Պայքարով նուաճուած անկախութիւնը անխախտ եւ ամուր պահելու համար անհրաժեշտ է Սփիւռք – Հայրենիք –Արցախ՝ միաբեւեռ եւ ամբողջական միասնականութեան վրայ յենած համագործակցութիւն, հզօր պետականութիւն եւ անառիկ բանակ.

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հայ ժողովուրդը մայիսի երկրորդ շաբաթը տարբեր տարողութեամբ տօնախմբութիւններով վերարժեւորեց քսան եւ ութ տարիներու ճամբայ հատած Շուշիի ազատագրութեան խորհուրդը: Դժբախտաբար պսակաւոր ժահրը խորհրդանշական արարողակարգերու վերածեց ազգային ցնծութեան այս օրը: Այսուհանդերձ, հայրենի եւ սփիւռքեան աւագանին, հայ եկեղեցին եւ մամուլը, իրենց ոգեշունչ խօսքերով, հրապարակգրութիւններով թոյլատու պայմաններու տակ արժեւորեցին համազգային հպարտութիւն ներշնչող Շուշիի ազատագրութեան տօնը:

Դարերով ընկճուած եւ ազատագրական պայքարի դառն փորձառութիւն ապրած մեր ժողովուրդը Արցախեան շարժումին շնորհիւ վերահաստատեց իր իրաւունքներուն տէր կենալու ազգային յանձնառութիւնը, վերականգնեց իր ոտնահարուած արժանապատւութիւնը եւ վերատիրացաւ իր պատմական հայրենիքի մէկ հատուածին: Արցախեան շարժումը հայ ժողովուրդի նորօրեայ վերածնունդն էր բռնատիրութեան դէմ: Ազատ ապրելու անոր դարաւոր պոռթկումը:

Արցախեան շարժումը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդին ճակատագրին վրայ: Ան միաժամանակ դարձաւ Հայաստանի մէջ խաղաղ իշխանափոխութեան մղիչ ուժը, նոր պետականութեան ողնասիւնը:

Ինչ խօսք, որ մերօրեայ տօնախմբութիւններուն մեծագոյն բացակաները պատերազմի ճակատներուն վրայ ինկած մեր նահատակներն են: Անոնք ինկան որպէսզի իրականանայ մեր համաժողովրդային երազը: Անոնք ճակատներու վրայ մնացին, որպէսզի իրենց աւիւնով եւ կորովով վերածնի մեր հայրենիքը: Անոնք նուիրաբերեցին ամենաթանկագինը, որպէսզի մեր ժողովուրդը ազատ եւ ինքնուրոյն տնօրինէ իր ճակատագիրը:

Ֆիզիքապէս ներկայ չեն անոնք, բայց հոգեպէս իւրաքանչիւրիս հետ շաղախուած պիտի մնան հերոսապատումի այդ լուռ վկաները: Շուշիի ազատագրութեան եւ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի տօնական այս օրերուն, իւրաքանչիւր հայորդի պարտի հաշուետւութիւն կատարել ինք իր խղճին առջեւ. Որքանո՞վ յանձնառու կը մնանք մենք նահատակներուն երազին, որպէսզի անոնց մայրերը շարունակեն հպարտութեամբ խօսիլ իրենց զոհուած զաւակներուն սխրանքներուն մասին: Յանձնառու մնանք նահատակներու ոգիին, որպէսզի անոնց աւանդով դաստիարակուին սերունդներ:

Սփիւռքեան եւ հայրենական իրականութեան մէջ վերջին տասնօրեակը յատկանշուեցաւ երկու կարեւոր իրադարձութիւններով՝ Շուշիի ազատագրութիւնը եւ Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակը: Դժբախտաբար համազգային հպարտութիւն ներշնչող այս տօներուն զուգահեռ՝ մեր Ազգային ժողովին մէջ պատահած ծեծկռտուքը գորշ թաւիշի տակ ծածկեց տօնական օրերու ցնծութիւնը եւ հարցականի տակ առաւ ժողովրդավար պետութիւն կառուցելու մեր յանձնառութիւնը: Ժողովուրդի ընտրեալներուն անվայել արտայայտութիւնները, փոխադարձ լուտանքներն ու հայհոյանքները ապացուցեցին, թէ երկար ճանապարհ ունինք հատելիք քաղաքակիրթ եւ ժողովրդավար պետութիւն կերտելու ճանապարհին: Անարդարանալի արարք: Ազգային ժողովին մէջ ծեծկռտուքի մշակոյթին պիտի հասնէ՞ր մեր պետականութիւնը, անկախութենէն երեսուն տարիներ ետք…: Այսուհանդերձ՝ յեղափոխութեան երթը խոչընդոտելու փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան:

Փակենք անպատուաբեր այս էջը եւ վերադառնանք մայիսեան յաղթանակներու խորհուրդին: Հայրենական պատերազմին մեր ժողովուրդի մասնակցութիւնը եւ Շուշիի ազատագրումը երեւութապէս իրարմէ անջատ կրնան թուիլ շատերուն: Իսկութեան մէջ, իրարու հետ շաղախուած զոյգ իրադարձութիւններուն հիմքը հայոց պետականութիւնը վերականգնելու գաղափարն է: Անկախ պետականութիւն կերտելու գաղափարախօսութենէն ծնունդ առաւ Արցախեան շարժումը: Համազգային պոռթկումը ազգային զարթօնքի անկիւնաքար դարձաւ մեր ժողովուրդին համար:

Երեսուն եւ երկու տարիներու աւանդէն ետք արձանագրուած նոուաճումներուն զուգահեռ պիտի ընդունինք, թէ համընդհանուր ցաւ մը պատած է բոլորս, ցաւ, որ մարտահրաւէր կը կարդայ մեր հաւատքին: Հատուածական շահեր, իշխանութեան վերադառնալու ընդդիմութեան քայլերը կը ջլատեն ժողովրդավար պետականութիւն կառուցելու գործընթացը: Ընդունիք, որ հայը ոչ մէկ ժամանակ իր հողին վրայ այսքան ազատ եղած է, որքան հիմա՝ վերջին երկու տարիներուն: Միւս կողմէ, ընդունիք նաեւ, որ հայը տնտեսական պատճառներով կը լքէ հայրենիքը եւ կը բռնէ օտար հորիզոններու տակ իր կեցութիւնը ապահովելու ճամբան: Կը հիւծի հայը, կը հիւծի հայրենիքը: Լուծումներ անհրաժեշտ է գտնել համազգային այս մտահոգութեան:

Մենք՝ Արցախեան շարժումի ժամանակակիցներս, պարտաւոր ենք յաւուր պատշաճի գիտակցելու մեր ազգային զարթօնքին մէջ անոր դերակատարութիւնը: Անոնց բարի աւանդութիւններով եւ անձնազոհութեան օրինակով կերտելու յանձնառու եւ հայրենասէր սերունդ: Մեզի արտօնուած չէ ընկրկիլ յորձանուտներու առջեւ, ընդհակառակը՝ մեր ամբողջ ուժականութիւնը պիտի դնենք ի խնդիր համազգային արժէքներու պահպանութեան, Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչման եւ պահանջատիրական պայքարին յաղթանակին:

Վերոյիշեալ մարտահրաւէրներուն դէմ մեր ուղեցոյցը անկասկած պիտի ըլլայ Արցախեան շարժումի ոգին, հրաշագործ այն ոգին, որուն շնորհիւ երեսուն եւ երկու տարիներ առաջ ազգովին լծուեցանք կառուցելու հզօր, ժողովրդավար եւ ընկերային արդարութեան վրայ յենած պետականութիւն: Դարերով ազատազրկուած մեր ժողովուրդը չի կրնար ետդարձ կատարել իր ընտրանքէն:

Համաժողովրդական պայքարը միայն ոգեւորութիւն չէ, այլեւ՝ զոհողութեան յանձնառութիւն: Մենք պատրա՞ստ ենք շարունակելու Արցախեան շարժումին պատգամները: Կոչերն ու խօսքերը շատ համեստ են իբրեւ հաւատարմութիւն անոնց ուխտին: Համընդհանուր զօրաշարժի մը հրամայականը խիստ անհրաժեշտ դարձած է Սփիւռքի եւ հայրենիքի համար: Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձը զգաստութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան հրաւէր է բոլորիս՝ անխտիր: Պայքարով նուաճուած անկախութիւնը անխախտ եւ ամուր պահելու համար անհրաժեշտ է Սփիւռք – Հայրենիք –Արցախ՝ միաբեւեռ եւ ամբողջական միասնականութեան վրայ յենած համագործակցութիւն, հզօր պետականութիւն եւ անառիկ բանակ :

Արցախեան շարժումը իր բիւրաւոր նահատակներով լուսաւոր նոր էջ բացաւ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Պատրաստ են՞ք դառնալու անոնց արժանաւոր շարասիւնը

 

 

 

 

Schreibe einen Kommentar

Deine E-Mail-Adresse wird nicht veröffentlicht. Erforderliche Felder sind mit * markiert