՌՔ… Հիւանդ ես՝ քու հատուածականութեամբ եւ խմբակային մտածողութեամբ… Հիւանդ ես՝ քու ջոջականութեանդ կամ էսթապլիշմենթիդ աթոռամոլութեամբ, կարճատեսութեամբ եւ գաւառամտութեամբ… Հիւանդ ես՝ քու տակաւ նահանջող հայկականութեամբ, հայ հոգիի խաթարումովը՝ օտարածին վարակներով… Հիւանդ ես՝ չկարենալով միաբանուիլ եւ համախմբուիլ յստակօրէն բանաձեւուած ազգային գերագոյն արժէքներուն եւ գաղափարին շուրջ, հայ հոգին ու ոգին, հայ լեզուն ու հայոց հայրենիքը դաւանելով որպէս գերագոյն սրբութիւններ… Իսկ դեռեւս ԱՌՈՂՋ մնացող հատուկենտ ԱՆՀԱՏՆԵՐԸ, եթէ չեն հեռացած՝ յուսախաբուած եւ յուսալքուած, հոսանքն ի վեր կը թիավարեն ու կը մաքառին որ նշոյլ մը յոյս ու լոյս կարենան վառել օտարացող հոգիներուն մէջ… եւ յընթացս՝ ծաղր ու ծանակ ալ կ’ըլլան որ «կ’ապրին իրականութենէ կտրուած աշխարհիս մէջ, ուր միայն նիւթն ու նիւթականը տեղ ունին»… ուր օգտապաշտութիւնը կամ փրակմաթիզմը օրուան գործող փիլիսոփայութիւնն է՝ հայ հոգին լափլիզող…

 

(ՍՓԻՒՌՔԻՆ)
Բաւ է ա՛լ որ դուն քեզ խաբես,
Զգաստութեան պահն է անցեր,
Թէ չդառնաս մէկ հզօր ուժ,
Պիտի ըլլաս փշո՛ւր-փշո՛ւր…
…………………
Գաղափարի պայքար չկար,
Լոկ ես-երու պայքար էր կոյր,
Աթո՛ռ-աթո՛ռ կռիւը տմոյն
Տուն-տունիկի խաղ էր տխուր…
……………………………..
Փուճ աթոռներ ստեղծեցիր
Յագուրդ տալու կիրքերուդ սին,
Աթոռներուդ վրայ բազմած
Դեռ կ’իշխես ընդ աւերակաց…
…………………….
Կոտորակուած ու մասնատուած
Հաւաքական ուժ մը չեղար,
Տարագիր հայ աստանդական,
Ժամ է ըլլաս միասնական…

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert